ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Աղուէս մը ծեր, շատ խորամանկ,
Անտառին մէջ բացաւ կրպակ,
Հոն վաճառքի էին դրուած
Ապուխտ, երշիկ ու խորոված:
Գայլ մը նօթի ու պարտասուն
Անկէ ամեն օր անցնելուն
Լորձունք ու թուք իր շրթներուն
Կը նայէր հոն կախուածներուն,
Մտածումով կ՚երթար հեռուն…
Կը գումարէր ու կը բաժնէր
Մինչ կ՚որոճար ծրագիրներ:
Որս փնտռելէ ան շատ յոգնած
Երբեմն կուշտ, յաճախ սոված
Պէտք չէր թողուր որ եսասէր
Աղուէսն ըլլար «միլիոնատէր»
Իսկ ինք մնար խեղճ ձախաւեր.
Օր մ’ալ փափաք էր նա յայտներ
Ըլլալ աղուէսին գործընկեր
Որպէս հաւասար բաժնետէր:
Աղուէսը բայց կասկածամիտ
Մերժեց եղած առաջարկը
Ու լայն բացաւ սուտին պարկը,
Խոստումներով շատ խղճամիտ
Որպէս միջոց մը ապրուստի
Նշանակեց զինք պաշտօնի
Նոր տնօրէն ծանուցումի.
Պիտ՚ ունենար մեծ, փառաւոր
Գրասենեակ մը լուսաւոր
Որոշումի մէջ լիազօր:
Գայլը դարձած վարժ մունետիկ
Յայտարարեց հեռու-մօտիկ
Անտառին ողջ գազաններուն
Թէ գետափէն ոչ շատ հեռուն
Կար նոր բացուած վաճառատուն.
Հոն ամեն բան շատ էր աժան
Իսկ որեւէ աղքատ գազան
Ապուխտ, երշիկ թարմ, պատուական
Պիտ՚ ստանար ձրիաբար
Ազնիւ աղուէսէն բարերար:
Յաջորդ առտուն մութն ու լուսին
Գազանները ողջ անտառին
Անզսպելի կատղած խուժան
Կրպակին վրայ խոյացան
Ապուխտ երշիկ ըրին թալան.
Ծեր աղուէսը վաճառական
Ու նախանձոտ գայլ պաշտօնեան
Անոնք եղան ոտքի կոխան
Միասնաբար կործանեցան:
Բարոյական.
Երբ խաբեբան կեղծ բարերար
Ընչաքաղցը չար, անարդար
Իրարու դէմ ելլեն պայքար
Կու տան արդիւնք կործանարար: