Արա Մանուկեան (Մխսեան)
Տիեզերային անէծք
Տիեզերքի անլոյս խորէն իբրեւ անէծք արարչական
սեւ գիշերին՝ սեւ բախտի պէս բացուող սե՛ւ վարդ,
սեւ աւիշով սնած տարփոտ փերթերուդ մէջ
կը սաղմնանայ սերմնափոշին առէջ-առէջ Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Տիեզերքի անլոյս խորէն իբրեւ անէծք արարչական
սեւ գիշերին՝ սեւ բախտի պէս բացուող սե՛ւ վարդ,
սեւ աւիշով սնած տարփոտ փերթերուդ մէջ
կը սաղմնանայ սերմնափոշին առէջ-առէջ Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն Նոր Գիւղի բանուկ ճամբաներու եզերքին բարձրացած կառոյցներու առաջին յարկը սովորաբար վարձու կը տրուէր հայ արհեստաւորներու, նպարավաճառներու կամ այլազան գործատէրերու։ Մեր թաղի հիւսիս Continue reading “ՊԱԽԱԼ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԶՆԻՒ”
Տղայ մը կար վտիտ, ազազուն, ներհուն,
որ շաբաթը չորս անգամ՝
կ՚երթար խանութ մը փոքրիկ —
լուռ ծուարած թաղին անկիւնը գողտրիկ —
տուփ մը աժան ծխագլանիկ գնելու։ Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Կաղանդի ծառի լոյսերուն նուաղկոտ շողերը հազիւ տեսանելի կը դարձնէին վտիտ ճիւղերէն կախուած համեստ զարդերը։ Անձրեւը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը տեղար դուրսը։ Կը տեղար մանաւանդ իրենց կպրապատ եւ դարուփոս տանիքին վրայ՝ միւս բոլոր Continue reading “Կաղանդի ծառի լոյսերը”
Հազար իննհարիւր վաթսունական թուականներու Հալէպի Նոր Գիւղ աւանի կարմիր պղպեղի փոշին տարբեր համ մը ունէր։ Բարկ, սակայն հրապուրիչ կծութիւն մը՝ զինք առաջին անգամ համտեսողը նախ՝ սաստիկ երկրաշարժի կ՚ենթարկէր, ապա՝ կը թովէր եւ իր համին ու հոտին հլու ու յօժարակամ ստրուկը կը դարձնէր: Continue reading “Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը”
Հալէպի Նոր Գիւղի «սերվիսի թաքսիներու տեղը», Վասպուրական ակումբէն քանի մը մեթր անդին, երեք մայրուղիներու խաչմերուկին վրայ՝ յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն, հայ մարդ մը երեկոները իր բացօթեայ շարժական կրպակէն՝ որ իսկականին մէջ կապոյտ ու կոկիկ ձեռնասայլ մըն էր միայն՝ զովացուցիչ (կազոզ), Continue reading “Պաղ կազոզ մարսողական”
ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ
ՀՈԳԵԽՌՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՂՕԹՔԸ
Անդորրութիւն մը տուր, ո՛վ Տէր,
Որ ըլլայ ամեն բանէ վեր.
Անդորրութիւն մը հոգեկան՝
Անստգիւտ եւ անզուգական…
Անդորրութիւն մը տուր ո՛վ Տէր,
Բալասան՝ հոգւոյս կարեվէր.
Անդորրութիւն մը իրական՝
Ո՛չ խաբուսիկ, անրջական…
Ենթագիտակցութիւնը, փաղաքուշ մօր մը պէս, երբեմն մառախուղի թանձր խանձարուրով մը կը պարուրէ մեր յիշողութեան այն բաժինը, որուն մտաբերումը հիմնայատակ պիտի կործանէր մեր «անբիծ» եսին մասին տարիներու ընթացքին փայփայած մեր համոզումը։ Continue reading “ԽԱԲԵԲԱՅ ԵՆԹԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ”