Եդուարդ Պոյաճեան
Ճարահատ կացութեան մատնուած, Գալուստ ուզեց գրել Կաթողիկոսին, պատմել անոր իր ցաւին եւ արժանապատուութեան մասին։ Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ, երանի սկիզբի օրերէն մտածէր ատիկա։ Կաթողիկոսը կը կարդայ իր գրել տուած նամակը, սիրտը կը լեցուի, կը բարկանայ անշուշտ այդքան անարդարութեւան դէմ, կ՚առնէ փետուրը ձեռքին մէջ, կը շոյէ մօրուքը ու մանիշակագոյն խոշոր գիրերով կը գրէ մասնաւոր կոնդակ, կը խայտառակէ Յանձնախումբը, տէրտէրները եւ ժողովուրդը։ Կը հրամայէ.
— Ջորեպան Գալուստին բարձր տուն, աղուոր հող։ Իսկոյն: Իսկոյն: Ինչո՞ւ կը մոռնաք որ Գալուստ կռուած է տաճիկի դէմ։ Խաչ, տուն ու կնիկ պաշտպանած է։
Կը մտածէ գտնել շուտով մէկը եւ այսպէս գրել տալ. —
«Թագաւորի եղբայր եւ հայ ազգի հայր պարոն Կաթողիկոս,
«Ահաւասիկ ես այն Գալուստն եմ որ հայերուն Զաւարեանը մեր լեռը բերաւ իր կտրիճ ջորիին վրայ. Վրթանէսը, ուրիշ ջորեպան մը, զայն չուզեց բերել. չխօսինք այդ մասին։ Ես բերի մարդը ձրի՝ քանի որ հայոց Մարդն էր անիկա։ Կտրիճ ջորիս վարձատրեցի անկէ վերջ. չխօսի՛նք այդ մասին։ Ես բարիք մոռցող չե՛մ: Լաւ կեր տուի ջորիիս. գրեթէ հանգիստ ըրաւ, շատ քիչ բեռցուցի։ Ատիկա խնդիր չէ, չխօսի՛նք այդ մասին: Ըսեմ .—
«Հայուն պալատը քանդուեցաւ, թագաւորները մեռա՛ն. մեր բուն հայրը անոնք էին, վերջը կաթողիկոսները եղան՝ քանի որ շատ բան գիտեն, ամեն ինչ լաւ կը հասկնան: Դուն, պարոն Կաթողիկոս, թագաւորներու եղբայր մըն ես, ինչպէս Զաւարեանը՝ որ գիտես, Ստամպուլի մէջ մեռաւ. սատանայի աղբանոց դառնայ տաճիկի ամեն քաղաք։ Զաւարեանը կարծեմ քու ընկերդ ըլլալու է. ան ինծի ալ օր մը «ընկե՛ր» ըսաւ: Մեր տունը միասին փիլաւ, թարմ սոխ եւ լոլիկ կերանք, թան խմեցինք. ինք կար, ես կայի, կինս՝ Գարունը կար, որ եկեղեցիի եւ կաթողիկոսի համար հոգի կու տայ: Խնդիրը այդ չէ սակայն: Ես ոչխար պիտի մորթէի ոտքին եւ հրաւիրէի ուրիշ մարդիկ ալ. Զաւարեան չուզեց . բարկացած՝ քիչ մնաց ծեծէր զիս։ Դրամը՝ հրացանի համար, ըսաւ. ոչխարն ալ, այծն ալ, թոնիրին ցախն ու ամբարին ցորենն ալ, ըսաւ. աչքերուն մէջ արցունք երեւցաւ: Երբ ինք այդպէս կ՚ըսէր, մարմինս փուշ-փուշ կ՚ըլլար։ Խնդիր չէ։ Անցած, հեռացած օր է ատիկա, անուշ եւ տխուր օր, պարոն Կաթողիկոս։ Լեզուիս ծայրը խօսք եկաւ, չըսեմ՝ չ՚ըլլար, կը պայթիմ: Քու օրհնած տէրտէրներդ՝ Տէր Պետրոս եւ Տէր Օսէփ, չսիրեցին այդ մեծ մարդը։ Տեսան հարուստ չէ՝ չմօտեցան. տեսան տոլմա, մսոտ եախնի եւ քիւֆթէ չկայ՝ փորերնին տնկած հեռացան ու պառաւներուն առջեւ բամբասեցին մարդը. «Մօսքօֆ է» ըսին . ծերերուն, մուխթարներուն եւ երէցփոխին ըսին՝ «Ասոր տեղը Էջմիածինէն հեռու է», «Մեր Անտիոքի Մարկոս եւ Մարտիրոս էֆէնտին ո՜ւր, սա մարդը ո՛ւր. ով գիտէ ո՞ր աղքատն է ասիկա, եթէ մօսքօֆ չէ»: Ըսին, պարոն Կաթողիկոս , բայց պատասխաննին Գալուստէն առին. չխօսինք այդ մասին: Ա.յդ տէրտէրներուդ՝ «աղա» ըսէ, «մուխթար» ըսէ, «դրամ» ըսէ . թող ձրի ուտեն, ձրի ապրին, իւղը շատկեկ ըլլայ, միսը շատկեկ, բրինձը շատկե՛կ. տուն կանչողը՝ շատկե՛կ. մինտէր դնեն իրենց, կնիկները խնդան իրենց, փորերնին տնկուի: Տէր Օսէփին պատիժը Աստուած տուա՛ւ, զինք երէցկինին գրկէն առաւ, դրաւ չոր հողին գիրկը. թող երթայ գերեզմանին մէջ ուզածին չափ պորտ տնկէ: Տէր Պետրոսին պատիժն ալ, պարոն Կաթողիկոս, հարկաւ դուն կու տաս, քանի որ ա՛լ ամեն բան գիտցար: Խնդիրը այդ չէ։ Այդ մարդը, չմոռնանք, Զաւարեանը, սուրբ մարդ մըն էր, գիտես ինք, իր միւս եղբայրները եւ ընկերները թուրքին բաւական դասեր տուին, խաչապաշտ հայուն վրէժը լուծեցին. Վան գացին, Սասուն գացին, Էջմիածին գացին: Ինքը Սուէտիա ալ եկաւ. Հայաստան եղաւ խաչի, վառօդի եւ հրացանի երկիր. ի՜նչ թուրեր խաղացին մէջտեղ, ի՜նչ պոմպաներ նետուեցան, պարոն Կաթողիկոս, մարդիկ մինչեւ Պերլին գացին մարդ զարկին. Պերլի՜ն. աշխարհի ո՛ր մարդը մինչեւ Պերլին կ՚երթայ, կը սպանէ, չի՛ փախիր. ո՛ր քաջը, պարոն Կաթողիկոս, ո՛ր քաջը…
«— Թագաւորի եղբայր եւ հայ ազգի հայր պարոն Կաթողիկոս,
«Ռումբի եւ հրացանի քաջ մարդիկը իրենց շատ մը եղբայրները ղուրպան տուին, գիտե՛ս. թող քոլերան եւ քոլերային բոլոր սեւերը մտնեն հայը չսիրող պետութիւններուն մէջ. արիւն, մոխիր եւ կրակ ելլէ անոնցմէ, ալարոն Կաթողիկոս, թագաւորներու պզտիկ եղբա՛յր Կաթողիկոս: Ինչո՞ւ։ Մենք քրիստոնեայ չե՞նք, մենք մարդ չե՞նք, պալա՞տ չունէինք, վանքե՞ր չունէինք, տուն եւ հո՞ղ չունէինք. լե՞ռը պակաս էր, գե՞տը պակաս էր, մեր կապոյտ կէօլերուն հաւասա՞րը կայ ուրիշ տեղ։ Յիսուս մեր թագաւորին նամակ գրեց. ուրիշ որո՞ւն դրած է։ Թող ըսեն Նոյ Նահապետ ո՛ւր գնաց, ո՛ւր կեցաւ. թող ցուցընեն մեր լեռնէն աւելի բարձր լեռ: Աշխարհի է՛ն բարձր տեղը հայունը ըլլայ, մե՛ր լեռը ազատէ բոլորը, ու մեզի ձդեն այսքան ցա՞ծ, այսքան վա՞ր. լեռը տաճիկի՞ն թողուն, խաչապաշտի խի՞ղճ է ատիկա. նաւերը հոն չե՛ն ելլեր եղեր, ջրհեղե՞ղ ըլլայ նէ կ՚ելլեն, Նոյ Նահապետին պէս խի՞ղճ ունին, բարի՞ են, որ իրենց նաւերը հոն ելլեն: Եթէ ճիշդ քրիստոնեայ ըլլան՝ իրենց նաւը կ՚ելլէ. այդպէս չէ՞, պարոն Կաթողիկոս . ծովուն մէջ ամե՛ն նաւ կ՚երթայ, տաճիկի եւ չինի նաւն ալ կ՚երթայ, մալկաշի նաւ ալ կ՚երթայ. խնդիրը նաւը վե՛ր հանելն է, Նոյ Նահապետին պէս. բուն քրիստոնեան Նոյ նահապետ եւ հայերն են, իրենք չե՛ն։ Խնդիր չէ՜. այսպէ՞ս կը մնայ այս կլոր աշխարհը. օր մըն ալ այս կլոր աշխարհին խոշոր ժայռերը իրենց գլխուն կը դպին, հայը հալածողներուն վրայ կ՚իյնան. թագաւորը կ՚երթայ, խնդիր չէ՛, կու գայ Կաթողիկոս, կու գայ Զաւարեան, կու գայ Հրայր, կու գայ Մուրատ, Սեպուհ, հազար տեսակ ֆետայի…
«— Պարոն Կաթողիկոս,
«Դուն անուշ մարդ ես, մօրուք ունեցող ծա՛նր մարդ ես, չե՛ս նեղուիր, մտի՛կ կ՚ընես: Նամակս երկար է եղեր կամ կարճ՝ կը կարդա՛ս, ի՞նչ դործ ունիս որ չկարդաս. քու գործդ այս տեսակ նամակներ կարդալը ըլլալու է արդէն, սրտէն եկած ճիշդ բաներ խօսող նամակներ. պատարագ կ՚ընես, շա՛տ լաւ. վերջն ալ այսպէս նամակներ կարդալու ես. նամակը լմնցեր է կամ ոչ՝ կը կարդաս, յետոյ կը կարգադրես, մօրուք ճերմկցուցած ծա՛նր մարդ ես դուն. այդպէս ընելու ես անշուշտ, գիտե՛ս:
«— Հիմա նայէ՛, ըսեմ :
«Մեր տեղը Հայաստանի մը պէս էր, գիտե՛ս : Ունէինք տուն, պարտէզ, ջորի, ջաղացք, խանութ, ուրիշին կերցնելու հաց: Լաւ էինք: Տարիներ անցան, մեր բախտը, ճիշդ հայո՛ւ բախտ, եղաւ գէշ. թուրքը զօրացաւ. դուն գիտե՛ս ով զօրացուց . խաչապաշտ տէրութիւններ մեզի երես դարձուցին. բոլորին դէմքը թթու եղաւ, ու սիրտը քար։ Ձգեցինք տուն տեղ, եկանք այս պարապ դաշտին մէջ չորցանք. հոս փոշի եւ ջուրի ագռաւ կայ միայն, պաղ հով մը եւ պզտիկ թուփեր. ապրիս՝ ապրիլդ չի գար, մեռնիս՝ մեռնիլդ չի գար հոս: Պիտի համբերենք։ Բայց ես խնդիր մը ունիմ. պզտիկ խնդիր մը չէ այդ խնդիրը. մեծ խնդիր մըն է, որուն ծայրը ես չեմ տեսներ. ա՛յնքան մեծ է անիկա։ Իմ տունս հոն տեսնէի՛ր՝ դժուա՛ր կ՚ելլէիր այդ տունէն. Կաթողիկոսի տուն կ՚ընէիր, կը նստէիր. հայերուն եւ Զաւարեանին սիրո՛յն ես ելայ. ասոնց խաթրին համար դո՛ւն ալ կ՚ելլէիր. կը բռնէիր ձիւնի պէս ճերմակ մօրո՛ւքդ՝ «ելլե՜նք», կ՚ըսէիր։ Ելանք։ Ձգեցինք բարձր տեղը, իջանք ծուռ ճամբաներու մէջ, ու գացինք միշտ վար. հասանք Պասիթ՝ մնացինք . Տէ՛րը զիտէ ինչեր քաշեցինք. ու նաւուն մէջ՝ Թրիփոլի, ու գոմէշ հոտող վակոններուն մէջ՝ Հոմս, Պաալպէք, Ռայագ։ Ու քամիոններու վրայ՝ իրիկուն մըն ալ իջանք այս դաշտը : Այն ի՜նչ, այն ի՜նչ երկար աշնան գէշ իրիկուն էր, այն ի՜նչ պաղ էր, այն ի՜նչ պարպել մըն էր զմեզ փոշիներուն մէջ. ամբողջ ժողովուրդ մը աւլուքի պէս կը թափե՞ն, իրիկուն մը, անապատի մը մէջ. Աստուած թող պատճառ եղողները աւլուք ընէ, եւ աղբանոցի մէջ թափէ:
«Մնացինք։ Վրան տուին, տուն շինելու սկսանք: Շինեցինք։ Հիմա տուները կը բաժնեն։ Անիրաւութիւն կ՚ընեն ինծի ։ Յանձնախումբը ցեխի մէջ կը խոթէ զիս. կու տայ ինծի տուն՝ ցած դաշտին ցած անկիւնէն: Ես ո՞րդ եմ որ այդտեղերը բնակիմ, ո՞րդ՝ պարոն Կաթողիկոս , թագաւորի՛ եղբայր։ Խնդիրը սա է. ես հոդ չեմ նստիր, բզիկ բզիկ կ՚ըլլամ՝ չե՛մ նստիր. թող սատանաները նստին։ Անգամ մը եկուր տե՛ս, կը նստուի՞ այդտեղ, չկռուած մարդիկ, խառնակիչ մարդիկ, գող ու գինո՛վ մարդիկ թող նստեցնեն հոն։ Կը խնդրեմ, կ՚աղաչեմ, կը պաղատիմ՝ որ գրես Յանձնախումբին. հրամայէ՛ իրենց եւ ըսէ, — Գալուստին տունը պիտի ըլլայ բարձր եւ մէջտեղի տուն մը. եթէ չէք գիտեր գիտցէ՛ք՝ որ Գալուստ միայն ջորեպան չէ եղած. հայն ալ միայն մուհաճի՛ր չէ եղած. եղած է բարձր, եղած ազատ եղած թագաւոր»։ Իմ խօսքս լմնցաւ. կը վստահիմ ձիւնի պէս ճերմակ մօրուքիդ եւ աջողութիւն տարիներուդ: Աստուած քեզի ուժ եւ կարողութիւն տայ»:
Նամակը պիտի ըլլար ճիշդ այսպէս. երկար եւ լեփ–լեցուն: Թագաւորի եղբայր Կաթողիկոսը, նայինք ի՛նչ պիտի ընէր. պիտի կարգադրէր, անշո՛ւշտ պիտի կարգադրէր խնդիրը։
Մտածեց յետոյ՝ որ Կաթողիկոսին միայն գրելով քիչ կ՚ըլլայ եւ կատարելապէս սիրտը ապահով չ՚ըլլար. կրնայ ըլլալ որ խնդրանքը մերժուի, կամ յետաձգուի. արդէն այս օրերուն ամեն ինչ եւ ամեն մարդ հակառակ կ՚երթայ իրեն. կը նայիս մէկ ալ՝ չեմ խառնուիր կ՚ըսէ: Եթէ չխառնուի՝ հատ մըն ալ գրելու է — կ՚որոշէ Գալուստ —, Յեղափոխական Կոմիտէին: Այս անգամ սակայն քիչ մը ուրիչ ձեւով: Ըսելու է. —
«Պարոն Հայաստանի Կոմիտէ,
«Քու մեծիդ ջորեպանը քեզի կը գրէ. սիրտը նեղուած է, ինչո՛ւ չգրէ. միթէ մեծիդ ոսկորը, Ստամպուլէն մինչեւ Կիլիկիա, մինչեւ Մուսա Լեռ՝ քեզի համար արժէք չունի՞. ո՞վ ես որ անոր յիշատակը միտքէդ կ՚ելլէ, ո՞վ է Յանձնախումբը որ Զաւարեան անունէն լուր չունի. Ան այսպէս բան կ’ընդունէ՞ր, ըսէ՛, արդեօք մէկ վայրկեան այդ տղաքը կ՚ապրեցնէ՞ր . փոշիի պէս չէ՞ր ցրուեր զանոնք. կը ձգէ՞ր որ ուզածնին ընեն, մէկուն արժէքը չգիտնան։ Կը շինե՞ն թէ կը քանդեն հիմա: Մե՜ղք այս օրուան յեղափոխականներուն. ոչ Զաւարեան ունին, ոչ Անդրանիկ փաշա. ոչ Սերոբ ունին, ոչ Դուման ունին: Ճիշդ չե՞մ, պարոն Հայաստանի Կոմիտէ. պիտի ըսես՝ — այդ ջորեպանը այս անունները ուրկէ՛ գտեր է, անպայման նամակ գրողը միտքը ձգեր է։ Չե՛մ ընդունիր։ Այս անունները ես իմ գիտնալովս կ՚ըսեմ: Ջորեպան եղած ենք ըսելով հայ Ժողովուրդը մոռնա՞նք. Արմէն Գարօ, Բարգէն Սիւնի եւ Ռոստոմ չըսե՞նք, այն Քրիստոսի անունով մարդուն անունը չտրուի՞. ջորեպան ենք ըսելով քիւրտի՞ անուն սորվինք, տաճիկի եւ քիւրտի՞ անունը սորվինք. լաւ հայը ջորեպան ալ ըլլայ՝ կը գիտնայ բաներ, որ ուրիշ ազգի դպրոցականն իսկ չի գիտեր. ես լա՛ւ հայ եմ. իմ անունս ոչ Վրթանէս է, ոչ ալ Ձէթ–Առաքել. Գալուստ է։
«— Պարոն Հայաստանի Կոմիտէ ,
«Հիմա ես յեղափոխական չեմ տեսներ. կը տեսնեմ՝ թուլցած մարդիկ, աս ան ծաղրող, ասոր անոր սուտ բաներ րսող, օղի խմող, թուղթ խաղացող մեծ ու պզտիկ տղաներ։ Ի՞նչ ըրած ունին, բան մը կ՚ընե՞ն, ի՞նչ բանի պէտք են. տեղ մը կռուեցա՞ն, տեղ մը արդարութիւն մը ըրի՞ն. ե՛ս ըսեմ քեզի անոնց ըրածը, ընելիքը։ Մէկուն լաւ տուն, մէկուն գէշ, մէկուն լաւ հող, մէկուն գէշ. դեռ լաւը լաւին տան՝ լա՛ւ. գէշը լաւին, լաւը գէշի՛ն կու տան. աս է որ խելքիս չի պառկիր, աս է որ գէշ է, աս է որ կատղեցուցեր է զիս:
«Յետոյ.
«Մէկը ծերացեր է. կը մտածեն՝ մեռցնենք։ Իրենք պիտի չծերանա՞ն։ Ինծի համար ինչե՜ր ըսին. ինչ է, ես բարձր տուն կ՚ուզեմ եղեր։ Յանձնախումրը միայն ա՛ս կը մտածէ, ուրիշ մտածող չկա՞յ. ո՞ւր էին երբ ես բերի խմորը։ Իրենց միտքը չի՞ գար բնաւ իմ տունս, այն ամպերուն դպող ժայռը, այն կաղնին, որուն տակ նստաւ հաց կերաւ քու մեծդ, Սիմոն Զաւարեանը։ Ըսել է ան ալ գար՝ Յանձնախումբ ըսուած ծուռ մարդիկը զինք պիտի ծաղրէին, պիտի տանէին ցած տեղ մը, ամբողջ հայ գիւղերը ձգելով ամօթի մէջ. հայ մարդը մարդու երես պիտի կրնա՞ր նայիլ: Յեղափոխականը ա՞յսպէս կ՚ըլլայ, բուն մարդը սուտ մարդէն պէտք չէ՞ ուրեմն զատէ։ Ե՞ս կ՚ըլլամ յանցաւորը երբ սիրտս բարձր տեղ կ՚ուզէ: Կաթողիկոսին գրեցի, ըսի իրեն՝ թագաւորի եղբայր ես դուն, կարգադրէ սա գործը: Պատասխան իսկ չտուաւ. սխալեր եմ, պարոն Հայաստանի Կոմիտէ, սա վիճակը ունեցող ո՞ր մարդը չի սխալիր. կարծեցի իսկապէս թագաւորի եղբայր է, մե՜ղք։ Թագաւորի շուքի իսկ չնմանեցան սա հիմակուան կաթողիկոսները. մտեր են տեղ մը եւ աչքերնին գոցեր՝ կը քնանան: Քանի՜ տարի է, ո՞ր գիւղացին կաթողիկոս մը տեսաւ. իրաւ որ՝ սխալե՛ր եմ. ի՞նչ թագաւորի եղբայր, խոշոր քահանայ են միայն, մեծ մեծ տէրտէրներ… ամեն մէկը՝ աւելի գիրցած Տէր Օսէփ մը, ամեն մէկը՝ աւելի տարիքոտ Տէր Պետրոս մը: Եթէ դուն ալ չըլլայիր, պարոն Հայաստանի Կոմիտէ, Յանձնախումբը, պզտիկ մօրուք, մեծ մօրուք՝ կը խենթացնէին Գալուստը։ Օր մը չէ օր մը՝ Հայաստանի բուն թագաւորը դուն ես, եթէ հիմակուան պէս չըլլաս. եթէ ծանր ըլլաս, խորունկ մտածես, արդա՛ր ըլլաս: Իրաւունք գիտցող մարդը զօրաւոր կ՚ըլլայ, չի յաղթուիր, իյնայ ալ՝ ոտքի՛ պիտի ելլէ, պիտի քալէ եւ ուզած տեղը հասնի՛: Հին կոմիտէները արդար էին, մեծ էին, տաք էին. ժողովուրդը կը քնանար՝ անոնք կը հսկէին. կը պտտէին, կ’ըսէին՝ նայինք այս ժողովուրդը ի՞նչ լաւ կողմեր ունի, ի՞նչ գէշ կողմեր ունի, ի՞նչ կը մտածէ, ի՞նչ տեսակ բաներու պէտք ունի. կ՚ըսէին՝ այս ժողովուրդը անուշ ժողովուրդ է, մենք իրեն մատաղ։ Բռնած էին ժողովուրդին ջիղը, ժողովուրդն ալ ամբողջ սրտով կապուեր էր անոնց։ Դուն գիտես, Զաւարեանին մեծ եղբայրը ի՛նչ տինամիդի գնաց, միւսը ի՛նչպէս եղաւ։ Հիմա ամեն տեղ կարծես բան մը փոխուեր է, բան մը աղտոտեր է, բան մը փլեր է, փտեր է. զգոյշ, մէջտեղը որդ չըլլայ, որդերուն նայեցէք. մէկը խաչի ետեւէ չ՚երթար, մէկը սուրի ետեւէ. Կաթողիկոսը եւ Կոմիտէն պէտք է իրաւունքի ետեւէն երթան՝ խաչով եւ սուրով. ըսեն, գրեն եւ գո՛րծ տեսնեն. մե՜ղք այս ազգին մեծերուն, ամեն ինչ կորսնցուցեր են եւ հիմա ծուռ ծուռ իրարու կը նային. չեն փնտռեր լաւը, չեն փնտռեր ուղիղը, բարձրը. ջորեպա՞նը խելք պիտի սորվեցնէ ձեզի, դուք խելք չունի՞ք. այնքա՜ն մեռած մարդիկ, եւ ողջերը՝ այսպէս փոքր, այսպէս խարխուլ։ Ուտելուն մէջ շատակեր, կերցնելուն մէջ՝ կծծի, կռուազան, քէ՛ն պահող. չեն տար բնաւ, կ՚առնե՜ն, կ՚առնե՜ն, կ՚առնե՜ն շարունակ:
«— Պարոն Հայաստանի Կոմիտէ,
«Իմ տունի պատմութիւնս գիտես. նայինք խօսք պիտի հասկցնե՞ս սա Յանձնախումբին: Ա՜խ թագաւոր, թագաւո՛ր կ՚ուզէ այս ազգը. ի՜նչ ազգ էր, աւրողին տո՛ւնը աւրուի: Դո՛ւն պիտի շտկես այս ազդը, դո՛ւն պիտի տաս հայուն մեծութիւն, թագաւորութիւն, արե՛ւ.
«Պիտի ըսես իրեն.
«— Քու տեղդ վերն է, ազատ լեռներուն ծայրը, բա՜րձր, բա՜րձր…
«— Քու տեղդ ժա՛յռ տեղ ըլլալու է, քար տեղ, կաղնիներու եւ խոշոր ծառերու քով…:
«— Ջուր պիտի ունենաս, ճերմակ սաւանի պէս մաքուր օդ։ Թռչուններ պիտի ըլլան երկրիդ մէջ եւ անոնց հրացան պիտի պարպես. տանդ շուրջը գազաններու դէմ կռիւ պիտի ընես: Երբեմն օդը ամպոտ պիտի ըլլայ, գիշերուան մութի պէս ծանր, ուռած. հովը կատղած ջուրի պէս պիտի վազէ տանիքիդ վրայէն, պիտի դառնայ թոնիրիդ չորս կողմը եւ դափնիի ծառեր իրենց արմատէն դուրս նետէ. սառոյցներն ու խորունկ նստած ձիւնը պիտի ծամեն ամեն խոտ եւ կանաչութիւն, պիտի մնաս օրերով անօթի՝ բայց այս բոլոր բաները բուն հայու բաներ են ու դուն պիտի չվախնաս անոնցմէ. անոնք քեզ աւելի կտրիճ պիտի ընեն, զօրաւոր արմատ պիտի տան քեզի, եւ միսդ միւս ժողովուրդներու միսին պէս կակուղ պիտի չըլլայ։
«Պիտի ըսես իրեն.
«— Քու միսդ շատ փայլուն չըլլայ ալ՝ կ՚ըլլայ. թող անոր մէջ ջիղերը պինդ ըլլան, կը բաւէ. թող հոգի՛դ փայլուն ըլլայ, թող սիրտդ հայելի՛ ըլլայ եւ վրան փոշի չնստի, հիմա փոշի եւ սեւ մուր նստեր է վրան, մուհաճիրութեան սե՜ւ մուրը.
«— Ու խիղճդ սպիտակ թող ըլլայ, սպիտակ գոյնը լա՛ւ է. թող ճանճեր չքալեն այդ սպիտակին վրայ, թող ոջիլը չաղտոտէ զայն, կարմիր կամ սեւ գիծ չքաշուի վրան. անարդարութիւնը ճանճի եւ ոջիլի պէս է մարդուն խղճին վրայ, կ՚աղտոտէ զայն, կը քաշէ հոն կարմիր կամ սեւ գիծ։
«— Խիղճ եւ պատիւ մէկ տունի սենեակներ են։ Մարդուն ամենէն սուրբ բանը իր պատիւն է. այն մարդը որ պատիւ չունի, ազատ չ՚ըլլար. վախկոտ կ՚ըլլայ եւ կաշին շուտ կը ծակի. Հայաստանի Կոմիտէն չ՚ուզեր որ հայուն կաշին շուտ ծակող կաշի մը ըլլայ. Հայաստանի Կոմիտէն կ՚ըսէ որ՝ պատիւը պիտի պաշտպանէ մեր կաշին: Պատիւին համար կը կռուին, արիւն կը թափեն, ժայռերուն վրայ կ՚ելլեն, կ՚ընեն կռիւ, կը պարպեն զօրաւոր հրացաններ եւ կ՚իյնան ժայռերուն տակ, ու պատիւը չեն տար թշնամիին։ Պէտք եղաւ՝ անօթի կը մնան, ծարաւ կը մնան, կ՚ելլեն մուհաճիր կ՚ըլլան, բայց պատիւին դպչիլ չեն տար: Հայուն ճիշդ տունը, կ՚ըսէ Հայաստանի Կոմիտէն, ազատութիւնը, պատիւը եւ կտրիճութիւնն են, ոչ թէ քարը. պատը եւ տանիքն են: Եթէ այդ բաները չըլլան, քարը, պատը եւ տանիքը գերեզման կ՚ըլլան:
«Պիտի ըսես իրեն .
«— Ես Հայաստանի Կոմիտէն եմ. ե՛ս եմ քու զաւակդ եւ ոչ ուրիշներ, քանի որ քու սրտիդ մէջ եղած բաները կ՚ըսեմ քեզի, ու դուն զիս կամաց կամաց բոլորովին պիտի հասկնաս, պիտի հասկնաս՝ որ բուն հայը գերեզման չունենար, կ՚ունենայ տուն: Հայաստանի մէջ հայու գերեզման չկայ, հայու տուն կայ, գիւղ կայ, քաղաք կայ. աշխատանք եւ քաջութիւն կայ հոն. այնտեղի գերեզմանները մերը չեն, թշնամիի գերեզմաններ են. թշնամիներու, որոնք մեր ազատութիւնը առնել ուզեցին, որոնք մեր պատիւին հետ խաղալ ուզեցին, որոնք գողութիւն, ջարդ եւ թալան ըրին. դէմ եղան մեր խաչին, մեր պատմութիւններուն, մեր լեզուին. անոնց գերեզմանը հոն կայ. մեր թաղած հայ մեռելները կտրիճ եղան եւ ողջ են հիմա, եւ իրենց գերեզմանը չմեռնող ողջերու տուն է: Ասկէ վերջ ալ, Աստուած եւ Հայաստանի Կոմիտէն քեզի տուն պիտի տան, գիւղ ու քաղաք եւ ոչ մէկ հատիկ գերեզման. գերեզմանը հայուն չի վայելեր. աշխատանքը կը վայելէ, պատիւը կը վայելէ, միշտ ողջ եւ միշտ ազատ ըլլալը կը վայելէ:
«Դեռ պիտի ըսես իրեն.
«— Նայէ՛, հայ մարդ, ե՛ս եմ քու եղբայրդ, նոյն արիւնը ունինք ես ու դուն, նոյն ոսկորը. Աստծոյ եւ Հայաստանի հրամանը մեր մէջն է. այդ հրամանը սապէս է.
«— Հա՛յ մարդ, արեւը քեզի՛ պիտի դպչի առաջ, քո՛ւ տունիդ, քու հողիդ, քո՛ւ ծառերուդ. բոլո՜ր մարդերէն զատուելէ վերջ միայն պիտի զատուի քեզմէ, քու ունեցածներէղ։
«— Դուն ժայռէն ծնած ես, դուն մաքուր օդէն եւ կապոյտի զարնող յստակ ջուրէն ծնած ես, գիտցի՛ր. դուն ոսկի ես , դուն ջաւահիր ես, դուն աղտոտութիւն չես վերցներ. քու առաջին հայրդ լերան ծայրերու մեծ լոյս մը եղած ըլլալու է, Աշխարհի վրայ ինկած Առաջին Լոյսը: Պիտի ըլլաս նաեւ Վերջին Լոյսը, վերջին մե՜ծ լոյսը, հաւատա՛:
«Հայաստանի պարոն Կոմիտէ,
«— Զաւարեանին ճամբան, պոմպային ճամբան, արդարութեան ճամբան մի՛ մոռնար: Եթէ մոռցած ես՝ զղջա՛, մաքո՛ւր եղիր, արդա՛ր եղիր, բարեկամ եւ թշնամի ճանչցիր, տաճիկ չսիրողը գիտցիր, մարդուն ներսերը նայէ. ալ մի՛ նայիր այդքան դուրսին. ինծի կու գայ որ սկսած ես նայիլ տարիքներու, արհեստներու, շատ ուժի, շատ խօսքի, շատ ճարպիկութեան: Մի՛ վախնար, ճիշդ բանը կը յաղթէ, ինչ որ սրտէն է չի կորսուիր, ինչ որ սրտանց է՝ կը մնայ:
«Հայաստանի պարոն Կոմիտէ, սիրտս շատ ցաւ կար, կէսը պարպեցի: Եթէ սխալած եմ՝ ներող կը գտնուիս. ալ իմ խնդիրս դուն գիտնալու ես»։
Մտածեր էր Գալուստ ու մտածումները շարունակ սրբագրելով, գտեր էր նամակի այս ձեւը ու պինդ կառչեր անոր։ Կը մնար նամակ դրող մը գտնել։ Չկրցաւ սակայն գտնել մէկը. որուն որ դիմեց՝ բախեցաւ հեգնութեան ու մերթ եւս բիրտ մերժումի. խենթութիւն է ճիշդ, ըսին, Հայաստանի Կոմիտէն ո՜ւր, խռֆած ջորեպան Գալուստը ո՛ւր ։ Ճանըմ խորունկը կ՚երթաս, աշուղ դարձեր ես, ի՞նչ կ՚ըլլայ, տեղ մը նստէ. ի՞նչ բարձր, ի՞նչ ցած. Յանձնախումբին ալ մեղք է, տղաքը շատ լաւ կ՚աշխատին, հոգինին հանեցիր, չե՞ս տեսներ, ամեն տեղ հարթ–հաւասար է. ալ հո՞ս բուսանք, թող սա պատերազմը վերջանայ, կ՚ելլենք մեր տուները կ՚երթանք, ով բարձր էր կ՚ըլլայ նորէն բարձր, ով ցած՝ կ՚ըլլայ ցած. արդէն միշտ իրար տեսնելով, իրարմէ ձանձրացանք, մենք իրար պէտք չէ միշտ տեսնենք, կարօտնալու ենք իրարու. բան մը չեն երկնցներ, պապո՛ւկ, ու գլուխ չեն տանիր, ցաւին վրայ ցա՞ւ կը բարդես։ Դուն խելօք կեցիր, ասկէ աւելի լաւ Յանձնախումբ չ՚ըլլար. ամեն ինչ կարգ կանոնով, ամեն ինչ՝ օրէնքով։
Սնզօր մնացին բոլոր ձեւի դիմումները, խօսքերը, մտածումները։
— Դեռ տասը մուհաճիրութիւն պէտք է ձեր քիթը կոտրելու համար, — ըսաւ գիւղացիներուն, եւ սակայն ատե՜ց, ատե՜ց գաղթականութեան ճամբան, գաղթականութեան կայանները, խոշոր գիծերն ու մանրամասնութիւնները։
Ալ նկատեց ամեն խօսք սուտ, ամեն կարգադրութիւն՝ անարդար: Զզուեցաւ մարդերէն, փոշիներէն, փոթորիկներէն։ Ամեն քայլափոխ եղաւ իրեն համար ատելութիւն ու պժգանք՝ ամենուն դէմ: Իսկ երբ Գարուն պաճին, յունուարի լայնատարած դիշեր մը, չկրնալով դիմանալ զինք կրծող ցաւերուն, յայտնեց «հալեւորին» Սուրբիկին ըսածը, Գալուստ չկրցաւ քնանալ։ Վրանէն դուրս, դաշտագետիններու վայրենի խաւար մը կար, վայրենի ամայութիւն մը, վայրենի անձրեւի մը աղմուկը։ Գալուստին վրայ կ՚իջնէր ուրիշ բան, ուրի՛շ մթութիւն. կ՚իջնէր կարկուտի անծայրածիր տարափ մը, անհուն սառնամանիք մը. կ՚ըլլար գաղթականութիւնը իր եօթանասուն երկա՜ր տարիներուն վրայ անհատնում ձիւն–ձմեռ մը, ու կը չոքէր կարծես բոլոր անդամներուն վրայ։ Նստաւ վրանի դռնակին առջեւ, դիտեց մթին ու ու թաց կուրութիւնը անջրպետին, ու եղաւ ապա մռայլ լուսաբաց, ու եղաւ առաւօտ, ու եղաւ ջորեպան Գալուստ՝ «Քարի պէս լռութիւն մը»։ Գիւղացիները ըսին՝ խենթացաւ: Սուրբիկ՝ թէ Աստուած պատժեց զինք, թող հօրս պարտքը վճարէր։
— Երկինք, կը կմկմար Գարուն պաճին, դուն բարձր ես, հալեւորին լեզու տուր ու հետը միասին մեռնինք։
* * *
Կոյր բաներ կան ջորեպան Գալուստին մէջ, տգեղ բաներ, փուշի պէս սուր լռութիւններ. կարծես միաձոյլ համրութիւն մը: Հալած, լմնցած, չքացած կը կարծէ ամեն կեանք, ամեն գոյութիւն, ամեն բան որ կայ։ Կոյր է ամբողջ մարմնով, ամբողջ հոգիով ։ Միսերը՝ չեն տեսներ, թաթխուեր են մշուշի մէջ, եւ ոսկորներուն մտքին առջեւ դիզուեր է խաւար, դիզուեր է խենթութիւն։
Իր կամաւոր ու մասամբ ակամայ համրութենէն քանի մը օր առաջ, գիշեր մը, եկան հատ հատ յիշողութեան ներկայացան, կարգ մը յստակ բաներ, տեղեր, իրողութիւններ ։ Հիմա անոնք եւս սկսեր էին աղօտանալ։ Այն գիշեր ներկայացած էր մտքին իր տունը։
Ամեհի, դղրդագին բարձրութեան մը վրայ էր իր տունը, հսկայական ու գոռ ապառաժներու ծոցին։ Հոյակապ զառիթափներու վրայ, իշխանական օճախի մը պէս կու գար իրեն երկյարկանի այդ տունը. անկէ աւելի բարձր ուրիշ տուն չկար գիւղին մէջ. անկէ վեր՝ կար ճոխագոյն բուսականութեամբ գեղատեսիլ բնութիւն մը. աւելի վեր ու անդին՝ կային մեհենական սրբութեամբ հեթանոս անտառներ, սարալանջեր, պսպղուն գագաթներ։ Հեռուն, դիմացը, ուրիշ լերան մը ստորոտին՝ ծովու կտորի մը կապոյտ եռանկիւնը կը գծագրուէր, ու կը բացուէր Որոնդէս գետին արծաթափայլ մաքրութեամբ լայն գետաբերանը։ Իր կեանքը, մօտ քառասուն տարի, անցաւ պայծառ օդի մէջ, մշուշի եւ ատեն մըն ալ լեռնային անոյշ պարահովիտներու մէջ։ Ունեցաւ այդ կեանքը կիրճերու անբացատրելի զովութիւնը ամառ ատեն, ու ենթարկուեցաւ անհաւասարելի սաստկութեամբ տեղատարափներու՝ ձմեռուայ եղանակին։ Պայծառ քրտինք մը եղաւ իրենը, որ տուաւ սեղանին արդար հաց ու մարմնին՝ կեցուածք մը, տեսակ մը խորին արժանապատուութիւն: Տուաւ ամբողջ տունին ապրելու մաքուր խիղճ մը։ Սկսաւ գործի իրրեւ փայտահատ եւ ածխագործ: Ունէր այն ատեն կացին մը, էշ մը, տունի մանր առարկաներ եւ երկու ջաղացքներու մէջ ինկած ջրարբի փոքրիկ պարտէզ մը։ Գործը գնաց լաւ։ Քանի մը տարիէն փոխեց արհեստը. էշը ըրաւ ջորի, փայտահատութիւնն ու ածուխի գործը վերածեց արդիւնաւոր ջորեպանութեան մը։ Երկու տարի ետք ամուսնացաւ։ Ունեցաւ զաւակներ: Մեծցան: Կարգեց, տուն տեղ ըրաւ երկու մանչերը, առաւ իրենց հող։ Աղջիկը տուաւ հարս։ Պարտականութիւնները վերջացան. մնացին Գարուն պաճիին հետ դարձեալ առանձին, գեղապանծ զառիթափի իրենց մեծղի օճախին մէջ։ Ու իր, ջորեպան Գալուստին օրերը, տարիներով, անցան կեանքի լայն, խաղաղ, ամբասիր եզերքներէ։ Ոչ մէկ անձկութիւն. բարի, անվրդով էր ամեն ինչ։ Երիտասարդ կամ ծեր՝ ուժեղ էր։ Ամենուն հետ հաշտ էր, համերաշխ : Ձայնը հզօր էր խնդուքը ահագին, խիղճը՝ միշտ ներկայ: Ունէր մեծ բերան մը, խոշոր քիթ եւ սրաթռիչ պեխեր: Չբարկացած՝ սակաւախօս էր, իսկ վա՜ յ որ զայրանար. կը դառնար գոռոզ, շատախօս, Երեւութապէս չար, կռուազան ու երբեմն՝ իսկապէս անտանելի։ Կը զղջային շուրջինները զինք խօսեցուցած ըլլալնուն, կը ձանձրանային շուտով ու մէկիկ մէկիկ կը հեռանային քովէն: Կ՚երթար ինքն ալ տուն եւ խօսքին մնացորդ մասը կը լրացնէր հոն։ Գարուն պաճին, պայծառ ու րարի ին, կարճ կապելու համար.
— Իրաւունք ունիս, նեղեր են քեզ որ խօսիս, անոնք կը սիրեն քեզ:
— Աղէկ, ինչո՞ւ փախան. սիրած մարդէն կը փախչի՞ն:
— Ճիշդ բաներ ըսած ես, փախած են. ինչո՞ւ չփախչին, ճիշդ բանէն ո՞վ չի փախչիր. սիրողդ ալ կը փախչի, չսիրողդ ալ:
— Անա՞նկ. ուրեմն ստե՞նք:
— Վա՜յ, մա՛րդ, լաւ քրիստոնեան կը ստէ՞:
— Ես սուտէն կը փախչիմ, թող իրենք ալ ճիշդ բաներէ փախչին: Բե՛ր նայիմ այդ փիլաւդ:
Ալ մինչեւ իրիկուն, մինչեւ գիշեր ու մինչեւ առտու՝ գրեթէ լռութիւն, հակառակ պարագային, խօսքերուն ամենէն կարճ տեսակը։
Իր յիշողութեան վրայ, այս անգամ որպէս արտաքին վկայութիւն մը, կարելի էր աւելցնել նաեւ հետեւեալը. —
Երկար տարիներ, ջորեպան Գալուստ՝ նշանակեց գիւղերուն համար կարճ խօսք, երկար լռութիւն, աղմկալից զայրոյթ եւ ասոնցմով բաղադրուած ինքնատիպ հայհոյանքներու շարք։ Գարուն պաճիին համար Գալուստ բարկութեան մնացորդ էր, դրամ, փիլաւ եւ հանգստութիւն. կը նմանէին անոր պեխերը իրենց պատեանէն նոր քաշուած զոյգ մը սրածայր դաշոյններու՝ ամուր, կեռ, սպառնական։ Նայած էր Գարուն պաճին այդ պեխերուն եւ զգացած էր իր կեանքը լման, կուշտ, ապահով. սիւնն էին այդ պեխերը տունին, ընտանիքին. եթէ անոնք տկարանային՝ ամբողջ տունն էր որ ալիտի տկարանար. եթէ անոնք օր մը չըլլային՝ տունը անշո՛ւշտ կը քանդուէր։ Կ՚ըսէր Գարուն պաճին իր ամենօրեայ «Հայր Մեր»ը, կ՚ըսէր «Ամէն» մտքին շատ խորունկէն.
— Անոր պեխերը ամո՛ւր պահուին, Տէ՜ր:
Այսպէս ուրեմն ։ Կնոջ, ազգականներուն եւ բոլորին համար, Գալուստ երկար ատեն նշանակեց խոշոր քիթ, սրաթռիչ պեխեր եւ անտառային մազերով կուրծք։ Գիւղի բարձր ժայռերուն հարազատ մարդն էր, հարազատ որդին: Իր ջորեպան ընկերները ունէին խօսելու անյագ ախորժակ մը, որուն համար Անտիոքի ճամբան կարճ կու գար. «Երանի մինչեւ Հալէպ քշենք սա անասունները», կ՚ըսէին կատակով։ Գալուստ դժգոհ չէր ընկերներուն այդ փափաքէն . անոնք պիտի շշարունակէին իրենց խօսակցութիւնը եւ ինք՝ իր երազկոտ լռութիւնը։ Համ կ՚առնէր լռութենէն։ Կը դառնար այդ ժամանակ ամբողջ մարմինը լսողութիւն, մինչ հոգին կ՚ընէր տեղէ տեղ շողշողուն ու խենթ պտոյտ մը։ Կը կարծէր նաեւ, որ լռելով աչքերը աւելի յստակ կը տեսնեն, մտածումները զուլալ ջուրերու պէս կը հոսին, հոգին իրը կ՚ըլլայ միայն: Այս բաները ըսած էր շատերուն, թէեւ անոնք շատ բան չէին հասկցած ըսուածէն։
Հանդիպելէ ետք Զաւարեանին, Գալուստին լռութեան մէջ մտած էին նոր տարրեր. լռութեան հետեւանքները փոխած էին ուղղութիւն եւ նպատակ. եղած էին ազգին հանդէպ զօրաւոր յոյս, զօրաւոր հաւատք, պաշտամունք. լռութիւնը ատկէ ետք եղած էր զէնքի սէր, ֆէտայիներու տեսիլք, թշնամիին դէմ անսահման քէն, ատելութիւն, կռուելու տենչ: Ու Զաւարեանին հանդիպումէն ետք, նշանակեց յեղափոխականի կարճ ու երկար խօսք, կարճ ու երկար լռութիւն, ու միչտ ամուր հաւատք, ու միշտ խելայեղ ոգեւորութիւն: Ապստամբութեան ատեն, կռուողներու առաջին գծին վրայ կու գար միշտ. «Զաւարեան, քեզի համար», եւ հանդիպող տաճիկը կը գլորէր քարէ մը վար: «Մեծերուն պզտիկ եղբայրը ըլլանք», ըսած էր ու անխնայօրէն կռուած: Ապստամրութեան այդ կրակէ շրջանին, անդամագրուած էր յեղափոխութեան. յետոյ, երբ կռիւը վերջացած էր, ջնջել տուած էր անունը.
— Երբ հայերը կռուին՝ զիս նորէն գրեցէք, — ըսած էր Կոմիտէին։ Յեղափոխականի իր տուրքը լիուլի կը վճարէր, բայց չէր մասնակցեր ոչ մէկ ժողովի. կը կրկնէր.
— Այս գլուխը ժողով չըներ, ես կռուի «դրօշակ» եմ:
Շարունակելի
(«Տոմար տարագրի», Պէյրութ, 1963։ Էջ 16-31)
