ՊԱՏՃԱՌԸ

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

—Հելմութ:
Այսպէս ներկայացուց ինքզինք տեղացի բարեկամի մը ճամբով Գահիրէի գործատեղիս եկած գերմանացին: Եկած էր «լիբանանցի» ոսկերիչէ մը կնոջ համար մատանի մը գնելու:
— Ես երկու անգամ Լիբանան այցելած եմ,— ըսաւ` հասարակաց հետաքրքրութեան արժանի զրոյց մը սկսելու համար: Ես անոր խօսքին հակադարձեցի յօնքերու զարմացական շարժումով` շոյելու համար եւրոպացիի իր «արկածախնդրասիրութիւնը»… անմիջապէս գործի անցնելու եւ ժամանակ խնայելու համար: Սակայն անմիջապէս նկատեցի, թէ կոպիտ էր իր զրոյց սկսելու փորձը խափանելը, ուստի աճապարեցի.
— Ուրեմն տեսած էք Ժահիթան, Արզը, Ռաուշէն… Սիրեցի՞ք մեր երկիրը:
— Տեսած եմ, այո՛, նաեւ տպաւորուած եմ, սակայն Լիբանան այցելելուս նպատակը այլ էր…
Գլուխս շարժեցի` չուզելով աւելի հետաքրքրուիլ` քաղաքավարութեան սահմանները չանցնելու, նաեւ մատանի ծախելու գործը արագ գլուխ հանելու համար…
Բայց զգացի, որ բան մը կ՚ուզէր պատմել, թերեւս իր կիսատ տեղեկութիւնները եւ տպաւորութիւնները ինձմով ամբողջացնելու միտումով: Դէմքիս վրայի հետաքրքրութիւնը տեսնելով` ըսաւ.
— Երբ պատանի էի, Ֆրանքֆորթի մեր դպրոցի գրադարանին մէջ հանդիպեցայ վէպի մը, որուն վերնագիրը տարօրինակ թուեցաւ, սակայն գրադարանի պատասխանատու ուսուցիչը ինծի թելադրեց չկարդալ վէպը` «տարիքէս վեր» ըլլալուն համար: Այս խօսքը բաւարար էր եսասիրութիւնս վիրաւորելու… Հինգ վայրկեան ետք Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան 40 օրերը» թեւիս տակ` կ՚ուղղուէի տուն…
Ցնցուեցայ. չեմ գիտեր, թէ Հելմութ նկատե՞ց այդ ցնցումին դրսեւորումը դէմքիս վրայ: Բայց հակառակ յաճախ արագ հակազդող նկարագիրիս` թերեւս զարմանքը զիս մղեց անտարբերութեան: Շարունակեց.
— Այդ ամառ երկու անգամ ծայրէ ծայր կարդացի այդ վէպը: Մանկութեանս գեղեցկագոյն ամառներէն էր: Վէպ, որ այնքա՜ն իրական թուեցաւ ինծի եւ որուն մանրամասնութիւններուն ու հերոսներու ազդեցութեան տակ մնացի երկար ատեն… Իսկ երբ հետագային արդէն քաղաքական գիտութիւններու ուսանող էի, թուրք դասընկերներ ունէի, որոնց հետ յաճախ կը զրուցէինք համալսարանի ճաշարան-սրճարանին մէջ: Ութսունականներուն սկիզբը, հայերուն կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքներու լոյսին տակ, թուրք դասընկերներուս հետ քննարկումներու ընդմէջէն յանկարծ յիշեցի «Մուսա լեռան 40 օրերը», երբ զարմանքով լսեցի, թէ հայերը զէնք բարձրացուցած են Թուրքիոյ դէմ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի այդ օրերուն…
Ինծի համար սկսաւ ուրուագծուիլ գերմանացիին պատմութեան մնացեալ մասը: Կը տեսնէի, թէ դիւանագէտի յստակ իր պաղարիւնութեամբ կ՚ուզէր երկարաձգել իմ «զարմանքս»` Լիբանան իր այցելութեան եւ ինչ-որ վէպի մը միջեւ գտնուող կապին առնչուող…
— Համալսարանի դասերուս կողքին, երկար պրպտումներէ ետք (Համացանց ալ չկար), կրցայ ձեռք ձգել տեղեկութիւն այն մասին, որ Վերֆելի վէպի այդ ժողովուրդը այսօր կը գտնուի Լիբանան եւ կ՚ապրի համատեղ` իրենց յատկացուած հողաշերտի մը վրայ…
Հելմութի պատմութիւնը սկսաւ անհանգստացնել զիս, բայց ուզեցի յետաձգել անակնկալի յայտնութիւնը…
— Լսա՞ծ էք Այնճար գիւղին մասին, Պեքաայի դաշտին մէջ:
Այլեւս անկարելի եւ անյարմար պիտի ըլլար նոյն կեցուածքս շարունակել.
— Այո՛, ես հայ լիբանանցի եմ, ծնած եւ ապրած եմ Այնճար. մօրս կողմէ մուսալեռցի եմ…
Հիմա իր կարգն էր զարմանալու…
Ոտքի ելաւ, նորէն ձեռքը մեկնեց ինծի եւ գրկեց զիս…
Մէկ վայրկեան լռեց` կշռելու համար կացութիւնը եւ շարունակեց.
— Մօտաւորապէս տասը տարիներ առաջ որոշեցի այցելել ձեր գիւղը եւ տեսնել իմ մանկական աչքերուս հերոսացած այդ ժողովուրդին մնացորդացը: Ես այցելած եմ մեծ թիւով գաղթակայաններ` իմ ճամբորդութեանս բերումով` Ուկանտա, Եուկոսլաւիա, Գամպոճիա, եւ գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տեղափոխուած մարդկային հաւաքականութիւն` իր տնտեսական, մարդկային, ընկերային եւ հոգեբանական երեսներով… Բայց մեծ եղաւ զարմանքս, երբ լիբանանցի վարորդը մտաւ շքեղ գիւղաքաղաք մը, կանաչապատ փողոցներով եւ յայտարարեց, թէ արդէն հասած ենք…
Փշաքաղուած` մտիկ կ՚ընէի, եւ ոչ մէկ ճիգ` իր պատմութիւնը ընդհատելու:
— Վարորդին ըսի` կ՚ուզեմ գաղթակայանը տեսնել. պատասխանեց, թէ ինք չի գիտեր անոր ո՛ւր գտնուիլը, բայց կարելի է հարցնել: Բահը ուսին նետած` ճամբէն անցնող ծերունիի մը մօտ կանգնեցուց ինքնաշարժը եւ ինծի համար անհասկնալի արաբերէնով բան մը հարցուց: Ծերունին բահը ուսէն վար դրաւ, ծամծռեց դէմքը, նորէն ինծի համար անհասկնալի լեզուով պատասխանեց` ձեռքով չորս կողմը ցոյց տալով եւ առանց ատամներու բերանը լայն բանալով լիաթոք խնդալով: Քալեցինք, բայց հայելիէն կը դիտէի ծերունին, որ տակաւին կանգնած ինքնաշարժին ետեւէն կը նայէր երկա՜ր…
Մտածեցի, թէ ես գիտեմ այդ հպարտ ծիծաղը, որ կ՚ուրուագծուի իր իրագործումով հպարտ մարդուն դէմքին:
— Վարորդս իր հազիւ գիտցած անգլերէնով բացատրեց, թէ գաղթակայան չկայ այստեղ, այլ ամբողջ գիւղը գաղթակայան է, ուր հաստատուած է Մուսա լեռէն տեղահանուած ժողովուրդը: Ուրեմն գաղթակայանի փոխարէն պիտի տեսնեմ Եւրոպան յիշեցնող գիւղ` իր մաքրութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ չափազանցած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ` կատարելապաշտութեան յայտնի ձգտումով…
Թերեւս թաց աչքերս նկատելով` ըսաւ.
— Պատմութիւնս չերկարեմ. յաջորդ տարի կինս եւ զաւակներս ալ տարի Այնճարը տեսնելու, անշուշտ իրենց Վերֆելի վէպը կարդալ տալէս ետք… Եւ երբ կանգնած էինք ձեր եկեղեցւոյ բակին մէջ, իրենց բացատրեցի, թէ կան ժողովուրդներ, որոնք մարտնչող են, ուրիշներ շինարար, ուրիշներ իրաւազրկուած եւ զոհ, բայց այստեղ կայ մարդկային հաւաքականութիւն մը, որ այդ բոլորն է միատեղ… Հերոսաբար դիմադրած է իրմէ հզօր թշնամիին, կորսնցուցած է հայրենի հողը, բայց կարողացած է յաղթահարել տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական թշնամիները, շինել ու վերականգնիլ…

Իմ աչքս սեւեռած կը մնար համակարգիչի պաստառին որպէս վարագոյր (screen saver) ծառայող Այնճարի մէկ համայնապատկերին, զոր Հելմութի կողմը դարձնելով` ցոյց տուի, նաեւ ցոյց տուի սեւ-ճերմակ հին նկարներու հաւաքածոյ մը` Այնճարի կառուցման հին օրերէն, հերոսամարտին մասնակցած մարտիկներու խմբանկարներէն եւ, վերջապէս, այսօր Այնճարի մէջ ապրող մեծ հօրս` Բաբգէն քահանային պատկերը, որուն մէջ ան 16 տարեկան հասակին կանգնած է քանի մը հասակակից ընկերներու եւ իրենց ընտանիքներու անասուններուն հետ, զորս քալելով բերած են Մուսա լեռէն Այնճար…
Գերմանացի դիւանագէտը սուրճին վերջին ումպը խմելով` եզրակացուց.
— Իսկ այսօրուան ձեզի հանդիպիլս կը նկատեմ աւելի քան զուգադիպութիւն, որպէսզի միշտ մնամ այդ հեռաւոր պատանեկութեանս հետ կապուած հերոս ժողովուրդին ազդեցութեան տակ…
Հելմութ մոռցած էր քովս գալուն պատճառը: Մոռցած էի նաեւ ես…

Գահիրէ, 17 սեպտեմբեր 2016

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *