Բժ. Օհան Թապաքեան
Գրականութեան, ինչպէս նաեւ արուեստներու զանազան ճիւղերուն մէջ կարեւոր է այլազանութիւնը. ինչ որ միօրինակ է, վհատութիւն կը պատճառէ: Ամուլ միտք մը միօրինակութեան մէջ ինքզինք կրկնող արուեստագէտ մըն է, իր պատեանին մէջ բանտարկուած անձ մը, որ կարճ ժամանակէ մը ետք մոռացութեան կը մատնուի: Որպէսզի արուեստի գործեր դառնան իրապէս տպաւորիչ, հարկ է անոնց հագցնել պէսպէսութեան հանդերձանք: Մարդկային հոգին չի կրնար տեւապէս կառչած մնալ միակ գեղեցկութեան մը, ո՛ր սեռին ալ պատկանած ըլլայ ան: Հոն, ուր կան մասնիկներ կամ առանձին միաւորներ, կը նշանակէ թէ կան այլազանութիւն ստեղծող տարրեր:
Առաջին անգամ լսուած յաջող երաժշտութիւն մը չենք կրնար նոյն խանդավառութեամբ ունկնդրել շաբաթներ ու ամիսներ: Արուեստի գլուխ գործոց մը մինչեւ մէկ աստիճան կը յափշտակէ մեզ, բայց կու գայ օր մը, որ անտարբերութեամբ կ’անցնինք անոր առջեւէն, եթէ արուեստագէտը տարբեր ոճով ու տարբեր դիրքի մէջ ուրիշ գլուխ գործոցներ չէ դրած անոր մօտ:
Մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն ծնունդ են մարդկային ստեղծագործ մտքին, որ կը ճգնի այլազանութեամբ հարստացնել արուեստի, ինչպէս նաեւ գիտութեան կալուածները: Հետախոյզ միտքը կը ձանձրանայ, կը վհատի ու կը խորշի միօրինակութենէ: Արուեստի բոլոր նոր դպրոցները արդիւնք են անկախ ուղիներէ ընթանալու մարդուն անտեղիտալի ցանկութեան: Որպէսզի միտքը չժանգոտի որոնում ու յարատեւ լարում պէտք է մաս կազմեն իր սեւեռումներուն, որպէսզի արուեստագէտը եւ կամ գրագէտը խուսափի միօրինակութիւն ու ձանձրոյթ բերող տխուր կրկնութիւններէ:
Զմայլելի է ծովը, երբ բարձր ու կատաղի ալիքներ կը դիտեն մարդիկ. գեղեցիկ է ան, երբ լուսնի շողերը կամ արեւի ճառագայթները արծաթ կամ ծիրանի պարեգօտ կը հագցնեն անոր: Ու փոխանակ այլազանութեան մէջ փնտռելու նորութեանց նպաստող համակրանք, շատեր կը շարունակեն քալել կոխուած ճամբաներէ, կրկնելով հին պատկերները: Անոնք կրկնութեամբ կը տկարացնեն իրենց ստեղծագործական կարողականութիւնը: Կատարելութեան դրոշմը կրող ամեն գործ ճիգերու ու լարումներու գումար է:
Ինքնատիպ ու լուրջ գրող մը պարտի նորութիւն, թարմութիւն ու այլազանութիւն դնել իր ստեղծագործութեան մէջ. հարթուած ուղիներէ ընթանալու վարժութիւնները մարդը կը դարձնեն աւանդապաշտ. գրականութեան ու արուեստներու կոչումը պէտք է ըլլայ ծառանալ աւանդապաշտութեան դէմ. տեղքայլերէ մեզի հասածը վայրէջք է միայն:
Անհրաժեշտութիւն է նայիլ հեռուն ու չկապուիլ քարացած տարազներու: Գիտութեան ու արուեստներու արդի դարը դրաւ մարդկութիւնը բազմաթիւ նորութիւններու առջեւ, անոր յաջորդող նորերը, ոչ մէկ տարակոյս, որ պիտի ըլլան աւելի բեղուն: Քաղաքակրթութեան վերելքը յարատեւ որոնումներու կը պարտի իր յաղթանակը: Եթէ գրող մը կամ արուեստագէտ մը կ’ուզէ պահել հետաքրքրութիւն իր գործին շուրջ, պարտի հեռու մնալ կրկնութիւններէ. պէտք է փնտռէ նոր նիւթեր, նոր միջավայր, նոր շրջանակ, անոնցմով պեղելու համար իր միտքը: Եթէ միշտ բացարձակ ոստումներ չկան, կան սակայն մրցանիշ կտրող խոյանքներ: Պէտք է միօրինակութեան մշուշէն դուրս գալ ու փնտռել նորութիւններ: Հանճարը զարտուղի անհատականութիւնն է, որ գրեթէ միշտ ջանացած է նորութիւն ներմուծել ստեղծագործութեան մէջ:
Վերելքի տենդէն զուրկ միջակութիւնները դատապարտուած են կէս ճամբան իյնալու, ու կարճ ժամանակէ մը ետք մոռացութեան մատնուելու:
Արուեստի բոլոր մարզերուն համար այսպէս է. արուեստագէտը նախ կ’ըլլայ սիրող, կը ջանայ մարզել իր ուժերը, ընդլայնել ծանօթութեանց սահմանները, ու երբ ան հասնի տեղ մը, ուր իր վարժութիւններն ու գիտելիքները առանձին թիավարելու համար բաւարար կը նկատէ, կը փնտռէ արեւոտ ու նոր ուղիներ: Ամեն սկսնակ գրող կամ արուեստագէտ կոչուած է դէմք մը դառնալու, եթէ ի մտի ունենայ ատոր պահանջած պայմանները:
Գրողը կամ արուեստագէտը պէտք է նաեւ ունենայ հորիզոն. հորիզոնը տեսակ մը խթան է, որ կը լեցնէ արուեստագէտին հոգին նոր գաղափարներով. ան արուեստագէտին մտատեսիլն է եւ իր հետաքրքրութեան դաշտը: Հեղինակ մը եթէ չունի որոնումի տենդ, մեզ չի հետաքրքրեր:
Հորիզոն ունենալու համար արուեստագէտին նայուածքը պէտք է ուղղուի հեռու դէպի լուսաւոր բարձունքներ. հորիզոն ունենալ կը նշանակէ ձերբազատում հնացած տեսակէտներէ ու յարատեւ հետաքրքրութեամբ առողջ ու նոր գաղափարներու ծաւալում: Հորիզոն ունենալ կը նշանակէ բարձր մնալ հասարակաց չափանիշներէ եւ քննել իրերն ու դէպքերը սեփական բազուկներով: Հորիզոն ունեցող արուեստագէտ մը պէտք է ստեղծագործէ համաձայն իր ճաշակին ու համոզումներուն, համաձայն իր խառնուածքին: Ուրիշներուն հաճոյք կամ գոհունակութիւն պատճառելու միտքը պիտի կաշկանդէր զինքը: Ամեն տաղանդաւոր գրող, ամեն հանճարեղ արուեստագէտ հորիզոն ունեցող դէմք մըն է, ան որ կ’ուզէ բարձունքներու ետեւ տարածուած նոր հորիզոնները դիտել, պարտի յառաջանալ ու կատարներէն դիտել համայնապատկերը: Գրելը կամ արուեստի գործ մը արտադրելը անիմաստ բան մը պիտի ըլլար, եթէ անոր պակսէր արուեստին ծառայելու կոչուած լարումն ու հետաքրքրութիւնը:
Գրողին ու արուեստագէտին ներքին աշխարհին վրայ բացուած պատուհաններ կան՝ տեսանելի դուրսի աշխարհին ու գրեթէ փակ՝ գրողին ու արուեստագէտին համար: Ահա թէ ինչու արուեստի սիրահարներն ու մասնագէտները աւելի դիւրութեամբ կը տեսնեն ու ըստ այնմ կը գնահատեն արուեստի գործերը:
