ԵՐԲ ԱՆՑԵԱԼԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Ծանօթ. խմբ. — Կարօ Արսլանեան ծանօթ է մեր ընթերցողին որպէս բանաստեղծ, որ բազմիցս հիւրընկալուած է «Հորիզոն գրական»ի էջերուն վրայ։ Այս թիւով կը ներկայացնենք հեղինակի արձակ էջերէն նմոյշներ։

ՉԱՊՐՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՆ

Հինգ սարսափելի ու հրեղէն ձմեռներ անցած էին: Քաղաքը յոգնած էր ու կիսամեռ: Մարդոց դէմքերը խինդ ու ծիծաղի գերեզմաններ էին կարծես:
Չքաւորութիւնը գրեթէ բոլոր դռներէն ներս մտած՝ իր ապահով բոյնը հիւսած էր, իսկ խաղաղութիւնը իր ճանապարհը կորսնցուցած անհասցէ նամակի մը պէս անտէր մնացած էր: Continue reading “ԵՐԲ ԱՆՑԵԱԼԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ”

Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն

Ս.Ա.Յ.

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Կարօ Արսլանեանի «Եթէ…» բանաստեղծական հատորը, Անտարես հրատակչատան կողմէ, խմբագրութեամբ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի։
Հատորը 96 էջերու մէջ կը մէկտեղէ բանաստեղծութիւններ խմբուած հետեւեալ բաժանումներուն մէջ. Եթէ սիրես…, Եթէ պայքարիս…, Եթէ աղօթես…, Եթէ հաւատաս…, Եթէ յուսաս… եւ Եթէ բաղձաս…։ Continue reading “Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ, պարկեշտօէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու:

Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Նորէն հոկտեմբեր ամիսն է:
Տերեւաթափը զգալի է, սակայն աշունը դեռ չէ հասունցած:
Մայթերը յոգնած են ու տժգոյն, ժպիտները լճացած են փողոցներուն կիսաքանդ անկիւններուն մէջ: Continue reading “ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Քու ժպիտիդ մէջ անցեալ, աչքերուդ մէջ երգ մը հին՝
Կրկին գտաւ իր հոգին,
Եւ քարացած հայեացքով սուզուեցաւ խորքն անցեալին՝
Փրկելու խենթ իր հոգին,
Ջերմ բարեւով համբուրեց կաթիլ մ’արցունք իր աչքին.
Վերադարձաւ իր հոգին,
Անվերադարձ այս կեանքի, թեքուելով դէպ անհունին՝
Խեղդեց ժպիտն իր հոգին:

Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”