ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Ծանօթ. խմբ. — Կարօ Արսլանեան ծանօթ է մեր ընթերցողին որպէս բանաստեղծ, որ բազմիցս հիւրընկալուած է «Հորիզոն գրական»ի էջերուն վրայ։ Այս թիւով կը ներկայացնենք հեղինակի արձակ էջերէն նմոյշներ։
ՉԱՊՐՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՆ
Հինգ սարսափելի ու հրեղէն ձմեռներ անցած էին: Քաղաքը յոգնած էր ու կիսամեռ: Մարդոց դէմքերը խինդ ու ծիծաղի գերեզմաններ էին կարծես:
Չքաւորութիւնը գրեթէ բոլոր դռներէն ներս մտած՝ իր ապահով բոյնը հիւսած էր, իսկ խաղաղութիւնը իր ճանապարհը կորսնցուցած անհասցէ նամակի մը պէս անտէր մնացած էր:
Հալէպի «Նոր Գիւղ» շրջանի թաղերէն մէկուն մէջ երկար տարիներու արհեստաւոր աշխատասէր Գալուստը անգամ իր արհեստանոցի դրան դիմաց սրճեփ մը դրած, անցնող-դարձողին սուրճ հիւրասիրելու պատրուակով՝ օրուան ապրուստը կը փորձէր ճարել:
Կողքի խանութներէն անգործութեան թթու հոտը գրեթէ ամբողջ թաղը կը բուրէր: Գէթ դառն սուրճի բուրմունքը եւ սիկարէթներու անվերջ ծուխը մաքրէր թաղի գարշահոտ օդը եւ բնակիչներուն պարգեւէր քիչ մը անդորր եւ մոռացութիւն:
Գալուստը բարձրահասակ, շէկ ու գրեթէ աշխատասէր մարդ մըն էր: Ամբողջ երազները վաճառած էր եւ անոնց փոխարէն առօրեայ վազվզուք մը գնած էր, որուն անունը «ապագան ապահովենք» դրած էր:
Վաթսունը անց էր ու կնոջը գուրգուրոտ հոգատարութենէն բացի ունէր երկու խանութ եւ երեք տուն:
Զաւկի սէրը չէր ճանչցած, թէպէտ ամուսնութեան առաջին տարիներուն ամեն միջոցի դիմած էր որդիական ճիչով մը տունը լեցնելու, բայց վերջապէս յանձնուած էր տիրոջ կամքին:
Համեստ էր ու պարզամիտ, շատախօս չէր, բայց մէկ-մէկ յուսահատ ու թթու խօսքեր նետելով կրնար ամենաջերմ սրտի զովութիւնը պղտորել:
* * *
Սուրիոյ անողոք պատերազմը կը շարունակուէր:
Ծիծաղախինդ Հալէպը իր բնակիչներով կեանքի նոր քարտէսներ կը գծէր:
Ոմանք առաջին օրէն իսկ որոշեցին լսել իրենց ոտքերուն ձայնը ու պանդխտութեան ցուպ մը ճարելով դուրս եկան քաղաքէն:
Ուրիշներ Հայրենիքը ապաստան ընտրեցին, այն հայրենիքը, որուն երազանքը միշտ փայփայած էին դպրոցական օրերէն:
Խումբ մըն ալ կառչած մնացին իրենց ծննդավայրին՝ այն կտոր մը հողին, որուն աւիշը ջերմացուցած էր իրենց «հայրենազուրկ» տարիները:
Բայց գալուստներու նմանները չէին պատկաներ այս խումբերէն եւ ոչ մէկուն, անոնք տեսակ մը կեանքի բանտարկեալներ էին, «ցկեանս ազատազրկուածներ», որոնք աչքով տեսած են, բայց հոգիով չեն հասկցած իրենց տեսածներուն ձեւերը, լսած են գարնանային մեղեդիներ, բայց չեն ըմբռնած այդ նուագներուն մեղրահոս ու կազդուրիչ արժէքը:
Գալուստին կինը՝ տիկ. Աշխէնը, քիչ-շատ ընթերցասէր կին մըն էր: Մօրը մէկ հատիկը: Հօրը կանխահաս մահը զինք ստիպած էր հեռանալ դպրոցական ապահով կեանքէն ու մօրը հետ աշխատելով յետաձգել իր ամենաջերմ կարիքը՝ երազանքը:
Գալուստին հետ ծանօթանալն ու ամուսնանալը երկար չէր տեւած, ընդամենը քանի մը ամիս եւ արդէն մէկ երդիքի տակ հազիւ կը համտեսէին կեանքի բարիքները:
Ի դէպ բոլոր հալէպահայերը իրենց սրտերուն մէջ ունէին եւ վստահ ունին համբերութեամբ շաղախուած ազնիւ սպասում, նուիրական երազանք մը, որ կտակուած է իրենց պապերէն եւ դպրոցական նստարաններուն վրայ զիրենք դարբնած է ազգային ու հայրենասիրական ոգիով:
Բայց Հալէպի երբեմնի օրերը հեռացած են ժամանակի սրընթաց վազքին հետ եւ կուտակուած համբերութիւնը շատ արագ նոսրացած էր, վախ ու սարսափը փոխարինած էին մարդու կենսական պէտքերը եւ անտանելի վիճակ մը իր ճիրանները երկարած էր գրեթէ ամեն ընտանիքի վրայ:
— Գալուստ, ի՞նչ կը սպասես, վիճակը օրէ օր կը վատանայ, — կ՚ըսէր Աշխէնը:
— Կնիկ, ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր երթանք, տարիներ աշխատեցայ, տուն-տեղ շինեցի, ո՞ւր ձգեմ երթամ:
— Ամեն մարդ ուր որ կ՚երթայ, մենք ալ հոն կ՚երթանք, եթէ կ՚ուզես Հայաստան կ՚երթանք, այո կ՚երթանք, շատեր գացին, վերջապէս մեր հայրենիքն է, տուն տեղ կը ծախենք ու կ՚երթանք:
— Ի՞նչ տուն-տեղ, ի՞նչ Հայաստան, տեղդ նստիր, երթամ աս տարիքէս յետոյ խայտառա՞կ ըլլամ: Հոն ապագայ չկա՛յ:
— Իսկ հո՛ս, հո՞ս է ապագան, հո՞ս է խաղաղութիւնը, կը տեսնես օրէ օր քաղաքը կը պարպուի. զոհերու թիւը օրէ օր կը բազմանայ, հո՛ս միայն մահն է որ կ՚իշխէ, ցաւն ու տառապանքը միայն մնացին փողոցներուն մէջ, որոնք դուռ-դուռ կը թակեն եւ անկոչ հիւրի նման ներս կը խուժեն:
Գալուստը ալ բարկացած էր եւ ըսելիք չունէր, քանի մը հայհոյանք քիթին տակէն մրթմրթալով ննջարան գնաց եւ իր քարայրին մէջ առանձնացաւ:
Տղամարդու քարայրը միշտ ալ տաքուկ տեղ է Գալուստի նմաններուն, որոնք իրենց մտքի մերկութիւնները ծածկելու համար յաճախ հոն կը դիմեն:
Ու կինը միս-մինակ իր անկիւնին մէջ կը փորձէ փայլուն կէտ մը գտնել, գէթ ամուսինը համոզելու՝ բայց ապարդիւն:
Անցան օրեր, շաբաթներ, ամիսներ քաղաքի վիճակը աւելի դաժան,աւելի տխուր դարձաւ: Գալուստին դէմքը աւելի մրոտ էր, քան իր պատրաստած դառն սուրճը: Յոյսը աւելի քիչ կ՚այցելէր իր հոգիին խորը, որ անիմաստ կրկներգի մը վերածուած էր: Խեղճ կինը չէր գիտեր ինչ ընէր… լեղի հաց մըն էր, որ կոկորդին մէջ կը խեղդէր ու կ՚այրէր իր սով զգացումը: Այո զգացական սով մը կը տիրէր իր կեանքին մէջ, սով մը որ շատ յաճախ չենք զգար, երբ շռայլ կեանքի մը զեխութիւնները կը վայելենք:
Քաղաքները ինչպէս կը ծնին, այնպէս ալ կը մեծնան, ալեհեր մարդու նման տարիքնին կ՚առնեն, բայց չեն մեռնիր, որովհետեւ իրենց երակներուն մէջ կը վազէ նոր սերունդներու թարմ արիւնը… իսկ Գալուստի պարագային, երեւի տարբեր էր: Անոր տան շուրջ երբէք տուներ չկառուցուեցան եւ իր տունը մնաց հոն, խոպան դաշտի մը մէջ մինակ:
* * *
Վաղ առաւօտ մը, Աշխէնը իր անկողինէն դուրս կու գայ, չորցած շրթները ումպ մը ջուրով ճեղքելու, յետոյ կ՚երթայ լուսամուտները կը բանայ, զով ու անցեալի բուրմունքը գրկող օդ մը կը շոյէ անոր աշնանագոյն դէմքը, յոյսի ժպիտ մը կը ծնի աչքերէն ներս, ականջները զարմանքով կ՚ընկալեն թռչուններուն ճլվլոցը, կուրծքը կը լայննայ եւ վաղուց մոռցուած ճիչով մը կը կանչէ Գալուստը:
Ուշացած կանչը կը մնայ անարձագանգ:
Քանի մը փորձ եւս, կը զարմանայ, ներս կը վազէ, ձեռքը կը բռնէ Գալուստին, իսկոյն կապուտակ երկինքը ձիւնամրրիկ մը կը բերէ եւ աչքերուն առջեւ կը թափէ:
Գալուստը հոն չէր, ծերացած անգղ մը պառկած է բարձին վրայ, փակ աչքերով որոնք միշտ ալ փակ էին: Ո՜վ գիտէ, գուցէ անոնք բանտարկած էին Գալուստին երազանքները եւ զինք դատապարտած էին խարխափելու ապագան, այն ապագան, որ շատեր կը բաղձան զայն գտնել, բայց երբեք ապրիլ:
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ
Անողոք պատերազմը դեռ կը շարունակուէր: Ծաղկաստան Հալէպի դէմքը չունէր անցեալի ժպտուն երանգը: Երիտասարդները անել կացութեան մատնուած էին: Տարեցներուն համար արեւածագը վաղուց կորսնցուցած էր իր գրաւչութիւնը:
Միութենական տղաք` պատասխանատուներ օր ու գիշեր ելքի մասին կը մտածէին:
Մինչեւ ե՞րբ հնչեցնել համբերութեան շեփորը, մինչեւ ե՞րբ տոկալ, մինչեւ ե՞րբ կտոր մը հացի փոխարէն յոյսով սնուիլ:
Ամեն տեղ քանդուած էր: ամեն տեղ մահը իր դրոշմն էր դրած: ամեն ընտանիքի մէջ կամ նահատակի, կամ հեռացած հարազատի ցաւը կը մխար:
Բայց Նարկիզին համար, ամեն բան ուրիշ էր: Կեանքով լեցուն քառասունն անց ըլլալով հանդերձ, յոյսի ջերմ բոյնը, որ սրտին մէջ հիւսած էր մինակ՝ դեռ ամուր էր եւ հիւրընկալ:
Նարկիզներ շատ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, սակայն քիչերը միայն կը նկատենք, մէկ-մէկ կը հմայուինք անոնց կամքի ուժով, բայց չենք մօտենար անոնց՝ գէթ իրենց ջերմ բոյնի հիւսքին օգնելու ճիգով:
Նարկիզի համար կրթուածութիւնն ու խիստ դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր գործօններ էին՝ կատարեալ ու բարեկեցիկ հասարակութիւն մը կերտելու համար:
Քանի մը վկայականներու արժանացած էր, գիշերը ցերեկին խառնելով անոնց մէջ իր հոգիէն կտոր մը դրած էր:
Գիրն ու գրականութիւնը սրտին մօտիկ էին, կարծես անոնց ձեռքերով կը շօշափէր իրական կեանքը եւ որպէս իրաւաբան կը մերժէր կտրականապէս անարդարութիւնը:
Կանանց իրաւունքներուն անվերապահ պաշտպանն էր: Վաղ տարիներէն կը պայքարէր, որ հայ կինը միշտ իր արժանապատիւ տեղն ու դերը ունենայ հայ ազգային կեանքէն ներս… եւ յաջողեցաւ:
Սուրիական տագնապի ցուրտ ու մութ տարիներուն երեւի շատ աւելի ուժ եւ յոյս ներշնչեց երիտասարդներուն, քան սովորական այլ պատասխանատուներ:
Ամեն օր, ամեն տեղ ըլլալով հայկական համայնքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն, իսկական թարգմանը դարձաւ անոնց իղձերուն:
Գարնանային ցուրտ առաւօտ մըն էր:
Նարկիզը սովորական իր ժպիտն ու երանդը դէմքին, թղթէ ծրարները ամփոփելէ ետք իր սեւ պայուսակին մէջ տան աստիճաններով հասաւ փողոց:
Շուրջը նայելով պահ մը երեւակայեց, թէ ամեն ինչ աւարտած է, պատերազմի փոխարէն խաղաղաւէտ եւ օրհնաբեր մթնոլորտը վերադարձած է կրկին:
Փակ խանութներուն դիմաց, ծառերը իրենց կանաչափայլ զգեստները հագած, բարի լոյս կը կը նետէին սակաւաթիւ անցորդներուն:
Երկինքը պայծառ էր եւ արեւը աւելի յուսալի կը շողար:
Քիչ մը թթուածին քաշելով կը սկսի դանդաղ քայլերով առաջանալ ու արագ միտքեր տարուբերել հոգիին մէջ:
Մէկ-երկու դրացի խանութպաններ, քիչ մը յոյսով ու հաւատքով զինուած կ՚աւլէին իրենց խանութներուն առաջ կուտակուած փոշին եւ իրենց բարի լոյսով նաեւ սրտերուն վրայ նստած յուսալքութիւնը:
Նարկիզը կ՚անցնի անոնց քովէն եւ ջերմ ժպիտով կը բարեւէ իր կարգին խանութպաններուն ու կը հարցնէ, թէ այսօր կազի շիշերը պիտի հասնի՞ն, քանի որ տան մէջ հիւանդ մայրը տաք պահելու, այլ միջոց չունի, բացի այդ կազի շիշերու միջոցով տաքցնող վառարաններէն:
Ապու Քարիմը (Քարիմ կը նշանակէ առատաձեռն մարդ) դէմքի գիծերը անորոշ ժպիտով մը ներկելով, «ինշալլահ» (Աստուծով կամքով) մը կ՚ըսէ:
Ու կը յիշէ իր աչքերուն մէջ, որ պատերազմները ոչ միայն մարդկային կեանքերը կը խլեն, նաեւ այնպիսի տարօրինակ եւ մուգ տեսարաններ կը ստեղծեն, որ մարդիկ ապրելու եւ գոյատեւելու համար կը ծախեն ամեն ինչ, առաջին հերթին սկզբունքն ու պատիւը՝ քիչ մը սնուելու, քիչ մը տաքնալու մէկ խօսքով քիչ մը պատսպարուելու համար:
Նարկիզ զգուշ էր, գիտէր, լաւ գիտէր մարդոց որակները, վերջապէս քառասուն տարիներու կանացի հարուստ փորձ ունէր եւ մարդու աչքի բիբին մէջ կրնար կարդալ անոր հոգիին բազմահատոր սեւ ու սպիտակ էջերը:
Կանայք համեմատաբար աւելի ուժեղ են երբ կեդրոնացած են: Անոնց բանականութիւնը աւելի բարձր թռիչք ունի քան զգացականութիւնը, սիրոյ ընկալումը նոր նուաճումներ կը թեւակոխէ միշտ եւ այդ պահուն արդարօրէն կը պահանջեն իրենց բաժինը տղամարդու կողքին հաւասարէ հաւասար՝ լուծելու մինչեւ անջրպետային խնդիրները:
Նարկիզը ճիշդ այս փաղանգին կը պատկանէր: Ան ոչ միայն ամեն տեսակի անհատական անիրաւութիւններու մոլեռանդ պաշտպանն էր, նաեւ Հայ դատի կամաւոր զինուորը:
Իսկական օրինակելի հայուհի, որուն համար Հայ տեսակի գոյութիւնը եւ ապագան անսակարկելի հարցեր են:
Ֆէյսպուքեան եւ այլ հասարակական ցանցերու եւ գրեթէ աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ իր փողփողող ճիչով համակած էր համայնքի երիտասարդները:
Մայրը ուրախ էր եւ անշուշտ հպարտ իր մէկ հատիկով, սակայն կ՚ուզէր, որ աղջկան սրտին մէջ հիւսուած ջերմ բոյնը, իրական օճախի մը վերածուէր եւ հոն լսէր իր մայրամուտին դեղնած օրերուն, թոռներու գարնանաբեր գեղգեղանքը:
Տեսակ մը իրաւունք է տարեց կնոջ մը համար, որ կեանք մը ամբողջ նուիրելով՝ կ՚ակնկալէ ամենաթանկ նուէրը նոյնինքն կեանքէն:
Բայց արդէն նման սպասումներ անիմաստ էին եւ թոռներու փոխարէն պէտք էր գրկել աղջկան տարած յաղթանակները:
«Աղջիկս, ուրախ եմ ու հպարտ քեզմով, զգո՜ւշ եղի՛ր, այս պայմաններուն մէջ վտանգաւոր քայլերու չդիմես, գիտեմ անվախ ես, սակայն վատ մարդիկ շատ», — միշտ կը յիշեցնէր մայրը:
«Մամ, մի՛ մտահոգուիր ես լաւ, գիտեմ պաշպանուիլ, պիտի քալեմ մինչեւ վերջ, ժողովուրդիս տագնապը իմ տագնապս է, ազգիս պատիւը ինծի համար սրբութիւն է, դուն անհոգ եղի՛ր: Ըսէ՛, ի՞նչ կ՚ուզես բերեմ դուրսէն, սիրտդ ի՞նչ կ՚ուզէ»:
«Քու առողջութիւնդ միայն, անփորձանք երթաս ու վերադառնաս», — աղօթաբոյր վանկերով կը կրկնէր մայրը:
Եւ ակնկալուածը եղաւ…
Սկիզբը քանի մը սպառնացող նամակներով փորձեցին սպառնալ, «վախցնել» Նարկիզը: Յետոյ տան դիմաց քանի մը անգամ սատկած կատուներու դիակներ շպրտեցին, բայց Նարկիզը մնաց անդրդուելի: Ընդհակառակը օրէ օր թուրքի հանդէպ իր ունեցած վրէժն ու ոխը աւելի ուռճացաւ, ժայթքելու պատրաստ հրաբուխի վերածուեցաւ, մինչեւ որ հասաւ իր նպատակին:
Ան քաջ գիտէր, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը գլխաւորաբար վայրագ թուրքին նախածրագրած ոճիրն էր:
Հիմա խաղաղ էր աւելի, թէեւ պատերազմի աւարտը դեռ կ՚ուշանար: Բայց չէ՞ որ մարդու կեանքն ալ տեսակ մը պատերազմ է, չարի ու բարիի անաւարտ պատերազմը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընկալումներուն համաձայն մերթ լուռ ու մերթ աղմկալի պատերազմ կը տանի խոտոր միտքերու եւ երեւոյթներու դէմ:
Ոմանք ինքնակամ շուտ կը յանձնուին, տեսակ մը գերին կը դառնան իրենց աչքով ընկալածներուն, իսկ հոգին միշտ ալ կրնայ պատերազմը շարունակել յանուն սիրոյ եւ բարութեան, յանուն անհասկնալի ու մրոտ երեւոյթը լոյսով կրկին մկրտելու: Կը ճաշակենք ցաւը եւ ցաւին ճամբով մեր մինակութեան կեանք կու տանք, մինակութիւնը կը վերածուի զոհասեղանի եւ այդ սեղանին վրայ յանուն մեր համոզումին, յանուն մեր երազներուն, յանուն արդարութեան կը զոհաբերենք մեր ամբողջական ուժը ու ճիշդ այդ պահուն կը ծնին աւելի կատարեալ, աւելի ուժեղ «մենք»եր:
Նարկիզի գիտակցութեան մէջ այս բոլորը բնական գոյներով ու երկնային ձայներով պատկերուած էին եւ ան յղի այս անարատ ապրումներով ու միտքերով, վերջապէս ծնաւ ոչ թէ նոր մինակութիւն մը, որ կրնար սովորական շնչաւոր մը դառնալ, այլ վերածնաւ հազարաւորներ, որոնք պիտի քալեն դէպի լոյսը արդարութեան, ուր այր ու կին հաւասարէ-հաւասար պիտի ճաշակեն իսկական սէրը եւ անոնց մարմինները պիտի չ՚այրին միայն սեռային հեշտանքներով, այլ հաշտարար կեանքի մը լուսաբացը պիտի դիմաւորեն ու պատերազմին քանդած հաւատամքի քարակոյտները հատիկ առ հատիկ կրկին շարելով պիտի կառուցեն իրենց հոգիներու անառիկ բերդը:
Քուէյթ