ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Այնքա՜ն խօսեցայ, այնքա՜ն աղօթեցի որ վերջապէս յայտնուեցաւ Աստուած. «Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս»,— ըսաւ։ «Մեզի խոստացած էք որ մահէն ետք աստեղերը պիտի գանք։ Բայց մենք կեանքը կը սիրենք։ Նոյին պէս ինը հարիւր տարի պիտի չապրինք։ Շատ-շատ հարիւր տարի սահմանած էք մեզի։ Հարիւրը ընդունուած սահմանն է, քիչեր կ՚անցնին սահմանը, բայց մեծամասնութիւնը կամայ-ակամայ մինչ այդ անդենականի ճամբուն մէջ կ՚իյնայ։ Ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ այսքան աղէտ ու արհաւիրք, հիւանդութիւն ու ողբ չսփռէիք մարդկութեան վրայ։ Եթէ հաւատանք որ Դուք էք տիեզերքի արարիչը, տէրն ու տիրակալը, եւ առանց Ձեր արտօնութեան “տերեւ մը իսկ չի շարժիր”, ահա եկեր եմ հասկնալու Թագաժահրին գոյութիւնը մեր կենսախայտ կեանքին մէջ։ Ունինք-չունինք մարմին մը եւ հոգի մը ունինք։ Այս համաճարակը մեր մարմնին խերը կ՚անիծէ, հոգին ալ մեր սիրելիներուն կը յանձնէ որպէսզի կսկծան եւ անոր հանգի՜ստը աղերսեն»։ Continue reading “ԱՆՎԵՀԵՐ ՈՒ ԿԱՐԵՎԷՐ”