ՆԱԶԱՆ Ա.
Վերջերս յիշեցի սրտայոյզ դէպք մը, որ մեր հին թաղի տան հետ կապուած յիշողութիւներուս անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ։
Մայիսեան կանուխ առաւօտ մըն էր։ Տնեցիները արդէն մեկնած էին իրենց գործերուն, իսկ ես կը պատրաստուէի աճապարանքով Ծաղկոց հասնելու եւ գրեթէ պատրաստ էի իջնելու։ Տան զանգը զարնուեցաւ։ Այս ո՞վ կրնայ ըլլալ ըսելով, վերի յարկի պատուհանէն դուրս նայեցայ ստուգելու, թէ տան անդամներէն մէ՞կը վերադարձած էր մոռցուած բան մը առնելու համար, երբ նկատեցի տարիքոտ կին մը, ինքնաշարժիս քով կեցած, ձեռքերով նշան կ՚ընէր բան մը հասկցնելու համար։ Պատուհանը բացի եւ կնոջ ուղղելով խօսքս ֆրանսերէն լեզուով հարցուցի՝ «այո՛, մատամ, ի՞նչ կ՚ուզէք, ի՞նչպէս ձեզի կրնամ օգնել»։ Ձեռքով նշան ըրաւ ինծի հասկցնելու համար, որ ըսածս չէր հասկնար եւ աւելուց՝ «Ինկլի՛շ, ինկլի՛շ»։
Գիտցայ, որ տարեց կինը անգլիախօս է։
— Լաւ, տիկին, ի՞նչ կ՚ուզէք այս ժամուն, — հարց տուի իրեն։
— Տոքթոր, տոքթոր, — եւ թուղթի մը վրայ բան մը գրուած երկարեց ինծի։
— Լաւ մատամ, սպասեցէք կօշիկներս հագնիմ եւ դուրս գամ, բացատրեցի ։
Իջայ վար, դուռը բանալով , կնոջ ձեռքէն առի թուղթը, կարդացի գրուած հասցէն՝ «Հրէական հիւանդանոց, Գոթ-տէ-նէժ փողոց, ժամը տասնըմէկը քառորդ անց, հինգերորորդ յարկ, սենեակ 5017»։
— Տիկին, թիւ 164 հանրակառքը առէք, տեսէք ճիշդ դիմացն է կայարանը, եւ ձեզի ձեր ուզած մեթրոն կը հասցնէ, ու ցոյց տուի ճիշդ դիմացը գտնուող կայարանը։
— Նօ, նօ, նօ, տոպրակիս մէջ նայէ, պարապ է, դրամ չունիմ հանրակառք առնելու, — այս անգամ, երեք մատները միացուցած թեթեւ-թեթեւ շարժելով, յուզումով ու արցունքախառն, հասկցուց, որ քովը դրամ ալ չունի եւ շարունակեց, — նօ մեթրօ, նօ մեթրօ։ Հասկցայ, որ մեթրօ չ՚ուզեր առնել, եւ մատով զիս ցոյց կու տար, հասկցնելու, որ ես զինք տանիմ մինչեւ հիւանդանոց։
Խեղճուկ վիճակ մը ունէր ան, հագուստը լայն, ծաղկաւոր, վրան անցուցած հին բաճկոն մը, ձեռքին բռնած գաւազան մը, աջ-ձախ ճօճուելով կը մօտենար մայթին։ թէ՛ կը մեղքնայի նայելով անկար կնոջ այդ վիճակին վրայ, եւ թէ՛ կը զարմանայի, որ ան անտէր էր մնացած, եւ թէ՛ պատասխանատու չըլլալու միտք մը կ՚ունենայի։
Իրմէ ազատելու ուրիշ միջոց չունէի։ Որոշեցի գումար մը դնել ձեռքը եւ զինք տանիլ մեթրոյի ամենամօտ կայարանը, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ ան կարենայ հասնիլ հիւանդանոց։
Ինքնաշարժիս մէջ նստելով կինը տարօրինակ նայուացք մը պտտցուց շուրջը, ժեստերու լեզուով խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ մեր միջեւ։
— Ե՞րբ եկաք Մոնթրէալ, — բան մը ըսելու համար անգլերէնով հարց տուի տիկնոջ, ցոյց տալով մատներս եւ կրկնելով Գանատա, Գանատա։
— Նօ, Նօ, նօ ինկլիշ, ուքրայնա, ուքրայնա, — լեզուն ցոյց տալով , հասկցուց որ ինք կ՚ուզէ հետս ուքրայներէն խօսիլ։
— Նօ մատամ, նօ ուքրայներէն, ես ուքրայներէն չեմ խօսիր, — ցուցամատս շարժելով հասկցուցի իրեն։
Դէպի մեթրօ ճամբան խճողումի մատնուեցանք։ Շուտով կ՚ազատիմ այդ շփոթած ուքրանացիէն ու կը հասնիմ գործիս, միամտաբար մտածեցի ես։
Հազիւ հասանք Գոթ վերդիւ մեթրոյի կայարանը, ինքնաշարժս մօտեցուցի դռան, որպէսզի առանց դժուարութեան, ուքրայնացին ուղղուի դէպի կայարան։
Նկատեցի, որ կինը տեղէն չի շարժիր, մտածեցի ինքնաշարժէս ելլել ու դուռը բանալ, որպէսզի կինը հասկնայ, որ այլեւս պիտի բարեհաճի իջնել։
— Նօ, նօ, նօ, — երկու ձեռքերը շարժելով սկսաւ հետս ուքրայներէն խօսիլ ու մերժել ինքնաշարժէս իջնել, հասկցնելով, որ հե՛տս կ՚ուզէր Հրէական հիւանդանոց երթալ։
Այդ պահուն զգացի, որ թակարդին մէջ ինկած էի, այդ ուքրանացին զիս չարաչար ուզած էր օգտագործել, եւ օձիքս ազատելու ձեւեր պէտք էի գտնել։ Վերջապէս, ես ո՛չ զաւակն էի եւ ո՛չ ալ խնամակալը։ Այս երկրին մէջ շատ մը կառավարական ծառայութիւններու գրասենեակներ գոյութիւն ունին, որ այսպիսի անձերու խնամք կը տանին։ Մտածեցի, որ այս անգամ ես իրեն պիտի ըսեմ՝ «նօ, նօ, նօ», եւ տեղէս պիտի չշարժիմ մինչեւ որ իջնէ։ Բայց կինը յամարօրէն տեղաւորուած էր ինքնաշարժիս մէջ։ Մտածեցի ոստիկան մը կեցնել եւ կացութիւնը բացատրել։ Սակայն միւս կողմէ, ինծի հարց պիտի տրուէր, որ ինչպէս անծանօթ մը ինքնաշարժիս մէջ ընդունած էի, կրնայի նոյնիսկ յանցաւոր ելլել։ Մտածեցի նոյնիսկ զինք յանձնել մեթրոյի պատասխանատուին եւ խնդրել, որ զինք տեղ հասցնեն, սակայն պատասխանատուին ի՞նչ հոգն էր այս կնոջ ո՛ւր երթալուն հարցը։ Մտածեցի վերջապէս, զինք զօրով ինքնաշարժէս դուրս քաշել, սակայն խիղճս չներեց մօրս տարիքը ունեցող այս տկար կնոջ հետ այդպէս վարուիլ։ Հիմա դուք ըսէք ի՞նչ ընէի…
Շուրջս նայեցայ եւ նկատեցի, որ քիչ անդին թաքսի մը կանգ առած է, ձեռքով նշան ըրի, որ վարորդը մօտենայ։ Կարծեմ այս անել վիճակէս դուրս ելլելու լուծումը գտած էի։ Մարդը ինքնաշարժը մօտեցուց։ Իրեն բացատրեցի, որ տիկինը ժամադրութիւն ունէր, պէտք էր Գոթ-տէ-նէժ» փողոցի վրայ գտնուող հրէական հիւանդանոցը երթար։ Կնոջ ձեռքէն առի տեղեկութեան թղթիկը, վարորդին յանձնեցի՝ գումար մըն ալ տալով եւ խնդրեցի, որ զինք հիւանդանոցին դռան առջեւ իջեցնէր։ Վարորդը երբ կնոջ երկու թեւերէն քաշելով զինք առաջնորդեց դէպի թաքսին, լսեցի, որ անոր ալ «նօ, նօ, նօ» ըսելով՝ դարձած զիս կը փնտռէր…
Վերջապէս ազատեցայ այս նեղ կացութիւնէն, սակայն միտքս մինչեւ ուշ գիշեր աշխատցուցի, չեմ գիտեր, կասկած մը մտած էր մէջս, ինչպէ՞ս պիտի վերադառնար տուն…
Մի քանի օր ետք, նամակ մը գտայ նամակատուփիս մէջ՝
Ազնիւ բնակիչ,
Այս առաւօտ մայրս պատմեց, որ այս տան մէջ ապրող տիկինը, իրեն օգնած էր հասնելու մինչեւ Հրէական հիւանդանոց։ Շատ շնորհակալ ենք ձեր ցոյց տուած մարդասիրութեան համար։ Լսեցինք նաեւ, որ լաւապէս կը խօսիք մեր ուքրայնական լեզուն, եւ մեր մօր խնդրանքներուն գոհացում տուած էք։ Շատ կը ներէք, որ մայրս ձեզի մեծ ձանձրոյթ պատճառած է, իր ժամադրութիւնը հետեւեալ օրն էր, եւ մենք պատրաստ էինք զինք հիւանդանոց տանելու, սակայն ինք կարծելով, որ նախորդ օրն էր, առանց մեզի տեղեակ պահելու ճամբայ ելած էր, ժամ առաջ հասնելու իր վիրաբոյժ բժիշկին։ Ըսաւ, կարմիր ինքնաշարժով թաղի բնակիչն էր, որոնց տան դռան վերեւ ամպհովանի մը կախուած է, գիտցանք, որ դուք էք։ Կը ներէք, մայրս թուլամտութեան սկիզբ մը կ՚ապրի, երբեմն մոռացկոտ կը դառնայ, եւ միայն իր մայրենի լեզուով կ՚արտայատուի։ Ձեր ներողամտութիւնը դարձեալ կը խնդրենք ձեզ չափազանց յոգնեցնելուն համար։ Երեկոյեան, ուշ ժամերուն, հիւանդանոցէն հեռաձայն մը ստացանք, որ մայրս տուն վերադարձնենք։ Բարեբախտաբար վիզէն մանեակ մը կախած էինք, որուն վրայ անունն ու մականունը եւ տան հեռայձայնի թիւը փորագրել տուած էինք։
Տաքուեու…(ուքրայներէն՝ շնորհակալութիւն)։
Յարգանօք՝ Ճոն (եւ նշած էր հասցէն)
Ճոնի նամակին պատասխանը գրեցի.
Յարգելի պարոն Ճոն,
Կը ներէք, որ ձեր մօր օգնելու կամեցողութեամբս ձեզ դժուարութեան մատնեցի։ Ասկէ ետք կը խոստանամ ուքրայներէն լեզուին լաւապէս տիրապետել, որպէսզի հասկնամ ձեր մօր լեզուն, եւ աւելին՝ իմաստուն դառնալով՝ զինք անմիջապէս ձեր տունը վերադարձնեմ…։ Ձեր մօր առողջութիւն կը մաղթեմ։
Բարեւներով, անկեղծօրէն՝ «բարիք» գործող ձեր դրացուհին…
