20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս

Վարդան Գէորգեան 1972-ին հրատարակած իր «Մտածումի եւ հառաչանքի շիթեր» (272 էջ) գիրքին մէջ ամփոփած է 1928-էն մինչեւ 1972 տարիներու իր ապրումները, որովհետեւ՝

«Ամեն յաղթանակ, ամեն պարտութիւն ուղիղ կամ սխալ հաշուի մը արդիւնքն է։ Եւ ամեն հաշիւ մտքի գործողութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Continue reading “20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ”

ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Անձը դժուարութեամբ կ՚արտայայտուի, ո՛չ թէ որովհետեւ լեզուն աղքատ է, այլ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ իր մտածումները տակաւին չեն յստակացած» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Մուշեղ Ճէնտէրէճեանի — Մուշեղ Իշխան (1914-1990), բանաստեղծ, Պէյրութի «Համազգայինի Հայ Ճեմարան»ի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ — հետ «Բագին»ի խմբագիր Սարգիս Կիրակոսեան ձայնագրած էր երկխօսութիւն մը, որ ամսագրին 1979-ի հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու թիւերուն մէջ լոյս տեսած էր։ Իր շահեկանութեան համար այդ երկխօսութիւնէն մասեր կը ներկայացնենք ստորեւ։ Continue reading “ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ”

ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ

1960ական թուականներուն, իտալացի գրող Իթալօ Քալվինօ (1923-1985) կը գրէր.

«20րդ դարը ներկայ եղաւ ծնունդին եւ տարածման Արեւմուտքի արդի լեզուներուն եւ գրականութիւններուն, որոնք ուսումնասիրեցին արտայայտչական եւ կամ երեւակայական կարելիութիւնները հնդեւրոպական լեզուներուն»։ Continue reading “ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ”