Աւելորդաբանութիւն (Դ.)

Արմենակ Եղիայեան

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Աւելորդ յօդեր

«Որքան յօդը պակաս ըլլայ՝ նոյնչափ զօրաւոր, ազդու եւ հատու կ’ըլլայ խօսքը» («Քննական քերականութիւն», էջ 192/§ 532),—այս դատողութիւնը ընողը արեւմտահայերէնի մեծագոյն տեսաբանն ու իր ժամանակին Եւրոպայի մեծագոյն լեզուաբաններէն մէկն է:
Լեզուական աւելորդաբանութեանց շարքին իր ոչ-արհամարհելի տեղը ունի յօդը եւս, որ աւելի դիւրին ու գաղտագողի կը սպրդի լեզուի մէջ՝ յառաջացնելով իւրայատուկ խժալրութիւն մը եւ ոճական ծանծաղութիւն մը, որոնք առհասարակ կը խուսափին անվարժ գրողի ու ընթերցողի ուշադրութենէն եւ որոնցմէ ձերբազատելու համար կը պահանջուի յարատեւ ուշադրութիւն: Գրողը ինք դժբախտաբար չ’անդրադառնար, թէ որքան անհաճոյ, անբարեհունչ ու տաղտկալի է անոնց չափազանցութիւնը: Հարցը կը վերաբերի մասնաւորաբար ն/ը որոշիչ յօդի անտեղի կիրարկութեան:
Օրինակ՝
—Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակին ու բերքին որակին համեմատ:
Այստեղ շարուած են երեք բառեր՝ վաստակին, բերքին, որակին, որոնք մեր ականջը կը սղոցեն՝ մեզ անհանգստացնելու աստիճան. պատճառը՝ ասոնց վերջին վանկերու «ին» բաղադրիչի կրկնութեան յառաջացուցած միօրինակութիւնն է: Այսպէս է, որովհետեւ ասոնց երեքն ալ օժտուած են «ն» ռնգային յօդով, որոնց առաջին երկուքը աւելորդ են. կարդանք նոյնը առանց այդ երկու յօդերուն, եւ պիտի նկատենք, թէ որքան աւելի բարեհունչ ու ազնիւ կը հնչէ մեր խօսքը.
— Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակի ու բերքի որակին համեմատ:
Չենք կրնար ջնջել որակին բառի յօդը եւս, որովհետեւ այս բառը յատկացեալն է միւս երկուքին, իսկ յատկացեալը, ինչպէս նախորդիւ տեսանք, չի կրնար դիւրին բաժնուիլ իր յօդէն, որ այս պարագային ստացական է: Այս կառչածութիւնը կրնանք հաստատել հետեւեալ օրինակներով՝ իմ մատիտս-քու մատիտդ-իր մատիտը, ուր չենք կրնար ըսել իմ մատիտ-քու մատիտ-իր մատիտ. որովհետեւ ս, դ, ը ստացական յօդերը կը պարտադրեն իրենք զիրենք:
Միւս կողմէ՝ ան առանձինը այլեւս չի խանգարեր խօսքին բարեհնչութիւնը:
Իսկ եթէ չունենայինք որակին բառը, ապա այդ պարագային անհրաժեշտ պիտի դառնային վաստակին եւ բերքին յատկացեալներու «ն» յօդերը:
— Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակին ու բերքին համեմատ:
Եւ որովհետեւ անհրաժեշտ յօդեր են այս վերջինները, մեր բանականութիւնը հեշտութեամբ կը հանդուրժէ անոնց ներկայութեան, եւ ճաշակն ալ հաշտ կ’ընթանայ բանականութեան հետ ու կ’ընդունի զանոնք:
Յօդերու ճիշդ ու ներդաշնակ կիրարկութեան մշակոյթին տիրապետումը բաւական դժուար է, ճաշակի երկարատեւ նրբացում ու յղկում կը պահանջէ ենթակայէն, բայց նաեւ խոր կեդրոնացում՝ մասնաւորաբար գրաւոր խօսքին վրայ, ինչ որ ամեն գրողի շնորհուած չէ՝ մասնաւորաբար լրագրութեան ծիրէն ներս, ուր կը տիրէ դաժան հեւք մը՝ լրագիրի հերթական թիւը պատրաստելու ու ճիշդ ժամանակին զայն մամուլին յանձնելու պարտաւորութիւնը:

* * *

Վերը տեսնուած օրինակներու թելադրանքով ու զգացողութեամբ, կարդանք հետեւեալը եւս՝ զանազանելու համար յօդին անհրաժեշտն ու անպէտը.
—Կը զգուշացնենք պետութիւններու գերիշխանութիւնը ոտնահարելուն եւ տագնապները բորբոքելու հետեւանքներէն (Ազդակ, 1/8/2024, էջ 8):
Այստեղ երեւցող չորս յօդերէն երեքը ստացական են եւ չեն ջնջուիր. կարելի է ջնջել միայն ոտնահարելուն-ի յօդը, որ շատ անախորժ կը հնչէ, եւ այս մէկ հատիկ յօդին վերացումը արդէն շատ աւելի բարեհունչ կը դարձնէ նախադասութիւնը:
Նկատենք, որ այս նախադասութեան մէջ ոտնահարելու եւ բորբոքելու դերբայները նոյն պաշտօնը ունին. եւ ահա գրողը ասոնց առաջինը՝ ոտնահարելուն, օժտած է յօդով, երկրորդը՝ բորբոքելու, յօդ չունի. ճիշդը այս վերջինն է: Եւ որովհետեւ մեր գրողին կը պակսի թէ՛ ճաշակը, թէ՛ փոյթը, թէ՛ մանաւանդ տարրական գիտելիքը, նոյն նախադասութեան մէջ ան երկու տարբեր ձեւերով գրած է այս երկու բառերը՝ առանց անդրադառնալու իսկ ըրածին:

Հետեւեալ երեքին մէջ ունինք յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւն-ներ, որոնց յատկացուցիչներու անտեղի ու աւելորդ որոշիչ յօդերը կը ստեղծեն քաոսային խժալրութիւն մը. միւս կողմէ՝ մեր օրինակները բաւական հարուստ են ոչ-յօդային «ն» բաղաձայնով ալ, որով աւելի կը խճողուի ամբողջութիւնը:
—Համաստեղ շնորհակալութիւն կը յայտնէ խօսակիցին՝ Գ. հատորին ստացման առթիւ:
—Քանի մը տարի մնաց լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ:
—Ան անդրադարձաւ «Յանուն հայրենիքի» շարժումին նպատակին:
Կարդանք զանոնք առանց այդ յօդերուն՝ ճիշդ գնահատելու համար այդ յօդերու տաղտուկին տարողութիւնը:
Իսկ հետեւեալին որոշիչ յօդերը իրենց կարգին անտեղի ու անիմաստ են. ոչինչ կ’արդարացնէ անոնց ներկայութիւնը: Բաղդատել՝
—Պէտք է դադրեցնել կրակոցը՝ յաւելեալ մագլցումէն ու ճակատումէն խուսափելու համար:
—Պէտք է դադրեցնել կրակոցը՝ յաւելեալ մագլցումէ ու ճակատումէ խուսափելու համար:
Ուսանելի օրինակ մը եւս.
— Պիտի մտածէին գործին հասութաբեր պայմաններուն մասին:
Ոչ մէկ արդարացում ունի գործին-ի յօդը:
Պայմաններուն-ը յատկացեալ ըլլալով կը պահէ իր յօդը:
Մասինին վերջաւորութիւնը բառային բաղադրիչ է:

Յօդ եւ յատուկ անուն

Նախապէս տեսանք ուղղական հոլով ենթակայ յատուկ անուններու յօդառութիւնը. ստորեւ տեսնենք մնացեալ հոլովները կրող անուններու պարագան:
Յուշագրութեան մը հեղինակը հետեւեալ պարբերութեամբ կը սկսի իր վիպակը.
—«Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ կը գտնուէր պարոն Բենիամինի փոքրիկ խանութը, ուր ան կը վաճառէր կոճակ, դերձան, ասեղ, գոյնզգոյն ժապաւէններ եւ կարուձեւի այլ պիտոյքներ։ Քոյրս շատ կը սիրէր կարել։ Ան յաճախ ձեռքս կու տար գունաւոր կտոր մը, որպէսզի նոյն գոյնով դերձան կամ կոճակ գնեմ պարոն Բենիամինէն»։
Այս հատուածին մէջ երկու անգամ յիշուած է Բենիամին անունը. մէյ մը՝ Բենիամինի՝ առանց յօդի, մէյ մը Բենիամինէն՝ յօդով:
Ինչո՞ւ յօդառութեան այս տարբերութիւնը:
Առաջին կիրարկութեան մէջ հեղինակը, որ լաւ կը ճանչնայ պարոն Բենիամինը, գիտէ, որ ան անծանօթ է ընթերցողին, որուն առաջին անգամ է որ կ’ակնարկէ իր գրութեան մէջ. ահա ընթերցողին այս կացութիւնը նկատի առնելով ալ անորոշ՝ առանց յօդի կիրարկած է այդ մարդուն անունը՝ Բենիամինի:
Քիչ անդին կը գտնենք Բենիամինէն, այսինքն՝ բացառական հոլով՝ որոշիչ յօդով կիրարկուած: Այսպէս է, քանի որ հեղինակը զանազան տեղեկութիւններ տուաւ այդ մարդուն մասին եւ հիմա՝ երկրորդ կիրարկութեան առթիւ այդ մարդը այլեւս անծանօթ մը չէ ընթերցողին, այս պատճառով ալ անոր անունը գրեց յօդով:
Հետեւաբար այդ յօդը կախեալ է մեզ ընկալողին՝ մտիկ ընողին կամ մեր գրութիւնը կարդացողին՝ տուեալ առարկային հանդէպ ունեցած ծանօթութեան բնոյթէն:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն, մենք մեր ճանչցած անունները կը ներկայացնենք յօդով կամ առանց յօդի՝ նայած, թէ տուեալ անունը որքանով ծանօթ կը նկատենք կամ կը սեպենք նաեւ մեզ ընկալողին: Եթէ այնպէս համոզուած ենք, որ ան անծանօթ է մեզ ընկալողին, ապա առանց յօդի կը կիրարկենք այդ անունը, իսկ եթէ համոզուած ենք, որ ան ծանօթ է մեզ ընկալողին, ապա որոշիչ յօդով կը գրենք անոր անունը:
Եւ այսպէս, երբ մեր խօսքը կ’ուղղենք, օրինակ, Թորոսին՝ ակնարկելու համար անոր ծանօթներուն, բարեկամներուն, մտերիմներուն, ապա ինքնաբերաբար կ’ըսենք.
—Մարկոսին ինքնաշարժը խանգարուեր է:
—Կիրակոսին վարպետը սրտի կաթուած ունեցեր է:
—Մարտիրոսին տղան յաջողեր է քննութեան:
Այսպէս կը խօսինք, քանի որ Մարկոսը, Կիրակոսը եւ Մարտիրոսը միայն ինծի ծանօթ չեն, այլ նաեւ իմ խօսակիցիս՝ Թորոսին, որուն կ’ուղղեմ խօսքս կամ գրութիւնս:
Սակայն երբ նման մտերմութիւն մը չունի մեզ ընկալողը տուեալ անձին կամ առարկային հետ, ապա անոր անունը կը գրենք առանց յօդի. օրինակ՝
—Փութինի բանակները ռմբակոծեր են Քիեւը:
—Քամալա Հարիսի կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու ընտրած է զինք:
—Ալիեւի խոստումներուն կարելի չէ հաւատալ:
Մինչդեռ Փութինի անմիջական շրջապատին մէջ գտնուողները, թէկուզ անոր 150 միլիոն հարազատ քաղաքացիները, խօսելով անոր մասին, ազատօրէն պիտի ըսէին.
—Զելենսքի նորէն Փութինին ջիղերով կը խաղայ:
Մինչդեռ ես ու դուն պիտի ըսէինք՝ «Փութինի ջիղերով կը խաղայ»:
Նկատեցէք, որ Զելենսքի ուղղական հոլով ենթական գրեցինք առանց յօդի, քանի որ Փութինի հարազատներուն համար ան օտար է, խորթ է, հեռու է, անմատչելի է, ինչպէս վերը սերտած էինք:

* * *

Բերուած օրինակներու բոլոր անունները յատուկ էին:
Հասարակ գոյականներու պարագային կանոնը մօտաւորապէս նոյնն է, աննշան տարբերութեամբ. օրինակ՝
«Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ կը գտնուէր գրավաճառի մը փոքրիկ խանութը, ուր ան կը վաճառէր թուղթ, մատիտ, ռետին, գոյնզգոյն ներկեր եւ գրենական այլ պիտոյքներ։ Քոյրս շատ գրասէր էր։ Ան յաճախ ձեռքս կու տար պիտոյքներու ցանկ մը, որպէսզի գնեմ զանոնք պարոն Բենիամինէն»։
Ուրեմն Բենիամին յատուկ անունին փոխարէն կիրարկեցինք գրավաճառ հասարակ անունը նոյն ձեւով. նախ՝ անորոշ՝ գրավաճառի, ապա որոշեալ՝ գրավաճառէն:
Սա՛ պզտիկ տարբերութեամբ, որ առաջինին վրայ աւելցուցինք մը անորոշ յօդը:
Յատուկ անունները մը յօդը չեն կրնար առնել. չ’ըսուիր՝ Թորոս մը, Թորոսի մը, Թորոսէ մը, Թորոսով մը եւ այլն:

Կրկնակի յատկացուցիչ

Յատկացուցիչը, ինչպէս գիտենք, սեռական հոլով դրուած այն գոյականն է, որուն կը վերագրուի ստացուածք մը. օրինակ՝
***Ծառին պտուղները չորցեր են:
ծառին՝ սեռական հոլով յատկացուցիչ:
պտուղները՝ յատկացեալ (որ ուղղական հոլով ենթակայ է):
Ինչպէս կը տեսնենք՝ գրողը կ’ակնարկէ ծանօթ ծառի մը եւ անոր պտուղներուն:
Շատ կը պատահի, որ յատկացեալը իր կարգին դրուի սեռական հոլով եւ դառնայ յատկացուցիչը այլ գոյականի մը, եւ այսպիսով զուգադրուին երկու սեռականներ. օրինակ՝
***Նախագահին շրջապտոյտին արդիւնքները գոհացուցիչ են:
Որքան ալ նախագահը ծանօթ ըլլայ թէ՛ գրողին, թէ՛ ընթերցողին, այսուհանդերձ թոյլատրելի է, որ գրենք նախագահի՝ առանց յօդի, խուսափելու համար ին…ին… զոյգի անախորժ ու խժալուր կրկնութենէն, որուն նախապէս ալ ակնարկած ենք. այսպէս՝
***Նախագահի շրջապտոյտին արդիւնքները գոհացուցիչ են:

Գործիական հոլով

Այս հոլովը կրող գոյականները՝ յատուկ թէ հասարակ, որոչիչ յօդ չեն առներ:
***Ես Թորոսով հպարտ եմ, դուն Մարկոսով, ան Կիրակոսով:
***Ան հացով կշտացաւ, դուն կարկանդակով, ես պտուղով:
Անոնք կրնան սակայն առնել ստացական յօդ, որոնք ցոյց կու տան առարկային պատկանելութիւնը՝ յատտուկ թէ հասարակ.
***Ես Թորոսովս հպարտ եմ, դուն Մարկոսովդ, ան Կիրակոսովը:
***Ես հացովս կշտացայ, դուն կարկանդակովդ, ան պտուղովը:

Աւելորդ յոգնակիներ

Ոճաբանական թերութեանց մէջ իր ուշագրաւ տեղը ունի յոգնակիի անմիտ ու անտեղի կիրարկութիւնը, որ չարաշահութենէ աւելի չիմացութեան, ընդհուպ տգիտութեան հետեւանք է: Եւ այս երեւոյթը հետզհետէ կը տարածուի մեր նոր հասնող սերունդներու լեզուական բարքերուն մէջ:
Այստեղ իրենց յատուկ բաժինը ունին այնպիսի յոգնակիներ կամ յոգնակերտներ, որոնց գիտակցութիւնը չունի ամեն հայ. այսպիսիներէն թուենք, օրինակ, գրաբարեան «ք» եւ «ունք» յոգնակերտները կրող բառեր, որոնք աշխարհաբարի մէջ նմանապէս յոգնակի են. օրինակ՝ ծնող-ծնողք, տղայ-տղաք, նախնի-նախնիք, ափ-ափունք, երիկամ-երիկամունք, ռունգ-ռնգունք, նաեւ՝ մարդ-մարդիկ: Եւ որովհետեւ այսպիսիները արդի հայուն ճանչցած յոգնակերտ եր/ներ մասնիկը չունին, ոմանք իրե՛նք կ’աւելցնեն այդ մասնիկները՝ ծնողքներ, տղաքներ, նախնիքներ… եւ այլն, այլ խօսքով՝ երկրորդ անգամ կը յոգնականացնեն այսպիսիները:
Ասոնց վերայոգնականացումին պատճառ կը դառնան նաեւ այնպիսի գոյականներ, որոնք ք եւ ունք ածանցով հանդերձ աշխարհաբարի մէջ նուիրականացած են իբրեւ եզակի, օրինակ՝ աչք, ձեռք, ոտք, բարձունք, սկզբունք, լորձունք, հիմունք, որոնց յոգնակին աշխարհաբարի մէջ սովորականին պէս կու տայ՝ աչքեր, ձեռքեր, ոտքեր, բարձունքներ, սկզբունքներ, լորձունքներ, հիմունքներ:
Ծանօթ.— Ջանանք ըսել շուրթ-շուրթեր, եւ ոչ՝ շրթունք-շրթունքներ:

* * *

Հայերէնը ունի այլ մասնիկներ, որոնք նմանապէս յոգնակերտ են եւ այնքան ալ ծանօթ չեն արդի հայուն, որ, օրինակ, հեշտութեամբ կ’ըսէ ու կը գրէ՝
— Աստղանաւորդները պիտի յաջողին թարմ բանջարեղէններ ուտել…
Իսկ բանջարեղէն բառը ինքնին այլատեսակ բանջարներ, այսինքն՝ ուտելի բոյսեր կը նշանակէ, քանի եղէն ածանցը իմաստով յոգնակի է. այսպէս ալ՝ ամանեղէն, գոհարեղէն, հագուստեղէն, ուտեստեղէն՝ ասոնք բոլորը իմաստով յոգնակի են, այլ խօսքով՝ նոյն տեսակի բազմաթիւ առարկաներ ցոյց կու տան, հետեւաբար երբ կ’ըսենք ամանեղէններ, գոհարեղէններ, ապա տեղի ունեցածը կրկնակի յոգնականացումի պարագայ է:
Յաճախ կը հանդիպինք մեր թերթերու մէջ նամականիներ կրկնակ յոգնակիին, որով կ’ակնարկուի ստացուած մէկէ աւելի նամակներու, մինչդեռ նամականի ձեւը ինքնին արդէն կը նշանակէ նամակներ, այսինքն՝ ունի յոգնակի նշանակութիւն: Նոյնպէս ալ՝ ազատանի, առածանի, աւագանի, երիցանի, ընկերանի, ընտրանի, լակոտանի, կամարանի, կանանի, հիւանդանի, նշանանի, պատգամանի, ստուերանի եւ այլն, որոնք բոլորն ալ յոգնակի նշանակութիւն ունին եւ վերստին յոգնականալու կարիք չունին:
Միւս կողմէ՝ ոչ մէկ արգելք կայ, որ արդի հայը իր յոգնակին կազմէ իրեն աւելի ծանօթ ու ընտել ձեւով, այսինքն՝ ըսէ ու գրէ բանջար-ներ, գոհար-ներ, հագուստ-ներ, նամակ-ներ, զանգակ-ներ, նշան-ներ եւ այլն:

* * *

Աշխարհաբարի մէջ կայ կանոն մը, որ շատեր չեն ճանչնար:
Չեն ճանչնար, որովհետեւ չ’ուսուցուիր ան, չ’ուսուցուիր, որովհետեւ հայոց լեզուի ուսուցիչներն ալ չեն գիտեր զայն, չեն գիտեր, որովհետեւ մեր դասագիրքերը բաւականաչափ լուսարձակի տակ չեն առներ ու չեն շեշտեր կանոնը:
Երբ քանակութիւն մը կը ներկայացնենք թիւերով, ապա տուեալ առարկային անունը եզակի կը կիրարկենք. այսինքն՝ հինգ օր, տասը մատիտ, քսան գնդակ եւ այլն, եւ ոչ թէ՝ հինգ օրեր, տասը մատիտներ, քսան գնդակներ:
Եւ ահա այնքան սովորական է հոս-հոն կարդալ սապիսի սխալ կառոյցներ.
— Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ երկու օրեր:
— Այդ թուականէն անցան չորս տարիներ եւս:
— Լոնտոն մնացի հինգ ամիսներ միայն:
Այս կանոնը յատուկ ուշադրութիւն կը պահանջէ արդի հայէն, քանի որ մեր շուրջը չկայ ու չէ եղած լեզու մը, գրաբարը ներառեալ, որ այս բառերը եզակի կիրարկէ. բոլորն ալ յոգնակի կը կիրարկեն, — եւ ատով ալ կ’ազդեն արեւմտահայ գրողի լեզուամտածողութեան վրայ: Միայն թրքերէնն է, որ ասոնք եզակի կը կիրարկէ, եւ աշխարհաբարը թրքերէնի հետեւողութեամբ ձեւաւորած է կանոնը:
Թիւերու փոխարէն կրնանք ունենալ քանակ ցոյց տուող այլ բառեր՝ քիչ (մը), բաւական, շատ, որոնց առաջին երկուքին հետ որոշեալ գոյականը նմանապէս անորոշ եզակի կը կիրարկուի՝ թելադրելով հանդերձ մէկէ աւելի առառրկաներ. օրինակ՝
— Այսքան քիչ հացով ինչպէ՞ս կերակրեմ բոլոր որբերը:
Բաւական գետնախնձոր հաւաքեցինք այսօր:
Շատ-ը ունի երկակի կիրարկութիւն.
— Այս տարի շատ ծառ տնկեցինք:
— Պարտէզին մէջ շատ ծառեր կան:
Կանոնը չի գործեր, եթէ գոյականը օժտուած է ս, դ, ն, ը յօդերէն մէկով.
— Այս չորս գորգերս պէտք է լուացքի տրուին:
Երկու տղաներդ արդէն գործի անցած են:
— Բերդի տասը պահակները քնացած էին, միւսներն ալ փախան:
Անընդունելի է ըսել՝ չորս գորգս… երկու տղադ… տասը պահակը…:
Երբ թուական որոշիչի փոխարէն հանդէս կու գայ խօսքի այլ մասէ որոշիչ մը, ապա կ’ունենանք երկակի կիրարկութիւննեեր՝ եզակի եւ յոգնակի.
— Մեր սպիտակ ոչխարը փոխանակեցինք անոնց սեւ այծով:
Մեր սպիտակ ոչխարները փոխանակեցինք անոնց սեւ այծերով:
— Այս ծաղկած ծառէն կարելի՞ է հրաժարիլ:
Այս ծաղկած ծառերէն կարելի՞ է հրաժարիլ:
— Գետափի կալուածէն փոքրը ծախեց:
Գետափի կալուածներուն մէկ քանին ծախեց:

Անորոշ եզակի

Բաղդատենք հետեւեալ երեքը.
— Թորոսը խնձորը կերաւ:
— Մարկոսը խնձոր մը ստացաւ:
— Կիրակոսը խնձոր կը ծախէ:
Այս երեքին մէջ խնձոր գոյականը հաւասարապաէս դրուած է եզակի թիւով՝ խնձոր, որուն յոգնակին է խնձորներ:
Եւ ահա առաջին երկուքին մէջ խնձոր(ը) գոյականը կ’ակնարկէ մէկակա՛ն պտուղի, մէկակա՛ն առարկայի, միչդեռ երրորդին համար չենք կրնար ըսել, թէ ան կ’ակնարկէ մէ՛կ առարկայի. Կիրակոսը միայն մէ՛կ խնձոր չէր ծախեր անշուշտ. անոր տոպրակին, սնտուկին կամ կառքին մէջ կային տասնեակներով, թերեւս հարիւրներով խնձորներ, որոնց բոլորը ահա անուանած ենք խնձոր եզակի գոյականով:
Այսպիսի եզակի գոյականը կ’անուանենք «անորոշ եզակի»:
Հետեւաբար երրորդ օրինակի խնձոր գոյականը անորոշ եզակի է:
Եւ ուրեմն անորոշ եզակին ձեւով միայն եզակի է, իսկ նշանակութեամբ ուրիշ է:
Միւս երկուքը ստուգապէս մէկական խնձոր, մէկական առարկայ ցոյց կու տան. պատճառը անոնց վրայ դրուած յօդերն են՝ խնձորը եւ խնձոր մը:
Այսպէս, կարելի է ըսել՝
— Հովիւը ոչխար կ’արածէ,— եւ հասկնալ շատ ոչխարներ:
Որոշեալ կիրարկելու պարագային շատ հասկնալու համար ստիպուած ենք ըսելու՝
— Հովիւը ոչխարները կ’արածէ:
Այլապէս ոչխարը պիտի նշանակէր միայն մէ՛կ ոչխար:
Եզրակացութիւն
Անորոշ՝ յօդազուրկ եզակիին ցոյց տուած թիւը առաձգական է:
Յօդաւոր եզակին ցոյց կու տայ մէ՛կ առարկայ:
Ծանօթ.— Խորքին մէջ՝ անորոշ եզակի-ի ըմբռնումն ու մեկնաբանութիւնը հայերէն խօսողէն կը պահանջեն որոշ ողջամտութիւն ( ֆրասնսերէն՝ bon sens, անգլերէն` common sense), քանի նոյն անորոշ եզակին կրնայ թելադրել միայն մէ՛կ առարկայ եւս.
Բաղդատել՝
— Թորոսը ծիրան գնեց:
— Մարկոսը վերջապէս կնիկ առաւ:
Ծիրան եւ կնիկ հաւասարապէս անորոշ եզակի են. բայց ահա տարրական ողջամտութիւնը կը թելադրէ, որ Թորոսը մէկէ աւելի ծիրան տարաւ իր տունը, իսկ Մարկոսը միայն մէ՛կ կնիկ տարաւ իր տունը:
Այս իրողութիւնը անհեթեթ կը դարձնէ յոգնակիի գործածութեան շատ պարագաներ. օրինակ՝
— Թուրքիա իր հանքածուխներու պահեստները կ’օգտագործէ:
— Կը պատժուին անոնք, որոնք անարդարութիւններ կը գործեն:
— Թուրքիա յարաբերութիւնները խզելու ծրագիրներ չունի:
— Նուպարը առաջնորդն էր մեր չորսերուն:
— Պատճառներ չունէինք զուարթ ըլլալու :
— Յաճախորդները պանիրներու լայն ընտրութիւններ ունէին:

Համրելի եւ անհամրելի առարկաներ

Կան առարկաներ, որոնք առօրեայ կիրարկութեան մէջ չեն համրուիր, ինչպէս՝ ցորենը, բրինձը, ոսպն ու սիսեռը եւ այլ ընդեղէններ, ինչպէս նաեւ այլ ընթացիկ պտուղներ՝ ծիրանը, սալորը, ելակը, թէկուզ գետնախնձորը, դեղձն ու նարինջը. այսպիսիները չենք յոգնականացներ, այլ կը կիրարկենք եզակի՝ անորոշ կամ որոշեալ, որոնք սակայն ցոյց կու տան յոգնակի առարկաներու ամբողջութիւն կամ քանակութիւն. այսպէս՝ «ցորեն քաղեցինք» կամ «ցորենը սպառեցաւ»,— որոնք մէկ հատիկ ցորեն չեն նշանակեր անշուշտ, այնպէս ալ միւսները եւ նմանները:

Օտարաբանութիւններ

Կարգ մը գոյականներ օտար լեզուներու մէջ միշտ յոգնակի կը կիրարկուին, ինչպէս՝ մկրատներ, ակնոցներ, արձակուրդներ եւ այլն. համբակ արեւմտահայն ալ ազդուելով ասոնցմէ՝ իր կարգին յոգնակի կը թարգմանէ ու կը կիրարկէ զանոնք, մինչդեռ հայերէնը կ’ըսէ ակնոց, մկրատ, արձակուրդ:
— Տղա՛յ, մկրատս բե՛ր…,— ո՛չ թէ մկրատներս. այս վերջինը օտարաբանութիւն է:
Սակայն բացառուած չէ, որ խանութպանը ցուցափեղկին մէջ տեսակաւոր մկրատներ շարած ըլլայ վաճառքի համար. օրինակ՝ տարբեր նպատակներու ծառայող կամ տարբեր չափեր ունեցող:
Ակնոցս դրի կարդալու համար…,— ոչ թէ ակնոցներս, ինչպէս պիտի ըսէին ֆրանսացին ու անգլիացին:
Անշուշտ այս պարագային եւս յոգնակին ընդմիշտ բացառուած չէ. հաստատութիւն կայ, որ տեսակ-տեսակ՝ կարդալու, արեւու, կարգ մը գործերու մէջ վտանգի դէմ պաշտպանուելու ծառայող ակնոցներ կ’արտադրէ:
Նման պարագաներու ըմբռնելի է սխալին աղբիւրը՝ մկրատին զոյգ շեղբերը, ակնոցին զոյց ապակիները կը թելադրեն այս յոգնակիները: Եւ որովհետեւ այդ զոյգ ապակիները կամ զոյգ շեղբերը կը կազմեն մէկ առարկայ՝ ակնոց կամ մկրատ, հայու լեզուամտածողութեամբ եզակի են անոնք:
Ֆրանսերէնի մէջ արձակուրդը միշտ յոգնակի կը կիրարկուի՝ vacances. մեր լեզուն նման հարց չունի, եւ որքան ալ երկարի արձակուրդը, ան թիւով եզակի է:
Սակայն ուրիշ բան է ըսել՝ «Նոր տարուան եւ Զատկուան արձակուրդները»…: Կամ՝ «Կնոջ եւ ամուսինին արձակուրդները իրարու չէին զուգադիպեր». այստեղ կ’ակնարկուի ուրոյն արձակուրդներու:
Միւս կողմէ՝ տրամաբանօրէն պէտք է ըսել «հագայ գուլպաներս», սակայն բոլորովին մերժելի չէ «գուլպաս» ըսելն ալ, քանի որ կարելի չէ պատկերացնել միայն մէ՛կ գուլպայ հագնող: Նոյնպէս՝ կօշիկ կամ կօշիկներս, ձեռնոց կամ ձեռնոցներս: Երբ մայրիկը փոքրիկին կը թելադրէ «ձեռնոցդ չմոռնա՛ս», — ան մէկ հատիկ ձեռնոցի չ’ակնարկեր, կամ «կօշիկդ ներկէ՛», — որ է՝ երկո՛ւ կօշիկները:

Որոշեալ գոյական

«Որոշեալ» կը կոչենք այն գոյականը, որուն վրայ աւելցած է ածական մը, դերանուն մը կամ խօսքի որեւէ ուրիշ մաս եւ ցոյց կու տայ այդ գոյականին որեւէ մէկ յատկութիւնը. օրինակ՝ բարձր լեռ, երկու մատիտ, այս տունը, կարուած հագուստ, ուշ աշուն եւ այլն:
— լեռ, մատիտ, տունը, հագուստ , աշուն որոշեալ գոյականներ են:
բարձր ածականը, երկու թուականը, այս ցուցականը, կարուած դերբայը, ուշ մակբայը որոշիչներ են:
Գոյականը որոշեալութիւն կը ստանայ նաեւ երբ անոր վրայ աւելցնենք սեռական հոլով յատկացուցիչ մը. օրինակ՝ Թորոսին գիրքը, Մարկոսին մայրը, ծառին ճիւղը եւ այլն, ուր գիրքը, մայրը, ճիւղը այլեւս ծանօթ առարկաներ են իրենց պատկանելութեամբ:
Որոշեալի ու յատկացուցիչի օրինակներ բաւական տեսանք եւ սերտեցինք անոնց թուային յատկութիւնները: Կացութիւնը տարբեր է, երբ գոյականը իր վրայ կը կրէ մէկէ աւելի որոշիչ կամ յատկացուցիչ, այլ խօսքով՝ ունի բազմակի լրացումներ:
Օրինակ՝
— Բարի, առաքինի ու վստահելի ընկեր մըն է ան:
— Անոր համին ու հոտին կարօտը կը քաշեմ:

Բազմակի որոշիչ

Բազմակի որոշիչները կրնան այլազան յարաբերութեան մէջ գտնուիլ որոշեալ գոյականին հետ եւ այս այլազանութենէն ալ կը բխին յոգնականացումի զանազան պարագաներ:
ա) Երբ որոշիչները կազմուած են խօսքի տարբե՛ր մասերէ, որոշեալ գոյականը կրնայ դրուիլ եզակի կամ յոգնակի. օրինակ՝
— մանկական այս առաջին ուրախ ճիչը (կամ ճիչերը)…
— բժշկական այսպիսի մանրամասն քննութիւն մը (կամ քննութիւններ)…
Նկատել, որ որոշիչներուն միջեւ որեւէ ստորակէտ չդրինք:
բ) Երբ որոշիչները խօսքի նո՛յն մասէն են, ըսենք՝ ածական են, տուեալ յատկանիշերը կրնայ իր վրայ կրել՝
ա. Նո՛յն առարկան. օրինակ՝ հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր մանչ մը…
Այստեղ նոյն մանչը իր մէջ կը խտացնէ տուեալ երեք յատկանիշերը:
բ. Տարբեր առարկաներ. օրինակ՝ հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր մանչեր…
Խօսողը ի մտի ունի հեզ մանչ մը, խոնարհ մանչ մը, աշխատասէր մանչ մը…
Բայց ահա բացառուած չէ, որ մէկէ աւելի անձերէն իւրաքանչիւրը իր մէջ միատե՛ղ կրէ յիշեալ երեք յատկանիշերը, եւ այս պարագային դա՛րձեալ պիտի ըսենք. «Հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր մանչեր», այսինքն՝ ճի՛շդ բ.-ին պէս, քանի լեզուն այս վերջինը բնորոշելու տարբեր՝ երրորդ իւրայատուկ ձեւ մը չունի:
Այս ալ կը նշանակէ, որ լեզուն թերի է յարաբերաբար մտքին, որուն բոլոր կարիքներուն չի կրնար հասնիլ ան:

Թանձրացական եւ վերացական հասկացութիւններ/առարկաներ

Թանձրացական կը կոչենք այն հասկացութիւնները/առարկաները, որոնք ըմբռնելի են մեր զգայարաններով՝ յատկապէս շօշափական, տեսողական, հոտառական. օրինակ՝ ծառ, գարուն, բոյր
Վերացական կը կոչենք այն հասկացութիւնները/առարկաները, որոնք ըմբռնելի չեն մեր զգայարանններով. օրինակ՝ կացութիւն, իմաստութիւն, երեւակայութիւն…

* * *

Երբ բազմակի որոշիչներուն որոշեալը թանձրացական է կամ այդպէս կ’ըմբռնուի, ապա ան սովորաբար կը դրուի յոգնակի. օրինակ՝
— Քարէն Եփփէ եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանները մեր լաւագոյն դպրոցներէն էին:
— Մանկական եւ վաղ պատանեկան յուշերս տակաւին թարմ են:
— Անյագօրէն կը ծծէր գարնանային ու աշնանային բոյրերը:
— Լիբանանեան եւ պաղեստինեան ճակատները վերստին բռնկեցան:
Իսկ երբ որոշեալը վերացական է, լեզուն հակամէտ է եզակի կիրարկելու. օրինակ՝
— Ժողովականները քննարկեցին լիբանանեան եւ պաղեստինեան կացութիւնը:
— Մօրենական ու հօրենական գուրգուրանքէն զրկուեցաւ:
Այս վերջինը շատ ծանր պիտի հնչէր, եթէ ըսէինք՝ գուրգուրանքներէն:
— Միայն իրարհասկացողութիւնը կ’երաշխաւորէ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ խաղաղութիւնը:
— Պէտք է վերջ տալ այս գիւղերուն մէջ տիրող լարուածութեան:
Հակառակ անոր, որ ամէն գիւղ ունի իր լարուածութիւնը, գրողը խուսափած է լարուածութիւնները ըսելէ՝ առաջնորդուելով այս բառին բարձր վերացականութենէն:
Ուրիշ բան է, անշուշտ, եթէ ըսէինք՝
— Պէտք է վերջ տալ այս գիւղերուն միջեւ տիրող լարուածութեան:
Ուր յստակօրէն կ’ակնարկուի մէ՛կ միասնական լարուածութեան:
* * *
Մեր լեզուն նոյն մօտեցումով կը շարժի, բազմակի կամ յոգնակի յատկացուցիչներու պարագային: Այսպէս՝
— Թորոսին եւ Մարկոսին եղբայրները միասին կը խաղան:
Եղբայրները պարտադրաբար յոգնակի կը դրուի անկախ անկէ, թէ իւրաքանչիւրը քանի՛ եղբայր ունի:
— Գլխուդ եւ մօրուքիդ մազերը միաժամանակ ճերմկեր են:
Բացառուած է ըսել մազը՝ եզակի, նոյնիսկ եթէ թոյլատրելի է անջատաբար ըսել՝ գլխուդ մազը, մօրուքիդ մազը:
— Մեր հաւնոցներուն հաւերը դադրեցան ածելէ:
Բայց՝
— Մեր հաւնոցներուն օրհնութիւնը կորսուեցաւ:
Եւ այս՝ հակառակ անոր, որ իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական օրհնութիւնը:
Եզակի է, քանի շատ վերացական է օրհնութիւն հասկացութիւնը:
— Գիւղին եւ քաղաքին օդը նոյնը չէ:
Այստեղ ալ օդ-ին վերացականութիւնն է թիւը որոշողը:

Բաղդատել հետեւեալները.
— Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին հայրենիքը զիրենք տուն կը կանչէ:
— Հայուն ու վրացիին հայրենիքները հաւասարապէս վտանգուած են:

Որոշեալ գոյական

Որոշիչ-որոշեալ յարաբերութիւնը կրնայ յառաջացնել թուային շփոթելի կացութիւններ, երբ ունինք բազմակի որոշիչներ կամ որոշեալներ կամ երկուքը միաժամանակ նոյն նախադասութեան մէջ: Այսպիսիները կը պահանջեն յատուկ ուշադրութիւն: Տեսնենք քանի մը պարզագոյն պարագաներ՝ համապատասխան լուծումներով:

* * *

ա. Դալար մարգն ու բարտին կը պսպղային արեւի շողերուն տակ:
Բերուած շարադասութեամբ, ուր դալար որոշիչը նախադաս է մարգին եւ բարտիին, այդ որոշիչը կը վերաբերի թէ՛ մարգ-ին, թէ՛ բարտի-ին:
Եթէ դալար է մի՛այն մարգը, ապա պարտինք գրել. «Բարտին ու դալար մարգը կը պսպղային արեւի շողերուն տակ»:
Իսկ եթէ դալար է մի՛այն բարտին, ապա պարտինք գրել. «Մարգն ու դալար բարտին կը պսպղային արեւի շողերուն տակ:
բ. Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ քարքարոտ ու անապահով ճամբաներէն ու թաղերէն:
Բերուած շարադասութեամբ քարքարոտ ու միաժամանակ անապահով են թէ՛ ճամբաները, թէ՛ թաղերը:
Եթէ քարքարոտ են մի՛այն ճամբաները եւ անապահով են մի՛այն թաղերը, ապա պարտինք գրել. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ քարքարոտ ճամբաներէն եւ անապահով թաղերէն»:
Եթէ քարքարոտ ու անապահով են մի՛այն ճամբաները, ապա պէտք է գրել. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ թաղերէն եւ քարքարոտ ու անապահով ճամբաներէն»:
Իսկ եթէ քարքարոտ ու անապահով են մի՛այն թաղերը, պէտք է գրենք. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ ճամբաներէն եւ քարքարոտ ու անապահով թաղերէն»:

Իւրայատուկ որոշիչներ

Հայերէնը օժտուած է կարգ մը որոշիչներով, որոնք՝ ա) միշտ եզակի որոշեալ կը պահանջեն, եւ այնպիսիներով որոնք՝ բ) միշտ յոգնակի որոշեալ կը պահանջեն:
ա) եզակի որոշեալ կը պահանջեն՝ Ամեն, ամեն մէկ, միակ, ամբողջ, իւրաքանչիւր, որեւէ, որեւիցէ, ոչ մէկ, ոմն, որքա՞ն-ինչքա՞ն, քանի մը բառերը. օրինակ՝ ամեն օր, ամեն մէկ բառ, ամբողջ թաղը կամ ամբողջ թաղ մը, որեւէ գիրք, ոչ մէկ առարկութիւն, ոմն Մարկոս, որքա՞ն-ինչքա՞ն նարինջ, քանի մը ժամ եւ այլն: Այս որոշիչներէն ոմանք օտար լեզուներու մէջ կրնան յոգնակի որոշեալի վրայ եւս դրուիլ, օրինակ՝ որեւէ եւ ոչ մէկ անգլերէնի մէջ կրնան յոգնակի որոշեալ ունենալ, եւ դժբախատաբար մերթ անուշադրութեամբ, մերթ համբակութեամբ, յատկապէս թարգմանութեանց մէջ, այդ յոգնակի որոշեալները նոյնութեամբ կ’անցնին հայերէնին. օրինակ՝ «Պետական պաշտօնեան կը հարցնէր, թէ ես որեւէ անհասկացողութիւններ եւ տարակարծութիւններ ունէի՞ իմ մեծաւորիս հետ» (Վ. Մխիթարեան, «Վարդապետի մը ոդիսականը», էջ 85):
բ) յոգնակի որոշեալ կը պահանջեն՝ ա. Կարգ մը հաւաքական իմաստի որոշիչ բառեր, ինչպէս՝ բոլոր, կարգ մը, խումբ մը, շարք մը, հատուկենտ, թեր ու դէմ, պարապ-սարապ, երկուորեակ եւ այլն. օրինակ՝ բոլոր հարցերը, կարգ մը վրէպներ, խումբ մը հեծեալներ, շարք մը սիւներ, հատուկենտ անցորդներ, թեր ու դէմ կարծիքներ, պարապ-սարապ խօսքեր, երկուորեակ քոյրեր եւ այլն: բ. Շատութեան, բազմազանութեան իմաստ ունեցող որոշիչները, ինչպէս՝ շատ տարիներ, բազում փորձեր, այլեւայլ մարզեր, նաեւ՝ անհամար, անթիւ, բազմաթիւ, բազմազան, բազմապիսի, բազմերանգ, բազմատեսակ, բազմաձեւ, զանազան, տարբեր եւ այլն. օրինակ՝ շատ դարեր, բազում տարիներ, անհամար աստղեր, բազմաթիւ հոգեր, բազմապիսի կոտտանքներ եւ այլն: Այսպէս է, երբ որոշեալը թիւով համրելի թանձրացական առարկայ է. վերացական գոյականները ասոնցմէ մէկ-երկուքին հետ կրնան եզակի եւս կիրարկուիլ. օրինակ՝ «Ան շատ հոգ պատճառեց տնօրէնութեան»: «Հորթերը զանազան ուղղութեամբ փախան»: Շատ բառը կրնայ հաւասարապէս եզակի կամ յոգնակի որոշեալ ունենալ. օրինակ՝ շատ անգամ եւ շատ անգամներ: գ. Ածականի, գոյականի, դերանունի կրկնութեամբ կազմուած որոշիչները, ինչպէս՝ ազգի-ազգի, բարձր-բարձր, գոյն-գոյն կամ գոյնզգոյն, գունդ-գունդ կամ գունդագունդ, զոյգ-զոյգ, մեծ-մեծ կամ մեծամեծ, հին-հին, սեւ-սեւ, սուր-սուր, նոր-նոր կամ նորանոր, մանր-մանր կամ մանր-մունր, խենթ-խենթ, խենթուխելառ, խումբ-խումբ, պէս-պէս, պէսպիսի, պիշ-պիշ, սուտ-սուտ կամ սուտումուտ, տաք-տաք, տեսակ-տեսակ, փունջ-փունջ, ինչ-ինչ. քանի-քանի (Ու գլխիս տակ քանի-քանի քարեր եմ մաշել — Համօ Սահեան) եւ այլն. օրինակ՝ ազգի-ազգի անասուններ, բարձր-բարձր շէնքեր (ծառեր, լեռներ եւ այլն), զոյգ-զոյգ հաւքեր, մեծ-մեծ խօսքեր, մեծամեծ պատիւներ, տաք-տաք համբոյրներ, փունջ-փունջ ծաղիկներ եւ այլն: Երբ կրկնուող որոշիչը ածական է, եզակի կիրարկութիւնը բացառուած չէ. օրինակ՝ «Տաք-տաք հացեր կերանք», բայց նաեւ՝ «Տաք-տաք հաց կերանք», — ուր սեւեռուած է ոչ թէ հացի քանակը, այլ որակը. այս օրինակին մէջ տաք հացեր յոգնակին ցոյց կու տայ անոնց թիւը, մինչդեռ տաք-տաք հաց եզակի կիրարկութիւնը ցոյց կու տայ հացին որակը:

Շարունակելի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *