Արմենակ Եղիայեան
Սաստկաբանութիւն (շար.)
Յաճախ միակի սովորական շաղկապներ, ինչպէս՝ եւ, ալ, ըստ շարադասութեան կը յաջողին սաստկական դերակատարութիւն ունենալ, օրինակ՝
— «Եւ կարաւանը Աբու Լալայի աղբիւրի նման մեղմ կարկաչելով
Քայլում էր հանգիստ, նիրհած գիշերով, հնչուն զանգերի անուշ ղօղանջով…»:
Աւետիք Իսահակեան շատ լաւ կը գիտակցի այն խոր տպաւորութեան, որ իր խօսքի սկիզբը կը ստեղծէ եւ շաղկապը, որ այլուր, երկու բառերու միջեւ, պիտի բոլորովին աննկատ անցնէր իր ստեծած համադասութեամբ, ինչպէս, օրինակ՝
— Ձմեռը հասաւ, եւ ծառ ու ծաղիկ անհետացան…
* * *
— Դո՞ւն ալ, Բրուտոս…
Յուլիոս Կեսար այս հակիրճ բառերով արտայայտեց իր խոր հիասթափութիւնը՝ դիմելով իր պաշտպանեալին՝ Բրուտոսին, որ հիմա, տասնեակ մը դաւադիրներու գլուխը անցած, զինք դաշունահարելու կու գար իր մեղսակիցներէն ետք: Կեսար բոլորին հարուածին ոտքի դիմադրեց, սակայն ի վերջոյ Բրուտոսի տեսքը՝ դաշոյնը պարզած, վերջնականապէս զգետնեց զինք:
ժբ) Յաւելական շաղկապներ
Այսպէս կը կոչուին համադասական միաւորիչ այն շաղկապները, որոնք կը փակեն համադասուող առարկաներու, յատկանիշերու կամ գործողութեանց շարքը՝ յատուկ արժեւորելով եւ լուսարձակի տակ առնելով իրենցմով շաղկապուող վերջին առարկան, յատկանիշը կամ գործողութիւնը:
Օրինակ՝
— Արամը եւ Թորոսը յաջողեցան, Աշո՛տն ալ յաջողեցաւ:
Նկատելի է, որ այս երեք յաջողութիւններէն Աշոտինը տարբեր հնչեղութիւն մը ունի. կայ բան մը, որ այս յաջողութիւնը առանձնայատուկ կը դարձնէ եւ կը բնորոշուի խօսողին ու լսողին ծանօթ պատճառաբանութեամբ մը. կա՛մ այն է, որ չէր ակնկալուեր Աշոտին յաջողութիւնը, կա՛մ այն է, որ ցանկալի չէր այդ յաջողութիւնը, կամ…կամ…կամ…
Այս իրողութեան աւելի դիւրին կ’անդրադառնանք զուգադրելով եւ ու ալ-ը:
— Արամը, Թորոսը եւ Աշոտը յաջողեցան:
— Արամը եւ Թորոսը յաջողեցան, Աշո՛տն ալ յաջողեցաւ:
Առաջին օրինակը առարկայական հաղորդումն է իրողութեան մը, ուր համադասուող անձերուն միջեւ ոչ մէկ զանազանութիւն դրուած է, այլ կը տիրէ ամբողջական համազօրութիւն ու հաւասարութիւն: Մինչ երկրորդով՝ զանազա— նութիւն մը կայ, մէկ կողմէ՝ Արամին ու Թորոսին, միւս կողմէ՝ Աշոտին միջեւ. խօսողը զինք ընկալողին յատուկ ուշադրութեան առարկան կը դարձնէ Աշոտին յաջողութիւնը, եւ այս նրբութիւնը կը պարտինք ալ շաղկապին: Եւ արդէն հայը բնական հակումով մը կը շեշտէ ալ-ին շաղկապած եզրը՝ Աշո՛տն ալ, նոյնիսկ եթէ այդ շեշտը անպայման չդրուի գրաւոր խօսքի մէջ:
Յաւելական շաղկապներով կապակցուող եզրերը կրնան գտնուիլ նոյն նախադասութեան ծիրէն ներս, ինչպէս է պարագան վերը բերուած օրինակին, բայց կրնայ պատահիլ, որ անոնցմէ միայն մէկը գտնուի տուեալ նախադասութեան մէջ. օրինակ՝ հաստատութեան մը մէջ ծառայող պաշտօնեայ մը իր մէկ պաշտօնակիցին դիմելով ըսէ. «Ատոմն ալ գործէ արձակեցին», — եւ այսքան միայն: Սա կը նշանակէ, թէ ուրիշները նախապէս արդէն արձակուած են գործէ, եւ ահա հիմա կարգը հասաւ Ատոմին: Այսպէս խօսողը ձեւով մը վստահ է, որ իր խօսակիցին ծանօթ են գործէ արձակման միւս պարագաները կամ թէ հանրօրէն ակներեւ են այդ արձակումները:
Բաղդատել նաեւ՝ «Այդ աղանդը սկսաւ թափանցել գիւղական շրջանները եւս», — ինչ որ կը նշանակէ թէ ոչ-գիւղական շրջանները արդէն թափանցած էր, եւ այդ թափանցումը ծանօթ իրողութիւն է:
Ալ եւ եւս բոլորովին նոյնանիշ են:
Ծանօթ.− Ալ շաղկապը, յաւելական կիրարկութենէն բացի, ունի սաստկական շեշտուած կիրարկութիւն մըն ալ հարցական նախադասութեանց մէջ. բաղդատել.
— Դուն հրաւիրեցիր, եւ մերժե՞ց քեզ:
— Դուն հրաւիրեցիր ալ, մերժե՞ց քեզ:
Առաջինը սովորական հարցում մըն է, որ լուսաբանութիւն ստանալու կը ծառայէ: Բոլորովին ուրիշ բան է երկրորդը, որ ոչ մէկ լուսաբանութիւն կը պահանջէ, այլ հռետորական բնոյթ ունի եւ պարզապէս այպանք ու կշտամբանք է ան հանդէպ խօսակիցին, որուն հրաւէրին չի հաւատար ենթական. սա համազօր է ըսելու. «Դուն չես հրաւիրած զինք, այդ պատճառո՛վ չեկաւ ան» կամ թէ «Երբ չես հրաւիրած զինք, ինչպէ՞ս կ’ուզէիր, որ գար»:
Յաւելական միւս շաղկապներն ու շաղկապական բառերն են՝ եւս, այլեւ, ինչպէս եւ, ինչպէս նաեւ, նաեւ, նոյնպէս եւ, մանաւանդ, մասնաւորաբար, յատկապէս, նմանապէս, նմանապէս ալ, (այլ) մինչեւ իսկ, ինչպէս…այնպէս ալ, ոչ միայն…այլեւ: Այս բերուած շաղկապներուն բոլորը փոխարինելի են վերը բերուած օրինակներու ալ շաղկապով: Ասոնք, անշուշտ տարբեր յաճախականութեամբ, կը կատարեն նոյն դերը՝ իմաստային աւելի կամ պակաս նուրբ տարբերութեամբ:
Օրինակ՝
— Այդ կոչին ընդառաջեցին մեր ընկերները, համակիրնե՛րը եւս:
— Այդ կոչին ընդառաջեցին մեր ընկերները, նոյնպէս եւ համակիրները:
— Այդ կոչին ընդառաջեցին մեր ընկերները, մասնաւորաբար…
— Այդ կոչին ընդառաջեցին ոչ միայն մեր ընկերները, այլեւ համակիրները:
— Այդ կոչին ընդառաջեցին ոչ միայն մեր ընկերները, այլ մինչեւ իսկ…
Նկատենք, որ այս շաղկապներու ցանկէն կը բացակային եւ եւ ու շաղկապները. այսպէս է, որովհետեւ այս երկուքին յաւելական իմաստները վաղո՜ւց մաշած ու նսեմացած են. եւ այս իրողութեան կարելի է դիւրաւ անդրադառնալ զուգադրելով ասոնք յաւելական շաղկապի մը: Օրինակ՝
— Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն եւ/ու կարագ:
— Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն, նաեւ կարագ:
— Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն, մինչեւ իսկ կարագ:
Եւ/ու միաւորիչ շաղկապի պարագային կարագը բոլորովին հաւասար համադասուած է առաջին երեք առարկաներուն՝ առանց որեւէ յատուկ հնչեղութեան, իբրեւ բոլորովին համարժէք իրակութիւն: Տարբեր է կարագ-ին հնչեղութիւնը եւ ստացած կարեւորութիւնը երկրորդին մէջ, ուր ան շաղկապուած է նաեւ յաւելական շաղկապով: Սակայն շատ աւելի շեշտուած է ան երրորդին մէջ: Այսպէս է, որովհետեւ եւ/ու1 համադասական միաւորիչ շաղկապները արդի հայերէնի մէջ բոլորովին զրկուած են սատկական երանգէ:
Յաւելական շաղկապներուն կը յարի ներառեալ բառը, որ իր կարգին օժտուած է սաստկական բաւական շեշտուած երանգով մը. բաղդատել՝
— Կ’ակնկալենք, որ յաջողին Արան, Աշոտն ու Մակարը:
— Կ’ակնկալենք, որ յաջողին Արան ու Աշոտը, ներառեալ Մակարը:
Շարադասութիւն
Խօսքի կամ նախադասութեան որեւէ մէկ անդամի պաշտօնը սաստկացնելու ազդու միջոց է նաեւ շարադասութիւնը. ըստ այսմ՝ նախադասութեան սկիզբը դրուող անդամը ինքնաբերաբար աւելի՛ կը տպաւորէ:
Օրինակ, բաղդատել.
— Այսօրուան զոհը Աշո՛տն է…:
— Աշո՛տն է այսօրուան զոհը…:
Անհամասեռութիւն
Անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար մենք պարտինք նախ գաղափար մը ունենալ «նախադասութեան բազմակի անդամ» հասկացութեան շուրջ, որուն անծանօթ է արեւմտահայը:
Յաճախ կը պատահի, որ նախադասության միևնույն անդամը կրկնուի: Այս բանը տեղի կ’ունենայ կա՛մ ոճական նկատառումով, կա՛մ խօսողը կը ցանկայ ներկայացնել եղելութեան առաւել ճշմարիտ, համակողմանի պատկերը` ընդգծելով միևնոյն նախադասության մէջ գործողություն կատարողներու, գործողություններու, անոնց այլազան յատկանիշերու բազմակիութիւնը։ Միևնույն շարահյուսական պաշտօնը կատարող երկու և աւելի անդամները կը կոչուին նախադասության բազմակի անդամներ:
Օրինակ՝
— Դաշտ ու այգի դեղին հագան:
— Ծառ ու ծաղիկ մերկացան:
Այս օրինակներուն մէջ բազմակի են՝ դաշտ ու այգի ենթակաները՝ հագան բային, ինչպէս նաեւ ծառ ու ծաղիկ ենթակաները՝ մերկացան բային:
— Հովիւը արածելու տարաւ ոչխարներն ու գառնուկները:
Այս օրինակին մէջ բազմակի են ոչխարներն ու գառնուկները, որոնք ուղիղ խնդիրներն են տարաւ բային:
— Ներկայացումը պիտի կրկնուի Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են Երեւանի (մէջ), Գիւմրիի (մէջ), Վանաձորի (մէջ), որոնք տեղի պարագաներն են պիտի կրկնուի բային:
— Սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ, այսօր պիտի սերտենք Զոհրապի մէկ անծանօթ մնացած գրութիւնը:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են տղաք եւ աղջիկներ կոչականները:
Բազմակի անդամները կը կոչուին նաեւ համադաս անդամներ:
Ուրեմն բազմակի եւ համադաս հոմանիշ են:
* * *
Ոճաբանութիւնը կը պահանջէ, որ բազմակի անդամները ունենան ներդաշնակ, համանման կառոյցներ. ահա այս ներդաշնակութիւնը կամ համանմանութիւնը կը կոչուի համասեռութիւն: Իսկ այդ ներդաշնակութեան կամ համանմանութեան բացակայութիւնը կը կոչուի անհամասեռութիւն: Օրինակ՝
— Սեղանին վրայ դրուած էին ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ:
Բազմակի անդամներն են՝ ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ բառակապակցութիւն ենթակաները:
Այս բառակապակցութիւնները համասեռ են, քանի հաւասարապէս յիշուած է իւրաքանչիւրին ծագումը՝ ֆրանսական, յունական, լիբանանեան:
— Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխատիլ:
Բազմակի անդամներն են՝ կանուխ արթաննալ, ժուժկալ ուտել, աշխատիլ բացայայտիչները:
Ընդ որում՝ առաջին երկուքը՝ արթննալ եւ ուտել, ունին իրենց լրացումները, իսկ աշխատիլ-ը ոչ մէկ լրացում ունի:
Ուրեմն անհամասեռ բազմակի անդամներ են ասոնք:
Կարելի է անհամասեռութիւնը դարմանել այլազան պատշաճ լրացումներ տալով աշխատիլ բային. օրինակ՝
— կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, աշխուժ աշխատիլ:
— կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անտրտունջ աշխատիլ:
— կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անձնուէր աշխատիլ:
Բերուած երեք օրինակները հաւասարապէս համասեռ են. կարելի է տակաւին աւելցնել համասեռ օրինակներու թիւը:
* * *
Եթէ ուշադիր կարդանք բերուած համասեռ օրինակները, ապա պիտի նկատենք որոշ ներդաշնակութիւն մը արթննալ, ուտել եւ աշխատիլ բազմակի անդամներուն միջեւ. ասոնք կը կազմեն իրարու յաջորդող գործողութիւններու տրամաբանական ու ներդաշնակ շղթայ մը: Այդ ներդաշնակութիւնը պիտի խախտէր, եթէ, օրինակի համար, ըսէինք՝
— Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ դրացիներուն հետ չկռուիլ:
«Դրացիներուն հետ չկռուիլ» բառակապակցութեան իմաստը չի ներդաշնակիր առաջին երկուքին հետ. սա բոլորովին այլ կարգի թելադրանք մըն է, որ համատեղելի չէ առաջին երկուքին հետ: Նման խրատը կամ թելադրանքը կարելի չէ կցել կանուխ արթննալուն եւ ժուժկալ ուտելուն հետ:
Իսկ եթէ կ’ուզենք ա՛նպայման անոր այդ թելադրանքին տեղ տալ մեր խօսքին մէջ, ապա տարբեր կառոյց պիտի ունենայ մեր խօսքը. օրինակ՝
— Ան բոլորոին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխուժ աշխատիլ: Անոր տուած մէկ այլ խրատն ալ հետեւեալն էր՝ չկռուիլ դրացիներուն հետ:
Այսպէսով ունեցանք երկու տարբեր նախադասութիւններ, որոնք բոլորը հաւասարապէս կ’ամփոփեն «անոր սիրած խրատները»:
Անհամասեռ կրնայ ըլլալ, ինչպէս ըսինք, նախադասութեան որեւէ մէկ անդամ, որեւէ բառ: Ստորեւ տեսնենք բայական անհամասեռութիւնը, որ եղածներուն մէջ ամենաայլազանն է, ամենաշատ հանդիպողը, ամենադիւրին սպրդողը, այլեւ ամենաուսանելին:
Բայական անհամասեռութիւն
Առ այս առնենք հետեւեալ նախադասութիւնը.
— Գրիգոր ստիպուած է յարգել եւ հնազանդիլ իր վարպետին:
Ուր յարգել ներգործական բային եւ հնազանդիլ չէզոք բային տրուած է նոյն տրական հոլով անուղղակի խնդիրը՝ վարպետին: Նման միտք արտայայտող նախադասութիւնը չի կրնար տրամաբանական ըլլալ, մարդու բանականութիւնը կը մերժէ զայն:
Որովհետեւ վարպետին տրականը կը գոհացնէ միայն հնազանդիլ բայը, մինչ յարգել-ը կը պահանջէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր: Այս պարագային ուղղախօսութիւնը կը պահանջէ, որ ըսուէր.
— Գրիգոր ստիպուած է յարգել վարպետը (հայց. հոլով) եւ հնազանդիլ անոր (տրակ. հոլով):
Նոյն տրամաբանութեամբ՝
— Կը յիշէի այդ հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած ու սիրուած էի բոլորէն:
Սա իր կարգին ուրիշ անհամասեռութիւն մըն է, քանի որ բոլորէն անուղղակի խնդիրը կը գոհացնէ միայն սիրուած էի կրաւորական բայը՝ սիրուած էի բոլորէն:
Սակայն չի գոհացներ սիրած էի ներգործական բայը, որ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ, այսինքն՝ սիրած էի բոլորը:
Ուրեմն պարտինք շարադրել հետեւեալ ձեւերէն մէկով.
— Կը յիշէի այդ հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած էի բոլորը եւ սիրուած էի բոլորէն:
— Կը յիշէիի այդ հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած էի բոլորը եւ սիրուած էի անոնցմէ:
* * *
Սերտենք եւ սրբագրենք հետեւեալները.
— Ան ծանօթացաւ եւ շատ սիրեց հայկական երգերը:
Ան ծանօթացաւ հայկական երգերուն եւ շատ սիրեց զանոնք:
*** Ասի փորձանք մըն է, որ պէտք է հեռացնել եւ ձերբազատիլ շուտով:
— Ասի փորձանք մըն է, որ պէտք է հեռացնել եւ որմէ պէտք է ձերբազատիլ շուտով:
Եթէ ուշադիր բաղդատենք տրուած երկու լուծումները բնօրինակին հետ, ապա պիտի նկատենք, որ սխալ բնօրինակը շատ աւելի ճկուն ու բարեհունչ է, այլ մանաւանդ կարճ ու կոկիկ է, մինչ բերուած երկու ճիշդ կառոյցները ունին տաղտկալի բան մը, որ վանողական է:
Եւ ճիշդ այս վերջինին յատկութիւններն ալ կը մղեն մեզ բոլորս, որ ինքնաբերաբար, գրեթէ բնազդաբար նախընտրենք սխալ ձեւերը, որովհետեւ գեղագիտութիւնը միշտ գերակայ է կանոնականէն. ներքին ձայն մը կ’ըսէ մեզի.
— Վնաս չունի, թող գեղեցիկ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ սխալ է:
* * *
*** Արուեստի գործի մը հետ հաղորդուելու կամ ըմբռնելու եւ ըմբոշխնելու համար անհրաժեշտ է որոշ պատրաստութիւն:
— Արուեստի գործի մը հետ հաղորդուելու կամ զայն ըմբռնելու եւ ըմբոշխնելու համար անհրաժեշտ է որոշ պատրաստութիւն:
*** Իսրայէլ կ’աջակցի եւ կ’օգտագործէ ահաբեկչութիւնը:
— Իսրայէլ կ’աջակցի ահաբեկչութեան եւ կ’օգտագործէ զայն:
*** Անոնք Յիսուսը պաշտելու եւ երկրպագելու կոչ կ’ուղղեն մեզի:
— Անոնք Յիսուսը պաշտելու եւ անոր երկրպագելու կոչ կ’ուղղեն մեզի:
— Անոնք կոչ կ’ուղղեն մեզի՝ պաշտելու Յիսուսը եւ երկրպագելու անոր:
***Թրքական ապրանքին հիացողն ու գնողը հայ մըն էր:
— Թրքական ապրանքին հիացողը եւ զայն գնողը հայ մըն էր:
Այս եւ աւելի բարդ կառոյցներու համաձայնութիւնները ճիշդ կատարելը կը պահանջէ որոշ հմտութիւն խօսողէն ու գրողէն: Եւ ի զուր չէ, որ անհամասեռութիւնը յատուկ է մասնաւորաբար ժողովրդախօսակցական ոճին, բայց նաեւ անվարժ ու մանաւանդ անփոյթ գրիչին:
* * *
Բացառուած չէ, որ գրողը ենթադրէ, թէ նոյն կառոյցին մէջ համադասած է քանի մը բայեր եւ չանդրադառնայ իսկ, թէ չարաչար սխալած է: Օրինակ՝
***Մեր մէջ ոչ ոքի կ’արտօնուի, եւ ոչ ոք կը համարձակի, եւ ոչ ոքի տեղ կը տրուի մամուլին մէջ ազգային հրատապ հարցի մը շուրջ վերլուծական ազատ յօդուած մը գրել» («Կամար», թիւ 21, էջ 78):
Խառնակ մտածողութեան եւ շարադրանքի տիպար մըն է այս հատուածը, ուր երեք բազմակի այլասեռ/անհամադասելի բայերու փորձուած է տալ նո՛յն լրացումը՝ գրել:
— կ’արտօնուի … կրաւորական, ուր գրել մտածուած է իբրեւ ենթակայ, ուրեմն՝ ուղղական հոլով:
— կը համարձակի ներգործական… ուր գրել մտածուած է իբրեւ ուղիղ խնդիր, ուրեմն՝ հայցական հոլով:
— տեղ կը տրուի չէզոք… ուր գրել մտածուած է իբրեւ անուղղակի խնդիր, այինքն՝ տրական հոլով:
Եւ ուրեմն՝ իր առաջին պաշտօնին բերումով գրել ուղղական հոլով է, երկրորդին բերումով՝ հայցական հոլով է, իսկ երրորդին բերումով՝ տրական հոլով է:
Արդ, չի կրնար պատահիլ, որ բառ մը նո՛յն կառոյցին մէջ ունենայ երեք տարբեր հոլովներ եւ կատարէ երեք տարբեր պաշտօններ:
Բանականութիւնը չ’ընդունիր նման բան:
(Շարունակելի)
