ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ
Դ.(*)
50

Դուն, Տէր, յաւերժ կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ ներկայ չեմ քեզի համար:
Դուն կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ կը կարծեմ,
թէ դուն բացակայ ես:
Դուն միշտ եւ առանց ձանձրանալու
եւ յոգնելու կը դիմես ինծի,
այլապէս պիտի դադրէի ըլլալէ:
Դուն է, որ զիս կը բռնես կեանքին մէջ
եւ կեանքին համար: Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”

Բանաստեղծութիւններ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
ՉԻՄԱՍՏ

պիտի քալեն փոշիները չհասկցուած ճամբաներու մայթերէն
ու ոչ մէկը դիմացէն հարցումով մը պիտի դպնայ ուսերնուն
պիտի տեսնեն բերանքսիվայր մրմռացող ցոլքերը
ու ձայներուն ափերը՝ աղմուկներէն ածխացած
կողպ կուրծքի արձանին տակ հով՝
պիտի շարժեն չորցած գնդիկները արիւնի
անոնց սմքած ուղեղները այլեւս
չեն գիտեր ե՞րբ
սիրաբանիլն ու սիրելը նոյնն էին Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

ԱՄԱՆՕՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ

ԶԱՐԻՆԷ ՍԱՌԱՋԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու,
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, լրատւութեան եւ հանրային կապերու բաժնի պետ

Այնտեղ՝ հեռաւոր այն գիւղում, մի հողաթումբ կայ, որը միշտ սպասում է խոնարհուող զոյգ ծաղիկների,
Այնտեղ՝ այն հեռաւոր գիւղում, մի այգի կայ, որի նռնենիները սպասում են սիրող ձեռքերի խնամքի, Continue reading “ԱՄԱՆՕՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ”

ՅԻՇԱՏԱԿ

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Մօրս՝ Այտային
(1933-2019)

Կը տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ քովս նստած
կը հարցնես ամուսնոյդ մասին
առանց նկատելու
առանց յիշելու թէ
արդէն տարիներէ ի վեր
զինք չես …։ Continue reading “ՅԻՇԱՏԱԿ”

ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՚ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, — Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր… Continue reading “ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ”

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծեր
Են ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:
Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,
Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,
Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին: Continue reading “ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ”

ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ
Գ.(*)
38

Որպէսզի տեսողութիւնը կարենայ վարժուիլ
փառքիդ լոյսին,
զոր հագեր ես ինչպէս օթոց,
վերհայեցող գիշերը կը մատուցես աղքատացեալին,
եւ խոնարհելով կ՚իջնես ու կ՚առաջնորդես զայն դէպի քեզ:
Դուն ուղեկիցիդ վրայ
երանութեան բաղձալի վերարկուն կը ձգես,
որ ան արքայարանիդ շքեղութիւնը ընդնշմարէ
եւ օգնութեամբդ՝ աներեր բարձրանայ հոն,
ուր քեզմով ըլլալու իր սահմանն է: Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”

ԵԹԷ

Ռ. ՔԻՓԼԻՆԿ, թարգմ.՝ Մ.Իշխանի

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամեն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ, Continue reading “ԵԹԷ”