Բժ. Օհան Թապաքեան
Անդենականը մեզի անծանօթ, խորհրդաւոր խաւար, անսահման տարածութեամբ աշխարհ մըն է, որուն ժամանակի ընթացքին վերջնական բնակիչները պիտի դառնան մեր աշխարհին բոլոր անդամները:
Մահուան գաղափարը արուեստագէտը, ինչպէս նաեւ պարզ մահկանացուն դէպի անմահութիւն տանող առաջնորդը եղած է: Մարդուն չմոռցուելու ցանկութիւնը կիրք մը դարձած է ու մղած զինք կորուստէ փրկուելու համար փնտռելու նիւթական եւ բարոյական գործօններ: Մահուան մղձաւանջով գալարուող մահկանացուն կը շարունակէ փրկութեան խարիսխներ փնտռել, ու չմոռցուելու հնհնուքը կը կրծէ իր սիրտը: Անոնց հակառակ ամեն տեղ գոյութիւն ունին արուեստագէտ հոգիներ, զոհաբերութեան կամքով լեցուած անհատականութիւններ, որոնք իմաստը կը փնտռեն իրենց նմաններուն օգտակար դառնալու մէջ: Մահը անոնց համար կը կորսնցնէ առաջիններուն մղձաւանջ երեւցող իր սաստկութիւնը ու կը դառնայ օգտակար իրենց շրջապատին: Գրագէտը, ինչպէս նաեւ արուեստագէտը, նման մտածումներով տոգորուած անձեր՝ կը փորձեն արուեստին նպաստով մեղմել ցաւերը իրենց նմաններուն, ու մարդիկ «անմահութիւն» անունը տուած են մեծութիւններուն տուած այս ձեւի գնահատութեան:
Կան երկու տեսակ մեծութիւններ եւ արժէքներ, որոնք ապրած եւ գործած են նեղ շրջանակի մը մէջ, սահմանափակ եղած է իրենց գործը եւ ուժը, ինչ որ տուած են հետաքրքրած է ծաւալով ու խորքով ազգային իրենց շրջանակը միայն, հետեւաբար անոնց ստեղծագործութեան ծիրը եղած է համեստ: Ուրիշներ եղած են աւելի հզօր երեւակայութեան ու տաղանդի տէր, ու անոնց ստեղծագործութիւնը իր հմայքին ներքեւ պահած է ազգայինին զուգահեռ այլազգի բազմութիւններու հոգին ալ, ու յարգանքի կամ գնահատութեան մարզը ընդլայնուած է, հասած է համամարդկայինի սահմանները. անոնց գործէն ճառագայթող լոյսը տարածուելով հեռուները, զիրենք դարձուցած են փոքր արեւներ, հետեւաբար անմահներ: Թէեւ մահուան գաղափարը անոնց միտքն ալ զբաղեցուցած է, այն տարբերութեամբ սակայն, որ անոնք մահէն չեն սարսափած, ու բնական երեւոյթ մը ընդունելով զայն, աշխատած են բան մը աւելի տալ իրենց նմաններուն: Մահուան գաղափարը եղած է զիրենք խթանող առիթ մը, ստեղծագործած են ու իրենց ստեղծագործութիւնը դրած են հասարակութեան տրամադրութեան տակ: Աւելի իմաստուններ, ինչպէս Հիբոկրատ, հաշտուած են մահուան իրականութեան հետ, վերցուցած են կեանքը իբրեւ ժամանակաւոր բարիք եւ ուզած են դարձնել զայն իրենց նմաններուն յօգուտ սատար մը: Երբ մօտեցած էր Հիբոկրատի մահուան ժամը, զինք շրջապատող աշակերտներն ու բարեկամներ հարցուցած են իրեն, թէ ի՛նչ կ՚ուզէր, որ ընէին իր մարմինը. «Նետեցէ՛ք շուներուն առջեւ, — եղած է պատասխանը, — մինչեւ մահս մարդիկ օգտուեցան անկէ, մահէս ետք շուները թող օգտուին»:
Ամեն մարդ չորս մահով կը մեռնի.
— Առաջինը՝ երբ բնական մահով կը վախճանի:
— Երկրորդը՝ ամեն անգամ որ զինք յիշող մը կեանքէն հեռանայ:
— Երրորդը՝ երբ զինք յիշող անձն ալ մահանայ:
— Չորրորդ ու վերջին անգամ՝ եթէ գրող մըն է, կամ արուեստագէտ մը՝ իր գործերուն յիշատակն ալ չմնայ:
Չմոռցուելու տենչը այնքան խոր է մարդուն մէջ, որ մահուան զգացումը պարզապէս սարսափ կ՚ազդէ անոր: Գրագէտը, ինչպէս նաեւ արուեստագէտը, գիտնալով որ տկար գործեր ատեն մը միայն կրնան դիմանալ ժամանակի ժանգին, բազմապատկած են իրենց ճիգերը՝ ի խնդիր գլուխ-գործոցներու: Գրական ստեղծագործութեան մը որակը իր հեղինակին անունը մոռացութեան փոշիէն զերծ պահող արժանիքն է. ինչպէս կը տեսնենք պատմութեան ընթացքին, մարդը միշտ փայփայած է չմոռցուելու մտածումը: Գերեզմանատուներու մէջ խաչքարներու, հողաթումբերու վրայ բարձրացող կոթողներ ու բուրքեր գոյութիւն պիտի չունենային, եթէ անհատը չունենար իղձը չմոռցուելու:
Մեռելներու պաշտամունքը սովորական երեւոյթ եղած է Հնդկաստանի, Յունաստանի ու այլ երկիրներու մէջ: Կիրակմուտէ կիրակմուտք խունկ վառելով ու աղօթք մը մրմնջելով մարդիկ ձեւով մը հաղորդակցութիւն հաստատած ըլլալ կը կարծեն մեռելներու հետ: Հոգեհանգիստները նոյն նպատակով յօրինուած կրօնական արարողութիւններ են:
Գրութիւնս կ՚աւարտեմ տաղանդաւոր վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի «Իմ մահը» խորագրով ոտանաւորին վերջին տողերով.
Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ
Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ա՜հ, այն ատեն ես կը մեռնիմ:
Սիրելի՛ Պետրոս, դուն անմահ ես անդենական աշխարհի մնայուն բնակիչ դարձած առաջին օրէն իսկ: Ամեն տարի հազարաւոր հայ պատանիներ իրենց դպրոցական գրասեղաններուն առջեւ նստած՝ բարձր կը գնահատեն գրական տաղանդդ ու մասնակից կը դառնան ընդվզումներուդ: Քու անունդ անջնջելի ոսկեայ տառերով արձանագրուած կը մնայ իւրաքանչիւր հայ անհատի սրտին խորը:
