Vartan Karapetian & Marie Tomb, editors, HAROUTIOUN GALENTZ — THE FORM OF COLOUR, Skira, Milano, Italy, 2025, 223 pp
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Եթէ ուզենք հայերէնի թարգմանել, այս գիրքին տիտղոսը պիտի ըլլայ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱԼԵՆՑ — ԳՈՅՆԻՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ, կամ պարզապէս՝ ԳՈՅՆԻՆ ՁԵՒԸ։
Նախ քան այս հատորին բովանդակութիւնը ներկայացնելս, սակայն, կ՚ուզեմ ընթերցողին հետ բաժնել քանի մը հարցադրումներ ու խոհեր։
Առաջին՝ ինչո՞ւ արժանաւոր արուեստագէտի մահէն 58 տարի ետք միայն լոյս կը տեսնէ նման հրատարակութիւն մը։ Յարութիւն Կալենց մեկուսացուած ու հալածուած էր խորհրդային օրերուն, մանաւանդ անոր աւելի դժխեմ ժամանակաշրջանին, բայց Խորհրդային Միութեան անկումէն 34 տարի անցնելէն ետք միայն ան կ՚արժանանայ նման պատիւի կամ գնահատումի (այս պարագայն՝ գեղարուեստական գործերու մեծահամբաւ այս հրատարակչականին կողմէ)։
Երկրորդ, ինչո՞ւ նման կարեւոր նախաձեռնութիւն մը պիտի գար առաջին հերթին արտասահմանեան, «օտար» կազմակերպութեան մը կողմէ։ Ինչո՞ւ Հայաստանը կամ հայութիւնը պիտի չըլլային Կալենց մը մեծարելու, թող թէ յետ մահու, նման իմաստալից քայլը առնողները։ Արդեօք այս ալ մեր օտարամոլութեան, ազգային նուաստացման նորագոյն օրինակներէն մէ՞կն է։ Կարծէք իսկական գնահատումը ուրիշին կողմէ, ոչ-հայուն կողմէ գնահատումը պէտք է ըլլայ։
Երրորդ, եւ ահա արդէն ձեւով մը գիրքին բովանդակութեան կը հասնինք, ինչո՞ւ Կալենցի գոյներուն, — այո՛, զգլխի՛չ գոյներուն, — վրայ է դրուեր շեշտը, ինչպէս եղեր է իր կենդանութեան թէ մահէն ետք իրեն նուիրուած զանազան գիրքերու կամ յօդուածներու պարագային։ Այն տպաւորութիւնը կը ստանանք, թէ իր արուեստագէտի, հա՛յ արուեստագէտի մեծագոյն արժանիքը գոյներու, վա՛ռ գոյներու զուգադրումն է՝ համադրումն ու հակադրումը։ Կասկած չկայ, որ մեծ արժանիք է այդ, ու գեղանկարիչի մը համար՝ մեծ նուաճում նման զգայնութիւն ունենալը։
Սակայն, եւ այս սակայնն է խնդիրը… Կալենցի տաղանդի աւելի կարեւոր վկայութիւնը մարդու հոգիին ու ոգիին, մարդու ապրումներուն իր խոր ըմբռնումն է, եւ նոյն այդ ըմբռնումովն է, նաեւ, որ ոչ միայն մարդը, այլեւ բնութիւնը կը տեսնէ ու կը յանձնէ կտաւին։ Այդ երանութիւնը, հպարտութիւնը, մանաւանդ ցաւն տառապանքն է, որ կը կարդաս իր դիմանկարներուն մէջ երեւցող անձնաւորութիւններու դէմքերուն վրայ եւ իր իսկ (Մեծ եղեռնէն վերապրած հայու) ինքնանկարներուն մէջ, նոյնիսկ կեցուածքներուն ընդմէջէն, նկարներ, որոնք ընդհանրապէս արուեստագէտին բողո՛քը կը հանդիսանան այն անմարդկային պայմաններուն դէմ, որ վարչակազմերը կը պարտադրեն մեզի, համայնավարական ըլլան թէ դրամատիրական։ Եւ եթէ ա՛յս տեսանկիւնէն դիտենք սոյն ալբոմը, այն ատեն կ՚անդրադառնանք, թէ ինչպիսի հանճարեղ արուեստագէտ մը ունեցած ենք ու երկար ատեն իրենց հանդէպ մնացած ենք երախտամոռ եւ անպարտաճանաչ։ Եւ թերեւս իրեն պէս շատերու՝ անցեալին թէ ներկայիս…
Բովանդակութիւնը, որ այստեղ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ, յստակ գաղափար մը կու տայ, թէ ի՛նչ է ներառուած այս հատորին մէջ.
— Ներածական (Վարդան Կարապետեան եւ Մարի Թոմպ)
— Յարութիւն Կալենցի յաղթանակներն ու փորձութիւնները — Պէյրութ 1930-1946, Տարագիր արուեստագէտի մը ընկերային բազմերես ցանցերը եւ ստեղծագործական յանդգնութիւնները (Մարի Թոմպ)
— Լիբանան 1926-1946 (նկարաշար)
— Յարութիւն Կալենց Խորհրդային Հայաստանի մէջ 1946-1967, Ճկունութեան եւ արուեստագիտական փոխակերպման ուսումնասիրութիւն մը (Արմէն Եսայեանց)
— Խորդրդային Հայաստան 1946-1967 (նկարաշար)
— Ծաղկող դիմանկարներ, Նշանագիտական ընթերցում մը Յարութիւն Կալենցի ինքնութիւններու ներկայացման (Սիլվիա Պիւրինի)
— Կենսագրութիւն
— Մատենագիտութիւն
Նկարները մեծ մասամբ առնուած են Արթիւր Ջանիբեկեանի հարուստ հաւաքածոյէն։ Իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են նաեւ Կալենց ընտանիքն ու Հայաստանի ազգային պատկերասրահը։ Աւելցնենք, որ օգտագործուած է իր նոյնպէս գեղանկարչուհի կողակցին՝ ողբ. Արմինէ Կալենցի արխիւը։
Քանի մը տող ալ Կալենցի կենսագրութեան մասին։ Յարութիւն Խարմանտայեան (Կալենց) ծնած է Փոքր Հայքի Սեբաստիա նահանգի Կիւրին շրջանը, մայիս,1910-ին, եւ մահացած Երեւան` մարտ 1967-ին: Ամուսնացած է իր աշակերտուհիին` Արմինէ Պարոնեանին հետ: Ունեցած են երկու զաւակ` Սարօ Կալենց (1946-2017) եւ Արմէն Կալենց: Լիբանանի մէջ, ըստ Վարդան Կարապետեանի, Յարութիւն հասած էր արդէն իր արուեստի յաջողութեան բարձունքին, երբ Կալենց ամոլը 1946-ին ներգաղթեց է հայրենիք։ Անոնք սկզբնական շրջանին դիմակալած են որոշ, նոյնիսկ մեծ դժուարութիւններ, դառն ու խաւար յուսախաբութիւններ։ Մահէն քիչ առաջ է, միայն, եւ յատկապէս գիտնական Արտեմ Ալիխանեանի պաշտպանութեան շնորհիւ, որ Կալենց սկսած է երեւիլ անձնական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներու մէջ ու հետզհետէ գնահատուիլ։ Իր ողջութեան՝ 1962-ին միայն, իր անհատական միակ ցուցահանդէսը ունեցած է Երեւանի մէջ։ Յետմահու, Երեւանի մէկ փողոցը կ՚անուանակոչուի «Յարութիւն Կալենց փողոց»: Նոյն փողոցին վրայ կը գտնուի նաեւ «Յարութիւն Կալենց թանգարանը»: Կայ նոյնպէս «Կալենց հետազօտական կեդրոնը», ինչպէս կը գրէ «Ազդակ» 2026-յունուար 29-ին («Անդրշիրիմեան արուեստի ցոլքեր` Յարութիւն Կալենց. Գոյնին ձեւակերպումը»)։
Ահա գիրք մը, որ արժանի է ներկայացուելու հանրութեան, եւ ոչ միայն հայ հանրութեան, գիրք մը, որ իւրաքանչիւրս պիտի ուզէր ունենալ իր տան մէջ։
