Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.
Արամ Ա. Կաթողիկոս 2025-ին լոյս ընծայեց իր «In Search of Self-Understanding» գիրքը։ Նորին Սրբութեան հոգե-իմացական թեմաները միայն ազգային նիւթեր չեն, այլեւ համամարդկային։ Յատկապէս իր այն գիրքերը, որոնք հայերէնով չեն գրուած։ Այս նոր գիրքը կու գայ մեր նայուածքը սեւեռելու ինքնաճանաչման նիւթին վրայ, աւելի ճիշդ՝ ինքնաճանաչումի վասն ընդ Աստուծոյ գործակցութեան։
Գիրքը կը սկսի յառաջաբանով մը, որ կ՚ըսէ. «Այսօր, առաւել քան երբեք պատմութեան մէջ, մարդ էակը դէմ-յանդիման կը գտնուի ինքնաճանաչման առումով հետզհետէ աւելի բարդացող վտանգներու եւ խորացող վախերու»։ Կը բացատրէ, թէ գիրքը ամփոփ ներածութիւն մըն է քրիստոնէական մարդաբանութեան հայեացքի մը։ Յառաջաբանը չի պարզեր գիրքին ընդհանուր մտահոգութիւնը։
Գիրքը 16 գլուխներէ կը բովանդակէ, ապա նաեւ՝ յղումներու եւ ծանօթագրութիւններու բաժին մը։ Գլուխներուն վերնագիրները՝ թարգմանաբար. 1) Մարդ էակը. Յարակարծութիւն մը, 2) Աստուածակեդրոն մարդաբանութիւն, 3) Համապարփակ մօտեցում մը մարդ էակի մասին, 4) Աստուծոյ պատկերը. Հիմնատարրը մարդ էակին, 5) Ադամ եւ Եւա. Հաւասար բաժնեկիցներ, 6) Անկումը. Արարիչին եւ արարածին առաջին հակադրական կացութիւնը, 7) Ազատ կամքը. պատասխանատւութեա՞ն, թէ՞ մեղքի պատճառ, 8) Անկումը. մոլորո՞ւմ, թէ՞ կորուստ Աստուծոյ պատկերին, 9) Անկումը. ժառանգեալ մեղք մը, 10) Մարդ էակը. անդրանցականութեան եւ ներ-ա-կայութեան միջգործումին վայրը , 11) Մարդ էակը. ուղղահայեացին եւ հորիզոնականին հանդիպակէտը, 12) Այլը՝ որպէս ինքնաճանաչման անհրաժեշտութիւն մը, 13) Շրջադարձ ստեղծագործութեան համար որպէս մշակ ծառայութեան, 14) Առաջին Ադամին վերստեղծուիլը երկրորդ Ադամով, եւ 15) Մահը՝ վախճան մը եւ սկզբնաւորութիւն մը, 16) Կատարում ուղիղ ընտրութեան։
Ո՞վ է մարդը։
Փիլիսոփան կ՚ըսէր. «Ծանիր զքեզ», այսինքն՝ ինքզինքդ ճանչցիր։ Դիւրին գործ մը չէ ատիկա։ Բազմաթիւ պատասխաններ տրուած են հարցումին, կամ կարծիքներ յայտնուած են։ Արդարեւ, մարդկութեան եւ աշխարհի ապագան մեծապէս կախեալ է մարդ էակի ինքնաճանաչման ընթացքէն եւ մեր մոլորակին վրայ անոր վերապահուած դերէն։
Կաթողիկոսին հայեացքը աստուածաբանական է։ Ան ցոյց տուած է, թէ մարդկային ժամանակակից մտածողութեան մէջ թանձրօրէն ներկայ է մարդակեդրոնութիւնը։ Եւ քննադատաբար գրած է. «…մարդակեդրոնութիւնը, որ մերժումն է աստուածակեդրոնութեան, մեծագոյն թշնամին է մարդկութեան։ Մարդակեդրոնութիւնը, որ պատճառը եղաւ մարդու անկումին եւ Ադամի ու Եւայի Եդեմի պարտէզէն արտաքսման, իր բոլոր կերպարանաւորումներով եւ հետեւանքներով կը շարունակէ խստացող ուժգնութեամբ սպառնալ մարդկային կեանքին, ինչպէս նաեւ ամբողջ ստեղծագործութեան»։ Արդ, պարզաբանած քրիստոնէական մարդաբանութիւնը, ըստ որուն՝ մարդ էակը աստուածակեդրոն իրականութիւն մըն է, անոր ծագումը, բնութիւնը, եւ գոյութեան նպատակը կատարելապէս կախեալ են Աստուծմէ, որ ոչ միայն Արարիչն է մարդ էակին, այլեւ անոր կեանքին իմաստ բաշխողը, զայն առաջնորդողը եւ անոր ապագան կերպարանաւորողը։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ մարդ էակը ինքզինք չի կրնար ճանչնալ՝ առանց ինքզինքին նայելու ըստ Աստուծոյ աչքին։ Ըստ Աստուածաշունչին եւ Եկեղեցւոյ, մարդ էակը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով, որ է յաւիտենական Բանն Աստուած կամ Որդին, որ մարմնացաւ եւ մարդացաւ։ Մարդ էակը Աստուծմէ ստեղծուած է որպէս մշակակից կամ գործակից իրեն, որպէս ուխտակից իրեն, որպէս երկրի վրայ ներկայացուցիչ իրեն եւ այլն։
Մարդ էակին անկումը հետեւանքն է Աստուծոյ իր չհնազանդելուն, մարդկային կամքին ընդ Աստուծոյ կամքին բախելուն, անձնաբացարձակացման, սեփական սահմանները եւ սահմանաւորութիւնը չընդունելուն, իր ազատութեան չարաշահումին, յանձնապաստանութեան, աւելի քան մշակակցութիւն կամ գործակցութիւն իր յաւակնութեան, Աստուածատուր պատասխանատւութենէ հրաժարման, ընդ Աստուծոյ ընկերակցութիւնը մերժելուն…։ Անկումով՝ մարդ էակին աստուածային պատկերը աղօտած է, աղաւաղուած է եւ ապականած է։
Մեղքին պատճառով անկումը օտարում է թէ՛ Աստուծմէ, թէ՛ սեփական ինքնութենէն, թէ՛ նմանէն, կամ այլէն, եւ թէ՛ ստեղծագործութենէն։
Անկեալ այս կացութենէն ելքը կարելի է դարձով։ Դարձ առ Աստուած։ Քրիստոսի առաքելութիւնը այդ դարձին համար է։ Քրիստոսով կը նորոգուի Աստուծոյ հետ, սեփական ինքնութեան հետ, նմանին հետ եւ ստեղծագործութեան հետ յարաբերութիւնը։ Քրիստոսով՝ մարդ էակը կը վերածուի նոր արարածի։
Ադամի եւ Եւայի օտարումը կը շարունակուի այսօր։ Գիրքին վերջին գլուխին մէջ կաթողիկոսը գրած է. — Կ՚երեւայ, թէ Սատանային խոստումը Ադամին ու Եւային, թէ «Աստուծոյ պէս պիտի ըլլաք» (Ծն 3.5), կը շարունակէ արձագանգել ականջներուն մէջ առաջին այր եւ կին մարդու սերունդներուն, որոնք տեւաբար եւ արագօրէն ստեղծելու վրայ են իրենց նոր աստուածները։
…Յիրաւի, ինքզինք, իր անձնական փառքը եւ հաճոյքը իր կեանքին ծանրութեան-կեդրոնը ընելով, մարդ էակը ինքզինք ենթակայ պիտի դարձնէ նորակերպ անկումներու, եւ ստեղծագործութիւնն ալ՝ քանդումի աւելի բարձր վտանգի։ Արդ, քաոսային աշխարհին, եւ ապակողմնորոշեալ ու բաժան-բաժան մարդկութեան մէջ, մարդ էակը կոչուած է արմատական ընտրութիւն մը կատարելու կեանքին ու մահուան միջեւ։ Բ. Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «…ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքն ու մահը, օրհնութիւններն ու անէծքները: Ընտրեցէք կեանքը, որպէսզի ապրիք դուք եւ ձեր սերունդները» (30.19)։ Աստուած ոչ միայն մարդ էակին ազատութիւն տուաւ ընտրութիւն կատարելու, այլեւ՝ բանականութիւն եւ բարոյական զգայարանք, հաշուետւութեան եւ պատասխանատւութեան գիտակցութիւն, որպէսզի ան ուղիղ ընտրութիւն կատարէ։
… Ներկայ ժամանակներու մարդ էակը ստիպողութեան առջեւ է ճիշդ ընտրութիւնը կատարելու, եւ ճիշդ ընտրութիւնը յաճախ դժուար ընտրութիւն մըն է։
Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս գիրքը քրիստոնէական մարդաբանութեան ուսանելի ներածութիւն մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք այդ մասին ծանօթութիւն կը փափաքին ունենալ։
