Յուշանկար

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ողջ մնայ «Կուկըլ մափ»-ը: Անոր շնորհիւ տասը րոպէ քալելէ ետք հասանք Ինսպրուկի(*) այն պարտիզակը որուն կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին հայկական գեղեցիկ խաչքար մը տեղադրուեցաւ 2016-ին: Քանի մը երկվայրկեան լուռ ու խորունկ հայեացք մը նետեցինք յուշարձանին, տակը գրուած գերմաներէնով յուշագրութիւնը կարդացինք, ետեւը երեւցող հրաշալի Ալպեան լեռնաշղթաներուն գեղեցկութիւնը գովերգեցինք ու նկատեցինք որ անոր շրջակայքը նստարաններ կան: Continue reading “Յուշանկար”

ՀԱՅԵԼԻ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

—Բարե՛ւ, հայելի՛:
—Ինչպէ՞ս ես:
Այդ առաւօտ շատ աճապարանօք էր երեւի: Նոյնիսկ չանդրադարձաւ, թէ որքա՜ն յոգնած ու կքած է: Նկատեցի՞ր՝ ինչպէ՛ս երեսը կը լուար. արա՛գ, վայրենաբա՛ր…: Ափերուն մէջ պա՛ղ ջուրը կը հաւաքէր ու կը հարուածէր դէմքին, նկատեցի՞ր: Ան երեսը չէր լուար…: Յետոյ, տեսա՞ր ինչպէս ձեռքերը կռթնեցուց մարմարեայ քարին վրայ, երկա՜ր շունչ մը քաշեց ու վիզը կամա՜ց մը վեր հանեց: Երբ դէմքը քեզի հանդիպեցաւ, երկվայրկեան մը դիտեց դէմքէն վար հոսող պաղ ջուրին եւ տաք ու աղի արցունքներուն կաթիլները ու հեռացաւ…: Continue reading “ՀԱՅԵԼԻ”