Վ.-Ա. Ա.
Այդ տարին յատկանշական էր։ Անկախութեան հռչակումէն հազիւ ամիսներ անց մենք արդէն պիտի վայելէինք ներկայութիւնը հայրենի մտաւորականներու, գործիչներու, արուեստագէտներու։ Անոնցմէ մէկն ալ էդմոն Աւետեանն էր՝ ծանօթ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ մանաւանդ՝ այլախոհ, որուն այցելութիւնը չէինք կրնար աննկատ ձգել։
Մոնթրէալ եկած էր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հրաւէրով՝ բուժման նպատակով, ու մենք, անմիջապէս որ տեղեակ եղանք, որոշեցինք հանդիպում մը կազմակերպել 1992 մայիս 13-ին, «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ՝ Հայ կեդրոնի «Թիւ 3» (մինչեւ օրս այդպէս անանուն մնացած) սրահին մէջ։ Իրարու լուր տալով քով-քովի բերինք 25 հոգի, որոնց համար Էդմոն Աւետեան անունը բան մը կ՚ըսէր վստահաբար։ Continue reading “25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ”