Սակաւաբանութիւն (Գ.)

Արմենակ Եղիայեան

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Անհատական սակաւաբանութիւն

Ասոնք կը ներկայացնեն այնպիսի կառոյցներ, որոնցմէ ի բաց կը ձգուին, առհասարակ անվարժութեան, իսկ շատ յաճախ ալ անուշադրութեան ու մոռացութեան բերումով այնպիսի տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են խօսքի ճիշտ ձեւաւորումին ու ընկալումին:
Ան ճիշդ հականիշն է աւելորդաբանութեան:
Ստորեւ օրինակներ՝
—Գողթան երգերու քերականութիւնը գրեթէ տարբեր չէ գրաբարէն:
Անհատական սակաւաբանութեան ամենաշատ յաճախուած կաղապարն է այս, ուր գործուած է անուշադրութեան շատ ընթացիկ սխալ մը, որ է անտեղի զեղչումը որոշիչի մը, որ սակայն աննշմար կ’անցնի, թէ՛ խօսողին, թէ՛ ընկալողին ուշադրութենէն:
Արագաբանութեան, բայց նաեւ անտաշութեան բերումով խօսողը չ’անդրադառնար, որ կը բաղդատէ քերականութիւնը գրաբարին հետ, որոնք ըստ էութեան բաղդատելի հասկացութիւններ ու եզրեր չեն, փոխանակ բաղդատելու գրաբարի քերականութեան հետ: Ակնկալուած կառոյցը ուրեմն պէտք է ըլլար.
— Գողթան երգերու քերականութիւնը գրեթէ տարբեր չէ գրաբարի քերականութենէն,— ուր քերականութիւնը բաղդատուած է քերականութեան հետ. Այս պարագային ալ կրկնաբանութենէ խուսափելու համար՝ կ’ըսենք.
—Գողթան երգերու քերականութիւնը գրեթէ տարբեր չէ գրաբարինէն:
Նոյնին մէկ նմանակը.
—Մեր կացութիւնը ձեզմէ շատ աւելի դժուար է:
Այսինքն՝ «Մեր կացութիւնը ձեր կացութենէն շատ աւելի դժուար է»:
Ուրեմն՝ «Մեր կացութիւնը ձերինէն շատ աւելի դժուար է»:
Բոլորովին մոռացութեան կամ անուշադրութեան հետեւանք է հետեւեալը.
—Ան օրուան կէսը կը քնանայ եւ հաճոյքներուն ետեւէն կը վազէ:
Ինչպէս կը նկատենք, անհամատեղելի գաղափարներ են ասոնք՝ քնանալ ու միաժամանակ հաճոյքի ետեւէն վազել:
Այս պարագային եւս զեղչուած է բառ մը, որ ահաւասիկ.
—Ան օրուան կէսը կը քնանայ, միւս կէսը կը յատկացնէ հաճոյքներուն:
Հետեւեալը շարահիւսական թերացում է. խօսողը չի տիրապետեր խօսքին.
—Բանագնացէն պահանջուեցաւ, որ գրաւոր ու բանաւոր զեկոյց մը տայ իր առաքելութեան մասին:
Զեկոյց մը չի կրնար միաժամանակ թէ՛ գրաւոր ու թէ՛ բանաւոր ըլլալ. ուրեմն՝ ճշգրտաբանութիւնը կը պահանջէ, որ ըսենք.
—Բանագնացէն պահանջուեցաւ գրաւոր զեկոյց մը եւ բանաւոր զեկոյց մը: Կամ՝
—Բանագնացէն պահանջուեցաւ մէկական գրաւոր եւ բանաւոր զեկոյց:
Խրախուսելի չէ «Գրաւոր ու բանաւոր զեկոյցներ»՝ յոգնակի տարազը:
—Վառ կարմիր եւ վառ կանաչ փէշը արգիլուած է հաստատութենէն ներս:
Վառ կարմիր եւ վառ կանաչ փէշերը արգիլուած են…:
Ի նմանութիւն նախորդին՝ փէշը չի կրնար միաժամանակ թէ՛ վառ կարմիր, թէ՛ վառ կանաչ ըլլալ. ուրեմն կ’ակնարկուի տարբեր փէշերու:
— Եղբօր մը պէս…
Ժողովրդախօսակցական շատ ընթացիկ կառոյց մըն է հետեւեալը.
—Եղբօր մը պէս կը սիրեմ քեզ…
Հարցում՝
Այս նախադասութիւնը արտասանողը զո՞վ ի մտի ունի իբրեւ եղբայր. իր սեփական ա՞նձը, թէ՞ խօսակիցը, որուն ուղղած է իր խօսքը:
Արդի արեւմտահայ(երէն)ը ի վիճակի չէ պատասխանելու այսքան ընթացիկ հարցումի մը, որ կը բխի այնքան ընթացիկ խօսքէ մը:
Այսպէս ըսողը, սակայն, այն համոզումը ունի, որ խօսակիցը ամեն ինչ հասկցաւ, իսկ զարմանալին այն է, որ խօսակիցը իր կարգին ամեն բան հասկցած ըլլալ կը սեպէ ինքզինք:
Այդ շփոթը առկայ է, քանի բերուած խօսքը կրնայ հաւասարապէս նշանակել.
—Ես քեզ կը սիրեմ այնպէս, ինչպէս եղբայր մը պիտի սիրէր:
Ուրեմն՝ ես եմ եղբայրը:
—Ես քեզ կը սիրեմ այնպէս, ինչպէս պիտի սիրէի եղբայրս:
Ուրեմն՝ դուն ես եղբայրը:
Լեզուի մէջ շատ մաշած ու ամփոփուած են այս եւ նման կառոյցները, որոնց բովանդակած շփոթը այնքան ալ չի փարատիր, միւս կողմէ՝ չի զգացներ ինքզինք, մանաւանդ որ նմաններուն սրբագրումը բաւական տաղտկալի է, ինչպէս տեսանք:
Այսպիսիներուն բարակը չենք մաներ, մանաւանդ որ կը յաջողինք «կարճ ու կոկիկ» չորս բառով ըսել այն, որ կը պահանջէ… ութ բառ:
Աւելի դիպուկ եւ յստակ են հետեւեալները՝ գոնէ տեսականօրէն.
—Ես՝ իբրեւ հարազատ եղբայր կը սիրեմ քեզ:
Ուր «հարազատ եղբայր»-ը բացայայտիչն է ես դերանունին:
—Ես կը սիրեմ քեզ՝ իբրեւ հարազատ եղբայր:
Ուր «հարազատ եղբայր»-ը բացայայտիչն է քեզ դերանունին:
Արեւմտահայը այսպէս չի խօսիր, իսկ եթէ դուն խօսիս, ապա զանազանութիւն չի դներ, որովհետեւ արեւմտահայերէնի մէջ հայցականի եւ ուղղականի նոյնութիւնը կը խանգարէ ճիշդ ընկալումը:
Արեւելահայերէնը աւելի ինքնաբաւ է նման կառոյցներու մէջ՝ շնորհիւ տրական հոլով ուղիղ խնդիրի իւրացումին: Արդարեւ, ան պիտի ըսէր՝
—Ես իբրեւ եղբայր սիրում եմ քեզ:
Եղբայր նկատուած է ես դերանունը. ասոնք երկուքը համաձայնած են նաեւ իրենց հոլովով՝ եղբայր եւ ես հաւասարապէս ուղղական կ’ընկալուին արեւելահայէն:
—Ես իբրեւ եղբօր սիրում եմ քեզ:
Եղբօր նկատուած է քեզ դերանունը, որովհետեւ հոլովական համաձայնութիւն ունին իրարու միջեւ՝ տրական են երկուքն ալ:

* * *

Սակաւաբանութեան մերժելի նմուշներ են հետեւեալները, որոնք սակաւաբանութեան շարաշահութիւնն են.
—Էլիզապեթի ընտանիքը հարուստ էր, դրամատուն, հանքեր, հողեր՝ Ամերիկաներ, Ափրիկէ (Յ. Պալեան, «Ամերիկա», էջ 88):
Գոնէ էր-ին քով միջակէտ մը դրուած ըլլար:
Արդարեւ, հատուածը պէտք է կարդացուի կամ հասկցուի սա՛պէս.
—«Էլիզապէթի ընտանիքը հարուստ էր. ան ունէր դրամատուն, հանքեր ու հողեր՝ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու եւ Ափրիկէի մէջ»:
—Անոնցմէ մին բազմաճիւղ էր, բնակութեան շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ, կամուրջներ (անդ, էջ 60):
Նոյն նկատողութիւնը. գոնէ միջակէտ մը դրուած ըլլար էր-ին քով:
Գիրքին բովանդակութենէն կը դատենք, որ այս հատուածը կ’ակնարկէ ճարտարապետական բազմաճիւղ ընկերութեան մը, որ կը կառուցէ շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ ու կամուրջներ:
Եւ վերջապէս.
—Ադրբեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ կորուստներ կրելով յետ են շպրտուել» («Հետք.ամ», 21-1-15):
Սա կը ձեւացնէ համաստորադասական բարդ նախադասութիւն մը, որուն երկու ստորադաս բաղադրիչները ունին նոյն յարաբերեալը՝ փորձեր, եւ ճիշտ այստեղ է անհեթեթութիւնը. եթէ փորձերը կարելի է հաւաստանշել, ապա կարելի չէ «յետ շպրտել». յետ կը շպրտենք այդ փորձերը կատարող անձերը, որոնց ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ, ուրեմն մոռցուած անդամ(ներ) կայ նախադասութեան մէջ. վերականգնենք զայն.
—«Ադրբեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ որոնց ձեռնարկողները յետ են շպրտուել»:
Նաեւ՝
—Իրան հրաժարեցաւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:
Ուր կարելի է, ըսենք, նուազեցնել յարաբերութեան մակարդակը, սակայն կարելի չէ զայն խզել: Ենթադրելի է, որ գրողը ի մտի ունէր հետեւեալը.
—«Իրան հրաժարեցաւ խզուելէ Սէուտական Արաբիայէն կամ նուազեցնելէ անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:
Այլեւ՝
—Անոնց քեռիները արեւելեան փչողական գործիքներէն կաւալ, զուռնա եւ սազ կը նուագէին:
Համադասուած երեք նուագարաններէն առաջին երկուքը փչողական են, այո, սակայն սազը փչողական չէ, այլ լարային է: Ուրեմն պարտինք սրբագրել.
—«Անոնց քեռիները արեւելեան փչողական գործիքներէն կաւալ ու զուռնա եւ լարային գործիք մը՝ սազ կը նուագէին»:

* * *

Սակաւաբանութեան ուրոյն ենթատեսակ մը կը կազմեն այն կառոյցները, որոնց մէջ դերանունը կամ որեւէ փոխանուն զուրկ է անհրաժեշտ յղումէ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ դերանուն մը կամ փոխանուն մը ըստ ինքեան իմաստ չունի. օրինակ՝ «Ան արագ կը վազէ»… ո՞վ է վազողը, — ոչ ոք գիտէ: Այսպէս է, քանի չկայ նախապէս յիշուած գոյական մը կամ վազելու ատակ առարկայ մը, որպէսզի ան-ը յղենք այդ առարկային. օրինակ՝ «Այս ձին կայտառ է, ան արագ կը վազէ», — այս վերջին կիրարկութեամբ արդէն գիտենք, որ վազողը ձին է: Եւ կամ՝ «Ես նախընտրեցի կարմիրը», — կարմիր ի՞նչը: Զանազան պատճառներով՝ ահա այս յղումը, — որքան ալ ան ներկայ ըլլայ ենթակային գիտակցութեան մէջ, — կը բացակայի խօսողի կամ գրողի շարադրանքէն՝ պատճառելով զանազան շփոթ ու երկդիմի ընկալումներ:
Օրինակ՝
—«Ամբողջ օրը անցուցինք ծովուն վրայ՝ առանց մէկ հատ իսկ որսալու», — մէկ հատ ի՞նչ:
«Ամբողջ օրը անցուցինք ծովուն վրայ՝ փորձելով որսալ քանի մը ձուկ, սակայն ոչ մէկ հատ որսացինք»:
—«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ, բայց ան գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:
Ան՝ ո՞վ կամ ի՞նչը,— չենք գիտեր, ծանօթ չէ, որովհետեւ թերի խօսք մըն է այս:
«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ, բայց պարկեշտութիւնը գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:
—«Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը արժանացաւ հրատարակութեան»:
Ի՞նչն է հրատարակութեան չարժանացողը,— չենք գիտեր:
«Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոր գրութիւններէն ոչ մէկը արժանացաւ հրատարակութեան»:
—«Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսիները, որոնք մեր քսակին չէին պատշաճեր»:
Ի՞նչը կամ ինչպիսինե՞րը չէին պատշաճեր:
«Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսի կառքեր, որոնք մեր քսակին չէին պատշաճեր»:
—«Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ անոնց»:
Որո՞ւ:
«Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ բարեկամներու»:
—«Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր»:
Ո՞վ կամ ի՞նչը:
«Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր բարեկամս (հետեւաբար ժամանակ չգտաւ զրուցելու հետս) կամ՝ հեռախօսը (հետեւաբար չկրցայ կապուիլ բարեկամիս հետ)»:
—«Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը պատմական եզակի նմուշ մըն էր, բայց կը պահանջէր ամբողջ օր մը»:
Ո՞վ կամ ի՞նչն է պահանջողը:
Իր հապճեպին կամ գեղարուեսատական հարբեցումին մէջ այնքան տարուած է տուեալ նմուշով, որ մոռցած է անուանել անոր վերաբերող պահանջին անունը:
«Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը եզակի նմուշ մըն էր, որուն ծանօթացումը կը պահանջէր ամբողջ օր մը»:
—«Գեղեցիկ էր ան, գեղեցիկ ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ տղամարդիկ կ’ունենան»:
Կ’ունենան ի՞նչ:
Սակաւաբանութեան այնպիսի նմուշ մըն է այս, որ բոլորովին կ’իմաստազրկէ խօսքը. մոռցուած է այն ուղիղ խնդիրը, որ իբրեւ յարաբերեալ պէտք է ծառայէր «որ» յարաբերական դերանունին:
Խօսողը ի մտի ունի «գեղեցկութիւն» բառը, որ անծանօթ պատճառներով չէ արձանագրուած:
Ուրեմն ան պարտէր իր խօսքը շարադրել հետեւեալ ձեւով.
«Գեղեցիկ էր ան, գեղեցկութեան ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ կ’ունենան տղամարդիկ»:

* * *

Յակոբ Օշական կիրարկած է սակաւաբանութեան բաւական յանդուգն տեսակ մը, որ կը թուի յատուկ ըլլալ իրեն, քանի ուրիշ տեղ չհանդիպեցանք անոր: Այսպէս՝
«Այդ կերպարանքին մերժել իր իրաւութիւնը՝ սոփեստութիւն: Այդ կերպարանքը դաւանիլ հայ հոգիի ամբողջութեան պատկեր՝ միամտութիւն» («Հայաստանի կոչնակ», 1948, թիւ 24, էջ 587):
Զեղչուած են հանգոյցները, այսինքն՝ էական բայերը՝ է…է…:
«Սոփեստութիւն է…միամտութիւն է…:

Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղ»-ին նկարագրութեան մէջ կը գտնենք.
«Ահռելի էր նա եւ անքան ուժեղ,
Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ»:
Իսկ թէ ճիշտ ի՞նչ էր չունեցածնին, — չէ՛ յիշուած:
Այդ պակսող հասկացութիւնը ներկայ է անշուշտ գրողին գիտակցութեան մէջ, եւ հեղինակը լաւատեսօրէն կ’ակնկալէ, որ ընթերցողն ալ իմանայ, թէ ի՛նչ է ան. այս լաւատեսութիւնը իրեն ներշնչողը ուժեղ ածականն է, որուն թելադրութեամբ՝ ընթերցողը ենթադրուած է հասկնալ, գուշակել, որ պակսողը ուժ հասկացութիւնն է:
Անշուշտ այստեղ կայ մէկ կողմէ սակաւաբանութեան, միւս կողմէ լաւատեսութեան ինչ-որ չարաշահութիւն մը, որ խրախուսելի չէ. ամեն ընթերցող կրնայ չհասկնալ եւ այպանելի չէ:

Սակաւաբանութեան արտասովոր օրինակ մըն է հետեւեալը.
—«Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝ շատ մանր, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ ծախսէինք» (Ուիլիամ Սարոյեան, «Հայրի՛կ, դու խենթ ես», Երեւան, 2019, էջ 47):
Պարզ է, որ խեցեմորթիները, իրենց ծաւալին պատճառով արհամարհուած են, եւ հեղինակը արժանի չէ գտած հաւաքել ու տուն տանիլ զանոնք. բայց ահա այս իրողութիւնը մատնանշող ոչ մէկ բառ գործածուած է:
Անփորձ ընթերցողը նման շարադրանքի առջեւ կրնայ անճրկիլ, չըմբռնել անոր միտք բանին, այն բոլոր հետեւանքներով, որուն տեղիք կրնայ տալ նման անճրկում մը:
Որմէ կարելի էր խուսափիլ:
Թաւագիր կ’աւելցնենք պակսող հատուածը:
«Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝ շատ մանր, այնքան մանր, որ չէր արժի, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ ծախսէինք»:

* * *

Սակաւաբանութեան ուրոյն տեսակ մըն է զեղչումը, երբ խօսողը կը խուսափի ամեն միտքը եկածը ըսելէ՝ ապաւինելով խօսակիցի հասկացողութեան:
Այդպիսի կացութիւն մը կը պարզէ Թումանեանի հետեւեալ հատուածը.
—Ինչի՞ց է, պապի՛, այսքան ճոխ երկրում,
Ինչպէս ասում ես, դժուար էք ապրում.
Վարձատրութի՞ւն չէք ստանում հողից,
Թէ՞ նեղութիւն է գալիս մի տեղից:
—Մեր նեղութիւնը… քեզ ինչպէ՞ս յայտնեմ.
Թող հաստատ լինի մեր թագաւորը:
Ես ընչի՞ տէր եմ, խօսեմ նրա դէմ,
Բայց Աստուած կտրի մեր քաշած օրը:

Ինչպէս կը նկատենք, թոռնիկին թուած այլազան պատճառներուն, ուրկէ կրնային յառաջանալ պապիկին կենցաղային դժուարութըանները, պապիկը կը հակադրէ թագաւորին անունը. միւս կողմէ… կը հրաժարի «խօսիլ նրա դէմ»:

armenag@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *