Արհաւիրք — մարդոց եւ ընդերքի հարուածներուն միջեւ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ(*)

Պէյրութ, 7 փետրուար 2023

Օրուան վերջը տուն գալ, դուրսի հագուստները հանել, փոխուիլ, լուացուիլ եւ անցնիլ անկողին: Հերթականօրէն բանալ բջիջային հեռաձայնի քանի մը կիրառոյթներ, ստուգել օրուան նորութիւնները, պատասխանել քանի մը հոգիի նամակներուն, ապա փակել հեռաձայնը, անջատել անոր ձայնը, դնել քիչ մը հեռուն ու քնանալ. այս դարու սովորական մարդու մը սովորական օրուան սենարիոյին վերջին արարը:
Այդպէս ալ ըրի ես կիրակի գիշեր: Միայն այն տարբերութեամբ, որ վերը յիշածներուս վրայ տեղ մը աւելցուցի «Մանիֆեսթ» տեսաշարի քանի մը ժամի դիտումը:
Կիրակի օրերը ի՞նչ են որ. անցումային կէտ, վերջը շաբթուան մը եւ սկիզբ մը ուրիշի: Շարժումն այնտեղ անգոյ է, միապաղաղ ընթացք մըն է տիրողը, եւ այնտեղ յաճախ սպասում մը կայ գալիքի եւ երթալիքի, նամանաւանդ կէսօրէն ետք:
Այդպէս ալ չըրի՞ն ինծի պէս շատեր, հեռու ու մօտիկ, տարբեր ազգութիւններու ու համայնքներու մարդիկ. շատ հաւանաբար:
Պուրճ Համուտի մէջ բոլոր ժամերուն բոլոր տեսակի ձայները կրնան յայտնուիլ՝ փողոցի պողոտայէն անցնող մոթոսիքլէթի շարժիչին զգլխիչ ձայնէն մինչեւ շէնքի դրացիին ջրմուղի ականջ ծակող միանուագ ձայնը: Ուստի, քուն չանցած, վստահ կ’ըլլամ որ ականջիս դրած ըլլամ այն փականքները, որոնք այդ ձայներուն մուտքը պիտի արգիլեն ականջէս ներս եւ քունիս ղեկը պիտի չտան անոնց:
Կը քնանամ:
Կ’արթննամ:

* * *

3:17
Կ’արթննամ, բայց ոչ իմ ազատ կամքովս, ոչ թէ ձայնէ մը կամ լոյսի մը պատճառով: Կ’արթննամ ոչ իմ որոշած ժամուն: Տան մէջ ինծի հետ ապրող բարեկամս է, որ կ’արթնցնէ: Եւ ես կը զգամ, որ անկողինս կ’օրօրուի. բայց ո՛չ ես մանուկ եմ, ոչ ալ մայրս գլխուս վրայ: Թուականը 2023 է, եւ ես 97-ի ծնունդ երիտասարդ մըն եմ արդէն:
«Երկրաշարժ է», — ըսաւ ան, — «իջնենք», եւ երկուքս մէկ իջանք վար: Տաք անկողինը ձգելով, քունը տակաւին աչքերուս, ոտքիս տակ տարիներով կայուն գետինը խարխուլ դարձած էր այդ պահուն: Հրահանգի մը հետեւելով, կէս քուն-կէս արթուն, կը մոռնամ վերարկուս հագուիլ, հեռաձայնս առնել ու կը շտապեմ փողոց: Փողոցին մէկ կողմը բոլորովին մութ է, իսկ միւսը լուսաւորուած՝ արեւային ուժի վահանակներու շնորհիւ, իսկ մենք՝ զոյգս, միակն ենք, որ փողոցը ամայի սեպուելէն կը զրկենք: Մինասը՝ բարեկամս, ինձմէ քիչ մը աւելի պատրաստուած ըլլալով, հեռաձայնը հետը առած էր: Մէկ-մէկ կը նայէր Ֆէյսպուքի գրառումներուն՝ փնտռելով լուր մը: Չուշացաւ. «Երկրաշարժ Թուրքիոյ մէջ»: Առաջինը չէր. միշտ կը պատահի: Երկրաշարժի գօտի է այդ շրջանը ու տարին քանիցս անվնաս երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան այնտեղ:
«Հալէպ ալ զգացած են»: Այդ ալ ոչինչ. միշտ կը պատահի:
Ես գիտեմ երկրաշարժները ինչպէս կ՚ըլլան: Քանի մը երկվայրկեան տեւող, սեղաններն ու անկողինները պահ մը դղրդացնող ու լոյսերու քանի մը ճօճում յառաջացնող շարժումներ են անոնք: Արձագանգողներ ալ անպայման պիտի ըլլան ասոնց մասին. ոչինչ:
Բայց Մինասը չի բաւարարուիր այդ գրառումներով: Կ’անցնի այն կիրառոյթին, որ երկրաշարժին վայրը, գօտին ու ուժգնութիւնը կը ճշդէ: Մէկէ աւելի երկրաշարժներ տեղի ունեցած են, ըստ երեւոյթին, բոլորին ուժգնութիւնը 6 ռիխթրէն վեր, բայց միայն նշուած են անոնց տեղերը. տարողութեան ու ազդեցութեան գօտիին մասին տեղեկութիւն չենք տեսներ այնտեղ:
Կը վերադառնանք Ֆէյսպուք: Այնտեղ արձագանգողներու թիւը աւելցած է, հակազդեցութիւնները՝ աւելի սրած: Ուրեմն շատեր զգացած են, շատեր արթնցած, բայց հիմա ես անջատուած եմ այդ բոլորէն. հեռաձայնս հետս չէ: Արդեօ՞ք ծնողքս զգացած է: Պզտիկ զարմիկներս զգացա՞ծ են: Վախցա՞ծ են շատ, թէ՞ ընդհանրապէս քնացած մնացած են ու վաղը, այսօրուան արթունը տեղեկացնելու է քնացածին:
Յարաբերական խաղաղութիւնս գտնելով, կ’որոշեմ տուն ելլել: Արդէն սկսած էի պաղիլ, մսիլ. տաք վերմակի տակ նոյն հագուածով ո՞վ կ’ելլէ ցուրտ ու անձրեւոտ այս օդին: Տուն կ’ելլենք: Մինասը երկմտանքի մէջ է. չէ համոզուած տակաւին տուն ելլելու գաղափարին: Կ’առնեմ հեռաձայնս եւ ինչ տեսնեմ…
Հեռաձայններ՝ Գանատայէն, Հալէպէն, Լիբանանէն՝ Ուաթցափով եւ ուղիղ գիծով: Հարցը սկսաւ լրջանալ: Եթէ ինձմով մտահոգուած են՝ ես հազիւ թէ զգացի, բայց ըստ երեւոյթին ամենաշատ մտահոգուողը ե՛ս պէտք է ըլլամ: Զատ-զատ լուր տալու փոխարէն եւ ժամանակը խնայելու համար, ընտանեկան խմբակին մէջ ձայնագրութիւն մը ղրկեցի, ըսելով, որ լաւ եմ, ցնցուեցանք, բայց այնքան ալ չազդուեցայ, երազի պէս բան մըն էր: Բայց տակաւին պատասխանը կ’ուշանար ընտանիքէս. ոչ մէկը գրած էր ու լուր ձգած այստեղ:
Երկրորդ ցնցում մը տեղի ունեցաւ…
Հանդարտեցաւ…
Կ’որոշենք իջնել տունէն եւ ընթացքին կը տեսնենք բոլոր դրացիները, որոնք դռները կը բանան կարծես մեր հրահանգին սպասելով: «Իջէ՛ք», կ’ըսենք: Կը հետեւին:
Հիմա արդէն թաղը լեցուած էր, շատեր ինքնաշարժներու մէջ նստան ուղղակի, ուրիշներ կարծեցին, որ այս բոլորը դիտելու բան է եւ պատշգամներէն մեզի միացան. քաջալերելո՞ւ համար միթէ: Թաղը արդէն լեցուած էր. հիմա ամայի չէր:
Սկսայ Հալէպի հարազատներուս մէկ-մէկ հեռաձայնել:
Ով ալ ըլլար հեռաձայնին միւս կողմը՝ ինծի կը հաղորդուէր ահը, դողը, վախը, սարսուռը անոր ձայնին մէջ, ու տակաւին կը լսուէր լացը: Խուճապ մը կար հոն, եւ ես հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու, հեռաձայնային կապէ զատ ուրիշ ձեւով չէի կրնար ներկայանալ այնտեղ:
Չէ՜, այս անգամ երկրաշարժին հետ կապուած իրավիճակը պատկերացումներէս վեր էր եւ երեւակայութենէս դուրս: Համացանցին վրայ չարձագանգող մարդիկ ոչ թէ չէին զգացած այդ մէկը, այլ արձագանգելու մասին իսկ չէին մտածած: Անոնք տակաւին կ’ապրէին վախը եղելութեան: Երկվայրկեաններու պատճառով, ժամեր շարունակ կորսնցուցած էին իրենց համակ գիտակցութիւնը, կը դժուարանային զանազանելու երազն իրականութենէն:

Պէտք էր սպասել եւ միայն սպասել, որովհետեւ ո՛չ լրատուամիջոց հասած էր ամեն կողմ լուրեր տարածելու համար, ոչ ալ մարդիկ կրցած էին ճշդել աղէտին տարողութիւնը գիշերուան կէսին: Իւրաքանչիւրը տակաւին կը փորձէր ներկայանալ իր գոյութեան մէջ, կը ջանար վերադառնալ ցնցումին մէջ ապրած ակնթարթային անգոյութեան վիճակէն դէպի իրականութիւնը, դէպի կեանքը՝ իր նոր պատկերով արդէն: Տարաձայնութիւնները իրողութիւններէն արագ կը հասնէին, բայց ճշմարտութիւնը մէկ էր. եղածը շրջանին մէջ աննախադէպ էր՝ գոնէ այդպէս կ՚երեւէր վերջին 25 տարիները ապրած երիտասարդի աչքիս:
Իրավիճակը աւելի հասկնալու համար, ուզեցի «խանգարել» ընկերային շրջանակս նաեւ: Քանի մը հոգիի ձայնը եւ խօսածը լսելէ ետք, հասկցայ արդէն, որ պատահածը աղէտ մըն էր:
Տեսանիւթերը չուշացան: Իրարու յաջորդեցին շարքով՝ իրարու վրայ փուլ եկող շէնքերուն պատկերները: Սոսկում եւ աղաղակ՝ ամեն դի: Փրկարարներ փլատակներէն դուրս կը բերէին կքած, փոշիով ծածկուած շնչող ու անշունչ մարմիններ: Անձրեւոտ երկինքին տակ, ամայութեան մէջ անոնց տարածուող ճիչով ո՛չ միայն մարդկային, այլ անասնային սիրտը կը կոտտար: Այդ տեսանիւթերէն մաս մը Թուրքիոյ մէջ էր եւ այլ բաժին մը՝ Հալէպի արուարձաններուն մէջ, բայց տակաւին ոչ մէկ նկար, տեսանիւթ կամ ամփոփող լուր՝ Հալէպ քաղաքի ինծի ծանօթ թաղամասերէն…
Չըլլան՝ աւելի լաւ, բայց ցաւօք, անոնք եւս չուշացան:
Մեր թաղամասի գետնայարկերու երկաթները այլեւս իրենց տեղը չէին: Անոնց տանիքները փուլ եկած էին, իսկ անոնց վրայ կանգնող յարկաբաժիններէն ներս, իւրաքանչիւր ընտանիք ունեցած էր իր փորձառութեան ողբալի պատմութիւնը: Ամենօրեայ իմ ճամբուս վրայ գտնուող վայրեր կորսնցուցած էին իրենց հարազատութիւնը: Նորութի՞ւն էր այս մէկը: Ո՛չ: Բնական իսկ չէ, սակայն պատերազմին յաճախ ապրեր ենք նման երեւոյթ: Բայց բոլորը մէկ օրուան մէ՞ջ, կամ աւելի ճիշդ է ըսելը՝ քանի մը երկվայրկեաններու ընթացքի՞ն: Չէ՜, ահաւոր է:
Մոռնալով անձս եւ այն ցնցումը, որ հազիւ զգացի, կը շարունակէի հեռաձայնել ու հարցնել, նամակագրել ու տեղեկանալ: Հիմա արդէն տուները պարապ էին, բոլորը իջած էին փողոց՝ բաց տարածքներու մէջ, շէնքերէ հեռու: Ստուգելէ ետք բոլորին առողջ ու անվնաս ըլլալը, կ’ուզէի տեղեակ ըլլալ յատկապէս փոքրիկներուն հոգեկան վիճակին մասին, թէ անոնք որքանո՛վ զգացին երկրաշարժը, որքանո՛վ վախցան: Հարկաւ, այս բոլորը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէին իրենց վրայ, եւ միայն դրական պատասխաններ կ’ակնկալէի այդ հարցումները տալով: Ակնկալածիս չափ ալ չեղան սակայն…
Շատերուն բանականութեան մէջ տակաւին տեղ չէր գտներ այս եղելութիւնը, բայց անոնք չէին կրնար նաեւ ժխտել այն սոսկումը, որ ապրեցան: Անոնց շուրթերը տակաւին կը դողային, լեզուն կը կախուէր եւ արցունքը իրենց աչքէն չէր բաժնուեր: Մեծահասակներ, պինդ չըլլալով հանդերձ, կը ձեւացնէին արիասիրտ ըլլալ, չորս դին վստահութիւն ու ապահովութիւն ներշնչելու համար:
Ընկերներ միացած էին ազգականներու, բարեկամներ՝ միացած իրենց դրացիներուն, եւ բոլորը մէկ՝ խումբեր կազմած կը փորձէին ապրիլ ու գոյատեւել, մինչ քաղաքին մէջ, իրենցմէ ոչ շատ հեռու եւ թերեւս աչքին դիմաց, տապալած էին եկեղեցւոյ գմբեթներ, ինկած էին մզկիթի մինարէթներ, քանդուած էին բնակելի տուներ:
Այդ գիշեր քաղաքին պահակներն էին բոլորը, արթուն աչքերը անոր, որոնք երբեք չփակուեցան: Գիշերն այս անգամ չէր կրցած բերել իր խոստացած խաղաղութիւնն ու լռութիւնը, այլ բերած էր միայն սարսափն ու սոսկումը: Բոլորին կողմէ ընդունուած տան խաղաղ ըլլալը հիմա արդէն այդպէս չէր, այլ վախն էր բոլորին: Անկողինը տեղ մը չէր, որուն մարդ օրուան վերջը կրնար յանձնել ամեն բան, այլ տեղ մը, ուր կ’ապրէր վախն ինքնին: Պատերը ջերմ չէին այլեւս, այլ ճեղքուած, բեկուած, իրենց հարազատութիւնն ու ներշնչող երբեմնի ապահովութիւնը կորսնցուցած:
Լուրերը մաղէ կ’անցնէին: Տարաձայնութիւնները մէկ կողմ կը մնային եւ իրականութիւնը՝ միւս կողմ, իսկ ցաւը երկուքին մէջ ալ անխուսափելիօրէն ներկայութիւն էր…
Ազիզիէի մէջ շէնք մը փուլ եկած էր, ու զոհուած էին մայր մը եւ իր որդին, վիրաւորուած էին հայր մը եւ իր դուստրը, բոլորը նոյն ընտանիքէն: Ի՜նչ փորձանք…
Լո՜յս անոնց հոգւոյն: Համբերութիւն եւ մխիթարանք՝ մնացողաց:

* * *

Ուրեմն, այն վախը, որ պատանին, երիտասարդն ու ծերունին ապրեցան, այն ցնցումը որ զգացին, այդ մտատանջութիւնը, որ ամեն վայրկեան կ’ապրին, չարեաց փոքրագո՞յնն է: Ասոնք բաներ են, զորս չեմ ուզեր կշիռքի դնել ու կշռել, բաղդատել:
Շատեր, ժամեր ետք, վայրկեաններու համար վերադարձան իրենց տուները, տեսան այնտեղ տիրող իրավիճակը ու քանի մը ապրանք առնելով ետ իջան փողոց, գացին այս կամ այն եկեղեցւոյ կամ դպրոցի բակը, ուրիշներ հեռացան քաղաքէն: Ոմանք մնացին իրենց տեղը, չշարժեցան:
Իսկ ես, հոս, հեռուն նստած՝ դիտողի մը դիրքին վրայ, մէկ առ մէկ կը դարձնեմ վիտէօներն ու նկարները, խիղճս ա՛լ աւելի կը զգաստացնեմ, կը փշաքաղեմ մարմինս անոնցմով եւ կը մտածեմ…
Կը մտածեմ, թէ մարդկային մարմինը, ուղեղն ու ջիղերը պատրաստուա՞ծ են յաջորդաբար նման ողբերգութիւններ կուլ տալու, չե՞ն սպառիր անոնք: Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ պատերազմը, ամենօրեայ զրկանքը, սարսափը պայթումներուն, կորսնցուց իր հարազատը, հեռացան իրմէ շատեր, եւ յաճախ միայն փակ ականջներ ու սառն աչքեր գտաւ իր տառապանքներուն դիմաց: Հիմա ալ արտերկրեայ ուժեր բռնած են անոր օձիքէն ու չեն ձգեր զինք…
Ի՛նչ արդարութեան մասին է խօսքը այս կեանքին մէջ եւ այս աշխարհին վրայ:
Կը մտածեմ, թէ ինչո՛ւ միշտ սուրիացին պիտի ներկայանայ որպէս օժանդակութիւն աղերսող ձեռք, ինչո՛ւ տարիներ շարունակ անգործութեան նուազագոյն տոկոսները ունեցող, ինքնաբաւ եւ ապահով երկրի այս զաւակները այսօր աշխարհին պիտի ներկայանան որպէս խեղճուկ, անկար ու անօթեւան մարդիկ: Այսօրուան այս նկարներուն մէջ երեւցող այս ծանօթ ու հարազատ դէմքերը ինչո՛ւ կարեկցութիւն պիտի յառաջացնեն զանոնք դիտողին մօտ: Անոնք գիտեն նաեւ յաջողութիւններու հասնիլ, տիրանալ դիրքերու ու նախանձ շարժել. փաստն ալ այս մէկին՝ արտերկրի մէջ անոնց արձանագրած յաջողութիւններն են: Սակայն…
Սակայն վերջին տարիներուն այս հողը տուաւ միայն ցաւ, քանդեց տուն ու ընտանիք, ծծեց արիւն ու տարիներու քրտինք՝ տուաւ զայն քամիին, յանձնեց անցեալին, դատարկեց ներկան ու տատասկոտ դարձուց ապագայի ճամբան: Ու երբ մարդը տակաւին ձեռք չքաշած անորմէ՝ բնութիւնը ուժգին դրաւ բազո՛ւկն անոր վրայ…
Մանուկներու ճիչը դեռ որքա՛ն պէտք է բարձրանայ, հաւատացեալին աղօթքը դեռ որքա՛ն սրտի խորէն պէտք է բխի, իր զաւակները մէկ առ մէկ կորսնցնող ծնողքը դեռ որքա՛ն պէտք է աղաղակէ, որ Աստուած լսէ, կռնակը մէյ մը դարձնէ, աջը երկարէ ու փրկէ…
Բա՛ւ է:
Քիչ մըն ալ կ’ուզենք ապրիլ…

Պուրճ Համուտ

(Տարբերակ21)

*) Քրիստ Խրոյեան Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտ է։ Աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքը: Եղած է ուսանող Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին։ Ապրելէ ետք սուրիական պատերազմին ամբողջ արհաւիրքը, հեռացած է Հալէպէն 2021 թուականին եւ տեղափոխուած է Պէյրութ, Լիբանան։ Կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին գրական եւ գիտական յօդուածներով: Հորիզոն գրական»-ի աշխակիցն է 2019-էն ի վեր։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *