Պոլսոյ «Ակոս»ը համացանցի վրայ գուժեց պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն, բանաստեղծ եւ վիրաբոյժ բժ. Իգնա Սարըասլանի մահը, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ 14 փետրուարին: Ան 81 տարեկան էր:
Անցեալ օգոստոսի մեր թիւով տուած էինք իր բանաստեղծական վաստակին մասին դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի ընդարձակ յօդուածը, իսկ այսօր, որպէս իր թարմ շիրիմին ծաղկեպսակ, ստորեւ կը ներկայացնենք իր ուշագրաւ բանաստեղծութիւններէն մին։
«Հորիզոն գրական»
