Եդուարդ Պոյաճեան
— Բարձր տեղ տուն մը։
Այս եղաւ իր վերջին խօսքը։ Ալ չխօսեցաւ բնաւ։ Մինչեւ մահ: Լքեց Գալուստ մարդկային տրամաբանական կենցաղակերպը եւ ըրաւ իրը ամեն ինչ՝ որ արտասովոր կըլլայ միշտ եւ կարծես յիմարական, որ անբնական կը թուի շարունակ եւ կեանքի ընթացիկ իմաստներու հետ բաղդատած՝ շեղ, խոտոր, խռֆածային:
Եւ դեռ կարեւորը՝
Հրաժարեցա՛ւ առտու մըն ալ մարդկային բանաւոր արտայայտութենէն ու մտաւ, կամաւոր կերպով, տեսակ մը խաւարի մէջ։ Կուրցաւ լեղուով, դարձաւ կատարեալ համր: Պատեց ծերունին լռութիւն մը, — հոծ, պաղ, անդնդային լռութիւն մը։
Չհասկցան զինք մարդիկ, չըմբռնեցին. իր հարազատ գիւղացիներն էին անոնք եւ չըրին իրեն արդարութիւն։ Չուզեցին։ Վերագրեցին իրեն ծեր մարդու քմահաճոյք, ծանծաղամտութիւն, այլանդակութիւններ։ Ըսին՝ խռֆած է, չորցեր է, լեզուին ծայրը խենթութիւն կայ, հարկաւ օր մը կը մեռնի, հարկաւ ա՛լ կ՚ազատինք։
Այդպէս.—
Եղան հայրենակիցները տգէտ, հեգնող, չար. եղան բիրտ եւ անհոգի: Եղան յամառ: Օրէ օր՝ աչքերը չկրցան խօսիլ, օրէ օր՝ ուզեցին խեղդել լեզուն, կուրցնել այդ լեզուին տեսողութիւնը, կամքը, բա՛ռը: «Այդ մսի կտորը, պատերազմի եւ հողէ հեռու այս տարիներուն, կրնայ լաւ ընել միայն անարդար մարդիկ: Հոս հաց, դրամ եւ կակուղ մինտէր հոտուըտացող շուներո՜ւ տեղ է միայն։ Փաթաթէսով եւ խաբեբայութեամբ գիրցողներո՛ւ տեղ»:
Մտածեր էր այսպէս ու եզրակացուցեր աւելի տրտումը, ու վե՜րջ տուեր ապա «Մսի կտոր»ի պաշտօնին՝ յարաբերութիւն պահելու «Մարդկութենէ ելած մարդկութեան հետ»։ Անոր ղերը, ներքին բացարձակ համոզումով մը, վերջացած էր ալ. չէր ուզեր ճանչնալ զայն այլեւս իբրեւ «Ներսի բաներ»ու թարգման։ Ներսի բաները՝ Գալուստին համար, սիրտ էին, հոգի, խիղճ, արժանապատուութիւն։
Որով՝ կախման կէտերուն իրրեւ անմիջական լրացուցիչ՝ ոչ բառ դրէք եւ ոչ ալ մտածում: Դրէք անոնց տեղ եօթանասուն տարեկանի մը աղի արցունքը, ծերուկի մը տրտում մահը, ցաւի եւ դառնութեան ահագին շունչ մը, ջորեպան Գալուստին վերջի՛ն շունչը։
— «Բարձր տեղ…»։
— «Բարձր տեղ տուն մը…»։
Հոգեկան չափազանց խրթին ապրումներէ գոյացած բացառիկ ողբերգութիւն մը չէ ասիկա, այլ մեծ ու միամիտ արժանապատուութեան մը առօրեայ կանչն է առաւելաբար, առօրեայ ապրումը, անբծութիւնը։
* * *
Խոշոր ծերուկ մըն էր, — սպիտակ, լուռ, ամեհի։ Օժտած էր զինք բնութիւնը կայծքարային արտաքինով մը, կայծքարային առողջութեամբ մը։ Ապառաժներէ բխած հայ մը՝ աստղածածան գիշերներու մաքուր հոգիով։
Կ՚ուզէր որ տուն տան իրեն գիւղին Կեդրոնական հրապարակին վրայ՝ «բարձր տեղ մը»։ Կը շեշտէ՛ր «բարձր տեղ»ը, կ՚արտասանէր զայն լեցուն ձայնով մը, զեղուն ախորժակով մը, մասնաւոր հանդիսութեամբ մը. կը հրճուէր կոկորդը այդ բառերուն արտասանութեամբ, կը հրճուէին թոքերը, երիկամունքը։ Կը սարսռար ամբողջ էութիւնը։ Ուրիշ ջորեպան մը իրենց լեռնային գիւղերէն՝ հազիւ Քէպապ բառը պիտի արտասանէր այդքան ախորժակով։ Բայց Գալուստ, Անտիոք տանող մեծ ու պզտիկ ճամբաները վկայ, ջորիները վկայ՝ տարբե՜ր ջորեպան էր եղած։ Տարած ու բերած էր ամեն ինչ աժան, ամեն ինչ ժամանակին. գիտցած էր չափել գիւղացիներու իւրաքանչիւրին վիճակը, աստիճանը, անմիջական պէտքերը։ Ունեցած էր զգացում, խիղճ:
— Այո, ամեն անգամ, եկեղեցիի մեծութեամբ խիղճ մը։ Աշխարհիս խոշոր խիղճ մը պէտք է արդէն, ուրիշ ի՞նչ…:
Ու մտածեր, անդրադարձեր էր յաճախ. ի՞նչ առած էր տասը տարի խեղճ Մարիամ-Մօրքուրէն, Աշուղ Մարգարէն, աղքատներու աղքա՛տ Թուրիսէն. տեսա՞ծ էր անոնց ղրուշը, խօսքի ծայր մը բացա՞ծ էր ոեւէ մէկուն անոնց տալիքներու մասին: Դեռ Կաղամբ-Մանուկին գերեզմանի ծախքը ո՞վ հոգացած էր. ինք ջորեպան Վրթանէ՞սն էր միթէ, մէկ փարայի համար տասը Քրիստոս մատնող, Ձէթ-Առաքելին պէս մարդուն իսկ մատ խածնել տուող։ Ինչո՛ւ։ Խանութպան Մանասին պէս կծծի է՞շ մըն էր եղած ինք։
Երբե՛ք։
Արհեստէն դուրս, կապուած էր Գալուստին հոգին բարձր տեղերու, զգացումի դերապահ վիճակներու։ Արժանապատուութիւնը կը փնտռէր մասնաւոր նախապատուութիւններ, կը պահանջէր հոգածու ուշադրութիւն մը, գիւղական կեանքին մէջ առաջնակարգ դիրքերու վրայ պատշաճ տեղ մը։ Պէտք էր հասկնային. — ինք ջորեպան մը չէր միայն ժամանակէ մը ի վեր ու տարիներէ ասդին՝ ուրի՛շ բան էր նաեւ։
Երբ վէճ, վիճաբանութիւն, անհասկացողութիւններ հասնէին ծայրայեղ կէտի մը, ջորեպան Գալուստ , սովորարար լուռ, կը դառնար իսկոյն շատախօս. խոշոր մարմինը կ՚ուռէր այն ատեն, գլուխն ու առատ մազերը կը նետէր ետ ու, անհաւատալի գոռողութեամբ մը, ամեն բառի վրայ գրեթէ մռնչելով՝
— Ո՞ւր էիք, խեղճեր, ո՛ւր՝ երբ Հրացաններուն Սուրբը բերի հոս, հրացաններուն սուրբ մա՛րդը…
Որպէսզի պատկառանք մը ապրին, շնչեն, բայց նաեւ զուարճանան ու նաեւ համ առնեն, շուրջինները գրեթէ միաձայն՝
— Է՜, բերի՛ր, հասկցա՛նք, ո՛վ չէր բերեր:
— Ով չէր բերե՜ր …
Ու բուռն, եռացո՛ղ նայուածքի մը մէջ ընդգրկելով ներկաները.
— Ով չէր բերե՜ր …
Պիտի պայթէր։ Չպայթելու համար՝
— Վրթանէ՛սը չբերաւ. ըսե՛լ տուիք. Վրթանէսը։
— Կ՚ըսես, դիւրին է, մի՛շտ Վրթանէսը։
—Հարկաւ, Մուսօ՛, հարկաւ Վրթանէ՛սը. այդպէս ամօթ բան կ՚ըլլա՞յ, պատահա՞ծ էր սա զիւղերուն մէջ. գէշ մարդ շատ, բայց այդքա՞ն:
— Գալօ՛, ես Մուսօն եմ , ջաղացպան Մուսօն. ամեն ինչի մանրը եւ մաքուրը կը սիրեմ. ամեն բան ինծի համար ալիւրի պէս մանր, մաքուր, ճերմա՛կ պէտք է ըլլայ. այդ Սուրբ Մարդու պատմութիւնդ քիչ մը խոշոր կու գայ ինծի, քիչ մըն ալ քու կողմէդ սեւով մեւով խառնուած։ Կ՚ուզես այդ պատմութեան ցորենը ըլլալ եւ Վրթանէսն ալ որոմը ընել։
Նման միջամտութենէ մը, ջաղացպան Մուսոյի մը կամ ուրիշ կատակաբանի մը կողմէ եղած, ներկաները որոշ գոհունակութիւն մը կը զգային. գիտէին թէ վերապահութիւն յայտնող այդ միջամտութիւնները լաւագոյն գրգռիչներն էին Գալուստին համար, որպէսզի ան իր պատմութիւնը նորէն ու առաւել տաք շեշտով մը պատմէ։ Չէին խաբուեր բնաւ իրենց հետաքրքիր սպասումին մէջ։ Օրինակի համար, ըսած էր, կ՚ըսէր նման առիթով մը.
— Մուսօ՛, դուն գնա ալի՛ւր աղա. քու խելքդ. ցորենի, ջուրի եւ կլոր քարերու կը հասնի, քեզի՞ մնաց ինծի չհաւատալ. ցորեն, որոմ, ես չեմ գիտեր. արեւի պէս յստակ բան էր այդ պատահածը։
— Ի՞նչ պատահածը. ըսէ՛, բայց լաւ պիտի ըսես, ալիւրի պէս մանր, մաքուր :
— Ի՜նչ մանր. ես մանր բան չունիմ . խոշոր խոշոր ըսեմ ձեզի եղածը. ինչ որ խոշոր է՝ ան արդէն մաքո՛ւր կ՚ըլլայ:
Ու շունչ մը առնելով ու մասամբ խաղաղած՝
— Ուրեմն այս անգամ աւելի կարճ: Սնտիոք էինք: Նախ Վրթանէս տեսեր էր զինք կամուրջին քով: Նայեր է՝ մարդը ունի տեսակ մը շալուար, գրավաթ, ակնոց: Մեր լերան կողմը ցոյց տալով ըսեր է Վրթանէսին — Ճէպէլ–Մուսա՞. Վրթանէսը պատասխաներ է՝ էվէթ էֆէնտիմ: Մարդը ցոյց տուեր է ջորին, յետոյ զինք, Վրթանէսը, յետոյ ինքզինքը, նայեր է դէպի լեռ, ըսեր է՝ եալլահ գարդաշ։ Ցուցամատը տնկած՝ պիր սարը, պատասխաներ է մեր էշը։ Ըսեր է մարդը՝ սէն էրմէնի՞. մեր էշը, դարձեալ ու դարձեալ մեր է՛շը՝ գլուխը շարժեր՝ «է՛, է» ըրեր է. մարդը ասոր վրայ շրթունքը խածեր է, ափսոսալու պէս գլուխը շարժեր է, կարծես պիտի լայ եղեր, գիդամամ ըսեր է։ Յետոյ քալեր է դէպի դուրս, դէպի սօսիներուն տակ։ Եկաւ Վրթանէս գարի ծախող Մահմուտ Աղային քով, եղածը պատմեց ինծի։ Կամ ֆրընկ էր ըսաւ, կամ Կովկասի մարդ, թերեւս ալ հայ. բարակուկ մարդ մը, քիչ մըն ալ կարճ. ինչ ըրի չըրի՝ դեղին մը չտուաւ որ զինք մեր լեռը տանիմ. ասանկ բախտին… հարիւր տարին աստղ մը կը ծագի, դրսեցի մը մեր կողմը կու գայ, օգտուած չունինք. աշխարհի մէջ Ձէթ–Առաքել պիտի ըլլաս, որ բախտդ լաւ ըլլայ, որ աքլորդ ալ հաւկիթ ածէ, որ եզդ ալ ծնանի կաթ տայ, մէկ աւրոբացիի մը երեսէն մարդ եղաւ։ Դեղի՜ն մը, Գալո՛ւստ. կարծեմ մարդը մեր լեռը հինգ վայրկեանի տեղ կը կարծէ. այդ կողմը քալեց. հասնինք. համոզենք, քիչ մը պակաս ալ տայ՝ վնաս չունի. ըսենք իրեն՝ մեր լեռը շատ հեռու է, ըսենք՝ ճամբաները գէշ են, մութ կ՚ըլլայ, նայիս անձրեւ կու գայ։ Թուրք աւազակներու կը հանդիպինք. ըսենք՝ եւ մարդէն մեծ բան մը փրցնենք, քիչիկ մը խերը տեսնենք սա Անտիոքի ճամբայ ըսուած զխըմին. կամ ֆրընկ է, կամ Կովկասի մարդ, թերեւս ալ հայ. ըսաւ՝ սէն էրմէնի՞, լաւ որ «է, է» ըրի:
— Տղա՛ք, ուզէք հաւատացէք, ուզէք մի՛ հաւատաք. երբ Վրթանէս կը պատմէր սիրտս ուրկէ՛ ուր տխուր բան մը դպաւ. նեղուեցայ. երթալով նեղութիւնս շատցաւ։ Չտանի՞նք, հարցուց Վրթանէս։ Քեզի սա խանին մէջ պիտի խեղդեմ, է՛շ, ըսի, ո՛ւր իջեցուցեր ես հայ անունը. ես զայն կը տանիմ, ղրուշ մըն ալ չեմ առներ։ Ահագին բեռ ունէի գիւղ տանելու, չառի, շուտ՝ Անտիոքէն դուրս։ Քիչ էի քալած. հասայ: Ե՛լ սա ջորիիս վրայ, ըսի. մատը վեր վերցուց սա՛րը, ըսաւ: Դէ՜մքը, տղա՛ք, դէ՛մքը տեսնէիք: Ըսի՝ հոս հա՛յ կայ: Խօսքէս, տեսակ մը եղաւ, ե՛ս ալ տեսակ մը եղայ: Քալեցինք: Ոչ ան խօսեցաւ ոչ ալ ես, բայց կարծեմ միլիոն միլիոն, ճիկիլիո՛ն հայերու հետ միասին կը քալէինք, կ՚երթայինք դէպի գիւղ. կը նայէի շուրջս, մարդ չկար, ես եւ ինք էինք, բայց ինծի այնպէս կու գար որ բոլոր հայերը քովս են, ու կը քալենք, կ՚երթանք այդ մարդուն ետեւէն դէպի մեր գիւղը, դէպի մեր լեռը։ Մտածեցի նոյնիսկ թէ այդ նեղ ճամբայէն ի՞նչպէս բոլոր հայերը պիտի կրնան անցնիլ, ինչո՞ւ դէպի մեր զիւղերը կ՚երթան, ի՛նչ պիտի ընեն այդ լերան վրայ։ Ուրեմն այլեւս այս ճամբան լայն պէտք է ըլլայ: Որչա՛փ շատ հայ, որչափ կտրի՛ճ հայ, Աստուա՛ծ, մենք չենք մեռնիր. ահա մեռածներն ալ ողջ են, կտրիճ են, կը քալեն այս տեսակ մը հայուն ետեւէն։ Դէպի վեր գացող այս գեղեցիկ թափօրին ճամբան լայն ըրէ, լա՛յն, ա՛լ մեզի չեն բաւեր սա նեղ ճամբաները. քանի մը ջորիի եւ ջորեպանի ճամբայ մեզի չի բաւեր. տեսակ մը հայու եւ հայերու ետեւէ բոլոր հայերը կ՚երթան եւ անոնց ետեւէն ալ քու հրեշտակներդ կու գան. մեր ճամբան լայն ըրէ…
Պատմութենէն ու այս խօսքերէն ետք, ինքն իր աչքին աւելի եւս կարեւորութիւն առած՝
— Այդ. Մա՜րդը…: Աստուա՛ծ մը եղաւ յետոյ անիկա: Ազգին տառապանքը մեռցուցեր է զինք Ստամպուլի մէջ, ձեզի ի՜նչպէս ըսեմ ես. դուք հիմա մա՞րդ էք, բա՞ն գիտէք, ազգի գործէ՞ կը հասկնաք. իմ ջորիս ձեզմէ աւելի բան գիտէ։ Կարծես գիտցաւ ինչ տեսակ հայու խելք, հայու հոգի նստած է վրան. անուշ անուշ քալեց ։ Այդ տեսակ բախտ երկու անդամ չի պատահիր . ես ու ջորիս հայութեան արիւնն ու շաքարը կը տանէինք մեր գիւղերուն։ Ի՜նչ ապրող արիւն, ի՜նչ անուշ շաքար…
Կը լռէր պահ մը, կը նայէր երկինք՝ կիսաստուածի դիրքով մը, տրամադրութեամբ մը։ Ըսած խօսքերէն ետք, կը մանրանային դիմացինները աչքին, կ՚ըլլային մատ մը մարդիկ. — վախկոտ, անխելք, հի՛ն: Կ՚ըլլային խեղճուկրակ Թուրիսներ, պզտիկ պզտիկ Վրթանէսներ, պզտիկ պզտիկ Ձէթ–Առաքելներ, դրամ սիրող, սուտ խօսող, իրարու խելք ծախող։ Կը պզտիկնար նոյնիսկ մուխթարը, երէցփոխը, տէրտէրը: Կը պզտիկնար ընդարձակ հորիզոններով ամբողջ գիւղը։
— Կարեւորը ճիւպպէն չէ, պեխը չէ. այնքա՜ն պեխ կայ գիւղերուն մէջ, այնքան պեխ . բայց ո՛ր պեխը կրնայ ըսել ես այսինչ կտրիճի՛ն պեխն եմ:
Ուրիշ առիթով մը, երբ նորէն գիւղն ու գիւղացիները պզտիկ եկան իր բարձր տրամադրութեան.
— Այստեղի հա՞յը. — կնիկին վրայ գոռոզութիւն ծախող պեխ մը տունին մէջ, իսկ դուրսը՝ աղայի մը խելօք ծառան է եւ թուրքին հետ «մանե՛նք» ըսող մը։ Եկեղեցի երթալ, Շահ Իսմայիլի հէքեաթ մտիկ ընել, եւ նարինջ ու նորաշխարհ գողնալ։ Եղա՞ւ։ Թուրքին հետ չի մանուիր, մէկ հատիկ ծառայ եւ մէկ հատիկ գող իսկ պէտք չէ մտնէ հոս:
Վերջն ալ.
— Դուք այն մարդը չտեսաք. տեսան անոր Աստծո՛յ պէս դէմքը քանի մը մարդիկ եւ կամաց կամաց սրբանալով՝ անոնք ալ մեռան։ Է՜յ, սո՛ւրբ Զաւարեան, թող ջորեպան Գալուստ անունիդ մեռնի, ա՛ն բերաւ քեզ այս լեռներուն մէջ։ Մեծ Գարաչային վրայ այն ի՜նչ լոյս էր, երբ դուն, ես ու ջորիս անցանք մէջէն։ Նորէն, ծայր չունեցող ծիրանի գօտիի պէս լոյս մը՝ երբ Թովմաս Առաքեալի վանքին քովէն անցանք. չըսի՞ մտքէս, ե՛լ, Թովմասո՛ւկ առաքեալս, ե՛լ աչքովդ տես, շօշափէ ա՛յս Յիսուսն ալ, Հայաստանի Յիսուսը, եւ անգամ մըն ալ երբ վանք շինեն քու անունիդ՝ չձգես որ փլցնեն: Չխօսեցար, Զաւարեա՛ն, բայց սիրտս չէ՞ր ըսեր թէ դուն մեծ հայ մըն ես. այս Գալուստին բա՛խտը, կաշի՛ն, մի՛սը միայն ջորեպան էր, բայց հոգի՞ն ալ, դուն տեսակ մը չեղա՞ր՝ երբ ես «Հոս հա՛յ կայ» ըսի. սրտիս համար բաւեց ատիկա. թող Ստամպոլի մէջ թոքախտի հունտ անձրեւէ, բորոտութիւն եւ քօլէրա անձրեւէ . դուն հոն մեռնելու չէի՛ր. տեղդ Հրացաններու Երկիր Հայաստանն էր։
Այսպէս էր։ Կը զգար թէեւ որ շրջանի հայութեան վերաբերմամբ իր բացասական արտայայտութիւնները միշտ չափազանցուած եւ մերթ ալ անտեղի էին, բայց եւ այնպէս տեղի չէր տար իր արտայայտութիւններուն մէջ, վասնզի իրապէս շքեղ, գերապանծ տրամադրութիւն մը կը ստեղծուէր մէջը Զաւարեանը յիշելով. տրամադրութիւն մը՝ որ կը լուծէր իր մէջ կարգ մը ուրիշ մեծութիւններ, չտեսնելով նոյն ատեն շրջապատի դրական ընթացիկ երեւոյթները։ Զաւարեանով, կը հերքուէին իր մէջ ժողովուրդի մը սովորական առաքինութիւնները եւ իրենց տեղը կը զիջէին տեսիլքի եւ դղրդագին ապրումներու։
Գալուստին բովանդակ փառքն էր Զաւարեան, Գալուստին Հայոց պատմութիւնը, Գալուստին «Հրացաններու Երկիր Հայաստանը»։ Անով՝ կար իրեն համար երկիր մը, դէպի հիւսիս, իրենց գիւղին դէպի լերան կողմը, Իսկէնտէրունէն անդի՜ն, անդի՜ն։ Երկիր մը՝ նախ մաքուր, հայելիի պէս մաքուր. յետոյ բարձր, ընդարձակ, դժբախտ։ Ամեն կողմ խաչ, ուխտաւորներ, արիւն: Մտած էին այնտեղ Զաւարեանենց ընտանիքին մարդիկը, բերած էին հրացան, ու տաճիկներուն դէմ կ՚ընէին կռիւ, չվերջացող կռիւ մը. կային այդ երկրի մէջ այլեւս հսկայ մարդիկ, արիւնով ներկուած ժայռեր, գիւղեր, թուփ ու ճամբայ. կար խմբապետ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ եւ բարձրութիւն, եւ ծուխ…։
(Շարունակելի)
(«Տոմար տարագրի», Պէյրութ, 1963։ Էջ 8-16)
