Ոչ եւս է Արա Արծրունի

Հոկտեմբեր 29-ին, 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ արձակագիր, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունին (ծնած 1932-ին, Պէյրութի մէջ):
Արամ Ա. կաթողիկոսը, անցեալ տարի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Արա Արծրունիի կուրծքը՝ առ ի գնահատանք անոր գրական բեղուն վաստակին։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յայտնած էր. «Արա Արծրունի անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն Հայ ժողովուրդին, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս իր գրչով ու խօսքով եղաւ մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն յուշարարը եւ առաքեալը: Եղաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան անվեհեր պաշտպանն ու քարոզիչը: Մեր համայնքէն ներս ունեցաւ իր ծառայական ներդրումը, մասնակից դառնալով ազգային, տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարմիններու, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ համայնքային ծրագիրներու իրագործման»:
Նաեւ, 2010 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ` իր թատրերգութիւններուն արեւելահայերէնի վերածուելուն առիթով, իսկ 2018-ին պարգեւատրուած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանով:
Արծրունի գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին:
Հրապարակագրական յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի եւ «Արծիւ»-ի մէջ: Անդամ եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան` 2012 թուականէն:
Արա Արծրունի գլխաւորաբար ճանչցուած է իր հեղինակած թատերախաղերով, սեռ մը, որ ընդհանրապէս աղքատ է ժամանակակից հայ գրականութեան բնագաւառէն ներս:
Ծանօթ է նաեւ, որ Արծրունիի պատմուածքները, յատկապէս` վերջին տասնամեակներունը, ընդհանրապէս կը պատկանին անհեթեթի եւ այլաբանական գրականութեան: Արձակագիր գրողը այն հազուագիւտ գրողներէն է, եթէ ոչ` միակը, որ իր ամբողջ սեւեռակէտին առարկայ դարձուցած է գրական դժուարին այդ սեռը: Այս ծիրին մէջ են յատկապէս «Ծուէնները» (Անթիլիաս, 2010) եւ «Allégoria» (Անթիլիաս, 2017) վէպերը, որոնք, հեղինակին իսկ բնութագրութեամբ, որակուած են «երեւակայածին վէպ»:
Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեանի բարձր կը գնահատէ մտաւորական Արա Արծրունի մտաւորականին եւ անոր գրական վաստակը: «Խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է եւ ճիշդ անոր համար է որ մտաւորական է», կը յայտնէ Յովհաննէսեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան մօտէն ծանօթ է Արծրունիի գրիչին։ Դանիէլեանի համար, Արծրունի միակն է, որ ժամանակակից սփիւռքահայ թատրերգութեան կը ներարկէ նորին շունչը. «Միջազգային թատրերգութեան նորարարութեան միտող մտահոգութիւնները կը գտնենք իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, անհեթեթի եւ այլաբանութեան շեշտադրութեամբ, յետարդիականութեամբ, որ երբեք միջազգայինէն փոխադրութիւն մը չէ մեր թատրերգութեան մէջ: Ազգայինին ընդելուզուած` համամարդկային մտասեւեռումներու արձագանգները կը գտնենք Արծրունիի բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ»:
Արծրունիի հրատարակուած գիրքերն են` «Վիրաւոր ծիծեռնակը» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1967, «Եղեռնի հետքերով» (հրապարակագրական), Պէյրութ, 1972, «Ես զոհ, ես դահիճ» (4 թատրերգութիւններու հաւաքածոյ), Ա. տպագրութիւն` Երեւան, 1993, Բ. տպագրութիւն` Պէյրութ, 1995, «Անաւարտ վէպը» (թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2006, «Ողջոյն…», «Պահածոյի տուփերը» (թատրերգութիւններ), Անթիլիաս, 2006, «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը», թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2008, «Թատրերգութիւններ» (երկու հատոր, ինը թատրերգութիւն), Երեւան, 2010, արեւելահայերէնի վերածուած, «5 թատրերգութիւններ», Պէյրութ, 2012, «Ծուէնները» (Երեւակայածին վէպ), Պէյրութ, 2017:
Այս տարուան ընթացքին Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը բեմ բարձրացուց Արծրունիի «Կոնտոլիզա, իմ սէր» թատերախաղը, իսկ այս օրերուն, դարձեալ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ Պէյրութի սրահներէն մէկուն մէջ կը բեմադրուի անոր «Մժեղը» թատերախաղը, արաբերէնով:

(Հայրենիք)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *