ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարիներուն արեւմտահայ սփիւռքի մէջ սկսած է զարգանալ ու տեղ ընել մտայնութիւն մը, թէ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը պէտք է ստանձնէ Հայաստանը: Առ այս կը գրուին յօդուածներ, կը ներկայացուին հայցեր, կը մշակուին ծրագրեր, կը կազմակերպուին համագումարներ՝ ի սփիւռս թէ ի Հայաստան, ուր ելոյթ կ՚ունենան շատ լուրջ ազգայիններ. ասոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ եւ արեւմտահայու նախաձեռնութեամբ՝ աւարտելու համար կատարեալ ձախողութեամբ մը:
Չկմկմանք, դարձդարձիկ ճամբաներէ չմօտենանք հարցին, այլ փորձենք եզը իր եղջիւրներէն զսպել. որքա՞ն իրապաշտ է նման ցանկութիւն մը: Որքանո՞վ Հայաստան կրնայ օգտակար ըլլալ լեզուի մը, որ կը կը գրուի ու խօսուի սփիւռքի մէջ, կ՚ուսուցուի սփիւռքահայ վարժարաններու մէջ, կը ծառայէ սփիւռքահայ մամուլին ու հրատարակչատուներուն եւ որոնց բոլորէն մազ մը իսկ փոխելու իրաւասութիւնը չունի ինք:
Այսքանը՝ սփիւռքի մակարդակին:
Որքանո՞վ լուրջ ու արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ այն միւս առաջարկները, որոնք կը բերուին ներհայաստանեան ծիրէ ներս, այսինքն՝ այստեղ բացուելիք դպրոցի մը կամ դպրոցներու ճամբով, ուր արեւմտահայերէն պիտի ուսուցուի, այստեղ հաստատուելիք աւաններու ու գիւղերու ճամբով, որոնք միայն արեւմտահայերով պիտի բնակուին եւ ուր միայն արեւմտահայերէն պիտի խօուի, եւ վերջապէս պետական—վարչական մակարդակի վրայ արեւմտահայերէնին համար ակնկալուած «պետական լեզուի» կարգավիճակով եւ այլն:
Այս բոլորը ցուշանիշ են անլրջութեան մը, որուն առաջին յատականիշը իր անիրապաշտութիւնն է: Այս բոլորը, այո, կը կրկնենք, էապէս անլուրջ ու անիրապաշտ մաղթանքներ են, որոնք ոչ մէկ իրագործում կրնան ունենալ ու ոչ մէկ արդիւնք կրնան տալ:
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար Հայաստան ըրած է մինչեւ հիմա, ինչ որ կրնար ընել, ու ասկէ աւելին չենք կրնար ակնկալել ու պէտք չէ ակնկալենք, եթէ չենք ուզեր աւելի խոր յուսախաբութիւններ կրել: Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանը շրջել կացութիւնը այն արեւմտահայուն, որ իր թաղային հայ դպրոցը կ՚անտեսէ եւ ժամ մը հեռուն գտնուող օտար վարժարանը կը ղրկէ զաւակը, կամ անոր, որ կեանքին մէջ մէկ տող հայերէն չի կարդար, կամ անոր, որ տան մէջ միայն օտար լեզու կը կիրարկէ, այլեւ անոր, որ կ՚արհամարհէ ամեն հայկական ձեռնարկ ու միջավայր ու դեռ կ՚արհամարհէ իր սեփական լեզուն ալ, որուն իւրացումին ու տիրապետումին համար պզտիկ մատն իսկ չի շարժեր: Ի՞նչ կրնայ տակաւին ընել Հայաստանը այնքան զոհողութիւններով պահուող սփիւռքահայ դպրոցներուն, ուր հայերէնի դասապահերը անամօթաբար ու հետեւողականօրէն կը նուազին եւ ուր հայերէնը ձեւականութեան համար կ՚աւանդուի միայն: Եւ վերջապէս ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստանը այն հայ խմբագիրին, որ նուազագոյն ինքնասրբագրումն իսկ յամառօրէն կը մերժէ յանձն առնել: Բաց աստի, չմոռնանք նաեւ, որ Հայաստան ունի ի՛ր հոգերը, ունի ի՛ր սփիւռքը, հետեւաբար ի՛ր լեզուն պահպանելու հարցեր, որոնք մինչեւ հիմա լուծում չեն գտած, որով ան չի կրնար բառնալ երկրորդ լեզուի մը հոգերը, աւելի քան բարձած է մինչեւ հիմա:
Թող որ իր պարտաւորութիւնն ալ չէ այդ:
Հայաստանէն աւելին ակնկալելէ առաջ՝ հարց տանք, թէ ճիշդ ի՞նչ կ՚ընենք մե՛նք՝ արեւմտահայերս, մեր սեփական լեզուի եւ մեր ինքնութեան փրկութեան համար: Որքանո՞վ մտահոգ ենք իրապէս անոր ճակատագիրով, ի՞նչ լուրջ նախաձեռնութեան դիմած ենք մինչեւ հիմա, կամ թէ իրապէս դիմա՞ծ ենք որեւէ լուրջ նախաձեռնութեան՝ դիմագրաւելու համար այս նոր ժամանակներու սպառնալիքները, թէ՞ կը գոհանանք քալելով տասնամեակներէ ի վեր փորձուած ծանծաղուտ ճամբաներէն՝ շատ աւելի ուշադիր ու հակամէտ ըլլալով մեր սնամէջ ու սնափառ հակումները գոհացնող ցուցամոլ ձեռնարկներու, քան թէ լրջօրէն մտածուած ու նպատակասլացօրէն ծրագրուած արարումներու:
Մենք պարզապէս կը նմանինք այն դասալիքին, որ ուրիշներու վրայ կը դնէ իր փրկութեան երաշխիքը, իսկ ինք մթին անկիւններու ապահովութեան կը վստահի իր պաշտպանութիւնը:
Աւելի փայլուն բախտի արժանի էինք, բայց ահա ուշացումով կ՚անդրադառնանք, որ համապատասխան տեսլականը պակսած է մեզի:
Պէյրութ