ԿԱՐՕՏ եւ այլ քերթուածներ

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Գիշերը յուշերիդ ստեղներն է սեղմում,
Եւ սենեակդ լցւում է քնքուշ նուագով.
Քնել չի՜ լինում…
Մի առ մի թերթում ես օրերիդ մատեանը,
Եվ արցունքիցդ աղօթք է կաթում.
Քնել չի՜ լինում…
Բառերդ հանգրուան են փնտրում
Եւ մեռնում են՝ թղթին չհասած .
Քնել չի՜ լինում…
Ճերմակ թղթին նկարում ես երազներդ Continue reading “ԿԱՐՕՏ եւ այլ քերթուածներ”

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սոյն համառօտ անդրադարձը Նիկոլ Աղբալեանի վաստակին՝ իբրեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար, պարզապէս ուրուագիծ մըն է՝ տրամադրելի տպագիր փաստաթուղթերու եւ լրագրական հաղորդումներու հիմամբ, այդ ժառանգութեան քանի մը էջը թարմացնելու նպատակով։ Continue reading “ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայերէն blog-ը երկու տարեկան է։
Առիթն է, որ անոնք, որոնք երբեք չեն լսած իր մասին, գաղափար մը ունենան, թէ ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ընէ այս կայքէջը, ի՛նչ կ՚առաջադրէ։ Իսկ, անոնք, որոնք արդէն անոր այցելուներն են, պարբերական թէ յաճախակի, առիթ ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր հիմնադրին, վարիչին, խմբագրին, ոգիի՛ն։ Այսինքն՝ Իշխանին։ Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Գ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Դամոկլէսեան սուր
Կ՚ըսուի նաեւ «դամոկլեան սուր»:
Սիրակուսա նահանգի Դենիս բռնապետը անգամ մը ընթրիքի հրաւիրեց իր մէկ մտերիմ ընկերը՝ Դամոկլէսը (Դ. դարուն Քա.), որ կը նախանձէր իրեն, եւ զայն կը նստեցնէ իր գահին վրայ՝ անոր գլխուն վերեւ ձիու բաշի մէկ հատիկ թելէ կախելով ծանր սուր մը: Կարելի Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Գ”