Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Եթէ պիտի երգես երգը, երգը այն խոր,
Որ հոգիիդ մութ ծալքերուն մէջ թաքնուած
Կը դեգերի անհունին հետ։
Եթէ պիտի աշխարհ բերես դեռ չգրուած Continue reading “ՉԵՐԳՈՒԱԾ ԵՐԳԸ”
Մարդոց հաւասար իրաւունքները երաշխաւորուած են անոնց ազատութեամբ: Երբ այդ իրաւունքները զանազան ձեւերով կը խափանուին, ազատութիւնը կը դառնայ պատրանք: 14-րդ դարու ֆրանսացի գրագէտ Louis Veuillot աշխարհի բարիքներուն մեծագոյնը կը նկատէ ազատութիւնը: Ազատ է ան, որ իշխանութեան մը լուծին Continue reading “Ազատութիւն ու ազատ թռչուններ”
Մի ամառային առաւօտ՝ ժամը հինգի մօտ արթնացել էի եւ փորձում էի նորից քնել: Ոչինչ չէր ստացւում: Անկողնում պառկած, տարբեր, բոլորովին անկապ մտքեր էին անցնում գլխովս: Այսպէս, կէս քուն, կէս արթուն վիճակում տանջւում էի, երբ պատուհանի թանձր վարագոյրի ճեղքից, պատահաբար դուրս նայեցի: Արեւը դեռ չէր ծագել, բայց Continue reading “ՃՆՃՂՈՒԿՆԵՐԸ”
Փոքր ես չափերով,
բայց ո’չ այնքան,
Որ ինձ հետ տան
Վախենում եմ՝
Ճանապարհին քեզ ինձնից խլեն. Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Բանաստեղծ Զահրատի անձնական թողօնը մանրակրկիտ մշակումի ենթարկուեցաւ կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ։ Ո՛չ միայն անտիպ մնացած քերթուածները այս առթիւ լոյս աշխարհ եկան, այլեւ դասաւորուեցան հեղինակի առհասարակ բոլոր ձեռագրերը, անձնական իրերը, կատարած գծումները, լուսանկարները, նաեւ նամակները։
Տիկինը՝ թողօնի կարեւոր նկատած մասունքները պատկան Continue reading “ԶԱՀՐԱՏԻ ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓԷՆ”
«…Միշտ մրջիւնները խորհած եմ։ Դպրոցէն կը սկսին աւրել տղաքը։ Մրջիւնը իբրեւ տիպար օրինակ ցոյց կու տան։ Մարդը մրջիւնի վերածել կը ջանան։ Կը յաջողին ալ։ Բոլոր հակակրելի, տգեղ բաները մարդոց պաշտել տալու, հիացումի առարկայ դարձնելու մէջ վարպետ ենք իրաւ։ Ես կ՚ատեմ մրջիւնը։ Կեանքիս մէջ ես ո՛չ ուզեցի, ո[՛]չ ալ կրցայ մրջիւն ըլլալ։ Դատէ, կրէ, ամբարէ ձմեռը կեր, նորէն դատէ, կրէ, ամբարէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը՝ մեռիր։ Բուրգեր շինէ։ Քաղաքներ, շէնքեր, գործարաններ, մեքենաներ, ճարտարարուեստ, քաղաքակրթութիւն։ Այս բոլորին ծառայէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը մեռիր։ Որո՞ւ համար։ Ինչու համար։ Ինչո՞ւ համար։
Ո՞վ կը վայելէ։ Չորս հոգի։ Այսինքն ո՛չ ոք։ Գործը գործին համար։ Քաղաքակրթութիւնը քաղաքակրթութեան համար։ Բոլորս այս խաղին մէջն ենք։ Խաղին կանոնն ալ գրած ենք» — (Տրդատ հօրեղբօր արտայայտութիւններէն, էջ 129)։
«Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը իբրեւ թերթօն առաջին անգամ Continue reading “Մրջիւններու վերջալոյսը — Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան”
Շարունակուած նախորդ թիւէն
Նախապէս մեր տեսած բոլոր աւելորդաբանութիւնները կ’իյնային պարզ նախադասութեան ծիրէն ներս: Ստորեւ պիտի տեսնենք բարդ նախադասութեան կազմին յատուկ աւելորդաբանութեան բաւական ատարածուն տարբերակ մը:
Այսպիսիներուն տիպարն է հետեւեալը՝ Continue reading “Աւելորդաբանութիւն (Ե.)”
— Վազգէն Էթիեմեզեան, ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԷՋԵՐ, հրատ. Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարին, 2024, 524 էջ։
Վազգէն էթիեմեզեանի գործերուն երկրորդ հատորն է այս՝ շարունակութիւնը հանդիսանալով առաջին հատորին՝ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ, որ լոյս տեսած էր Պէյրութ 2023-ին։ Կ՚ակնկալուի, որ անոր վաստակին մնացեալ մասն ալ հրատարակուի մօտ ապագային ի Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ”
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025-ի թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։