ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՊՐՈՖԷՍՈՐ ՃԷՅՄՍ ՐԱՊԸՐԹ ՐԱՍՍԸԼ*

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զանոնք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Անոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ Continue reading “ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ”

Հայերէնի պահապանը, պահակը, ոստիկանապետը ոչ եւս է

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կռահեցիք անշուշտ, խօսքը հաւատարիմ ընկերոջս, գործակիցիս, անխոնջ սրբագրիչիս, ուսուցիչի՛ս մասին է, գրեթէ տարեկից՝ բժ. Արմենակ Եղիայեանի։ Բոլոր ածականները անբաւարար են բնութագրելու համար հայերէնի երկրպագու այս հայորդին, որ այդպէս, առանց մեզի լուր տալու մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ ո՛րբ ձգելով մեզ։
Ուրիշներու նման, ես ալ իր բաշխումի ցանկին վրայ էի ու կանոնաւոր Continue reading “Հայերէնի պահապանը, պահակը, ոստիկանապետը ոչ եւս է”

ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

Արմենակ Եղիայեան

Տարիներու ընթացքին մեր ընթերցողներուն շարունակաբար ներկայացուցած ենք Արմենակ Եղիայեանի շաբաթական առաքումներէն ուշագրաւ քաղուածքներ։ Անշուշտ մեր հրատարակութեան ամսական բնոյթը եւ հեղինակին գրչի բեղմնաւորութիւնը իրար խոտոր կը համեմատէին, եւ իր մահէն ետք տակաւին ունինք յետնեալ գրութիւններու շարք մը, որ պիտի յաջորդ թիւերով յանձնենք ընթերցողին։

«Հորիզոն գրական»

Չափազանցութիւն

Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝ Continue reading “ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ”

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Վ-Ա.

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Ռուբինա մասնաճիւղ, ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ ձօնուած Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ գաղութներուն / HERITAGE DAY dedicated to the Armenian communities of Egypt, Ethiopia and Sudan, Թորոնթօ 2025, 464 էջ։
Մեծածաւալ ու այլազան բովանդակութեամբ գեղատիպ այս հատորը՝ տոհմիկ օրերու նուիրուած շարքին 31-րդը, իրականացած է շնորհիւ խմբական երկարատեւ աշխատանքի՝ Գիրքի յանձնախումբին կողմէ, բաղկացած Սոնիա Գրաճեանէ (գլխաւոր խմբագիր եւ ընդհանուր Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ”