ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆԸ

Վահէ Օշականի «Գրական հռչակագիր»ը(1) կը ներկայացնէ իր գրական հանգանակը։ Կ՚ամփոփէ տարիներ շարունակ Օշականի արտայայտած մտքերը հայ մտածողութեան, հայերէն գրական լեզուի եւ նոր գրականութեան մը կարելիութեան, արեւմտահայերէնի գոյավիճակին, հայ սփիւռքեան իրականութեան եւ ինքնութեան մասին, որոնք իր մտաւորական վաստակի կորիզը կազմած են։ Հետեւաբար, իր իսկ գրածները եւ խօսածերը մօտէն դիտարկելու, հասկնալու եւ կամ Continue reading “ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ”

ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

12 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ծիծեռնակ կայքէջի երիտասարդական խումբը մէկտեղուեցաւ զրուցելու Վահէ Օշականի ՏԱՐԵԴԱՐՁ բանաստեղծութեան շուրջ։ Տեղի ունեցաւ տաք վիճաբանութիւն։ Տխրօրէն նշենք, որ ֆրանսահայ այս երիտասարդներուն համար բանաստեղծութեան պարոն Վրէժը ծանօթ կերպար էր։ Ստորեւ՝ Անուշ Պանիքեանի յօդուածը զրոյցին եւ իր մտորումներուն մասին։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

«Ասոնք մարդ պիտի չըլլան» կ՚ըսենք մենք՝ հայերս խօսելով անսկզբունք մարդոց մասին։ Արդեօք քանի՞ անգամ այս խօսքը ըսուեցաւ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ”

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԽԱՉԱՁԵՒՄԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Իմ գրասէ՛ր ընթերցող,
Վերջերս Վահէ Օշականի ստեղծագործական կեանքի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Միջնարար»-ը (բեմադրիչ՝Հրայր Անմահունի) ղրկուեցաւ ինծի իմ լաւ ընկերներէն, յայտնի ջրանկարիչ բժ. Յարութիւն Արմէնեանի կողմէ: Յղացք մը՝ որ լուրջ փորձ մըն է վեր հանելու այս գրական քուրմի ստեղծագործական արժանիքներն ու գեղարուեստական կերպարը: Յատկապէս հետաքրքրական ու շահեկան էին Մարկ Նշանեանի ու Գրիգոր Պըլտեանի վերլուծումներն ու Continue reading “ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԽԱՉԱՁԵՒՄԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…”

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Եթէ միայն անոնք լեռ չելլէի՜ն…
Օ՜, միամտութիւնը մեր ժողովուրդին, որ հաւատաց ամեն
բանի եւ չկրցաւ չափել ահաւորութիւնը դիւային ծրագրին…
Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (էջ 11)

Ծանօթ խմբագրութեանՕրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորը, խմբագրութեամբ Մարգարիտ Խաչատրեանի, որ Հայկազի գրքի այս երկրորդ հրատարակութեան կցած է ընդարձակ եւ ուշագրաւ վերջաբան մը։ Ստորեւ, ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր առաջին մասը։ Continue reading “ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ”

Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող Continue reading “Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս”

«ԱՐԵԳՆԱԶԱՆ» ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ԱԿՆԱՐԿ

ՇՈՂԵՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Պարիկներ, վհուկներ, հրեղէն ձի, անմահական ջուր, կախարդական աշխարհ:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու մօտ, հեքեաթները հարուստ են երեւակայական էակներով եւ անհնարին դէպքերով: Անոնք յաճախ կը պարունակեն իմաստուն խորհուրդ մը կամ բարոյական պատգամ մը: Երբեմն, հեքեաթներուն խորքը առասպելներէ սերած է: Երբ կը քերենք մակերեսը, կ՚անդրադառնանք թէ այս առասպելները (այստեղ myth իմաստով) իրենց հեղինակ ժողովուրդին համար խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունին:
«Արեգնազան» պատմուածքը առնուազն 130 տարիներէ ի վեր (եւ մինչեւ Continue reading “«ԱՐԵԳՆԱԶԱՆ» ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ԱԿՆԱՐԿ”

ՀԱՄԱՍՏԵՂԸ ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆՈՒ ԵՒ «ՄՇԱԿ»Ի ՄԱՍԻՆ

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Մշակոյթը ինքը հայ ժողովուրդն է։
Համաստեղ

Ազգը կրնայ հզօր բանակներ ունենալ եւ սակայն պարտուիլ
ու անցնիլ, երբ զօրաւոր չէ հոգեպէս։ Մեր գոյութեան գաղտնիքը
այդ հոգեկան մշակոյթին ուժն է, որուն ոչ մէկ թշնամի կրցաւ հասնիլ։
Համաստեղ

Համաստեղի (Համբարձում Կելենեան, 1895-1966) «Շրջանը եւ Րաֆֆի» ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը ներկայացնելու առիթ ունեցել եմ(1)։ Փորձեմ «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» քառահատորի Դ. գրքում (Երեւան, 2007) հրատարակածս ձեռագրերի եւ յօդուածների միջոցով (էջ 131-267) ներկայացնել գրողի կարծիքը մեր մշակույթի նշանաւոր դէմքերից մէկի՝ Գրիգոր Արծրունու (1845-1892) եւ ոչ պակաս նշանաւոր Continue reading “ՀԱՄԱՍՏԵՂԸ ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆՈՒ ԵՒ «ՄՇԱԿ»Ի ՄԱՍԻՆ”

Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գրելու մասին յաճախ գրած եմ, եւ ընդհանրապէս խօսքը ի՛նչ գրելուն մասին է եղած։ Այս անգամ սակայն հարցադրումը տարբեր է, ու անոր անդրադառնալուս պատճառը կամ շարժառիթը Le Devoir օրաթերթի 23-24 ապրիլ 2022 թիւի շաբաթական գրական յաւելուածի իր սիւնակին մէջ Louis Cornellier-ի ստորագրած «Écrire» («Գրել») յօդուածն է։
Ինչո՞ւ կը գրեն, կամ ինչո՞ւ կը գրենք, ընդհանրապէս։ Continue reading “Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)”

ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԵՏԱԼԵԶՈՒ ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆԻ ԱՐՁԱԿՈՒՄ

ՔՐԻՍՏԻՆԷ ԲԱԳՐԱՏԵԱՆ

Մարդկային մտածողութեան իսկական յայտնագործութիւններից մէկը կարելի է համարել մետալեզուի գաղափարը[1]: Մետալեզուն այն արհեստական, միջանկեալ լեզուն է, որի միջոցով ուսումնասիրւում է բուն լեզուն: Մարդու տրամաբանական գործունէութիւնը յանգեցրել է նրան, որ հնարաւոր է դարձել լեզուի կառուցուածքային առանձնայատկութիւնների հիման վրայ կոդաւորել մի նոր սիմվոլների լեզու՝ այն անուանելով մետալեզու: Continue reading “ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԵՏԱԼԵԶՈՒ ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆԻ ԱՐՁԱԿՈՒՄ”

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ «ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ ՈՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ» ԳԻՐՔԸ

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

բ.գ.թ., դոցենտ, Արցախի պետական համալսարան

Կորուսեալ ծննդավայրի վերյուշը, ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի յիշողութիւնները ուղեկցել են Արամ Հայկազին ամբողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքում, դարձել պատմութիւն եւ յուշագրութիւն, պատմուածք ու վէպ, որոնց կենտրոնում ինքն է՝ որպէս Գարահիսարի մնացորդաց սերունդ: 1949-1954 թթ. գրեց ու հրատարակեց «Ցեղին ձայնը» պատմուածքների երկհատորեայ ժողովածուն, 1962 թուականին՝ «Չորս աշխարհ» գիրքը, 1973-ին՝ «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» ինքնակենսագրական պատում-յուշագրութիւնը: Առաջին ստեղծագործութիւններից սկսած՝ կորուսեալ ծննդավայրն ու իր անցած ճանապարհը՝ որպէս ժողովրդի պատմական ճանապարհ, դարձան նրա հիմնական թեման, որ Continue reading “ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ «ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ ՈՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ» ԳԻՐՔԸ”