Բառասիրութիւնս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այո, իմ փառասիրութիւնը փ-ով չի գրուիր…
Եւ խոստովանիմ, որ երկար ատեն է, որ բառերու մասին չէի գրած, բայց այս օրերուն, արձակուրդիս շնորհիւ ընթերցումի ինծի ընծայուած լայն պատեհութեան, մանաւանդ շնորհիւ հետս առած գիրքերուս, վերաբացուեցաւ բառերու մասին գրելու ախորժակս՝ «բառասիրութիւնս»…
Արուեստ
Կ՚ուզեմ այս բառով սկսիլ ու տեսնել, թէ մինչեւ ո՞ւր կրնամ դեգերիլ ու կորսուիլ անոր շուրջ ու անկէ անդին։ Արուեստ, գեղարուեստ, բանարուեստ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ մարմնարուեստ։ Այս բառերէն ոմանք կը շփոթենք իրարու հետ, իրաւամբ կամ սխալմամբ մէկը միւսին տեղ կը գործածենք։
Ի՞նչ է արուեստը (art)։ Մօտեցո՞ւմ մըն է, բան մը ընելու ձե՞ւ մը կամ ո՞ճ մը (որպէս առաջին իմաստ), թէ՞ յօրինում մըն է, արդիւնք մը, արտադրութի՛ւն մը (որպէս երկրորդ իմաստ) ։ Իսկ կապ մը կա՞յ արուեստին ու գեղեցիկին միջեւ։ Ինչո՞ւ գոյութիւն է առեր նաեւ գեղարուեստ (beaux-arts, fine art/arts) բառը, եթէ արդէն արուեստը գեղեցիկը կ՚ընդգրկէ։
Ինչպէ՞ս կը սահմանուի արուեստը։ Կարելի՞ է զայն որակաւորել։ Բան մը լա՛ւ ընելու, ճի՛շտ ընելու տուեալ մարզին օրէնքներուն կամ չափանիշերուն համապատասխա՛ն ընելու մօտեցումը։ Ուրի՞շ։

Օրինակով խօսիմ։ Գրելու օրինակով։
Տարբեր հասկացութիւններ են, չէ՞, գրելու արուեստը (այս վերջինին առաջին իմաստով) եւ գրական գործ մը՝ բանաստեղծութիւն մը կամ վէպ մը, որոնք գրական արուեստի տեսակներ են (արուեստի երկրորդ իմաստով)։ Գրելու արուեստը կ՚ենթադրէ որոշ հմտութիւն մը՝ գրե՛լ գիտնալ՝ ճանչնալ տառերը, հասկնալ խօսքի մասերը, կարենալ զանոնք քով-քովի դնել՝ շարադրել, բառապաշարը ունենալ գրելիքիդ վերաբերեալ, նոյնիսկ իմանալ ինչպէս շարագրել՝ համակարգիչիդ ստեղնաշարը գործածել։ Այս բոլորը գիտութիւն են։ Իսկ երբ փորձենք արուեստի գործ մը ստեղծել, բաւարար չէ տիրացած ըլլալ գրելու արուեստին. այստեղ կարծէք արդէն ուրիշ բառ մը կ՚ուզէ ինքզինք բացայայտել. արհե՛ստը. գրել գիտցողը իր հմտութիւնը կրնայ ի գործ դնել գրականէն դուրս ուրիշ ասպարէզներու մէջ, ինչպէս ատենին կ՚ընէին (անկասկած մինչեւ հիմա ալ կ՚ընեն) դպիրները (scribe)՝ գրելով ուրիշներու նամակները, դիմումնագրերը եւ այլն, կամ ինպէս իրենց գրելու կարողութեամբ իրենց ապրուստը կը հոգան լրատւութիւն, տեղեկատւութիւն, ատենագրութիւն կամ այլ բաներ գրողները։ Իսկ եթէ բանաստեղծութիւն մը պիտի գրես, ապա արդէն ուրիշ ազդակներ ի յայտ կու գան։ Ըսելիք մը ունենալու ես, նիւթ մը, որ քեզ այնքան հետաքրքրած է, ներշնչած, որ մղած է, որ «գրիչը ձեռք առնես» (այսինքն բանաս համակարգիչիդ պաստառը) ու գրե՛ս։ Գրես, բայց այնպէ՛ս գրես, որ հետաքրքրես ընթերցողն ալ՝ փոխանցելով անոր զգացածդ, ապրածդ, հոգի մը, ոգի՛ մը։ Արուեստի գործը, գրական ըլլայ, թէ այլ, ահա այդ յարաբերութիւնն է, որ պիտի յառաջացնէ տուողին (արուեստագէտին) եւ ստացողին (ընթերցողին, ունկնդիրին կամ դիտողին) մօտ։ Արուեստի գործը նաեւ պիտի պատճառէ հաճոյք մը, այսինքն ըլլայ ակնահաճոյ, ունկնահաճոյ, կամ այլ զգացումներ՝ զայրոյթ կամ գութ, համակրանք կամ ատելութիւն, առանց սակայն իյնալու քարոզչութեան թակարդին մէջ։ Լոկ իր գեղարուեստական ազդեցութեամբ։ Այս ըսած ատենս ուրիշ բառ մըն ալ գլուխը կը ցցէ, կ՚ուզէ, որ զինք ալ չմոռնանք. մուսա՛ն։ Ան, որ արուեստի գործ մը արտադրած ատենդ պիտի գայ ու թառի ուսերուդ, հետեւի իւրաքանչիւր բառիդ, իւրաքանչիւր խազիդ կամ վրձինի իւրաքանչիւր հպումիդ։ Չանտեսենք զայն ալ։
Ընդունինք, որ շատ լայն առում ունի այս արուեստ բառը։ Մենք ընդհանրապէս զայն կը գործածենք գրականութեան, երաժշտութան, կերպարուեստի (գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան) եւ թերեւս քանի մը այլ մարզերու համար (թատրոն, շարաժանկար)՝ մոռնալով որ մարդկային ամեն ստեղծագործութիւն կրնայ արուեստ դառնալ, կամ բովանդակել արուեստի իր բաժինը։ Օրինակ՝ ճարտարապետութիւնը, նոյնիսկ քաղաքաշինութիւնը, որոնք գիտական, թեքնաբանական լայնածիր կողմերով հանդերձ (այսինքն արուեստի առաջին իմաստով) ունին արուեստի երկրորդ իմաստին համահունչ մեծածաւալ թէ մեծատարած յատկութիւններ։ Հոս յիշեմ Կէօթէի այն խօսքը, թէ Ճարտարապետութիւնը սառած Երաժշտութիւն է, որ երբեք չի համապասխաներ իրականութեան, քանի որ ճարտարապետութիւնը սառած վիճակ մը չի ներկայացներ. զայն տեսնողին ու անկէ օգտուողին համար ան մնայուն փոփոխութեան մէջ է, մնայուն շարժում կայ իր մէջ ու շուրջ, իսկ բնական կամ արուեստական լոյսը կրնայ յառաջացնել անակնկալ ու անկանխատեսելի նորանոր փոփոխութիւններ։

Ճարտարապետութիւնը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ, թէ շատ մարզերու պարագային արուեստի մէկէ աւելի սեռեր կրնան առկայ ըլլալ միաժամանակ։ Ճարտարապետութիւնը ունի իր կերպարուեստի երեսը՝ ծաւալներու համադրման առումով կամ տեսողական այլակերպումներու եւ շինանիւթերու այլազան գոյներուն շնորհիւ, բայց նաեւ շարժումի (այո՛, շարժումն ալ արուեստ կրնայ հանդիսանալ, ինչպէս մարմնամարզի պարագային), նաեւ ձայնային առումով, որ յատկապէս կը զգացուի, օրինակ, համերգասրահներու մէջ։ Թատրոնն ու շարժանկարը ուրիշ արուեստներ են, խառն բնոյթով, ուր բազմաթիւ տեսակներ կը միանան իրարու որպէսզի դիտողին հաղորդեն մտադրուած «պատգամը», այսինքն ազդեցութիւնը, — գրականութիւն, գեղանկարչութիւն, բանարուեստ, երաժշտութիւն եւ այլն, եւ այլն։
Վերադառնամ պահ մը մարմնարուեստին, որ ի յայտ կու գայ մասնաւորաբար մարմնամարզի պարագային, երբ մարզիկները օղակներով, հորիզոնական ձողերու կամ արուեստական, բայց նաեւ իրական ձիերու վրայ ցոյց կու տան իրենց մարմնական շնորհները՝ ճկունութիւնը, արագաշարժութիւնը, աչքի չափը, ուժը եւ այլն։ Նոյնը չէ՞ թատրոնի կամ շարժանկարի ալ պարագաներուն։

Ըսի արուեստական։ Քանի մը խօսք ալ այս մասին՝ նախ քան յօդուածի մը արտօնեալ սահմանները անցնիլս, եթէ արդէն իսկ չեմ անցած։
Այս բառն ալ, նոյնպէս տեղի-անտեղի, կը շփոթուի արհեստականին հետ։ Արուեստականը, մեր գործածութեան մէջ կը նշանակէ ոչ-բնական, շինծու, կեղծ, սուտ։ Հետաքրքրական է՝ չ՚առնչուիր մեր հասկցած արուեստին. Այդ իմաստով թերեւս պէտք էր ըսէինք արուեստային։ Արուեստական ակռայ՝ կեղծատամ, արուեստական մազ՝ կեղծամ, արուեստական ոտք, հիմա նաեւ՝ արուեստական բանականութիւն կամ իմացականութիւն (ինչո՞ւ ոչ՝ իմացութիւն)։ Իսկ արհեստականը կ՚առնչուի արհեստին, օրինակ՝ արհեստական հմտութիւն։ Կան նաեւ արհեստակից, արհեստակցական եւ այլն։ Բայց միւս կողմէ, երբ կ՚ըսենք գեղարուեստական, անպայման արուեստը կամ արուեստները ունինք նկատի։ Եկէք հասկցէք…

Ծանօթ. խմբ. — Կ՚արժէ «Արուեստական թէ՞ արհեստական» բանավէճը աւելի ընդլայնել։ Արեւելահայերը աւելի քան կէս դարէ ի վեր «արուեստական» կամ «արվեստական» բառը չեն գործածեր, այլ միայն «արհեստական»։ 1944-ին տպուած Մալխասեանցի Բացատրական բառարանը աւելի թեքուած էր արուեստական-ի ուղղութեամբ՝ արհեստական-ին դիմաց գրելով տես՝ արուեստական, սակայն 1976-ին, Աղայեանի Արդի հայերէնի բացատրական բառարանը արուեստական-ին վերապահած է միայն մէկ իմաստ, մնացեալը յատկացնելով արհեստական-ին։ Արեւմտահայերէնը կառչած է արուեստականին, եւ շատ հազուագիւտ կը հանդիպիք արեւտահայ գրողի մը որ գործածէ արհեստական բառը։
Կը թուի թէ շփոթը կը սկսի եւրոպական լեզուներու (ֆրանսերէն, անգլերէն…) artifice բառի ըմբռնումէն. art արմատը կը նշանակէ արուեստ, սակայն artifice-ը արուեստին հետ շատ կապ չունի, այլ աւելի առնչուած է artisan բառին եւ կը նշանակէ արհեստաւորի հնարք, ինչպէս օրինակ հրավառութեան ֆրանսերէն անուանումը՝ feux d’artifice։ Նոյնն է պարագան artificiel / artificial բառերուն, որոնք արուեստի հետ չեն առնչուիր, այլ կը նշակեն ոչ-բնական, կեղծ…
Կը սպասենք ընթերցողի կարծիքներուն։

Հ.Գ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *