ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ

Հեղինակ՝ Թամըս Մըրթըն

Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)

Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի Continue reading “ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ”

Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ

Մովսէս Ծիրանի

Երեւան, մայիս 1975

Այդ օրերուն Օպերայի մօտ Շարա Տալեանի բնակարանը կ՚ապրէի վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.
—Արի՛ Մովսէս ջան, էլի էդ «նագլի» մարդն է զանգում:
Այդ «նագլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:
—Ասա՛ Հրանդ ջան, լսում եմ: Continue reading “Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ”

Գրողն ու հաւաքը

Գէորգ Պետիկեան

Հազիւ կէսօրէ ետքն էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք՝ արագ պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց հետը տանելիք իր լոյս ընծայած բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՚ուզէր երթալ: Ամեն մարդ լաւատեղեակ էր, թէ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՚ըլլային: Բայց, այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ, իրեն բոլորովին անծանօթ հայ կին մը, տեղւոյն հայկական «Գիրքի ակումբ» մշակութասէր խմբակին Continue reading “Գրողն ու հաւաքը”

Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն անուանակոչուել է Զապէլ Եսայեանի անուամբ

Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն այսուհետ պաշտօնապէս կրելու է նշանաւոր արձակագիր, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի անունը: Նախագիծն աւելի վաղ ներկայացուել էր աւագանու քննարկմանն ու հաւանութեան արժանացել: Այս մասին տեղեկացնում է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Continue reading “Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն անուանակոչուել է Զապէլ Եսայեանի անուամբ”

Շնորհանդէս «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնում

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ, մայիսի 24-ին կայացաւ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» գիտաժողովի զեկուցումների ժողովածուի շնորհանդէսը։ Continue reading “Շնորհանդէս «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնում”

Մեր ՄԱՅԻՍ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՄԱՅԻՍ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Փողոցը

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Իրը չէ, իրմէ հետք մը չի տեսներ վրան. քար մը, ուր նստած ու երազներ հիւսած ըլլայ, ծառ մը, որուն վրայ գրած ըլլայ, ցանկապատ մը ուրկէ ցատկած կամ ինկած ըլլայ, անկիւն մը, ուր… կեանքէն պահուըտած ըլլայ։ Եօթը տարի առաջ բնակութիւն հաստատեցին իր ձախ թեւին վրայ. զայն կը բաժնէ մօտ քառասուն տուներու, զանազան թռչուն ու չորքոտանի արարածներու, ծառ ու ծաղիկներու հետ։ Ինչպէս Օնթարիոյի մէջ շատ փողոցներու անունները, այս մէկն ալ Լոնտոնի արուարձաններէն մէկուն անունը կը կրէ. Քրիքլուուտ։
Սկիւռ մը, գոհ իր առտուան արդիւնաբեր փնտռտուքէն, իրենց տան Continue reading “Փողոցը”

Հայաստանի պատմահոգեբանական պատկերը Թամար Յովհաննիսեանի պոեզիայում

Նարինէ Յովհաննիսեան
Նախաբան

Հայաստանը՝ որպէս պատմաշխարհ եւ հոգէաշխարհ, աշխարհաքաղաքական կոխան ու քրիստոնեայ ճակատագիր, խռովք՝ ընդդէմ ժամանակի եւ ժամանակի երկփեղկուած զոհ, ոգու փրկութեան վերջին կայան, ժամանակակից բանաստեղծ Թամար Յովհաննիսեանի պոեզիայում կերպաւորւում է նոր յատկանիշներով ու նորովի ընկալումներով: Դա տարիքի հետ հասունացած եւ իմաստնացած սէր է, հեռուներից վերաիմաստաւորուած բարձրագոյն արժէք, երկրներով անցած ու ներքին համեմատականներով աներկրորդութիւն Continue reading “Հայաստանի պատմահոգեբանական պատկերը Թամար Յովհաննիսեանի պոեզիայում”