Հիմա արդէն

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Գիւղը ի՞նչ է , ես չգիտցայ
Հողը ի՞նչ է ,չհասկցայ…
Գիւղը ի՞նչ է, որո՞ւն պէտք է ,
Հողը ինչո՞ւ այս աստիճան պահանջկոտ է…
Որքան պիտի դեռ այս հողը քրտինք ծծէ,
Որքան պիտի դեռ այս հողը արիւն խմէ,
Որ գոհանայ իր պահանջքը Continue reading “Հիմա արդէն”

Վիրաւոր արագիլներու կայարանը

Այնճարի 80-ամեակին առիթով

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ գրեթէ ամենուրեք արագիլներու բոյներ կան: Արագիլները այնտեղ շատ կարեւոր պարտականութիւն կը կատարեն… Անցեալ օր Խոր Վիրապի ճամբուն վրայ խումբ մը արագիլներ տեսայ: Երիտասարդ զոյգ մը, փոքրիկ երեխայի մը ձեռքէն բռնած մօտեցաւ անոնցմէ մէկուն, սակայն փոքրիկը ուրախանալու փոխարէն վախցաւ ու լալու սկսաւ: Հայրը հանգստացուց փոքրիկը, բացատրելով թէ արագիլը բարի թռչուն է եւ օր մը պիտի իրեն քոյրիկ կամ աբերիկ բերէ: Փոքրիկը ուրախացաւ, մայրիկը ժպտաց, իսկ արագիլը հասկցաւ թէ շուտով պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ ու նորածին մը շալկած իրենց տուն տանի… Continue reading “Վիրաւոր արագիլներու կայարանը”

ԳԻԺ ԵՄ ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՄ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

1993 թուականին երբ որպէս արտասահմանցի ուսանող առաջին անգամ Երեւան հասայ, առաջին օրը չորս կամ հինգ անգամ խելագար հռչակուեցայ։ Ամենամութ ու ցուրտ թուականն էր, քաղաքը ոչ լոյս ունէր, ոչ ալ ջուր ունէր… Երեւանի մէջ շաբաթը երկու անգամ լոգանք ընդունիլը այդ ժամանակ շռայլութիւն կը համարուէր։ Իսկ ես հասնելուս պէս պայուսակէս օճառ մը ու անձեռոց մը հանեցի եւ Continue reading “ԳԻԺ ԵՄ ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՄ”

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Քանի մը օր ետք մենք ալ պիտի ունենանք Արարատին հետ ընտանեկան լուսանկարներու մեր հաւաքածոն: Հինգշաբթի առտու Հայաստան պիտի երթանք: Երեկոյեան արդէն Յաղթանակի այգիին դիմաց կը շարուինք ու առաջին նկարը հոն կը լուսանկարուինք: Երկրորդ նկար մը Կասկադի աստիճաններէն իջած ատեննիս եւ անպայման Արցախի ճամբուն վրայ, Խոր վիրապ կը հանդիպինք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քով քովի կը նստինք ու «Հայեացքնիս դէպի Մասիս» վերնագրով նկար մըն ալ հոն կը նկարուինք: Continue reading “ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ”

Գիրք ու բրինձ

Մութ ու ցուրտ տարիներէն…

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Առաջին երկու շաբաթը բրինձը խառնելով կ՚եփէի: Մէկ գաւաթ պարսկական բրինձին երկու գաւաթ հայկական ջուր, Լիբանանէն բերած «մաժի քիւպ» մը մէջը կը նետէի, մի քանի տեսակ Հալէպի համեմունք եւ անպայման Այնճարէն հետս բերած, մայրիկիս չորցուցած «նանէ»ի (անանուխ) փոշիէն քիչիկ մը վրան կը ցանէի: Հալէպահայերը կ՚ըսէին «նանէ»ն բրինձին հետ չ՚երթար, պարսկահայերը կը պնդէին թէ բրինձին հետ ամեն ինչ կ՚երթայ: Ես ալ համոզուած էի որ «նանէ»ն ամեն ինչի հետ կ՚երթայ ու ձեռքիս գործը կ՚ընէի: Յետոյ կը սկսէի խառնել մինչեւ որ ջուրը քաշուի: Ամենալաւ օրերուն մէջը ստեպղին մըն ալ կը մանրէի: Այդ օրերուն ստեպղինով փիլաւը մեր խորովածն էր: Continue reading “Գիրք ու բրինձ”