ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարի՝ 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» հատորը, զոր հեղինակը ձօնած էր Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդ, իր բառերով՝ «բազմերախտ ու անբասիր եկեղեցական Բարձրաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի»: Գիրքը կը բաղկանայ 348 էջերէ, կողքին վրայ տեղադրուած է Հալէպի հնամեայ բերդին նկարը, իսկ ետեւի կողքին վրայ հեղինակին նկարը, կցուած՝ կարճ կենսագրականով: Կողքին ձեւաւորումը կատարած է Եղիա Պաքմազճեան: Continue reading “Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին”