ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի դեկտեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ

Վ.-Ա. Ա.

Այդ տարին յատկանշական էր։ Անկախութեան հռչակումէն հազիւ ամիսներ անց մենք արդէն պիտի վայելէինք ներկայութիւնը հայրենի մտաւորականներու, գործիչներու, արուեստագէտներու։ Անոնցմէ մէկն ալ էդմոն Աւետեանն էր՝ ծանօթ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ մանաւանդ՝ այլախոհ, որուն այցելութիւնը չէինք կրնար աննկատ ձգել։
Մոնթրէալ եկած էր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հրաւէրով՝ բուժման նպատակով, ու մենք, անմիջապէս որ տեղեակ եղանք, որոշեցինք հանդիպում մը կազմակերպել 1992 մայիս 13-ին, «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ՝ Հայ կեդրոնի «Թիւ 3» (մինչեւ օրս այդպէս անանուն մնացած) սրահին մէջ։ Իրարու լուր տալով քով-քովի բերինք 25 հոգի, որոնց համար Էդմոն Աւետեան անունը բան մը կ՚ըսէր վստահաբար։ Continue reading “25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ”

ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)

Գրականագէտ, փիլիսոփայ, այլախոհ Էդմոն Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին Ուզբեկստանի Անդիժան քաղաքը, ուր հայրը աքսորուած էր։ 1934-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Երեւան, ուր կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը 1946-ին։ Այդ թուականներուն նաեւ կը հիւանդանայ թոքախտով եւ, հակառակ բժիշկներու բացասական կարծիքին, կ՚ապաքինի։ Continue reading “ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)”

ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անցեալ տարուան մայիսին, «Գրական թերթ»ին մէջ լոյս տեսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի «Խաչատուր Աբովեան» դեռ անաւարտ վէպէն ընդարձակ հատուած մը, որուն առաջին մասը տուինք մեր նախորդ թիւով եւ այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր երկրորդ բաժինը։ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս”