Նոր գրքեր — Լեւոն Արտազեան, «Ուղի» (Երեւանի տաղեր), Պէյրութ, 2026, 56 էջ

Ս.Ա.Յ.

Մեկենասութեամբ՝ Մարինէ Նոխուտեանի, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած, Լեւոն Արտազեանի «Ուղի (Երեւանի տաղեր)» բանաստեղծական հատորը։ Խորագիրը առնուած է հեղինակի նախորդ հրատարակութեան՝ «Եզրեր» հատորի վերջին բանաստեղծութենէն (տես՝ «Հորիզոն գրական», օգոստոս 2023)։ Սակայն, մինչ նախորդ երկին մէջ Ուղին երիտասարդներուն հասցէագրուած նոր հորիզոններով անկաշկանդ ուղիի մը բացման աւետումն էր, այս անգամ Արտազեան բանաստեղծութեամբ կը վերանայի իր անցած կեանքն ու գրական ուղիները.

Զեղուն կեանքի մը բովէն
Քաղեր եմ ես խինդ ու սէր,
Ու հիմա կը զրուցեմ
Անցեալիս հետ, յուշերով,
Ու կը բաղձամ խենդի՛ պէս
Ապրիլ նորէ՛ն, հի՜ն օրեր։ (էջ 45)

Արտազեանի այս հատորին մէջ մեկտեղուած են երեսունմէկ բանաստեղծութիւններ գրուած 2020-2023 տարիներու ընթացքին։
Արտազեանի «Ուղի (Երեւանի տաղեր)» երկը, նուիրուած իր ծնողներուն, կը սկսի յունական դիցաբանութեան ընդմէջէն արուեստի հասկացողութեամբ եւ որուն ընդմէջէն մարդը արուեստի ձեւն ու խորքը ըմբոշխեց.

Շնորհազարդ մուսաներն
Իրենց եօթեակ միութեամբ
Ներարկեցին մարդուն մէջ
Խորքն ու ձեւը արուեստի (էջ 5)…

Իսկ Մուսան, Արտազեանը որպէս բանաստեղծ նկատեց՝ «ժլատ».

Բայց ժլատ ես դուն, ժլա՛տ.
Բաց պատուհանը սրտիդ
Եւ արձակէ զիս բանտէն։
Կ՚ըղձամ՝ ժայթքել, մարմնանա՛լ,
Հագնիլ տարազ պատկերի
Եւ զարդարանք բառերու։ (էջ 7)…

Յաջորդ քերթուածը՝ նուիրուած Ա. Ալիքեանի յիշատակին, նոյնպէս բանաստեղծութիւն գրելու մասին է.

Մեր ամենօրեայ հանդիպումներէն
Եւ զրոյցներէն օր մըն էր, ըսաւ.
— «Բանաստեղծութիւն ինչո՞ւ չես բերեր»։
— «Չե՛մ ուզեր գրել» պատասխանեցի։
— Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ» հարցուց զարմացած։
— «է՜, որո՞ւ համար գրեմ այլեւըս,
երբ անտարբեր են մարդիկ» ըսի ես։
— «Դուն քե՛զի համար պիտի գրես նախ.
Եթէ մէկ գործըդ սիրուի, ընդունուի,
Փրկուած ես արդէն» եղաւ յորդորն իր։ (էջ 9)։

Արտազեան Երախտիք խորագրով բանաստեղծութիւնը նուիրած է դարձեալ Ալիքեանի եւ նաեւ Վարուժան Սրբ. Հերկելեանին, որոնց դիմած է չորս-հինգ քերթուածով՝ մէկուն որպէս բանաստեղծ, միւսին իրբ խմբագիր (էջ 10-11)։ Արտազեանի այս հրատարակութեան մէջ ընթերցողը կը գտնէ երկու այլ բանաստեղծութիւններ եւս նուիրուած իր այլ բարեկամներու ինչպէս Կամուրջ խորագրով տաղը նուիրուած Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին (էջ 26-27).

Նամա՛կ մըն էր պարզապէս,
Որ կամրջեց մեզ իրար.
Իսկ կնքահայրը անոր՝
Եղաւ ի՛նքը, Ալիքեանը։

Նման նախորդ հրատարակութիւններուն, Արտազեան ընթերցողին հետ կը բաժնեկցի իր սէրը բնութեան հանդէպ ինչպէս Կանչ (էջ 12-13), Թռիչք (էջ14-15), Անանուն ծաղիկ (էջ 16-17), Ձմեռ (էջ 28-29), Շեփորող ծաղիկ (էջ 30), Աղաւնին (էջ 31-32), Բլբուլը (էջ 40), Ղօղանջ (էջ 41) բանաստեղծութիւններով։ Նաեւ ընթերցողը կը հմայէ իր մօր հանդէպ տածած սէրով եւ կեանքի մասին խոհերով։
Այս հրատարակութեան վերջին բանաստեղծութեամբ Արտազեան կը փոխանցէ իր փափաքը հասնելու ընթերցողին (էջ 51).

Քերթուածները, որ գրեցի,
Սոսկ խօսքեր չեն տողերու մէջ,
Անոնք այդպէս դրսեւորուած
Հոգի՛ն է իմ ապրած կեանքիս։

Հոն կան սէրեր տարբեր-տարբեր,
Բնութեան թէ մարդոց հանդէպ,
Հո՛ն կայ յուզո՜ւմ գեղեցկութեան
Ու մենութեան լռի՜կ աղօթք։

Հասնիլն անոնց, ընթերցողին,
Ըղձանքն էր իմ անդուլ հոգւոյս,
Որոնց մասին… արդեօ՞ք պիտի
Ժամանակը իր խօսքն ըսէ…

Բարի ընթերցում։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *