Մարգարիտա Խաչատրեան
Ծ.Խ. — Մեր բազմամեայ աշխատակցուհին ընթերցողին կը ներկայացնէ Մարգար Շարապխանեանի արխիւէն ուշագրաւ էջեր Մարգարի հօր՝ Օննիկի գրիչին պատկանող։
«Դրօշակ» ամսագրի 2024-ի 9-րդ համարում հրատարակել եմ Մարգար Շարապխանեանի (1937-2023) հօր՝ Օննիկ Շարապխանեանի (1903-1984) ստորագրութեամբ երկու յօդուած։ «Հորիզոն» (Մոնթրէալ) թերթի 1984 թ. 31-32-րդ համարում տպագրուած է Օննիկ Շարապխանեանի յիշատակին նուիրուած յօդուած։
Մեծ Նոր Գիւղի «երեւելի ընտանիքի զաւակ» Յովհաննէսը (Օննիկ) սովորել է Պոլսում, Պարտիզակի ամերիկեան վարժարանում։
Յետոյ եղաւ արիւնոտ 1915 …
12 տարեկան տղան քրդերի մէջ էր ապրում (բառացիօրէն «բոլորովին մերկ» էր մնացել) եւ կարողացաւ փախչել մօտակայ ասորական գիւղ։ Նա այստեղ ջուլհակութիւն է սովորել։ Տարիներ անց գտնում է երկու եղբայրներին եւ նրանց հետ վերադառնում հայրենի գիւղ։ Եղբայրներից մէկի սպանութիւնից յետոյ Շարապխանեաններն ապաստանում են Յունաստանում։ Գալամաթայում Օննիկն ուսուցչութիւն էր անում հայկական վարժարանում եւ իր սուղ միջոցներից միշտ բաժին էր հանում հանրային գործերի համար։ ՀՅԴ գործուն անդամ էր։ 1940-ականների կէսերին Շարապխանեան ընտանիքը տեղափոխւում է Աթենք, իսկ 1965-ին հասան Կանադա։
1972-1976 թթ. Մարգար Շարապխանեանը խմբագրում էր Թորոնթոյում հրատարակուող «Արձագանգ» ամսաթերթը, որին աշխատակցում էր նաեւ Օննիկ պապիկը։
Ներկայացնում եմ «Արձագանգ»ի էջերից Օննիկ Շարապխանեանի ստորագրած գրութիւններից մի քանիսը։
1. ԱՅՆ ՍԵՒ ՕՐԵՐԷՆ
Հայութեամբ զեղուն գիւղի մը զաւակներն էինք՝ աչքերնիս սեւեռած բեղմնաւոր ապագային, մաշեցնելով դպրոցի գրասեղաններն ու գրքերը, անգուշակ մեզի սպասող դառն ու սեւ օրերուն։ Զանազան մանկական խաղերու կարգին յաճախ քար նետելու մրցում սարքելով։ Երբ մեր նետած քարը հեռո՜ւ իյնար՝ Հալէպ, Այնթապ հասաւ ըսելով կ’ուրախանայինք. մեզի համար շատ հեռո՜ւ վայրեր էին անոնք։
Եւ ահա սպասուած չարաբախտ օրերը հասան։ Մեր կարաւանը, տաժանելի չարչարանքներով հասած էր Տարսոն։ Է՜հ, շատ հեռու չէին Հալէպն ու Այնթապը։
Երկաթուղիին մօտ ընդարձակ մարգագետին մը կար, որ վերածուած էր վրանաքաղաքի մը, զանազան վայրերէ հաւաքուած հայ տարագիրներով։
Քիչ հեռուն կը տեսնուէր քաղաքը, սպիտակ բնակարաններով, ծառախիտ ու դալար, որոնց մէջ կը նշմարուէր հայկական եկեղեցին, իր փարթամ գմբէթով, երկնասլաց զանգակատունով։
Լիահոս գետ մը կը ճեղքէր մարգագետինը՝ որմէ անդին մեզի համար արգիլուած գօտի էր։ Արեւը, իր կիզիչ ճառագայթներով մեզ կը խամրեցնէր օրն ի բուն, սակայն մանկական անհոգ ու անտարբեր բնազդով առլցուն՝ մենք կ’ոստոստէինք թաւշանման կանաչ խոտերուն վրայ՝ սարքելով զանազան անմեղ խաղեր։ Յոգնաբեկ ու ուժասպառ, տիրող տօթէն հեւալով կը վազէինք գետեզրը։ Գետը բաւական ցած իջած էր իր հունին խորը, մենք ցատկելով զով ջուրին մէջ, լող տալով կը զովացնէինք մեր մարմինները։
Արահետ մը կ’իջնէր դէպի գետը։ Արշալոյսէն մինչեւ մթնշաղ, ճամբան լի էր ջրկիր գաղթականներով՝ բեռնաւորուած սափորներով եւ այլազան ջրամաններով։
* * *
Մեր կարաւանին մաս կը կազմէր մեր Թեմի առաջնորդ Ստեփանոս Արք. Յովակիմեանը, որ մերժելով թուրք կառավարութեան ներումը, սիրայօժար յանձն առած էր ընթանալու դէպի անծանօթ գողգոթան, բախտակից ըլլալով իր սիրելի ժողովուրդին՝ որպէս Հովիւ ՔԱՋ։
Օրուան մեծ պահերը կ’անցընէր գետի եզերքը ճեմելով։ Պարզ հագուած, փակեղը գլխուն, համրիչը ձեռքին, իր օրհնութիւնները կը բաշխէր աջ ու ձախ՝ փայփայելով իր աջը համբուրող երեխաներն ու մանուկները։
Օր մը երբ մենք դարձեալ զբաղուած էինք մանկական խաղերով, անփոյթ ուրախութեամբ զեղուն, երեք թուրքեր մօտեցան գետեզերք եւ դիրք գրաւեցին արահետի եզերքին, ուր բազմութիւնը ելեւմուտքի մէջ էր՝ հոգալու համար իրենց հանապազօրեայ ջուրը։
Օսլայուած շապիկով ու փողկապով լաւ հագուած անձեր էին։ Ո՛չ խենեշութիւն, ո՛չ չար ակնարկ եւ ո՛չ ալ գէշ վարուելակերպ ունեցան անոնք հանդէպ բազմաչարչար բազմութեան. պարզապէս դիտողի հանգամանք մը ունէին։ Ո՞վ գիտէ՝ կարելի է իրենց ցասումն ալ ունէին, ի տես տիրող անարդարութեան։
Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս, երբ տեսաւ զանոնք, իր քայլերը արագացուց եւ կեցաւ ճիշտ թուրքերուն դիմացը, անբաժան համրիչը ձեռքին, փակեղը գլխուն։
Վերյիշեցի ազգային պատմութեան դասագրքիս մէջ տեսած նկար մը. Արտաշէս թագաւոր եւ Ալաններու աղջիկը դէմ դիմաց։ Պատկերը նոյնն էր։ Տարբերութիւնը անձերուն մէջ էր։
Սրբազանը, իր խօսքը ջրկիր բազմութեան ուղղելով, այսպէս ըսաւ թրքերէն.
— Զաւակնե՛րս, ջուրը շատ մի՛ առնէք, կը ցամքի գետը։
Թուրքերը, տեսնելով պարզ քահանայ մը խեղճուկ վիճակով, քաղաքավարութեամբ հարցուցին.
— Փափա՛զ էֆենտի, այս գետը դարերէ ի վեր կը հոսի անդադար, բազմաթիւ ջրաղացներ կը դարձնէ, անհամար արտեր կ’ոռոգէ, սափորներով, թիթեղներով ջուր տանելով կարելի՞ է, որ գետը ցամքի։
Առաջնորդը, իր սովորութեան յատուկ, դանդաղ ու սառնութեամբ պատասխանեց.
— Երբ այսքա՜ն անմեղ կիներ ու մանուկներ կը փճանան, գետին ջուրը չի՞ ցամքիր։
Թուրքերը, առանց պատասխանելու, մարզուած զինուորներու պէս, ետդարձ ըրին ու հեռացան գլխահակ։
Այն թուականներուն ես հազիւ տասը գարուններ բոլորած էի, եւ այդ նախադասութիւնները մտքիս մէջ մխրճուած մնացին գամի նման։
Յետագային աւելի չափահաս ըլլալով՝ հասայ հոն, ուր կարելի էր ըմբռնել Արքեպիսկոպոսին խօսքին արժէքը, որ անէծքով խառն օրհնութիւն մը կարելի էր համարել։ Եթէ թուրքը պիտի յաջողէր վերջնականապէս ոչնչացնել հայ ազգը, ան կ’անիծէր՝ «Ձեր ջուրն ալ պիտի ցամքի» ըսելով։ Այլապէս, եթէ հաւատաք, որ գետը կրնայ ցամքիլ, այն ատեն է, որ կրնայ հայութիւնը ոչնչանալ։
Բնական է՝ Տարսոնի մօտէն անցնող գետը տակաւին կը հոսի անդուլ, անդադար։
Նմանապէս, հայ ազգն ալ կը ծլի ու կը ծաղկի յարատեւ։
Ունինք փոքրիկ հայրենիք մը՝ կորիզը ապագայի ամբողջական հայրենիքին, որուն իրականացման համար ունինք արդար պահանջներ։ Լոյսերու մէջ ողողուն, անդուլ խոյանքով կը սաւառնի ու պիտի սաւառնի դէպի առաջ՝ հասնելով նախանձելի դիրքերու, զարմանք պատճառելով մարդկութեան։
Սփիւռքը գերմարդկային ճիգերով կը պայքարի կանգուն մնալու, ամօթի սիւնին գամելու համար հայ ժողովուրդի ջարդարարները։ Մինչ սահմանակից ոճրագործներու երկիրը խաւարի մէջ թաղուած է ու պիտի մնայ ընդմիշտ։
Անսասան մնաս, հայութի՛ւն, քու մեծասքանչ, ոսկեղնիկ հայերէնովդ անոյշ։
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1973, թիւ 3
2. ՃԱՄԲՈՒ ՆՈԹԵՐ
Սաւառնակին մէջ ենք, մեր նստարանները գրաւած՝ համաձայն մեր տոմսերու թիւին:
Քովս բազմած է երկար մազերով պեխաւոր երիտասարդ մը՝ նման Ճէնկիզ խանի:
Կը ծանօթանանք, անմիջապէս կը սկսի խօսակցութեան, որ քարոզչական հանգամանք ունի:
— Նո՜ր, նո՜ր, — կ’ըսէ ինքնաբոյս ծանօթս, — պէտք է գիծ քաշել բոլոր հին մտածումներուն վրայէն եւ մարդկութիւնը տանիլ դէպի վեր, գիտակցութեամբ, կենցաղով, կերտել նոր ու բարձր կեանք մը՝ բոլոր մարզերուն մէջ:
Անխօս մտիկ կ’ընեմ, երբեմն ալ գլուխս կը շարժեմ, որպէս հաւանութեան նշան: Ի վերջոյ կ’ըսեմ.
— Պարո՛ն, կարծեմ բժիշկ էք կամ գիտնական:
— Ո՛չ բժիշկ եմ եւ ո՛չ գիտնական: Դուք հիներդ կը կարծէք, թէ մօրուսաւորները բժիշկ կամ գիտնական կ’ըլլան, չէ՞: Բարեկա՛մ, պէտք է համոզուիք, ձեր մտքերը թարմացնէք, նորոգէք, մօրուքը գիտնականին սեփականութիւնը չէ:
— Ապահովութեան գօտիները դրէ՛ք, — կը լսենք բարձրախօսէն:
Պաշտօնեայ ժրաջան օրիորդներ օգնութեան կը հասնին անճարակներուն: Ահա մեքենաները կ’աշխատին ահադղորդ:
— Հիմա վերելքն է, — կը յարէ բարեկամս:
Քիչ վերջ, բարձրախօսը կրկին լսելով, կ’իմանանք, թէ կը գտնուինք տասը հազար ոտք բարձրութեան վրայ:
— Կը լսե՞ս, — կ’ըսէ ճամբորդ ընկերս, — բա՜րձր, բա՜րձր, մի՜շտ բարձր, ահա նոր գիտութիւններու պարգեւը մարդկութեան:
— Այո՛, սակայն ի՞նչ է ձեր կարծիքը, երբ նման սաւառնակներ հազարաւոր թոն ռումբ կը փոխադրեն եւ ձեր գովաբանած բարձրութեան վրայ հասնելէ վերջ՝ վար կը թափեն՝ մոխրացնելով ամեն ինչ, խլելով անմեղ զոհեր:
— Այդ ալ բարձրութիւն, յառաջդիմութիւն կը նշանակէ: Մենք չենք փափաքիր, որ անմեղները չարչարուին, ԻՆՉՈՒ ՈՐ ԱՆՄԵՂՆԵՐԸ, ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵԼՈՎ, ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄԵՂԱՒՈՐ, մահն ալ պէտք է ըլլայ շուտ եւ առանց տաժանքի:
Կը խոստովանիմ, որ այս խօսակցութիւնը շատ հաճելի չէր թուեր ինծի, սակայն ինչ կրնայի ընել, ո՛չ տեղս կրնամ փոխել եւ ո՛չ ալ փոքր պտոյտ մը ընել սաւառնակին մէջ:
Ճամբորդներու մեծամասնութիւնը յոյներ են: Յարակից նստարաններէն կը սկսի խօսակցութիւն մը, որ Յունաստան կը բուրէ: Գիւղական կեանքի վերյիշումներ կ’ընեն ապրումով: Իրենց հետ ես ալ կ’ապրիմ քառասուներեք երկար տարիներու յիշատակը սրտիս՝ ինը տարուան բացակայութեան կարօտով լեցուն:
Մեր սաւառնակը կը հանգչի Ամսթերտամի օդակայանը: Դուրս կը թափինք բոլորս ալ: Մշուշապատ քաղաքը քունի մէջ թաղուած է, փողոցները ամայի են, ժամացոյցը առաւօտեան չորսը կը հնչեցնէ:
Ժամ ու կէս հանգչելէ վերջ ճամբայ կ’ելլենք դէպի Աթէնք:
«Այժմ կը գտնուինք Ալպեան լեռներու վերեւ՝ քսան հազար ոտք բարձրութեան վրայ», կը ձայնէ բարձրախօսը:
Իմ անծանօթ բարեկամը, կրկին խօսքը ինծի ուղղելով, կ’ըսէ.
— Բա՜րձր, միշտ բա՜րձր, գիտութեամբ, կենցաղով, ապրումով, ամեն, ամեն ինչով, բարեկա՛մ:
Կը խորհիմ, թէ այս մարդը բարձր բառէն ուրիշ բառի ծանօթ չէ:
Վերջապէս կը տեսնենք Հելլադայի պայծառ ու ջինջ երկինքը: Քանի մը վայրկեան վերջ ահա կը գտնուինք Աթէնքի օդակայանը:
Օրինական մաքսային քննութեան կ’ենթարկուինք բարեացակամութեամբ լի, քաղաքավար պաշտօնեաներու կողմէ:
Ձեռքս կը թօթուէ ուղեկիցս, ու կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը, անշուշտ, նիւթ ունենալով բարձր, բարձրութիւն ամեն մարզի մէջ, ու կը հեռանայ:
Յաջորդ օրը քայլերս կ’ուղղեմ դէպի Ֆիքսի գաղթակայանը: Հիացումով կը դիտեմ բազմայարկ շէնքերը, ուր տեղաւորուած են երբեմնի թիթեղածածկ հիւղակներու բնակիչները: Կը հրճուիմ: Ճամբորդ բարեկամիս խօսքերը կը մտաբերեմ. «Բա՜րձր, միշտ բա՜րձր, ահա նոր կեանքը»:
Դեգերումիս ընթացքին մուրճի հարուածներ զիս կ’առաջնորդեն: Կը տեսնեմ թիթեղածածկ հիւղակ մը, որ կարծես գաճաճ մըն է բազմայարկ ու փարթամ շէնքերու մէջ:
Կը յիշեմ: Ս. Կարապետ եկեղեցին է՝ կառատան մը վերածուած, ուր տարիներով մատուցուած է Ս. Պատարագ, ուր հարիւրաւոր յուղարկաւորութիւններ, մկրտութիւններ տեղի ունեցած են:
Կը յիշեմ, եւ յուզումը կը պատէ սիրտս…
Մեր սաւառնակը վարձուած ըլլալուն, որոշուած թուականին նոյն ճամբորդներով նոյն նստատեղիներով պէտք է վերադառնանք: Չեմ գիտեր՝ ինչ սրտով պիտի մտիկ ընեմ ընկերոջս խօսքերուն. «Բա՜րձր, բարձրութի՜ւն, յառաջդիմութի՜ւն ամեն մարզի մէջ»:
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1973, թիւ 11
3. ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ
Դարձեալ եկաւ Նոր տարին ալեհեր:
Երկինքը թուխ՝ ամպամած հսկայ մաղի մը հանգոյն, ձիւն կը մաղէ ամեն կողմ: Բազմագոյն լապտերներ երիզած են տանիքներ, տուներ, որոնց բաց-խուփ տեսքով Ամանորը կ’աւետեն: Ամեն տեղ ճերմակ բարեգոյն, հին տարին անձնատուր, հաշտութեան դրօշ է պարզած, զգալով իր վախճանը, խաղաղութիւն խնդրելով, սպիտակ ձեռքերը վեր բարձրացուցած մինչեւ տանիքներու կատարը, սաստիկ քամին պաղ ալիւր կը մաղէ՝ անցորդներու գլխուն, ցուրտ է ու սառ:
Տուներէն ներս պատուհանին առաջ, տօնածառ մը հրաշէկ, փայլուն գունդերով պճնուած օրուան տօնը կը հարստացնէ: Խումբ-խումբ երկսեռ անմեղ մանուկներ շուրջպար են բռնած ուրախութեամբ զեղուն, իրենց աչքերը յառած բուխերիկին կը սպասեն Կաղանդ պապային յայտնութեան՝ բեռնաւոր պարկով մը լի, պէս-պէս նուէրներ գողտրիկ՝ որմէ ընծայ մը կ’ակնկալեն՝ սրտատրոփ ու անհամբեր:
* * *
Սրտակէզ կը խոկամ. տարի մ’ալ անցաւ, անհետացան գողտրիկ օրեր թանկագին, հեռուն մշուշի մէջ թաքնուած հազիւ տեսանելի իմ անզօր աչքերուս ու կը խորհիմ անցնող տարիներու շարանը փխրուն ու սին՝ կարծես երբեք եկած չէին: Տիրող խրախճանքները ու կանչերը ցնծագին կը հասնին ինձ՝ որպէս մահուան հանդէս՝ նման անցնող տարիին:
Աչքերս խուփ, մտամոլոր, մտքիս թելերը պրկած, կը բաղձամ որոնել հին օրերը դալար, մշուշի մէջ ծածուկ:
Յօնքերս կիտած կը նայիմ սա դիմացի տանիքին ուր շարժանկարի ժապաւէնի մը նման կը տողանցէ պատմութիւն մը, հարուստ ու փարթամ:
* * *
Կը տեսնեմ շէնշող գիւղս աննման պարտէզներով պտղալի. փոքրիկ տուներ՝ մին միւսը կը հրէ, կարծես իբրեւ յենարան: Փողոցներ սալայատակուած, նեղ, ուր կը վխտան անթիւ մանուկներ, պէս-պէս խաղերով զբաղուն:
Կը տեսնեմ վաղամեռ դրացիս՝ Եաղչոնց տղան, երեսները, ձեռքերը թարմ ընկոյզի կեղեւներու գոյնով ներկուած, կը մօտենայ կը բարեւէ զիս մեղմօրէն.
— Ծօ՛ Աշոտ, դարձեալ ընկոյզի գողութիւն:
— Ի՞նչ ընեմ, երկար տարիներ սպասեցի արժանի նուէրներուս. յաճախ խոստացուած… Խաբեցին, բարեկա՛մ, կը հասկնաս, խա-բե-ցին: Բարութենէն բան դուրս չելաւ, թալանէ գողցիր, անիրաւ է բարեկամ: Դժբախտաբար կարծեմ, թէ այս է կանոնը այս անիրաւ աշխարհիս …
Անտարբերութեամբ լի սուլոց մը շրթներուն՝ հեռացաւ անայլայլ:
Մեր տունն եմ: Սեղանին լամբար մը, կարծես օձ մը պլլուած փորին մէջ ապակեայ, ծայրը լուսավառ լեզու մը դուրս ցցուած, իր աղօտ լոյսով սենեակը կը լուսաւորէ: Ալեհեր հայրս նստած, օրաթերթ մը ձեռքին, անյագօրէն կը կարդայ ինձ համար անհասկնալի նիւթեր: Երբեմն վար կը դնէր լրագիրը, ծխատուփը առնելով ծխիկ մը կը փաթթէր, երբ ծխիկը վառէր, ծխատուփը վար կը դնէր, ես անմիջապէս ծխիկները փաթթելու թուղթերու տետրակը կ’առնէի, որուն կողքը զարդարուած էր նկարով մը սիրուն. կը ցուցադրէր սանդուխ մը հինգ աստիճաններ դէպի վեր, նոյնքան ալ դէպի վար: Իւրաքանչիւր աստիճան թուագրուած էր՝ 10, 20, 30, 40, 50 զառիվեր, 60, 70, 80, 90, 100 գահավէժ. տարիքի համաձայն՝ մարդու նկարներով զարդարուած:
Շատ կը սիրէի այդ երփներանգ նկարը, ձեռքս բռնած կը վազեմ մօրս մօտ՝ բացատրութիւն խնդրելու ինձ համար հանելուկ թուող նկարէն: Մայրս, ի տես հետաքրքրութեանս, համբերատար, մեղմօրէն կը սորվեցնէր, թէ իւրաքանչիւր աստիճան մարդու կեանքի տեւողութիւնը ցոյց կու տայ՝ տարիքի համաձայն:
Ես այն օրերուն հիացումով կը դիտէի ամեն մէկ նկար անշուշտ, մինչեւ վերելքը ուր կային՝ մանուկ, պատանի, երիտասարդ, ամուսնացած զոյգ երախաներով, այսպէս շարունակ:
Իմ միակ բաղձանքս էր արագօրէն ցատկել աստիճաններէն վեր, հասնելու համար կորով, ուրախութիւն ցոյց տուող կատարը:
Այն երջանիկ օրերէն տարիներ անցան շարան-շարան, զիս բարձրացուց աստիճան առ աստիճան:
Եղան սեւ օրեր դառնութեան, արիւնով, արցունքով լի, տարուան կորուստին անտեղեակ, առանց տօնի ու տօնածառի:
Այս օր տարեմուտին, օտար ափերուն կ’ուզեմ հաշուեցոյցը պատրաստել անցնող երկար տարիներուն. բայց գրիչս անզօր է, կը դժկամակի արդիւնք հանելու, կը սահմռկիմ արդիւնքէն: Զրկանքի անիրաւութեան սիւնակները լի են տխուր արձանագրութեամբ անձիս եւ սիրելիներուս վիճակուած:
Այժմ հասեր եմ գահավէժ աստիճաններու վրայ՝ օրէ օր սպասելով կեանքիս վախճանին, սակայն կը յամենամ, չեմ փափաքիր քայլ փոխել՝ տեսնելով մեր արդար դատը անվճար:
Կը մաղթեմ, որ արդարութիւնը տիրէ, մեր պահանջներուն տիրանանք. այն ատեն անտրտունջ, սիրայօժար հրաժեշտ կու տամ այս սին աշխարհէն:
Մինչ այդ, այս օրուան առթիւ կը խայտայ ամեն տուն՝ կեանքի կորուստէն կարծես անգիտակ: Տարի մը վերջ, յանկարծ օր մը շնչասպառ, վերջ պիտի տայ տարուան մը եւս՝ մոռացութեան յանձնելով ամեն բան՝ նման անցնող տարիին:
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1973, թիւ 12
4. ՃԱՄԲՈՒ ՆՈԹԵՐ
Այգաստղը նուաղուն, բաց-խուփ աչքերով արշալոյսը կ’աւետէ, մինչ արփին դանդաղօրէն, մեղմութեամբ տիրող մթութիւնը կը լուծէ: Հեռո՜ւն լեռան կատարի անտառը հետզհետէ գոյն կը փոխէ: Քիչ վերջ աւելի բարձրանալով՝ իր հրաշէկ նիզակները այգիներուն խորը կը մխրճէ, որոնք բեռնաւորուած են հիւթալի անհամար ողկոյզներով: Արեւի ճառագայթները խաղողի հատիկներուն փայլ մը տալով կը շողան խոշոր մարգարիտներու նման:
Խումբ մը գեղջկուհիներ, սպիտակ լաչակը իրենց գլուխներուն, եղեգնաշէն տակառներով բեռնաւորուած, ժրաջան կերպով կ’աշխատին՝ մեղմ անուշ երգ մը իրենց շրթներուն:
Շոգեկառքը հսկայ վիշապի մը նման իր երկաթեայ գծերուն վրայ կը սողայ: Կը հասնինք լեռան ստորոտը, որմէ վերջ կը սկսի զառիվերը: Հիմա աւելի կը տքայ, կը ֆշշա՜յ, յաճախ կը սուլէ, կարծես օգնութիւն կը խնդրէ՝ յաղթելու համար իր դժուարին ճանապարհին:
Մթնոլորտը մուշկի նման կը բուրէ: Տեսնելով հրապուրիչ տեսարաններ՝ գլուխս ետ կը հակեմ ընթացող կառքէն՝ քիչ մը աւելի վայելելու համար գողտրիկ տեսքն աշխարհի՝ մինչ կը փափաքիմ որ անշքութիւնը աւելի արագ հեռանայ ինձմէ:
Շոգեկառքը կանգ կ’առնէ՝ կայարան մը, լեռան կիսուն: Կը հանգչի, ուժ կ’ամբարէ, շոգի կը լեցնէ իր երկաթեայ խողովակներուն մէջ՝ տոկալու համար զառիվերին:
Կուշտիս՝ պարապ նստարանին մէջ, մէկը կը բազմի. կը դարձնեմ դէմքս. ո՜վ զարմանք, քովս նստողը ինծի ծանօթ Մարտիրոսն է: Երկուքս ալ ուրախ ենք այս անակնկալ հանդիպումէն:
Մարտիրոսը դառն, ահալի անցեալ մը ունի, ականատես ահաւոր Սպանդին՝ իր սիրելիներու խողխողումին: Այժմ ամուսնացած, տուն-տեղ եղած, զաւակներու տէր, օտար ափերուն կ’ապրէր՝ հայրենի կարօտը սրտին:
Սուլո՜ց, ֆշշա՜նք. ճամբայ կ’ելլենք: Այլեւս ո՛չ բոյս, ո՛չ տատասկ, մերկ ապառաժներ, լեռներ անառիկ: Բնութիւնը կը դառնայ լերկ, միօրինակ ու խոպան: Գիրք մը բանալով՝ կը խորանամ թերթերուն մէջ լուռ ու մունջ:
Ընկերս աչքերը յառած է գրքիս կողքին. դէմքէն տհաճութիւն կը ցոլայ, մերթ դժգոհ շարժումներ կ’ընէ: Յանկարծ զիս կ’ընդհատէ ու կ’ըսէ.
— Տակաւին ազատութիւն կը կարդաս. դեռ չես մոռցեր այդ սին երազը:
Փակելով գիրքս՝ ակամայ իր կողմը կը դառնամ՝ հոգիս դառնութեամբ լեցուն՝ զարմացումով կը պատասխանեմ.
— Ինչո՞ւ այդ անտեղի հարցումը:
— Սիրելի՛ բարեկամ, մի՛ նեղուիր, մենք փոքր ազգ ենք, շրջապատուած հզօր ազգերով, ինչպէ՞ս կարող ենք ազատութիւն ունենալ:
— Մարտիրոսացած ընկեր, քու կարծիքովդ ի՞նչ է ազատութիւնը:
— Կարծեմ, ըմբոստ, մարդ մտիկ չընող, իր խելքին փչածը կատարող եւ… եւ… ի՛նչ գիտնամ, եղբա՛յր:
— Կը սխալիս, մտի՛կ ըրէ, ես շատ լաւ կը ճանչնամ քեզ, նաեւ մեծահարուստ ու յաղթանդամ դրացիդ, որ կարող է քու վրադ իշխել իր նիւթականով, իր ուժով քեզ տապալել, բայց ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը չի գործադրեր, որովհետեւ բարի դրացի մըն է, ընդհակառակը, քու նեղ օրերուդ իր գործով կամ խորհուրդով օգտակար եղած է քեզի: Պիտի փափաքէի՞ր, որ տանդ ղեկավարութիւնը իր ձեռքը առնէր, հրամայէր բոլոր շարժումներուդ:
— Ո՛չ, եղբա՛յր, ո՛չ, իրեն ի՞նչ պէտք է իմ տանս գործը, մի՞թէ ես կառավարելու կարողութիւն չունի՞մ: Ես կ’ուզեմ ապրիլ ինքնիշխան:
— Յարգելի՛ բարեկամ, քիչ առաջ ազատութիւնը երազ կը համարէիր, հիմա ինքնիշխանութիւն կը քարոզես: Ահա այդ ազատութիւնն է, որ կը բաղձանք ունենալ՝ կառավարելու համար իմ, քու, ուրիշ հայերու տուներ, որոնց միացումը կ’ըլլայ գիւղ, քաղաք, Հայրենիք:
Շոգեկառքը իր ընթացքը կը դանդաղեցնէ. դարձեալ կայարան: Ճակտին գրուած է՝ ՆԷՄԷԱ: Բոլոր ճամբորդները կը նետուին վար: Անուանի է ՆԷՄԷԱի գինին, առանց խմելու կարելի չէ հեռանալ:
— Գինիի գաւաթները զարնելով՝ փակենք մեր խօսակցութիւնը, — ըսաւ ընկերս, եւ խմեցինք մեր ազգին կենացը:
Հեռո՜ւն լեռան կատարին արձան մը կը տեսնուէր:
— Որո՞ւն արձանն է այդ, — ըսաւ ճամբորդակիցս:
— Գոլոքոթրոնին է՝ Յունաստանի ազատագրման պայքարի հերոսներէն, այս անառիկ սարերուն վրայ պատերազմեցաւ հերոսաբար, «Մահ կամ Ազատութիւն» նշանաբանով տոգորուած: Աթէնքի գլխաւոր պողոտային վրայ ալ կայ իր արձանը՝ նժոյգին վրայ նստած:
Լուռ ենք. չենք փափաքիր մեր խօսակցութիւնը շարունակել. կարծես մեր խօսքի պաշարը սպառած է:
Շոգեկառքի նստարանները զոյգ ու կենտ էին. առանձին տեղերը բռնուած էին:
— Գիտես, — ըսաւ Մարտիրոս՝ տիրող լռութիւնը ընդհատելով, — ուշադրութիւնս գրաւած է ճամբորդ մը, որ յաճախ տեղ կը փոխէ, զարմանալի մարդ չէ՞…
— Ո՛չ,- ըսի ժպտալով, — կարելի է դրացին զինք կը նեղէ. ազատութիւն կը փնտռէ:
— Տե՛ս, կրկին իր տեղը փոխեց, — ըսաւ խօսակիցս:
Այն կողմ կը նայիմ. մարդը գրաւած է առանձին նստարան մը: Այլեւս պիտի չփոխէ իր տեղը, որովհետեւ գտած է իր ազատութիւնը:
Քիչ վերջ կը հասնինք մեր կայարանը:
— Մնաք բարով, Մարտիրոսացած Մարտիրոս ընկեր, երբ մարդը իր տեղը փոխէ, գրէ՛ ինծի:
Քանի մը օր ետք երկտող մը կը ստանամ մոլորուած ընկերոջմէս. «Մարդը իր տեղը չփոխեց. Ներողութի՜ւն, բարեկա՛մ… Հիմա կը հասկնամ, թէ որքա՜ն քաղցր է ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ»:
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1974, թիւ 3
5. ՊԱՐԶԱԲԱՆԸ
Մկրտութեան հանդիսաւոր սուրբ պահուն կնքահօր կողմէ կոչուած անուն մը ունէր՝ հայկական, սակայն քիչերու ծանօթ էր այդ:
Կորաքամակ, ալեհեր, պլպլուն աչքեր, կնճիռներով ակօսուած դէմքը, յառաջացած տարիք մը կը ստուգէր՝ որմէ վիշտ ու դառնութիւն կը ծորէր:
Զինքը կը կոչէին Պարզաբան: Երբեք չէր սրամտէր, ընդհակառակը, հպարտանքով, ուրախութեամբ կը լսէր ածական մը՝ փոխան իսկական անունին:
Ո՞վ, ե՞րբ, ինչո՞ւ կը կոչէին զինք պարզաբան, գաղտնի կը մնար շատերու:
Տարօնն էր իր ծննդավայրը: Կեանքին մեծ մասը պանդխտութեան մէջ ապրած, թափառած այլազան երկիրներ, նժդեհ՝ կարօտը սրտին, հեռու իր շատ սիրելի Հայրենիքէն: Կը սիրէր առանձնութիւնը, դաշտահանդէսներուն, հաւաքոյթներուն կ’առանձնանար անկիւն մը: Քիչ ատենէն կը շրջապատէին զինք՝ փափաքելով լսել իր անհատնում արկածները:
Կը պատմէր գեղջկական կեանքէն պէս-պէս արկածներ, ռամկօրէն, պարզ ու մեկին: Ամեն վերյիշումին խորունկ ախ մը կը քաշէր, կարծես դուրս պիտի ժայթքէր իր մէջ կուտակուած տաժանքն ու մաղձը: Կը պատմէր դրուագներ համաշխարհային առաջին պատերազմէն: Եղեր է հայ կամաւորական շարքերուն մէջ, մասնակցած ճակատամարտերու: Յաղթութիւններու, նահանջներու ականատես: Ապրած ազատութեան փառահեղ օրեր: Երբ պատմէր Հայրենիքի պանծալի օրերէն, կուրծքը կ’ուռէր, դալկահար դէմքը կը կարմրէր, ուրախ եւ ժպտուն՝ կարծես կ’երիտասարդանար:
— Տղա՛ք, այս վայրկեանիս «կենճցած» եմ: Երկարակեցութիւնս կը պարտիմ այն դալար օրերուն, որ ապրեցայ հայրենի դրօշի շուքին տակ հպարտօրէն:
Հազար ինը հարիւր քառասուներեքին՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տաժանելի օրերուն, դարձեալ շրջապատած էին զինք:
Ներկաներէն երիտասարդ Հայկը սկսաւ ճառաբանել:
— Շուտով կը լրանայ պատերազմը՝ իր հետ տանելով ահարկու ու դառն ժամանակաշրջանը եւ կը բերէ բարութեամբ զեղուն օրեր:
Պարզաբանը յօնքերը կիտեց եւ ըսաւ.
— Տղա՛ս, ի՞նչ է ըսածդ, պարզ ասա, որ էս ըլ հասկունամ:
Հայկ իրեն բացատրեց, թէ այս պատերազմը կը մղուի մարդկութեան բարիքին համար, երբ լրանայ, կ’ունենանք եղբայրութիւն, հաւասարութիւն, ուրախ ու առատ կեանք մը եւ մեր իրաւունքներուն տէր ու տիրական կ’ըլլանք։
Պարզաբանը ծիծաղը դէմքին ըսաւ.
— Տղա՛ս, յոյսերդ կատար… Անցեալին ալ նոյն երազանքը ունեցանք, սակայն մեր բոլոր իղձերը չիրականացան, յուսախաբ եղանք ու մնացինք մինակ հազարապատիկ թշնամիին դիմաց, մանաւանդ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին:
— Սարդարապատ, — ըսաւ Հայկը, — այդ աւանդուրայի մասին է խօսքդ:
— Ի՞նչ է այդ աւանտուրա ըսածդ:
— Այսինքն՝ արկածախնդրութիւն:
Պարզաբանը չպատասխանեց, կոկորդը հաւաքուած մաղձն ու բողոքը ակամայ կուլ տալով՝ անկիւն մը քաշուեցաւ:
Վերջին անգամ տեսայ զինք սրճարանի մը անկիւնը կծկտած, ուժասպառ եւ հիւծած վիճակով:
Հարցուցի, թէ ինչ էր անուանը առեղծուածը:
— Կարօ է անունս: Ժամանակ մը ծննդավայրիս վանքերէն մէկուն գործակալն էի: Գործերու մասին վանահայրը պէտք է տեղեակ պահէի: Ամեն ներկայանալուս կ’աշխատէի կարելի եղածին չափ մաքուր հայերէն գործածել: Օր մը իրեն ներկայանալով ըսի. «Հա՛յր Սուրբ, ԼԵՐԱՆ ԾԱՂԿԱԿՈԽՆԵՐԸ ՎԱՆՔԻՆ ՄՈԽՐԱԹԱՒԱԼԸ ՓԱՐԱՏԵԼՈՎ ՓԱՐԱՏԵՑԻՆ, ՅՕՇՈՏԵԼՈՎ ՅՕՇՈՏԵՑԻՆ»:
Վանահայրը ապշած վրաս նայեցաւ՝ իր թաւ մօրուքը շոյելով:
Ես կրկնեցի ըսածս:
— Տղա՛ս, Կարօ՛, հօրդ մօրդ լեզուով խօսէ:
— Հա՛յր Սուրբ, վանքին էշը գէլը կերաւ:
— Հիմա հասկցայ, տղա՛ս, պարզաբա՛ն եղիր, պարզաբա՛ն:
Այդ օրէն անունս մնաց Պարզաբան: Դժգոհ չեմ. կը փափաքիմ, որ մէկու մը չյայտնես. պարզաբանութիւնը սիրելով՝ ապրեցայ պարզ, կ’ուզեմ այդպէս ալ մեռնիլ:
Մի քանի օր վերջ զինք գտանք անշնչացած իր հիւղակին մէջ: Ընկերներով տարինք գերեզման. պարզ «Հայր մեր» մը մրմնջելով՝ յանձնեցինք հողին:
Լրացաւ պատերազմը: Մեր երիտասարդ Հայկը հայրենիք այցելութեան առիթով ուխտի էր գացեր Սարդարապատի յուշարձանին:
Վերադարձին հպարտանքով կը խօսէր Սարդարապատի եւ ուրիշ յուշարձաններու մասին՝ հազար ու մէկ գովասանքներով:
Բացակայ էր Կարօ եղբայրը։ Որպէս իր յիշատակը յարգող, մեղմօրէն ըսի Հայկին.
— Կը յիշե՞ս Պարզաբանը…
— Անշուշտ…
— Ուրախ ու հպա՞րտ ես Սարդարապատը տեսնելով …
Հայկ, առանց պատասխանելու, հեռացաւ գլխիկոր …
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1974, թիւ 12
6. ՎԱԹՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆ
(Վերյիշումներ Ապրիլեան Եղեռնէն)
Ոճրամիտ թուրք կառավարութեան անարդար վճիռով՝ բոլոր արեւմտահայութիւնը արմատախիլ քշուեցաւ դէպի անծանօթ…
1915 Ապրիլ 24-ի Ապրիլեան Եղեռնին, տարիներով թուրքին կատարած սպանդին, ամենէն վճռական ու ահարկուն կարելի է համարել: Ջարդը ազգային ճարտարարուեստն է թուրքին:
Ճամբու ընթացքին՝ կողոպուտ, առեւանգում ու սպանդ. տաժանքներու ենթակայ՝ անսուաղ մահացողներու թիւ մը անհամար: Քիչեր տոկացին՝ հասնելով Միջագետքի անջրդի, կիզիչ անապատները:
Ոճրագործին անմարդկային համարուող ցեղասպանութեան վաթսունամեակն է 1975-ը:
Ազգային, քաղաքական մեր երեք կուսակցութիւնները, համաձայնած են միասնաբար միակամ տօնելու եւ մեր արդար պահանջները ներկայացնելու ուր որ հարկն է…
Ամեն հայ իր պարտականութիւնը պէտք է համարի անսակարկ իր մասնակցութիւնը բերելու այս նուիրական եւ արդար աշխատանքներուն՝ յարգելով մեր մօտ երկու միլիոնի, նահատակներու խնկելի յիշատակը:
Շարժանկարի պաստառի նման կը տողանցեն այն ՍԵՒ ՕՐԵՐԸ, որոնց ընթացքին պէս-պէս չարչարանքներ, զրկանքներ, պատմութեան մէջ չարձանագրուած կերպի ոճրագործութեան արարքները: Սրախողխող, կացինահար անթիւ անմեղ մայրեր, հայրեր, եղբայրներ, քոյրեր եւ բիւրիցս անբիծ, անխօս երեխաներ, որոնց շարանը կ՚երկարի…
* * *
Կարճահասակ գիրուկ մարդ մը, երբ մեր գիւղի փողոցներէն կ’անցնէր, ակնածանքով բոլորը ոտքի կ’ելլեն իրենց յարգանքի պարտքը մատուցանելու՝ մեղմիւ խոնարհելով «բարեւ պարոն Սիմոն» կը մրմնջէին:
Ո՞վ էր խոնարհներու շարքին պատկանող այս մարդը, որուն արտաքին երեւոյթը պատկառանքէ զերծ էր իր պարզութեամբ:
Պարոն Սիմոն Զաքարեան մեր գիւղի ուսուցիչներէն էր. իր դասաւանդած նիւթերն էին գրաբար եւ ազգային պատմութիւն:
Ծերունի մը աստուածավախ: Ամպի որոտումներուն երկու ձեռքերով ականջները կը փակէր՝ նկատելով Ամենակալի կողմանէ գոռում մը: Շատ զարմանալի է, որ այս «ըսենք վախկոտ» մարդը համիտեան հալածական շրջաններուն՝ գաղտնի ազգային պատմութիւն կ’ուսուցանէր բարձրագոյն դասարաններուն:
Ամուրի էր: Շատ անգամ իրմէ խնդրած էին ամուսնանայ ու քահանայ օծուի, որովհետեւ կոչումի յարմար անձն էր: Մերժած էր՝ ըսելով՝ «Իմ ընտանիքը դպրոցն է, կոչումս՝ ուսուցչութիւն, հոն է իմ հաճոյքն ու մխիթարութիւնը»:
Ռաս-Էլ-Այնի յարակից բլուրը վրանաքաղաքի մը վերածուած էր: Վրաններու այլազան գոյներ կարծես բոլոր պետութիւններու դրօշները կը ներկայացնէին:
Քանի-քանի անգամ կողոպտուած, ընչազուրկ, կմախքացած մարմիններ կ’օրօրուէին, տխեղծ սրունքներ հազիւ կը տոկային հիւծած մարմնի ծանրութեան. թշուառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին:
Քիւրտ-արաբ դատարկապորտներ գիշեր ատեն մեր վրայ յարձակելով կը յափշտակէին վերջին մնացորդ, ցնցոտին ու ծածկոցներ:
Անուանական թուրք պահակներ արգիլելու ուժը կը զլանային:
Շուտով հասաւ անիծեալ համաճարակն ալ, որուն զոհ գացին շատ շատեր, ամեն օր տասնեակներով:
Պարոն Սիմոն մաս կը կազմէր մեր կարաւանին, առանձին էր, խեղճ վիճակով՝ իր խաղաղարարի մեծութեամբ վրանին տակ: Իր աշակերտներու համար խնամքը անպակաս էր սակայն, իր յառաջացած տարիքը չունեցաւ ուժն ու կորովը տոկալու համար անողոք ախտին, ինկաւ անկողին: Ամեն օր զինք կը հոգային երբեմնի սաները, որոնք չափահաս հայեր դարձած էին: Անհամար էր իր հասցուցած սերունդը:
Քեռայրս ալ մաս կը կազմէր այցելողներու շարքին, յաճախ կ’ընկերանայի վրանի ծակերէն գաղտնօրէն դիտելու համար:
Կը նստի մահամերձի սնարին մօտ, խօսելով օրուայ լուրերէն՝ կ’արտասանէին պատերազմող ազգերու անուններ՝ զանազան մեկնութիւններով…
Մահամերձը իր վերջին վայրկեաններու մէջ իսկ կը պահէր իր մտային կարողութիւնը:
Երբ լսէր՝ «— Անգլիացիները կը յաղթեն», «— Գեհենի կրակներուն մէջ այրին», կը փսփսար», «— Ռուսերը կը յառաջանան..»՝ «— Դժոխքի հնոցին մէջը թող վառին… », «— Ֆրանսացին Կիլիկիան պիտի գրաւէ…»՝ «— Տարտարոսի բոցը լափէ զիրենք…»։
Այսպէս բոլորին անէծքներու տարափով փակեց իր աչքերը բարեհամբոյր անմեղ ծերունին՝ կրթական մշակը:
Չարաղէտ թուականէն անցեր են վաթսուն երկար տարիներ: Մեր արդար դատը անկատար ու պահանջները անհատոյց մնալով պրն Սիմոնի նման շատեր կրկներ են նոյն յանկերգը այլազան ազգերու հասցէին, որոնք իրենց շահերու փոխան, իմաստէն կը զրկեն՝ գլխիվար դարձնելով Արդարութիւն, Մարդկային Իրաւունք, Ազատութիւն, շատ մը նման բառեր զանոնք գործածելով որպէս շպար՝ խօսակցութեան մէջ:
Շարունակութիւն մը չէ՞ ողբացեալ Եղիշէ Չարենցի պատգամը «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջն է»:
Ահա ազատութեան ճանապարհը, որքան ալ դժուար ըլլայ ու մեծ զոհողութիւններու կարօտ:
Նախքան խորհելու օտարէն գալիք բարիքներուն, հարց տանք, թէ մենք ի՛նչ կ’ընենք հայութեան:
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1975, թիւ 3
7. ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ
Վերջին ամիսներուն մեր հաւաքատեղիին մէջ օրուան խօսքը դարձած է «Արձագանգ»ի ուշացումը:
— Ստացա՞ր…
— Ո՛չ…
— Ինչո՞ւ կ’ուշանայ…
— Դժուարութիւններ…
Ի վերջոյ ընթերցող ընկերներս կը խնդրեն՝ ըսելով. «Գրէ խմբագրութեան, թէ ի՛նչ են տեղի ունեցող դժուարութիւնները»:
Իրենց կը բացատրեմ, թէ «Արձագանգ»ը կը հրատարակեն խումբ մը կամաւոր ընկեր-ընկերուհիներ՝ ի գին տքնաջան աշխատութեան՝ առանց նիւթական վարձատրութեան:
Վերջապէս կը հասնի հոկտեմբերի թիւը, որուն մէջ կը կարդանք, խմբագրութեան կոչը՝ ուղղուած իր ընթերցողներուն:
Դժուարութիւններու ամփոփումը հետեւեալներն են՝
Ա. Նամակատան պաշտօնէութեան գործադուլ:
Բ. Գրամեքենաներու անբաւարարութիւն:
Գ. Տպարանային դժուարութիւն:
Դ. Գլխաւոր՝ նիւթականի կարիքը:
Առաջին դժուարութիւնը արդէն հարթուած է, կը մնան կաղացման երեք պատճառները, որոնք բոլորն ալ կամաւորական մարզին կը պատկանին:
Սխալ մը գործած չենք ըլլար, երբ ըսենք, թէ մեր ազգային, կուսակցական, ընկերային, գրական եւ բազում գործեր սկսած են կամաւորութեամբ եւ պիտի յարատեւեն կամաւորութեամբ, մինչեւ որ հասնի բարեբաստիկ օրը, ունենանք ամենայն հայոց կառավարութիւն, որ ի զօրու կ’ըլլայ հարթելու ազգին դժուարութիւնները:
«Արձագանգ»ը չունի բաժանորդագրութիւն, նաեւ՝ վճարովի պաշտօնէութիւն. կամաւոր աշխատաւոր, կամաւոր վճարող:
Միտք չունիմ խմբագրութեան կազմին յորդոր կարդալու, վստահ, որ կարելին պիտի տնօրինէ ամսաթերթը իր հունին մէջ մտցնելու:
* * *
Ակամայ միտքս կը սուրայ դէպի ետ՝ այն օրերուն, որոնք դառնութեամբ լի են՝ օրինակ մը պրպտելու մտածումով:
1922-ին թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ փրկուելով հասած էինք Յունաստան:
Թշուառ հայութիւնը թէեւ գործելու ընդունակ, սակայն տեղական լեզուին անծանօթ, անճրկած վիճակ մը ունէր:
Շուտ հասաւ բարեբախտութիւնը, ծանօթացան գաղթական յոյն գործավարի մը, որ թրքերենէ զատ հայ լեզուին ալ տեղեակ էր:
Գտնուած էր փրկութեան լաստը, լուծուած աշխատութեան հարցը կորովի հայորդիներու համար:
Գործավարին անունը չեմ յիշեր, իզմիտցի խալֆա կ’որակէին զինք: Ունէր մանչ զաւակ մը երկրաչափութեան ուսանող: Յաճախ կու գար իր հօրը օգնելու: Երիտասարդ էր ու անփորձ:
Շատ անգամ հայրը իր զաւակը կը յանդիմանէր՝ շեշտելով իր անճարակութիւնն ու մեղմութիւնը, անկարող գործին մղում տալու ու կ’ըսէր.
— Տղա՛ս, պոռա՜յ, պոռա՜յ՝ Յակո՜բ, Շուշա՜ն, Աշխէ՜ն, Յարութի՜ւն, Մարօ՜, Սուրէ՜ն: Ասոնք բոլորն ալ հայու անուններ են:
Բաւարար չափով ենք, թորոնթահայ գաղութի ընդունակութեան եւ զոհաբերութեան ոգիին:
Արդեօք տեղի՞ն է իզմիտցի խալֆային նման կանչել հայու անուններ՝ յաւելեալ աշխատութեան եւ նիւթական զոհողութեան համար:
Կ’արժէ փակել գրութիւնը՝ միակ լուծում նկատելով՝ կամաւոր բանակ:
«Արձագանգ» ամսաթերթ, 1975, թիւ 12