Վարձկան թագաւորը (Գ.)

Պատմական թատերգութիւն
Ժիրայր Շուշանեան

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Երրորդ արար

Առաջին տեսարան

Գահիրէի լեռան ամրոցը։ Մուտքին երկաթեայ սեւ լայն ու գեղեցիկ զարդերով դուռ մը կայ, ծածկուած կանաչ կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը կարմիր մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած պահակներ կեցած են։ Ոսկեզօծ մեծ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ խալիֆային ոսկեգոյն գահը կայ։ Երկու լայն դռներ կան աջին ու ձախին։

ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Ինծի համար, բոլորը հաւասար են օրէնքին դիմաց, կրօն կամ ազգութիւն, հարստութիւն կամ տիտղոս որեւէ ազդեցութիւն չունին արդարութեան դիմաց։
ԱՂՔԱՏ ԳԱՆԳԱՏՈՂ ՄԸ.— Աստուա՛ծ քեզ վարձատրէ, ո՛վ արդար թագաւոր։
ԳՈՐԾԱԿԱԼ.— Անանիա եպիսկոպոսը ձեզի հետ կ՚ուզէ հանդիպիլ։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Թող հրամէ։
Ծանր քայլերով ներս կը մտնէ Անանիա եպիսկոպոսը։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Բարեւ ձեզ, մեծայա՛րգ թագատէր։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Աստուած օգնական, սրբազա՛ն, ինչպէ՞ս կրնամ ձեզի օգնել։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Նախ կ՚ուզեմ ձեզի շնորհաւորել ձեր նոր տիտղոսին եւ թագատիրութեան առթիւ: Հետս բերած եմ կարգ մը խնդրագրեր, որ ձեր ուսումնասիրութեան եւ ուշադրութեան յանձնեմ, քանի որ մեծ կարեւորութիւն ունին հայ եւ ղպտի համայնքներուն համար։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Շատ լաւ, սրբազա՛ն, ձգէ խնդրագրերը գործակալին քով, որպէսզի ուսումնասիրեմ եւ ձեզի լուր ղրկեմ մօտ ատենէն։ Ի՞նչ են հայ համայնքին լուրերը։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Ամեն ինչ շատ լաւ ու խաղաղ է։ Բայց կ՚ուզեմ ձեզ զգուշացնել, որ թուրք իշխանները ձեզի դէմ մեծ պայքար սկսած են եւ եգիպտացիները ձեզի դէմ կը լարեն, ուշադիր եղէք եւ Աստուած ձեզ պահպանէ։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Ի՛նչ նորութիւն, միշտ այդպէս է եղեր։ Հոգ մի ընէք սրբազա՛ն, մեր ոստիկանները ամեն տեղ են եւ շատ արթուն են իրենց շարժումներուն մէջ։ Կարեւորը՝ դուք ինծի համար միշտ աղօթեցէք, որ Աստուած մեզ պահպանէ։ Քեռայրս՝ Ներսէս Շնորհալին, ձեզի բարեւներ ղրկած է հայրենիքէն եւ միւռոնի այս արծաթեայ շիշը ղրկած է ձեզի համար։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Շատ շնորհակալ եմ, թագատէ՛ր, արտօնեցէ՛ք որ մեկնիմ։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Հրամեցեք սրբազա՛ն, սակայն խնդրանք մը ունիմ մեկնելէդ առաջ, Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-էն հատուած մը ընթերցես մեզի։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Սիրով, թագատէ՛ր։
Հաւատով խոստովանիմ եւ երկիրպագանեմ քեզ, Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի, անեղ եւ անմահ բնութիւն, արարիչ հրեշտակաց եւ մարդկանց եւ ամենայն եղելոց. ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս:

Անանիա եպիսկոպոսը կը մեկնի։

ԳՈՐԾԱԿԱԼ.— Ընդհանուր դատաւորը ձեզի հետ կ՚ուզէ հանդիպիլ, թագատէ՛ր։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Թող ներս հրամէ։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱՒՈՐ.— Յարգանքներս, մեծապատի՛ւ թագատէր։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Բարեւ ձեզ պատուարժան դատաւոր։
ԴԱՏԱՒՈՐ.— Ձեզի բերած եմ դատական նոր հրամանները, որպէսզի ուսումնասիրէք եւ ստորագրէք։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Սիրով, յարգարժա՛ն ընդհանուր դատաւոր, յանձնեցէք գործակալին։

Դատաւորը գործակակին կը յանձնէ թուղթերը ու խոնարհելով դուրս կ՚ելլէ։

ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Ուրիշ որեւէ հարց ունեցող կա՞յ, գործակա՛լ։
ԳՈՐԾԱԿԱԼ.— Ո՛չ, թագատէ՛ր:
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Ուրեմն, փակէ՛ դուռը:
Մթութիւն։

Երկրորդ տեսարան

Գահիրէի Զահրատ վանքը: Մուտքին փայտէ սրճագոյն նեղ հին դուռ մը կայ, ծածկուած սեւ կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը հայկական փոքրիկ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը արծաթեայ մոմակալներ կան, մոմերը վառած։ Արծաթեայ մեծ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատին վրայ քանի մը սրբանկարներ կախուած են։ Ջահին տակ քառակուսի երկար սեղան մը կայ, վրան սեւ ծածկոց մը, մեծ խաչ մը, եւ կրօնական քանի մը գիրք։ Երկու նեղ դռներ՝ աջին ու ձախին։ Անանիա պատրիարքին հետ ներկայ են 13 եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ՝ Իթֆիհի, Գալուսաննայի, Ֆայումի, Աղեքսանդրիոյ, Գահիրէի Խրամատի վանքի, Զահրատ վանքի, Թորայի, Սմբատ գիւղի, Ղարպիէի, Տիգրան գիւղի, Նադրունի Հայոց վանքի եւ Սպիտակ վանքի, ինչպէս նաեւ հայ ազնուականներ, իշխաններ, մտաւորականներ, մեծ վաճառականներ եւ Վահրամ թագատէր։

ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Հոգեշնորհ եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, այսօր մենք հաւաքուած ենք յիշելու մեր հանգուցեալ Տէր Գրիգորիս եպիսկոպոսը, միեւնոյն ժամանակ, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իր եղբօր՝ Վահրամ թագաւորին, որուն շնորհիւ, մեր հարիւրհազարնոց հայ համայնքը եւ Եգիպտոսը կը վայելեն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն։ Երեսուն եկեղեցիներով եւ չորս վանքերով, մենք կը վայելենք օրհնեալ եւ բախտաւոր հոգեւոր կեանք մը։ Միեւնոյն ատեն, մեր հայ զօրքերը մեծ դեր կը կատարեն թուրք թշնամիները հեռու պահելու Եգիպտոսէն եւ հայրենիքէն։ Մեր գործակցութիւնը Եգիպտոսի խալիֆայութեան հետ, մեր հայրենիքին ապահովութիւն կը ստեղծէ, Եգիպտոսի պէս կարեւոր եւ զօրաւոր դաշնակից մը ունենալով։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Հոգեշնորհ հայրեր, մեծ պարծանք ու հրճուանք է ինծի համար, այսօր ձեզի հետ հանդիպիլն ու ձեր օրհնութիւնը վայելելը։ կ՚ուզեմ նաեւ ձեզի հաղորդել քեռայրիս՝ Ներսէս Շնորհալիի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Ամէ՛ն եւ Աստուած ողորմի ձեզի։ Աղօթենք ուրեմն, Տէր Ներսէս Շնորհալիէն աղօթք մը.
Հաւատով խոստովանիմ եւ երկիրպագանեմ քեզ, Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի, անեղ եւ անմահ բնութիւն, արարիչ հրեշտակաց եւ մարդկանց եւ ամենայն եղելոց. ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս:
ՄԻՆԱՔԻՍ.— Ամէ՛ն։

Սպասաւորը գինիի գաւաթներ կը բաժնէ ներկաներուն։

ՀԱՅ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ՄԸ.— Խմենք կենացը մեր հայրենիքին եւ աղօթենք Աստուծոյ, որ մեր հայ թագաւորութիւնը վերականգնի եւ մօտ օրէն ունենանք Կիլիկեան հայ թագաւորութիւն։
ՀԱՅ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ ՄԸ.— Մենք ի՞նչ պէտք ունինք անկախ թագաւորութեան, երբ ահա հոս ունինք հայ թագաւոր ու հայկական բանակ, եւ ազատ ու ապահով կ՚ապրինք մեր հայկական թաղերուն մէջ իրարու հետ, մեր խնճոյքներով, հարսնիքներով, խանութներով, եկեղեցիներով ու վանքերով։ Մենք հոս փոքր Հայաստան մըն ենք։
ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ.— Այո, սիրելինե՛ր, բայց անապահով ու ժամանակաւոր է մեր այստեղի ներկայութիւնը։ Յարգելի՛ հայրենակիցներ, հայը կը մնայ հայ միայն իր հողին վրայ, անոր համար պէտք է մենք ունենանք մեր պետականութիւնը, մեր սեփական հողին վրայ։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ԾԵՐՈՒՆԻ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐԻՉ).— Հայութիւնը հոգիին մէջ բան մըն է, որ կա՛մ ունիս, կա՛մ չունիս։ Հայ ըլլալը աստուածային շնորհք մըն է տրուած քիչերու։
ԹԱԴԷՈՍ (ՔԱՐՏԱՇ).— Ես քար կը տաշեմ, բայց իմ քարերս հայերէն կը խօսին, իմ տաշած քարերս հայութեամբ լի են։ Գիտէ՞ք, թագաւո՛ր, Գահիրէի իմ շինած պարիսպներն ու դռները, մեզմէ հազարաւոր տարիներ ետք պիտի մնան։ Մենք պիտի երթանք, բայց անոնք պիտի մնան, ու պիտի մնան հայկական, որովհետեւ իմ տաշած քարերս հայերէն կը խօսին։
ԱՆԱՆԻԱ. ԵՊՍԿ.— Սիրելի՛ հաւատացեալ հայրենակիցներ, ձեզի կ՚ուզեմ ընթերցել Պօղոս Առաքեալի խօսքերը սիրոյ մասին.
Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, Անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամեն բանի կը զիջանի, ամեն բանի կը հաւատայ, ամեն բանի կը յուսայ, ամեն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար…
(ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ )
Սէրը, մեր քրիստոնէական ամենակարեւոր արժանիքն է, սէրը Աստուծոյ, ազգի, երկրի, լեզուի, մշակոյթի, իրարու եւ ուրիշին հանդէպ: Սիրով պիտի մնանք ու յաղթենք մեր թշնամիներուն։ Սիրով պիտի գոյատեւենք, նոյնիսկ եթէ մեռնինք, մեր տաշած սիրոյ քարերն ու բարի գործերը՝ մեր յիշատակն ու մշակոյթը պիտի պահեն, որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները շարունակեն մեր սիրոյ ճանապարհը։ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հայութիւնը սէր է։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Ապրի՛ք բոլորդ, յուսանք, որ մօտ օրէն կ՚ունենանք մեր Կիլիկեան անկախ թագաւորութիւնը։ Մեկնելէդ առաջ կը խնդրեմ Մինաքիս վարդապետէն, որ մեզի «Բարի Արագիլ»-ը երգէ։
ՄԻՆԱՔԻՍ- Սիրով, սիրելի՛ թագաւոր։
Մինաքիս կ՚երգէ:

Բոլորը միասին կը ծափահարեն ու կ՚ըսեն. «Կեցցէ՛ մեր հայ Վահրամ թագաւորը»։

Մթութիւն։

Ջութակով հայկական երաժշտութիւն։

Երրրորդ տեսարան

Գահիրէի շուկայ մը։ Քանի մի խանութներ կ՚երեւին քով-քովի, փոքր սրճարան մը, քանի մը հոգի նարկիլէ կը ծխէ։ Հայ ոստիկան մը զինուորական զգեստով նստած է սրճարանը։ Քանի մը կիներ եւ մարդիկ կ՚երթան-կու գան, շուկան միշտ զբաղ կ՚երեւի։ Երկու եգիպտացիներ կը վիճաբանին դրամի համար եւ կը սկսին ձեռքով կռուիլ, երկու հայ ոստիկաններ անմիջապէս կը միջամտեն։

ԱՌԱՋԻՆ ԵԳԻՊՏԱՑԻ.— եթէ դրամս չտաս գլուխդ պիտի կոտրեմ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵԳԻՊՏԱՑԻ.— Շատ մեծ մի խօսիր, գնա՛ հեռուն խաղայ։
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— Դադրեցուցէ՛ք այս վիճաբանութիւնը անմիջապէս, ի՞նչ է հարցը, դո՛ւն ինծի բացատրէ։
ԱՌԱՋԻՆ ԵԳԻՊՏԱՑԻ.— Ինձմէ պարտք առաւ եւ կը մերժէ վերադարձնել դրամս, ոստիկա՛ն։
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— (Խօսքը միւսին ուղղելով) Ճի՞շդ է ըսածը։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵԳԻՊՏԱՑԻ.— Այո՛, պարո՛ն ոստիկան։
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— Ուրեմն անմիջապէս վերադարձուր իր դրամը։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵԳԻՊՏԱՑԻ.— Հրամա՛նդ, պարո՛ն ոստիկան։
Կը վճարէ դրամը ու կը հեռանայ։

ԱՂՔԱՏ ԵԳԻՊՏԱՑԻ ՄԸ.— Այսքան խաղաղութիւն, ապահովութիւն ու արդարութիւն երբեք չենք տեսեր այստեղ տասնեակ տարիներէ ի վեր։ Աստուած պահէ այս հայ թագաւորը, որ ազատեց մեզ թուրք դաւադիրներէն ու թշնամիներէն եւ Գահիրէի պարիսպները ամրացուց, որ արգիլէ թուրքերուն յարձակումները մեր գեղեցիկ մայրաքաղաքին վրայ։
ԹՈՒՐՔ ԱՆՑՈՐԴ ՄԸ.— Թագատէր է, ո՛չ թագաւոր։
ԱՂՔԱՏ ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ.— Մենք թագատէրը թագաւոր կը կոչենք, զիրար խաբելու պէտք չկայ։ Ինք թագաւորէն ի՞նչ կը պակսի, ան իսկական տէրն է այս երկրին։
ԹՈՒՐՔ ԱՆՑՈՐԴԸ.— Բայց աս մէկը հայ է։
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ.— Ինք, ձեր թուրքերէն շատ աւելի արդար ու հաւատարիմ է այս երկրին հանդէպ, ուրեմն կ՚արժէ, որ մեր թագաւորը ըլլայ։
Թուրքը ձեռքով մերժողական շարժում մը կ՚ընէ ու կը հեռանայ, իսկ եգիպտացին կը ժպտի։

ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— Ես չլսելու տուի այս թուրքին ըսածները, վաղը արդէն դասը կու տանք իրեն։
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ.— Ես կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ այս թուրքերը չեն ուզեր մեր երկրին լաւութիւնը։ Կարծես կ՚ուզեն յափշտակել մեր երկիրը։
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— Թուրքը միշտ ինքզինք կը սիրէ ու ուրիշին բարիք չ’ըներ, ոչ ալ կը ձգէ, որ խաղաղ կեանք մը վայելէ ան։
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ.— Աստուած օրհնէ մեր Վահրամ թագաւորը ու պահէ զայն։
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ.— Ամէն։

Մթութիւն։

Չորրորդ տեսարան

Խալիֆային պալատի պարտէզը։ Բարձր ծառերով եւ գունաւոր ծաղիկներով լեցուն է պարտէզը։ Ետեւէն կ՚երեւի Խալիֆային պալատի մուտքը։

ԽԱԼԻՖԱ.— Վահրա՛մ թագաւոր, ես քեզի երախտապարտ եմ երկրին խաղաղութեան ու զօրութեան համար:
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Մեծապատի՛ւ խալիֆա, ես ուխտած եմ քեզի հաւատարիմ մնալ եւ պաշտպանել Եգիպտոսը ներքին ու արտաքին թշնամիներուն դէմ։
ԽԱԼԻՖԱ.— Բայց հայերուն թիւը շատ աւելցաւ վերջերս, եւ ասիկա ժողովուրդին մօտ մեծ դժգոհութիւն եւ մտավախութիւն յառաջացուցած է։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Հայերը երբեք դաւաճան կամ անհաւատարիմ չեն եղած, ուր որ եղած են։ Կը վստահեցնեմ խալիֆային, որ քանի ես կ՚իշխեմ Եգիպտոսի վրայ, հայերը միշտ խալիֆային հնազանդ ծառայողները պիտի ըլլան։
ԽԱԼԻՖԱ.— Ես վստահ եմ ատոր, թագատէ՛ր, շարունակէ քու յաջող ճանապարհդ։ Բայց ուշադիր եղիր ըսածիս, որպէսզի ամեն ինչ չկորսնցնենք։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Վստահ եղէք, խալիֆա, դուք լաւ գիտէք, որ ես իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ կը կառավարեմ երկիրը եւ երբեք առիթ չեմ տար այնպիսի սխալներու, որոնք կրնան խանգարել երկրին խաղաղութիւնը։
ԽԱԼԻՖԱ.— Ուրեմն, կը մնայ, որ քեզի յաջողութիւն մաղթեմ, թագատէ՛ր։

Խալիֆան դուրս կ՚ելլէ սրահէն, եւ հայ գործակալ մը կը մտնէ, որուն կը վստահի Վահրամ իշխանը։

ԳՈՐԾԱԿԱԼԸ.— Ուշադրութիւն ըրէք, թագատէ՛ր, քու կռնակէդ դաւադրութիւններ կը հիւսեն թուրք իշխանները եւ Ռիտուան իշխանը։
ՎԱՀՐԱՄ ԻՇԽԱՆ.— Տեղեակ եմ, Սարգի՛ս ջան, հոգ մի՛ ըներ, ամեն ինչ հսկողութեան տակ է։ Բան մը չեն կրնար ընել։ Մեր բանակը զիրենք պիտի ջախջախէ քանի մը ժամէն, եթէ մտածեն այդպիսի խենթ քայլ մը առնել։
ԳՈՐԾԱԿԱԼ.— Աստուած հետերնին ըլլայ, թագատէ՛ր, ու հայ ազգը պահպանէ։

Մթութիւն:
(Շարունակելի)

Գահիրէ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *