Արմենակ Եղիայեան
Շարունակուած նախորդ թիւէն
Աշխարհաբարը պարզացուց կարգ մը այլ կառոյցներ ես. բաղդատել՝
— Երգէ թռչուն ի վերայ ծառոյն:
Կ’երգէ թռչունը վրան ծառին:
— Յարուցեալ գնացից առ հայր իմ:
Ելլելով երթամ հօրս:
— Եհար զգլուխ իւր ընդ սիւն:
Զարկաւ գլուխը սիւնին:
Յոգնակի թիւի պարզացում
Գրաբարը ունէր գոյականին յոգնակին կազմելու բազմաթիւ ձեւեր, ինչպէս՝ վարձկան-վարձկանք, ակն-ակունք, մարդ-մարդիկ, մանուկ-մանկտի, էշ-իշեան, նամակ-նամականի, աղախին-աղախնայք, ոսկր-ոսկերք, որոնց կիրարկութիւնը միշտ չէ, որ կայուն ու միօրինակ էր:
Աշխարհաբարը բոլորովին պարզացուցած է յոգնակիի կազմութիւնը՝ որդեգրելով (ն)եր միասնական մասնիկը, որ ժողովրդախօսակցական շատ հին ակունքներ ունի. եր՝ միավանկ բառերու համար, օրինակ՝ ծառ-ծառեր, ներ՝ բազմավանկ բառերու համար, օրինակ՝ քաղաք-քաղաքներ:
Բացառութեան կարգով ունինք նաեւ՝ մարդ-մարդիկ, տղայ-տղաք, ծնող-ծնողք: Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ որ ըսենք նաեւ՝ մարդեր, տղաներ, ծնողներ:
Խոնարհական բարեշրջում
Եթէ պատմական բայերը ընդհանրապէս կը կորսնցնէին իրենց ծաւալին մէկ կարեւոր մասը՝ դիմելով դէպի ամփոփում ու պարզացում, անդին արդի աշխարհաբարի մէջ ի յայտ կու գային բայական նորանոր կառոյցներ հոն, ուր լեզուի յստակութիւնը այդ կը պահանջէ:
Օրինակ՝
Գրաբարի ներգործական բայերու անորոշ դերբայը միաժամանակ կրաւորական էր. ուրեմն՝ սիրել, զգալ, թողուլ հաւասարապէս կը նշանակէին՝ սիրել եւ սիրուիլ, զգալ եւ զգացուիլ, թողուլ եւ թողուիլ.
Այլ խօսքով՝ իւրաքանչիւրին դիմաց աշխարհաբարը ունի երկու տարբեր, սակայն ինքնուրոյն անորոշ դերբայներ:
Այսուհանդերձ դիմաւոր ժամանկներու մէջ միայն ել լծորդութդան բայերը ունին տարբեր խոնարհում.
Գրաբ. — սիրեմ-սիրիմ, սիրէի-սիրէի, սիրեցի-սիրեցայ, սիրեա՛-սիրեա՛ց
Աշխ. — սիրեմ-սիրուիմ, սիրէի-սիրուէի, սիրեցի-սիրուեցայ, սիրէ՛- սիրուի՛ր
Իսկ իւրաքանչիւր յարակատար դերբայ ունէր վեց տարբեր նշանակութիւն. այսպէս՝ սիրեալ կը նշանակէր՝
սիրած/սիրուած, սիրելով/սիրուելով, սիրող/սիրուող
Նոյն բառաձեւի իմաստային այս խճողումը մեծապէս կը մթագնէր գրաբարը, մինչդեռ աշխարհաբարը հնարած է մէկի դէմ վեց տարբեր ու յստակօրէն զանազանելի ձեւեր, որոնց շնորհիւ ոչ մէկ մթագնում կը ճանչնայ արդի հայերէնը, ինչ որ մեծ ներդրում մըն է մեր նոր աշխարհիկ լեզուին:
Իսկ ալ եւ ուլ բայերու դիմաւոր ձեւերու սահմանական ներկան եւ անկատարը հաւասարապէս ներգործական ու կրաւորական էին. այսինքն՝
զգամ-զգայի՝ կը նշանակէ կը զգամ-կը զգացուիմ/կը զգայի-կը զգացուէի
թողում-թողուի՝ կը նշանակէ կը թողեմ-կը թողուիմ/կը թողէի-կը թողուէի
Անցեալ կատարեալի մէջ շփոթելի են ալ բայերու առաջին եւ երկրորդ դէմքերու յոգնակիները. այսպէս՝
զգացաք կը նշանակէ զգացինք-զգացուեցանք, իսկ զգացէք կը նշանակէ զգացիք-զգացուեցաք
թողաք՝ կը նշանակէ թողեցինք եւ թողուեցանք
Զգացեալ եւ թողեալ դերբայները իրենց կարգին կը ներկայացնեն նոյն շփոթները, որոնց ակնարկեցինք վերը՝ սիրեալ դերբայի առթիւ:
Գրաբարի բայական յարացոյցը ունի շփոթելի շատ ուրիշ պարագաներ եւս, որ զանց կ’ընենք՝ չխճողելու համար մեր սերտողութիւնը, եւ որոնց դիմաց աշխարհաբարը հնարած է պարզ, հեշտ զանազանելի, ինքնայատուկ ու ինքնուրոյն կառոյցներ՝ ատով ալ փարատելով գրաբարի մէկ կարեւոր թերութիւնն ու դժուարութիւնը:
Հաւաքական սակաւաբանութիւն
Այս խորագիրին տակ կը գտնենք այնպիսի կառոյցներ, որոնք յառաջացած են ժամանակի ընթացքին՝ անցնելով հաւաքականութեան բովէն, ընկալելի դառնալով անոր բոլոր անդամներուն, կոփուելով ու յղկուելով անկէ եւ մեծապէս նպաստելով լեզուի որակին:
Այսպիսիներուն շարքին կը գտնենք նախ եւ առաջ ենթակայ-դերանունները, որոնք հայերէնի մէջ ընդհանրապէս չեն գրուիր, եթէ մասնաւոր շեշտելու հարկը չներկայանայ:
Օրինակ՝
— Ո՞ւր կ’երթաս (դուն):
— Չեմ գիտեր (ես):
— Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա (մենք):
— Թող արագ որոշեն (անոնք):
Ինչպէս կը նկատենք, հայը հարկ չի տեսներ կիրարկել փակագիծերու մէջի ենթակայ-դերանունները, քանի որ իւրաքանչիւր բայ արդէն իր դիմային սեփական վերջաւորութեամբ կը թելադրէ իր թէ՛ դէմքը, թէ՛ թիւը, մինչդեռ ֆրանսացին կամ անգլիացին պիտի չկարենային զեղչել զանոնք. օրինակ՝ où vas-tu?, where do you go? եւ այլն:
Հայերէնի պարագային՝ զեղչուած ենթակայ-դերանունները ոչ միայն չեն աղաւաղեր խօսքը, այլ, ընդհակառակը, կը թօթափեն զայն աւելորդ բեռէ մը. եւ իրօք ալ այդ ենթակայ-դերանուններու հետեւողական անուանումը պիտի մեծապէս ճապաղցնէր հայերէնը:
* * *
Գրեթէ նոյնքան սովորական է զեղչումը նախադասութեան զանազան այլ անդամներու. օրինակ՝
—Որքա՞ն պիտի մնաս (դուն) այս քաղաքը:
—Երկու օր (պիտի մնամ ես այս քաղաքը):
—Չե՞ս կարծեր (դուն), թէ անբաւարար է (երկու օր մնալ այս քաղաքը):
—(Երկու օրէն) աւելի չեմ կրնար (մնալ ես այս քաղաքը):
Փակագծերու մէջ առնուած են բոլոր զեղչումները:
Այս օրինակին հետեւողութեամբ ալ կարելի է դատել սակաւաբանութեան այն անսպառ ու բարեկարգ օժիտը, որ հայերէնը կը դնէ մեր լեզուն կիրարկողներու տրամադրութեան տակ:
Պէտք է նկատել, որ նման սակաւաբանութիւն մը միայն ձեւական է, քանի որ բերուած նախադասութեանց միտքը կամ իմաստը որեւէ թերութիւն չի պատճառեր ընկալողին՝ ունկնդիրին կամ ընթերցողին համար: Ընդհակառակը, — եթէ տակաւին պէտք կայ շեշտելու, — այդ զեղչուած տարրերու վերականգնումը պիտի զգալիօրէն ծանծաղեցնէր մեր լեզուն՝ առաջացնելով ոճաբանական շատ անհաճոյ կացութիւններ:
Այս շարքին մէջ կարելի է թուել նաեւ այն բարդ նախադասութիւնները, որոնց ստորադաս բաղադրիչը զեղչուած է. անկէ պահուած է միայն «որ» շաղկապը կամ յարաբերական դերանունը. օրինակ՝
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ…
—Այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնի, որ…
—Հօրմէն ի՞նչ տեսանք, որ…
—Ուզածիդ չափ ըսէ՛, լսողը ո՞վ է որ…
Այսպիսիներու պարագային խօսքային միջավայրը ընկալողին կը թելադրէ զեղչուած նախադասութեան իմաստը. կարելի է բոլորովին ենթադրաբար եւ ենթակայօրէն սապէս վերականգնել զանոնք.
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այդքան կարեւորութիւն կու տաս:
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ այդքան կը հրապուրէ քեզ:
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այնքան կը վստահիս:
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այսքան յոյսեր կապած ես:
—Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ այսքան անսխալական կը թուի քեզի…
Այսպիսիները անպայման հարցական երանգ չունին. օրինակ՝
— Այդ դատաւոր ըսուածը այսօր դատարան եկած չէ, որ… (ձեր հարցին լուծում մը տրուի):
Ուրեմն սակաւաբանութեան վերոբերեալ տեսակները, ինչպէս ըսինք, կ’ենթադրեն այնպիսի զեղչումներ, որոնք մէկ կողմէ վերականգնելի են, միւս կողմէ… ոճականօրէն մաղթելի:
* * *
Սակաւաբանութեամբ յառաջացած են այլեւայլ՝
ասացուածքներ ու ասոյթներ, ինչպէս՝
—գող՝ սիրտը դող(*),
—ներսէն՝ խնամի, դուրսէն՝ թշնամի,
—գայլի աւետարան…
գովազդներ, ինչպէս՝
—մե՛նք ենք ձեր հարցին միակ լուծումը,
—կատարելութիւն ամեն բանի մէջ,
—ընտրէ՛ ճիշդը,
—եղի՛ր առաջինը…
նախընտրական լոզունգներ, ինչպէս՝
—աշխատինք միասին,
—հին ընկերները չեն դաւաճաներ,
—միասին կառուցենք հայրենիքը,
—հայրենիքը ամեն բանէ վեր…
*) Պատմականօրէն եղած է. «Ան որ գող է, անոր սիրտը միշտ դողի մէջ է», այսինքն՝ 10 բառ: Որ հետագային կամաց-կամաց խտացած է 4 բառի մէջ:
Միաւորեալ նախադասութիւն
Հաւաքական սակաւաբանութեան մեծագոյն իրագործումներէն կը հանդիսանան միւաորեալ նախադասութիւնները: Այսպէս կը կոչենք այն նախադասութիւնները, որոնք խտացումն են երկու կամ երկուքէ աւելի անկախ նախադասութիւններու:
Օրինակ՝
—Թորոս շատ կը սիրէ խնձորը:
—Մարկոսն ալ շատ կը սիրէ խնձորը:
Այստեղ կրկնուած են «շատ կը սիրէ խնձորը»:
Տարբեր են երկու ենթակաները՝ Թորոսը եւ Մարկոսը:
Ենթադրելի է, որ շատ հեռաւոր անցեալին մեր նախնիները, եթէ ոչ նախամարդը, այս եւ նման կրկնութիւններով կը խօսէին ու կը հաղորդակցէին, երբ տակաւին խօսքի ազնւութեան մտահոգութիւնը չունէին, եւ անոնց մէջ շատ ուշ է, որ յառաջացաւ այսպիսիները միացնելու, աւելի կուռ ու տպաւորիչ խօսք կազմելու հմտութիւնը:
Ան առաջին հերթին պէտք է ըսած ըլլայ՝
—Թորոսը ու Մարկոսը շատ կը սիրեն խնձորը:
ուր մէկ նախադասութեան մէջ համադասուեցան, միաւորուեցան երկու ենթակաները, միւս կողմէ՝ ջնջուեցաւ կրկնաբանութիւնը, եւ վերջապէս բայը թիւ փոխեց՝ յոգնականացաւ:
Գործածուած բառերու թիւը իր կարգին 9-էն իջաւ 6-ի:
Ինչ որ աւելի կուռ մտածողութեան արդիւնք է:
Այս կաղապարը ունեցող նախադասաութիւնը կը կոչուի «ենթակայով միաւորեալ նախադասութիւն»:
Որուն մատչումը շատ երկար ժամանակ խլած պիտի ըլլար մարդկութենէն ու… հայէն:
Որ քիչ մը աւելի առաջ երթալով սկսաւ նկատել, թէ տակաւին աւելի հեզասահ ու բարեհունչ է շեշտել Թորոսը եւ ըսել՝
—Թորոսն ու Մարկոսը շատ կը սիրեն խնձորը:
Անգամ մը որ ան յաջողեցաւ միաւորել երկու ենթակաները, ա՛լ անկէ ետք անոր առջեւ բաց էր ասպարէզը՝ միաւորելու աւելի բարդ կառոյցներ եւ ստանալ՝
—Թորոսը, Մարկոսն ու Կիրակոսը մարզադաշտ գացին…,— եւ այլն:
Այս նոյն սկզբունքով երկու եւ աւելի նախադասութիւնները կրնան միաւորել որեւէ անդամ.
Դիմաւոր բայով միաւորեալ նախադասութիւն
—Թորոսը պարտէզ մտաւ:
—Թորոսը ծառերը ջրեց:
—Թորոսը պարտէզ մտաւ ու ծառերը ջրեց:
Ենթակայի լրացումով՝ յատկացուցիչով միաւորեալ նախադասութիւն
—Թորոսին ծառերը ծաղկեցան:
—Մարկոսին ծառերն ալ ծաղկեցան:
—Թորոսին ու Մարկոսին ծառերը ծաղկեցան:
Յատկացեալով միաւորեալ նախադասութիւն
—Թորոսին վարդերը ծաղկեցան:
—Թորոսին ծառերն ալ ծաղկեցան:
—Թորոսին վարդերն ու ծառերը ծաղկեցան:
Բայական խնդրային լրացումով միաւորեալ նախադասութիւն
—Թորոսը հացը կերաւ:
—Թորոսը պանիրն ալ կերաւ:
—Թորոսը հացն ու պանիրը կերաւ:
Բայական պարագայական լրացումով միաւորեալ նախադասութիւն
—Վարդան վասն հայրենիքի նահատակուեցաւ:
—Վարդան վասն հաւատքի նահատակուեցաւ:
—Վարդան վասն հայրենիքի ու հաւատքի նահատակուեցաւ:
Ասոնք կառոյցներ են, որ արդի միջին հայը կամ մարդը կրնայ դիւրաւ մտածել ու շարադրել, սակայն միշտ այդպէս չէ եղած. հայէն կամ մարդէն ընդհանրապէս շատ երկար ժամանաակ պահանջած է այսպիսիներու համադրումը:
* * *
Մենք սերտեցինք միաւորեալ նախադասութեան կարգ մը պարզ նմուշներ միայն՝ նախաճաշակ մը, համեստ գաղափար մը տալու համար ընթերցողին, իսկ նախադասութեանց միաւորումը գրեթէ չափ ու սահման չունի թէ՛ որակական, թէ՛ թէ՛ քանակական առումներով, որոնց տարողութիւնը կախեալ է խօսողին ու մանաւանդ գրողին ճաշակէն, հմտութենէն ու տաղանդէն:
Թուային սակաւաբանութիւն
Սակաւաբանութեան մէկ ուրոյն տեսակն է այս, որ իր համադրական արժէքով կը նոյնանայ բառային սակաւաբանութեան հետ:
Արդի հայը կամ մարդը դիւրաւ կը կազմէ երկու խնձոր, երեք ոչխար, տասը ծառ բառակապակցութիւնները՝ ոչ միայն բանաւոր արտասանելով զանոնք, այլ մանաւանդ գրաւոր եւս արձանագրելով զանոնք:
Սակայն պարագան նոյնը չէր մեր հեռաւոր նախնիներուն, որոնք երկու խնձոր-ի գաղափարը արտայայտելու համար պարտաւոր էին գծելու կամ փորագրելու երկու խնձորի պատկերը, այնպէս ալ երեք ոչխարի եւ տասը ծառի:
Հապա եթէ ան ուզէր արտայայտել ամբողջ պարտէզի մը կամ հօտի մը գաղափարները…
Թիւերու լեզուն շատ երկար տառապեցուցած է մարդկութիւնը, մինչեւ որ ան հնարած է նախ այբուբենը, ապա տառերը օժտած է թուային արժէքով, հուսկ ծնունդ առած են թուանշանները՝ առաջին միաւորները՝ 1, 2, 3, 4, 5… եւ այլն:
Յապաւումներ
Աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրաւոր խօսքի ընդհանրացումով եւ հրապարակագրութեան զարգացումին զուգահեռ լեզուներու մէջ յառաջացաւ սակաւաբանութեան ուրոյն մշակոյթ մը, որ է այլազան բարդ հասարակ եւ մասնաւորաբար յատուկ անուններու յապաւումը, որ կը յենի ընդհանրապէս այդ բառերու բաղադրիչներու սկզբնատառերուն վրայ. օրինակ՝
—ՄԱԿ, ՀԲԸՄ, ՀՀՇ եւ շատ ուրիշներ:
Ասոնք նախապէս յղացուած են գոնէ բանաւոր խօսքի մէջ լման արտասանուելու համար, այսինքն՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն… այսպէս ալ միւսները:
Սակայն ժամանակի ընթացքին, հետզհետէ հանրածանօթ դառնալով, սկսած են արտասանուիլ ըստ յարմարութեան. ՄԱԿ-ը կ’արտասանուի մէկ վանկով՝ մակ, ՀԲԸՄ-ը՝ կ’արտասանուի հոբենըթմեն, ՀՀՇ-ն՝ հոհոշա, ՀՄՄ-ը՝ հոմենմեն:
Ասոնց մէկ տարբերակն են կրճատումները՝ գրաւոր խօսքի մէջ, ինչնէս՝ ս., տ., օր., պ. եւ այլն՝ սուրբ, տէր, օրիորդ, պարոն բառերուն փոխարէն, այնպէս ալ շատ ծանօթ անձնանուններու, ինչպէս ՅԹ՝ Յովհաննէս Թումանեան, ՊՍ՝ Պարոյր Սեւակ, ԳԶ՝ Գրիգոր Զոհրապ եւ այլն:
Ասոնց մէկ տարբերակն են հոգեւորականներու տրուած այլազան կարգերուն եւ կոչումներըուն համապատասխանող յապաւումները. ինչպէս՝
—Գարեգին Գ.՝ Գարեգին կաթողիկոս երրորդ,
—ՆՍՕՏՏ՝ Նորին սուրբ օծութիւն տէր տէր՝ կաթողիկոսին յատուկ,
—Եպսկ.՝ եպիսկոպոսին յատուկ,
—Արք.՝ արքեպիսկոպոսին յատուկ,
—Վ. կամ վրդ.՝ վարդապետին յատուկ,
—Ծվ.՝ ծայրագոյն վարդապետին յատուկ,
—Աբղ.՝ աբեղային յատուկ,
—Սրկ.՝ սարկաւագին յատուկ:
Ծանօթ.— Ասոնց մէջ միակ գլխագրելին է ՆՍՕՏՏ, մնացեալները չեն գլխագրուիր:
* * *
Նման յապաւումները միշտ չէ որ մեր լեզուն կիրարկողներուն ծանօթ են ըստ ինքեան. մեծ է թիւը այնպիսիներուն, որոնք գիտեն, թէ, օրինակի համար, ՄԱԿ կը կոչուի Ամերիկայի մէջ հաստատուած ինչ որ աշխարհաժողով մարմին մը, սակայն չեն գիտեր, թէ այդ միավանկ արտասանուող անունը կը նշանակէ «Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն», ինչպէս շատեր իրենց կարգին չեն գիտեր, թէ ՀԲԸՄ-ը «Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն»-ն է:
Այսպիսիներուն մէկ տարբերակն է տուեալ յապաւումները արտասանել իրենց մէկ բաղադրիչին լման ծանալովը. օրինակ՝
—Համազգային՝ Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութիւն-ի փոխարէն.
—Բարեգործական՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն-ի փոխարէն.
—Դաշնակցութիւն՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն-ի փոխարէն:
—Գարեգին Ա.՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին առաջին Սարգիսեան-ի փոխարէն:
Այս պարագային այս միակի անունը անպայման կը գլխագրուի՝ անկախ անկէ, թէ ան ի՛նչ դիրք կը գրաւէ իր պատկանած բառակապակցութեան մէջ:
Խորհրդային կարգերու հաստատումով՝ միութենական բոլոր լեզուներուն մէջ յառաջացաւ սակաւաբանութեան տեսակ մը, որ կը կայանար բաղադրեալ յատուկ անուններու բաղադրիչներու սկզբնատառերը կամ առաջին վանկերը մէկ համադիր բարդ բառի վերածելու մէջ՝ բոլորովին մեքենականօրէն կրճատելով անոնց բաղադրիչները. օրինակ՝
Բուհ — բարձրագոյն ուսումնական հաստատաութիւն
Համկկ — համամիութենական կոմունիստական կուսակցութիւն
Լկեմ — լենինեան կոմունիստական երիտասարդական կուսակցութիւն
լուսժողկոմ — լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսար
Հայպետհրատ — Հայաստանի պետական հրատարակութիւն
սոցդասվար — սոցիալական դաստիարակութեան վարիչ
Այսպիսիները, որքան ալ յատուկ ըլլային մասնաւորաբար գրաւոր խօսքին, այսուհանդերձ անխուսափելիօրէն կը թափանցէին նաեւ բանաւոր խօսքի մէջ: Ասոնք հայ լեզուաբանութեան պատմութեան մէջ կը կոչուէին «նոր յապաւումներ»: Այսպիսիները ամբողջական բառարաններ լեցուցած են (տե՛ս Նայիրի բառարան-ներու շարքի «Յապաւումների բառարան»-ները՝ թիւով չորս):
Բարեբախտաբար այսպիսիներուն բեռը հետզհետէ նուազեցաւ՝ նոյնինքն խորհրդային կարգերու հետագայ տարիներուն, իսկ Հայաստանի անկախութենէն ետք մեծապէս լքուեցան անոնք. մնացին սակաւ կառոյցներ, ինչպէս՝ բուհ, արտգործնախարար, զինծառայող, շինմաս, շինհրապարակ, պետդումա, պետթատրոն, քաղբանտարկեալ եւ սակաւ ուրիշներ ալ, որոնք որոշ յաճախականութեամբ եւ որոշ վայելչութեամբ քարշ կու տան իրենց գոյութիւնը:
Սակաւաբանական երեւոյթ է նաեւ անշաղկապութիւնը, որ յատուկ է մասնաւորաբար ժողովրդախօսակցական լեզուին, ուր կը զեղչուին ա) համադասական միաւորիչ շաղկապները եւ բ) ստորադասական շաղկապները.
ա) Լեռ (ու) ձոր ոտքի տակ տուաւ, (եւ) ձեռնունայն վերադաձաւ:
Եկայ, տեսայ, (եւ/ու) յաղթեցի:
բ) Եւ զայրացած հարցուց՝ (թէ) ինչպէ՞ս մէջէն պիտի ելլեն:
Ես ալ հետաքրքիր էի՝(թէ) ովքե՞ր են եկողները:
Ողջագուրուեցէ՛ք, (որովհետեւ) այլեւս պիտի չհանդիպիք իրարու:
Շարունակելի
armenag@gmail.com