Վ-Ա.
Գրիգոր Հոթոյեան, 100 — ՍՐՏԱԲՈՒԽ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, Թորոնթօ, 2025, 208 էջ
Մեր երկարամեայ աշխատակցի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած է այս հատորը՝ մեկենասութեամբ իր դստեր ու փեսային՝ Անի եւ- Մայքըլ Ժոլիի։ Կողքի խորապատկերը՝ Մարիա Թեւեանցի։ Գրքի խմբագրումը, սրբագրութիւնը, էջադրումն ու կողքի ձեւաւորումը՝ Եփրեմ Թոքճեանի։
Հեղինակին հրատարակած սոյն 16-րդ հատորին մէջ ի մի բերուած բանաստեղծութիւնները, որոնք գրուած են տարիներո՜ւ ընթացքին, կը բաժնուին հետեւեալ գլուխներուն մէջ.
— Հայրենական եւ ազգային-յեղափոխական,
— Եղեռնի հետքերով եւ պատգամ հայութեան,
— Մշակութային եւ կրօնական,
— Սրտայոյզ խոկումներ,
— Սիրային խռովքներ,
— Մաղթանքներ եւ ձօներ։
Գիրքին ամենէն ստուար բաժինը «Սրտայոյզ խոկումներ»-ն են, որմէ քաղուած այս չորս տողը գաղափար մը կու տայ Հոթոյեանի պարզ ու անսեթեւեթ ոճին մասին.
Քեզ տեսնելով, քնքուշ աղջիկ,
Սրտիս խորէն դուրս կը հոսին
Զգացումներ չնաշխարհիկ
Ու սարսուռներ հրաշածին։
Բժիշկ Օհան Թապաքեան իրաւամբ կը գրէ գրքին յառաջաբանին մէջ.
«Իր գրականութիւնը հարազատ արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւորական ապրումներուն ու բիւրեղացած զգացումներուն։ Գրագէտի իր կոչումը ներքին յուզական խլրտում մըն է, որ Գրիգոր Հոթոյեան յաջողած է փոխանցել ընթերցողին»։
Գիրքը ճոխացած է բազմաթիւ լուսանկարներով թէ՛ սեփական կեանքէն եւ թէ՛ առնչուած իր նիւթերուն, յատկապէս դէմքերուն, որոնց նուիրած է իր քերթուածներէն շատեր։
Սասնական արմատներով մեր երէց ընկերոջ կը մաղթենք առողջութիւն ու գրիչը վար չդնելու աներեր կամք։
Լեւոն Շառոյեան, ՀԵՐԿ ԵՒ ԲԵՐՔ (գրադատական եւ վերլուծական էջեր), Կիլիկիա հրատարակչատուն, Հալէպ, 2024, 512 էջ
Մեր պարբերական աշխատակցի 12-րդ այս հատորը լոյս կը տեսնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժնի մեկենասութեամբ։ Կողքը՝ Արի Հատտէճեանի։ Շարագրումը՝ Մարալ Տիպիքեանի։
Գիրքը կը բաղկանայ 9 գլուխներէ.
Ա. — Եկեղեցին հայկական,
Բ. — Պատմութեան եւ բանասիրութեան ոտնահետքերով,
Գ. — Նիւթեր սուրիահայութեան պատմութեան համար,
Դ. — Վաստակեալք եւ բեռնաւորք,
Ե. — Յարդանոցէն ներս,
Զ. — Անհետացող սերունդ մը,
է. — Գրականութեան շունչով օծուն,
Ը. — Յուշերու տոպրակ,
Թ. — Մամուլի կրպակ։
Յօդուածներուն գերակշիռ մեծամասնութիւնը նուիրուած է գիրքերու, յօդուածներու, իսկ մէկ մասն ալ հայ կեանքի մէջ դերակատար անձերու, յատկապէս գրողներու, մտաւորականներու, ուսուցիչներու։ Նաեւ հասարակական իրագործումնրու կամ մնայուն հարցերու։
Գիրքը աչքի կը զարնէ հեղինակի հետաքրքրութիւններու լայն այլազանութեամբ, բայց միեւնոյն ատեն կը վկայէ, թէ միշտ հայերէնն է իր հոգեկան առանցքը։
Արդարեւ, ողբ. Պետրոս Հաճեան, որ օրին՝ իր մահէն քիչ առաջ գրած է այս (յապաղումով լոյս տեսնող) գրքին յառաջաբանը, դիտել կու տայ. «Արեւմտահայերէնի մաքրութեան, պաշտպանութեան եւ պահպանումին անայլայլ ջատագովն է Շառոյեան, եւ գրիչ շարժողի իր այս վարմունքը անխափան կերպով կ՚երկարաձգուի գրեթէ իր բոլոր յօդուածներուն մէջ, իբրեւ ուղեցոյց, եւ իբրեւ հաւատոյ հանգանակ»։
Միշտ օգտագործելով Հաճեանի բառերը, կը յուսանք, որ Լեւոն իր սրատես ու յամառ հետախուզութեամբ, կամքով ու համբերատար պրպտումով, ճշգրտումով ու տարրալուծումով, մանաւանդ՝ ուղղամտութեամբ եւ անկողմնապահութեամբ տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարունակէ ծառայել հայ մամուլին ու գրականութեան։
