Մարմնացում եւ այլ բանաստեղծութիւններ

ՍԵՒԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ—ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ

Աշուն է։

Հասած եմ բնութեան մէջ,

ուր կանաչին մէջէն երանգներ կը ծլին

ու կեանքը գոյներո՜վ կը ցոլայ։

Հասած եմ խորհուրդին մէջ

ու կը փնտռեմ հին աշխարհը,

մանո՜ւկ հայեացքին

գաղտնիքները,

որոնք ապագայ առեղծուածին

ճանապարհը հիւսած էին

ու մտածումները,

որոնք կը թեւածէին

կեանքին բոլոր անկիւնները։

Խորհուրդին մէջէն

խորհուրդնե՜ր կը ծնին,

հին աշխարհը կը միանայ

խորհուրդին

բաղձանք մը ծիլ տալով։

Աշուն է…

Պա՞հն է կամրջումի,

Կամ հին ու նոր խորհուրդներու միացումի,

Կա՞մ նորաստեղծ երանգներով ընթացումի։

Նորահայեացքին մէջ կ՚արտացոլայ անցեալը

իր նո՜ւրբ երանգներով,

կեանքը մարմնացումն է խորհուրդին։

ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ

Խոր ժպիտն անբացատրելի է,

հոգւոյն երգն՝ անձայն,

մերթ որոնումը անհաս է

ու գաղտնիքը՝ ծածուկ։

Կեանքին խորը սուզուած

երազդ կը փնտռես,

իսկ երազիդ մարմնացումը

կ՚արտացոլայ հոգիէդ։

Արդեօ՞ք տատանող օրերուն

ու մթնշաղ զգեցած հորիզոնին

հայեա՞ցքդ է անթարթ։

Օրերէն ծնունդ առնող երանգները

կը գունաւորեն ճանապարհը ընթացքիդ,

իսկ անբացատրելի դէպքերը

անպատասխա՞ն կը մնան։

ԿԻՍԱՏ ԲԱՌԵՐՈՎ…

Ինչպէ՛ս փնտռեմ բառերս

այս դարուն խորքէն

ու գտնեմ փնտռտուքին ուղիները։

Կը փորձեմ կիսատ

բառերս ամբողջացնել,

մտորումներուս ու

փափաքներուս ընդմէջէն

սակայն, բառերս կիսատ են։

Կը փորձեմ որոնել…

Մարդկութիւնը,

կեանքն ու հոգին

սակայն, կիսատ են որոնումներս։

Կը փորձեմ կիսատ

բառերս ամբողջացնել

ամենուրէք ժպիտ որոնելով,

սակայն, բառերս կիսատ են։

Կը փորձեմ կիսատ

բառերս ամբողջացնել,

կամքին հզօրութիւնը

ու յարատեւութեան

գաղտնիքը տեսնելով,

սակայն, կիսատ են բառերս։

Ու կը փորձե՜մ կիսատ

բառերս ամբողջացնել,

սիրոյ տիեզերքն ու

յոյսին թեւերը փնտռելով,

Սակայն, կիսատ են բառերս։

ԱՊՐՈՒՄԸ ԿԵԱՆՔԻՆ

Պահ մը կանգ առաւ ժամացոյցը,

սլաքները դէպի

յիշողութիւն սլացան,

ճշդելու սահմանները օրերուն

ու բացատրելու անսահմանը

ապրումին։

Ժամ առ ժամ քալել

տարածքներէն

օրերուն ու կրել

պատգամներու շարան,

ապրումներու

քաղցր ու դառն ոլորտներ։

Գծել ճանապարհ ըղձանքներու

ու քարտէզագրել էութիւն մը

ջինջ երանգներով։

Փնտռել երազ մը

բիւրեղեայ շղարշով

եւ թաքուն բաղձանքներ

անծի՜ր հորիզոնով։

Հասնիլ խորհուրդի մը

յուշաթեւածումով։

Ապրումին անսահմանը

պահին մէջ կը խտանայ,

իսկ տարիներու կշռոյթով

կը բիւրեղանայ

կեանքին ապրումը։

ԵՐԱԶՆ ԱՆՑԱՒ

Ժամանակն անցաւ…

Ցաւ ընդգրկող յուշերու

շաւիղն ալ անցաւ,

ամեն բան կը պտտէր

երազին շուրջ

ու հոգին կաթիլ—կաթիլ

իր ծով աշխարհէն

ապրումներ, յոյսեր

կ՚ընծայէր երազին,

գէթ օր մը զայն

իրական տեսնէր։

Բայց օրերն անցան,

անցաւ սպասումը,

կեանքի անակնկալը

իր հետ բերաւ նո՜ր իղձ մը։

Յոյսն առաւօտին

պարփակեց արեւը ծագող,

իսկ երազը,

որ տարիներով հիւսուած էր,

անցաւ անշուք ծառի մը

շուքին տակ…

Հայեացքը չկրցաւ դէպի ետ նայիլ։

ԿԵԱՆՔ ՈՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Բնութիւնը…

Մայրամուտի պահ մը հեզ,

կեանքի երանգով գունաւորուած

ամպիկ մը նուրբ,

այգալոյսի բարեւ մը ջերմ։

Հեզ ժպիտը բնութեան

հոգւոյն մէջէն միշտ անցաւ…

Գաղտնիքը միեւնոյն է,

նոյն ընթացքը՝ ժպտուն ու թախծոտ,

որոնումը՝ հին ու նոր

ու միտքը՝ անհասին հայցող։

Իսկ կեանքը,

կեանքը լո՜ւռ կը դիտէ,

բնութեան մէջէն անցնող

յիշողութիւնը կը թերթատէ

ու բնութեան ծալքերուն նման

իր խորհուրդը կը հիւսէ։

Կեանք ու բնութիւն

առնչութիւնը իր դարերը

կը կերտէ։

 

Ապու Տապի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *