ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ — Լեւոն Շառոյեան, ՀԱՅ ԳԻՐԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏԱՐՕՆՑԻ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ

Ա. հատոր, հրատարակութիւն Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան, Հալէպ, 2025, 320 էջ
Վ-Ա.

Այս հետաքրքրական հետազօտական հատորը իրականացած է հրամանաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Մակար Ս. արք. Աշգարեանի։
Կողքի ձեւաւորումը եւ գիրքի էջադրումը՝ Հիլտա Մարգարեանի (Hilo Graphic’s)։
Տպաքանակը՝ 600։
Բովանդակութիւնը ունի երկու մաս, Ա. մասը՝ 195 էջ, նուիրուած մեր պատմական դէմքերուն՝ մատենագիրներ, մանրանկարիչներ, երաժշտագէտներ, ուսուցիչներ, ընդհանրապէս կրօնաւոր՝ սկսեալ Մեսրոպ Մաշտոցէն (Դ.-Ե. դար) մինչեւ Կորիւն Մկրտիչեան (ԺԹ. դար), յաւելուածաբար՝ Աղթամարի կաթողիկոսութեան գահակալները եւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբանները, իսկ Բ. մասը՝ 84 էջ, նուիրուած ժամանակակից դէմքերու՝ առաւելաբար բանաստեղծներ, արձակագիրներ, հրապարակագիրներ, ուսուցիչներ, Գալուստ Անդրէասեանէն Սասուն Գրիգորեան։ Բոլորը միասին՝ 90 անուններ։
Գիրքի աւարտին հեղինակը վերակենդանացուցած է աւանդական գեղեցիկ սովորութիւն մը, քանի մը սպիտակ էջեր ընծայելով ընթերցողին՝ իր տպաւորութիւնները արձանագրելու համար։ Լաւ գաղափար մը՝ յաջորդ սերունդին աւանդ մը փոխանցելու համար։
Հատորը ճոխացած է բազմաթիւ լուսանկարներով (երանի աւելի լաւ մշակուած ըլլային), քարտէսներով, գիրքերու եւ պարբերաթերթերու նկարներով։
Գիրքին գլխաւոր ներդրումը կարելի է ընկալել կարդալով Ա. մասէն իսկ առաջ զետեղուած նիւթերը՝ հայրենակցական միութեան ողջոյնի եւ դրուատիքի խօսքը, ուրկէ կը տեղեկանանք, թէ ան ատենին ունեցած հրատարակչական իր գործունէութեան կը վերադառնայ այս հատորի լոյս ընծայմամբ։ Միւս երկու գրութիւնները հեղինակինն են։
Նախ «Արեան ու սրտի տուրք մը՝ այս հատորը» վերնագրին ներքեւ ան կը շեշտէ այն «մեծղի դերը, զոր Տուրուբերան նահանգը կամ Տարօնի աշխարհը խաղաց՝ մեր ընդհանրական մշակոյթի ծաղկումին, տարածումին, յարատեւումին ու յաւերժացումին համար»։ Ապա կը խոստովանի, թէ «մեր այս աշխատասիրութիւնը հիւսուեցաւ ու մարմին զգեցաւ երկա՜ր տարիներու համբերատար աշխատանքով ու դանդաղագնաց կշռոյթով։ Զայն կարելի է նկատել 1957-ին Կարօ Սասունիի խմբագրութեամբ հրատարակուած “Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի” պատմագրքին անմիջական կցորդը, լրացուցիչ օղակը»։
Ապա «Տարօն եւ տարօնցիք (Մտորումներ Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան 100-ամեակին առիթով, 1917-2017)» վերնագրով բաւական մանրամասն կը գրէ մեր հայրենիքի այդ շրջանի պատմագրական զանազան փորձերուն մասին, Տարօն եւ Տուրուբերան անուններու ստուգաբանութեան մասին, ապա կու տայ զանազան պատմական եւ աշխարհագրական կարեւոր տեղեկութիւններ։
Կ՚արժէ այս կարճ ակնարկը աւարտել այս գրութեան վերջին տողերով։ Միութեան «դարադարձին առիթով, ոգեկոչելէ ետք մեր նախնիներն ու երէցները, ի՞նչ կարելի է մաղթել նորերուն, որոնք Տարօնը չեն տեսած կամ չեն ճանչցած, բայց անոր բնական ժառանգորդներն են օտար ափերու վրայ։
Երկու մաղթանք՝ Սասնոյ բարբառով.
— Կանա՛չ էղնի ձեր արեւ։
— Զձեր ազգի արեան վրէժ չեղնի՛ մոռնէ՛ք»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *