Հիմա արդէն

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Գիւղը ի՞նչ է , ես չգիտցայ
Հողը ի՞նչ է ,չհասկցայ…
Գիւղը ի՞նչ է, որո՞ւն պէտք է ,
Հողը ինչո՞ւ այս աստիճան պահանջկոտ է…
Որքան պիտի դեռ այս հողը քրտինք ծծէ,
Որքան պիտի դեռ այս հողը արիւն խմէ,
Որ գոհանայ իր պահանջքը
Որ յագենայ իր ծարաւը,
Ինչպէ՞ս պիտի ես այս հողին վերաբերիմ,
Որ այս ծառը չթառամի,
Անոր բերքը չնուազի,
Ես ինչ գիտնամ…

Ինչ է հողը ես իսկապէս չհասկցայ
գիւղը ի՞նչ է , ես չգիտցայ…
Ես չգիտցայ, հայրս գիտէր։
Հայրս գիւղին կապուած մարդ էր։
Հողի մարդ էր։
Հայրս հողին մտերիմն էր,
Հողին հետ միշտ խօսակից էր,
Երկար բարակ զրոյց կ՚ընէր,
Մէկ մէկ անոր հետ կը վիճէր,
Կը զայրանար, կռիւ կ՚ընէր,
Յետոյ հողին հետ կը խմէր,
Կը գինովնար, կը համբուրուէր,
Ու հաշտութիւն կը կնքէր։
Եւ այդ սիրոյ, մտերմութեան արգասիքը
կ՚ըլլար ծիլ մը,
Ծիլ, որ յետոյ կը դառնար ծառ
Ու կու տար բերք,
Շատ առատ բերք…
Հայրս գիտէր գիւղը ինչ է, ես չգիտցայ,
Հայրս գիտէր հողը ինչ է,
Սակայն ես դեռ չհասկցայ…

Ու չեմ գիտեր մնա՞մ արդեօք կապուած գիւղին
Ու հողին մէջ ցանք դառնամ,
Թէ լքեմ գիւղը երթամ քաղաք,
Ըլլամ այնտեղ ցիր ու ցան…
Որոշեցի, պիտի մնամ։
Ես ալ պիտի այս հողին մէջ ցանք դառնամ…
Չէ որ ես ալ ծառի բերք եմ..
Հիմա արդէն ծառը ես եմ…
Հիմա արդէն գիւղը ես եմ,
Հողը ես եմ,
Չէ որ հիմա հայրը ես եմ։

Այնճար

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *