ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ «ԱՌԱԿՆԵՐ»-Ը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Առակները խրատական բնոյթի կարճ գրութիւններ են, որոնք առաջացած են ժողովրդական բանահիւսութեամբ, ապա մշակուած են առակագիրներու կողմէ:
Սակայն Աւետիս Աւետիսեանի «Առակներ»-ը, ծնունդն են հեղինակին միտքն ու հոգին փոթորկող զգացումներուն՝ զայրոյթին, ընդվզումին, ինչպէս նաեւ սիրոյն եւ գնահատանքին: Գիրքը հրատարակուած է Լառնաքա, Կիպրոս, 2006-ին, անոր մէջ տեղ գտած են մօտաւորապէս վաթսունհինգ առակներ, զանազան երեւոյթներ շօշափող: Հերոսներու մեծամասնութիւնը կենդանիներն են, որոնք ընդհանրապէս առակագիրներու նախասիրութիւնը եղած են դարերէ ի վեր, սակայն երբեմն նաեւ մարդի՛կ հանդէս կու գան Աւետիսեանի առակներուն մէջ:
Աւետիսեանի առակները ընդհանրապէս չափածոյ են, ունի նաեւ արձակ բանաստեղծութեան ոճով գրուածները, որոնք բոլորն ալ կ՚աւարտին «բարոյական» բաժնով, որ նոյնպէս չափածոյ է, երկու կամ չորս տողերով: Առակին մէջ կը պատմուի դէպք մը կամ իրողութիւն մը, իսկ բարոյախօսական բաժնին մէջ կը տրուին առակին եզրակացութիւնն ու խրատականը:
Առակներուն մէջ հեղինակը այլաբանօրէն կը ծաղրէ եւ կը դատապարտէ մարդկային բացասական եւ յոռի սովորութիւններն ու բնաւորութեան գիծերը. ինչպէս՝ գոռոզութիւնը, անմտութիւնը, անարժանութիւնը, փառամոլութիւնը, դաւաճանութիւնը, չարութիւնը, նենգամտութիւնը, տգիտութիւնը, կեղծիքը, քծնանքը, ստախօսութիւնը, ցուցամոլութիւնը, ստրկամտութիւնը, անարդարութիւնը, եսասիրութիւնը եւ այլն, մինչ կը գովաբանէ եւ կը խրախուսէ դրական արժանիքներն ու առաքինութիւնները. ինչպէս՝ խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, ողորմածութիւնը, մարդասիրութիւնը, ազատատենչութիւնը, հնարամտութիւնը, խելամտութիւնը, արդարութիւնը, անկեղծութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը եւ այլն:
Աւետիսեանի առակները գրուած են հեզասահ լեզուով, դիւրըմբռնելի, սակայն հարուստ բառապաշարով, երբեմն կարգ մը անծանօթ բառերուն բացատրութիւնն ալ տալով առակին աւարտին: Ունի պատումի հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ոճ, որ առակներուն կու տայ նաեւ գեղարուեստական արժանիք:
Առակները երբեմն կ՚ունենան ողբերգական աւարտ՝ ի յայտ բերելով չարին ստանալիք արդար պատիժը, իսկ երբեմն ալ բարիին եւ լաւին յաղթական աւարտով կը յանգին խրախուսիչ եզրակացութեան մը, որ կարդացողին կը պարգեւէ լաւատեսութիւն եւ գոհունակութիւն, որոնք մարդ արարածը կ՚ոգեշնչեն՝ ընդդէմ կեանքի անարդարութիւններուն եւ անբաղձալի երեւոյթներուն:
Աւետիսեանի «Առակներ» գիրքին սկիզբը, իր «Գիր գնահատանքի»-ն մէջ Գերաշնորհ Տ. Վարուժան արքեպիսկոպոս հետեւեալ տողերով կը փակէ իր խօսքը. «Ա. Աւետիսեան հոգիները մաքրելու եւ զանոնք դրապէս վերականգնելու ճամբան գտած է: Այդ ճամբան կ՚իմաստաւորուի, երբ զարդարուի պարզ ու հաւատաւոր ճամբորդներով՝ ընթերցողներով»: Հեղինակը իր «Երկու խօսք»ով կ՚արտայայտէ իր շնորհակալութիւնը բոլոր զինք քաջալերողներուն եւ սատարողներուն:
Առակները հինէն ի վեր մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր ժողովուրդի մտածելակերպին ու գործելակերպին վրայ, անոնք եղած են լաւագոյն խրատականներն ու իմաստութեան աղբիւրը սերունդներու դաստիարակութեան եւ հոգիի յղկման: Աւետիսեանի «Առակներ»-ը լաւագոյն աղբիւրն է անուղղակի դաստիարակութեան՝ հեռու քարոզչութեան տափակութենէն: Անոնք կ՚առաջնորդեն մեզ վեհին ու վսեմին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *