ԶՐՈՅՑ — «ՍՏԵՂԾԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԸՆԹԵՐՑՈ՛Ղ ՍՏԵՂԾԵԼ»

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ն հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»։ Զանազան առիթներ եղան, որ արտայայտուինք մեր մամուլի վիճակին մասին։ Փափաքեցայ տարին չաւարտած նաեւ այդ մասին զրուցել Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայ գիր ու գրականութիւն կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) եւ, իր այլազան մտաւորական աշխատանքներուն կողքին, ահա երեքուկէս տարիէն աւելի է խմբագիրն ու վարիչն է Հայերէն blog գրական բեղուն կայքէջին (https://hayerenblog.wordpress.com)։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ հեռուէ-հեռու, մի քանի փուլերով՝ օգտուելով հաղորդակցութեան առկայ դիւրութիւններէն։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Continue reading “ԶՐՈՅՑ — «ՍՏԵՂԾԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԸՆԹԵՐՑՈ՛Ղ ՍՏԵՂԾԵԼ»”

ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ի.Չ.

Երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական գիտաժողովը, ուրբաթ 27 եւ երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Մաղարդայ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմին կազմակերպութեամբ, մասնակցութեամբ տասնեակ մը հայագէտներու եւ յարակից բնագաւառներու մասնագէտ ուսումնասէրներու Թաւրիզէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն եւ Թուրքիայէն։ Continue reading “ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեր անցեալ թիւով տուինք Հայերէն blog կայքէջի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի հետ զրոյցին առաջին մասը։ Այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր շարունակութիւնը։
Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայերէն blog-ը երկու տարեկան է։
Առիթն է, որ անոնք, որոնք երբեք չեն լսած իր մասին, գաղափար մը ունենան, թէ ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ընէ այս կայքէջը, ի՛նչ կ՚առաջադրէ։ Իսկ, անոնք, որոնք արդէն անոր այցելուներն են, պարբերական թէ յաճախակի, առիթ ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր հիմնադրին, վարիչին, խմբագրին, ոգիի՛ն։ Այսինքն՝ Իշխանին։ Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս”