ՄԻԱՍԻՆ

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

«Ծիծեռնակաբերդ բարձրացողները ձեռքերնուն մէջ ծաղիկ ունին,
իջնողները՝ սրտերնուն մէջ կսկիծ եւ աչքերու մէջ անօրինակ տխրութիւն մը»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

— Կարմիր կակաչներ, — աղջիկը գումարը երկարեց տարեց ծաղկավաճառ կնոջ:
Կողքի երիտասարդ ծաղկավաճառուհին մօտեցաւ:
— Նայէք ինչ սիրուն են իմ վարդերը, մի փունջ տա՞մ:
— Չէ՛, ես կակաչներ վերցրել եմ արդէն… — պատասխանեց աղջիկը:
Ու աչքերը խոնարհելով ձեռքի փունջին՝ շարունակեց բարձրաձայն մտածելով։
— Կարմիր փակ թերթիկները պահում են խոցուած, սեւ սիրտը:
Տարեց ծաղկավաճառուհիի դէմքի կնճիռները աւելի խտացան, աչքերուն մէջ յիշողութիւնը խլրտաց, ու արցունքի կաթիլը սահեցաւ այտին վրայ:
— Թոռս կորել է, եօթ ամիս առաջ զանգել էր մօրը թէ Շուշիում ենք… հիմի զոհուել է թէ գերի չգիտենք… Continue reading “ՄԻԱՍԻՆ”

«Օթոստրատ»ը

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

Մայտային

Օթոստրատին վրայ, հակառակ ուղղութեամբ, նկատեց դէպի կանգառ յառաջացող օթոպիւսը: Պէտք է աճապարէր, կանգառ հասնէր, հակառակ պարագային, ամբողջ երկար ժամ մը պիտի սպասէր յաջորդին ժամանման…
Աշխատավայրէն իրեն բախտակից, գաղթական բանուորուհիի մը հետ դուրս եկան, աշխատանքային երկար օր էր: Մեծ էր թիւը գաղթողներուն, աշխատանքի դիմողներ շատ էին, ընդունուողները բախտաւոր կը համարուէին: Ինք փորձ-քննութեան յաջորդ օրն իսկ հրաւիրուեցաւ, կարի աշխատանոցի մէջ երկար տարիներ աշխատած էր.. հետեւաբար բախտաւորներու փաղանգին մաս կը կազմէր: Continue reading “«Օթոստրատ»ը”