ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Է –

Տարիները անցան, եւ հասաւ 1953-ի դպրոցական ամավերջը:
Մայիսի աւարտին քանի մը օր մնացած՝ Ծառուկեան բացակայեցաւ դասերէն: Նախ ըսուեցաւ, թէ Կիպրոս գացած էր՝ այնտեղ դասախօսելու Սարդարապատի հերոսամարտի 35-ամեակի առթիւ: Սակայն յունիսին սկսան տարածուիլ այլ շշուկներ, թէ «պարոն Ծառուկեանը այլեւս դպրոց պիտի չգայ»: Շատ բան չէինք հասկնար այս բոլորէն, բայց մեր մաշկին վրայ կը զգայինք անոնց այրող խարանը. ոչ միայն հայոց լեզուի դասերուն չէր մտներ, այլ իր այնքան սիրելի կերպարը չէր երեւեր դպրոցի շրջափակին մէջ եւս:
Այսպէս տեւեց քանի մը շաբաթ, մինչեւ որ դասերը կանգ առին, եւ մենք սկսանք պատրաստուիլ վկայականաց բաշխումի հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենար յուլիսի առաջին շաբաթը:
Այն օրը նմանապէս բացակայ էր Պարոն տնօրէնը:
Ծնողներուն տրամադրութիւնն ալ տեղը չէր:
Հաւանաբար մթնոլորտը քիչ մը փոխելու հեռանկարով՝ ընտրուած էր ծիծաղաշարժ զաւեշտ մը՝ «Ծառայ Թորոսը», որուն գլխաւոր դերակատարը մեր դասընկեր Դանիէլ Մածունեանն էր, որ իսկական միմոս մըն էր արդէն կեանքի մէջ ալ, իսկ այն օրը բեմին վրայ գերազանցեց ինքզինք: Այո, շատ ծիծաղեցան հանդիսականները, սակայն ընդհանուր կացութիւնը մասնաւոր փոփոխութիւն չկրեց:
Վկայականներու յանձնումի արարողութեան բեմին վրայ էր օրուան առաջնորդը՝ Խորէն արք. Բարոյեանը՝ ապագայ Խորէն Ա.-ը. ան կողքին ունէր պարոն Կարօ Գանթարճեանը, որ «աւագ ուսուցիչ» կը կոչուէր: Այս երկուքին ձեռքէն ստացանք մեր վկայականները՝ կոտրած տրամադրութեամբ եւ խոր ափսոսանքով, որովհետեւ շատ կապուած էինք մեր տնօրէնին, եւ բոլորիս ցանկութիւնն էր, որ ա՛ն ըլլար վկայական յանձնողը:

* * *

Բայց ահա անցնող օրերուն հետ սկսանք մոռնալ եղելութիւնը՝ անձնատուր ըլլալով նոր հոգերու, որոնց գլխաւորը ուսումը շարունակելու հարցն էր:
Ես այդ ուղղութեամբ գրեթէ որեւէ հեռանկար չունէի, իսկ հայրս կը թելադրէր, որ ատաղձագործութիւն սորվիմ՝ այն տրամաբանութեամբ, թէ՝
— Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ապրիս, մարդիկ միշտ ատաղձագործի պէտք պիտի ունենան, ուրեմն՝ ինչպէս ըլլայ հաց մը կ՚ուտես…:
Առ այս՝ նոյնիսկ առաւօտ մըն ալ գացի արհեստանոցը ատաղձագործի մը, որուն հետ տեսակցած էր հայրս եւ կարգադրած էր աշկերտութեան հարցը: Կը զգայի, որ պատերը վրաս պիտի փլչէին. դժուար կէսօր եղաւ, ու եկայ տուն՝ այլեւս չվերադառնալու համար գործատեղի: Մայրս համաձայն էր, որ ամեն բան «իմ ուզածիս պէս» ըլլար, իսկ թէ ես ի՞նչ կ՚ուզէի, — ի՛նքս ալ չէի գիտեր, մանաւանդ որ ամեն ցանկութիւն պէտք է համապատասխանէր մեր նիւթական կացութեան:
Օրերը զուր կ՚անցնէին, երբ առաւօտ մը դասընկերներէս Յարութիւնը հանդիպեցաւ՝ յայտնելու, թէ Անթիլիասի վանքը քննութիւն պիտի տայ՝ իբրեւ սան ընդունուելու համար Ժառանգաւորաց դպրոցը, որուն մասին ոչ մէկ գաղափար ունէի:
— Կարգին երկրորդական վարժարան է,— աւելցուց,— ուզես՝ վարդապետ կ՚ըլլաս, չես ուզեր՝ չես ըլլար:
Եւ այսպէս է, որ միասնաբար գացինք քննութիւն անցընելու:
Հոն տեսայ երկու ուրիշ դասընկերներ եւս, որոնք նմանապէս եկած էին քննութիւն տալու: Եղանք չորս(1): Թեկնածուներուն ընդհանուր թիւը 16 էր:
Քննութեան ենթարկող ուսուցիչներն էին Բիւզանդ Եղիայեանը եւ Յակոբ Պուճիգանեանը, իսկ Գնէլ վ. Ճերեճեանը հսկողութիւն կը կատարէր:
Կէսօրին մեզի ըսուեցաւ, թէ կրնանք իջնել ու ճաշել սեղանատունը, որ կը գտնուէր արդի վեհարանին ճի՛շդ տակը: Իջանք: Ոչ ոք կար այնտեղ: Դրուած էին ամանները՝ կերակուրով լեցուն: Անօթի էինք բոլորս ալ: Ամանին մէջինը կը թուէր դդմաճ ըլլալ, որը սակայն սառած էր: Եւ երբ դգալս խրեցի մէջը, ամբողջ պարունակութիւնը իբրեւ միակտուր կիսագունդ դուրս եկաւ ամանին մէջէն՝ խոր զզուանք մը պատճառելով ինծի: Կարծեմ, թէ այդ պահուն ալ որոշեցի, որ երբեք այնտեղ պիտի չկարենայի աշակերտել:

* * *

Այդ օրերուն էր, որ այցելեցի գիտութեան ուսուցիչիս՝ Եղիա Նաճարեանի տունը, որ շատ մօտ էր իմինին, վերադարձնելու գիրք մը, որ փոխ առեր էի կարդալու համար: Հետաքրքրուեցաւ ուսումովս, եւ ես բացատրեցի կացութիւնս, վանք տուած քննութիւնս: Ինք ճիշդ մէկ տարի առաջ այդ նոյն հաստատութենէն դուրս եկած էր՝ մերժելով կարգերը մտնել ու սքեմ կրել:
— Եթէ ընդունիս,— առաջարկեց իր կողմէ,— կրնամ քեզ Սահակեան վարժարանի սան արձանագրել, եւ զերծ կը մնաս ամեն ծախսէ, մինչեւ իսկ դասագիրքերու:
Այս մէկը բոլորովին նոր կացութիւն մը կը ստեղծէր ինծի համար՝ առանց լուծում մը բերելու տատանումներուս եւ անորոշութեանս:

* * *

Դպրոցս բնակարանիս շատ մօտ էր, եւ ես յաճախ կ՚ուղղուէի այնտեղ՝ բակը ժամանակ անցընելու թաղի ընկերներուս հետ, որոնք նմանապէս այնտեղ եկած կ՚ըլլային: Օր մըն ալ բակին մէջ գտնուող սենեակին դուռը բացուեցաւ, եւ սեմին երեւեցաւ ինծի ծանօթ հոգաբարձու մը, որ մատով կանչեց զիս:
Մօտեցայ:
— Պարոն Ծառուկեանին տունը գիտե՞ս ուր է, — հարցուց:
— Ո՛չ, — պատասխանեցի, — բայց եթէ բացատրէք՝ կը գտնեմ:
Եւ բացատրեց, ապա ինծի յանձնեց գիրքերով լեցուն հին պայուսակ մը, որ պէտք է հասցնէի տնօրէնիս, կարծեմ 25 դահեկան մըն ալ՝ իբրեւ հանրակառքի (tramway) ծախս տուաւ, քանի քաղաքը՝ Grand-théâtre-ի կից էր այդ հասցէն, ուր գտնուած չէի բնաւ: Օրը արդէն կը տարաժամէր, հետեւաբար միւս օրուան ձգեցի առաքելութիւնս: Զգուշացայ ծնողքիս բան մը ըսելէ, որպէսզի արգելք չհանդիսանային, որովհետեւ հոգեւին կը ցանկայի այդ ճամբորդութիւնը կատարել՝ տնօրէնը տեսնելու տարտամ յոյսով մը:

* * *

Միւս օրը բաւական կանուխ ճամբայ ելայ, մանաւանդ որ կարօտցած էի տնօրէնս, եւ հաճելի էր մտածել, որ թերեւս ալ գտնեմ զինք ու խօսակցիմ հետը, եւ մանաւանդ պարզեմ իրեն կացութեանս անորոշութիւնը:

– Ը –

Հանրակառքի գանձիչը ցոյց տուաւ Grand-théâtre-ը, որուն կից երկրորդ մուտքի առաջին յարկի դուռն էր փնտռածս: Զայն առջեւս բացողը եղաւ մանրակազմ, սեւերու մէջ կորած համակրելի մամիկ մը, որ Ծառուկեանի մայրն էր: Յանձնեցի պայուսակը, որուն կարծես կը սպասէր:
— Հիմա կու գայ, — ըսաւ ու մտաւ քովնտի դուռէ մը:
Շատ փոքրիկ ու ժուժկալ նախասենեակ մըն էր, ուր կը գտնուէի: Այնտեղ տեսայ պզտիկ գրասեղան մը, աթոռ մը եւ տիւան մը:
Քանի մը վայրկեան անց երեւցաւ Ծառուկեան՝ լայն ու առինքնող ժպիտով մը, որուն ծանօթ էի եւ որը քաջալերեց, որ ինքս ալ ժպտիմ ու ցոյց տամ հրճուանքս:
Կը թուէր, թէ պէտք է մեկնէր, քանի արդէն ածիլուած, հագուած ու պատրաստ էր:
Գոհացաւ քանի մը տարտամ հարցումներով, բայց յանկարծ փոխեց նիւթը.
— Ի՞նչ պիտի ընես յառաջիկայ տարի, — հարցուց:
Պարզեցի այն զանազան ընտրութիւնները, որոնք կը ներկայանային:
Շատ լաւ հասկցաւ, որ անոնցմէ ոչ մէկը սրտովս էր:
— Իսկ քու ուզածդ ի՞նչ է, — հարցուց հաւանաբար որոշ շփոթով մը:
— Կ՚ուզեմ Ճեմարան երթալ, — ըսի վճռական՝ ընթացք տալով թաքուն ու երբեք չխոստովանուած երազի մը:
Յանկարծ դէմքը պայծառացաւ ի լուր այս յայտնութեանս:
— Իրապէս կ՚ուզե՞ս, — շեշտեց հարցումը:
Եւ հաստատական պատասխանիս վրայ՝ «շատ լաւ, նստի՛ր» մռմռաց քիթին տակէն, ապա ինք ալ նստաւ սեղանին առջեւ, դարակը քաշելով հանեց թուղթ մը ու ծրար մը եւ շարադրեց նամակ մը: Դրաւ զայն ծրարին մէջ, վրան հասցէագրեց ու դառնալով ինծի ըսաւ.
— Այս նամակը կը տանիս Շթորա՝ պարոն Սիմոն Վրացեանին կը յանձնես:
Ու մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պիտի գտնէի հասցէատէրը, որուն անունը ոչինչ կ՚ըսէր ինծի: Միւս օրը հանրաշարժով հասայ Շթորայի հրապարակէն 150մ անդին գտնուող թիթեղաշէն խանութը եւ ուղղուեցայ դէպի խանութպանը, որ նստած էր բոլորովին խորերը: Ներկայացուցի խնդրանքս:
Ան տեղէն փութով ելաւ, կարծես ինծի կը սպասէր, եւ թեւէս բռնելով՝ «եկո՛ւր», — ըսաւ դէպի դուրս՝ մայթին վրայ ելլելով: Եւ ցոյց տուաւ մօտաւորապէս 50մ անդին, ճամբուն հանդիպակաց կողմէն քալող երեք տղամարդ. «Մէջտեղի բարձրահասակն է պարոն Վրացեանը», ըսաւ գոհունակ շեշտով մը եւ աւելցուց, որ «շատ բարեւներ ընեմ պարոն Ծառուկեանին»:
Հասայ խումբին ու կտրեցի առաջքը՝ յանձնելով ծրարը Վրացեանին, որ առաջին անգամն է կը տեսնէի. պարթեւահասակ, ալեխառն մազերով, հաստապակեայ ակնոցով ու թեթեւօրէն երերուն՝ 70-նոց շատ պատկառազդու անձնաւորութիւն մը, որ աչքին գրեթէ փակցուց նամակս, ապա զայն երկարեց ուղեկիցներէն աջակողմեանին.
— Գառնի՛կ, էս նամակը կարդա՛, — ըսելով:
Քանի մը քայլ ետ գացի ու սպասեցի:
Ուրեմն ես հիմա, Պեքաայի հովիտի անսահման տարածութեան մէջ, դէմ-յանդիման կը գտնուէի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետներէն մէկուն. Աստուա՜ծ իմ, երա՞զ էր, հեքիա՞թ էր, առասպե՞լ էր… ինչպէ՞ս հաւատալ:
Ընթերցումի աւարտին բաներ մը խօսեցան, յետոյ ինծի նշան ըրաւ նոյն ուղեկիցը, որ մօտենամ, եւ բացատրեց.
— Հինգշաբթի Ճեմարան կու գաս, որպէսզի մուտքի քննութեան ծրագիրը ստանաս ու պատրաստուիս: Աշնան քննութիւն պիտի անցընես:
Այսքան արագ, այսքան պարզ ու դիւրին: Ու բաժնուեցանք:

* * *

Հետագային Ծառուկեանի յուշերուն մէջ՝ «Մեծերը եւ միւսները», կարդացի հետեւեալ ծանօթութիւնը. ուրեմն ճիշդ տարի մը առաջ, այսինքն՝ 1952-ի ամառը, Վրացեան Ճեմարանի ի նպաստ կը ձեռնարկէ հանգանակութեան մը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին՝ ամենուրեք հետը ունենալով Ծառուկեանը՝ որպէս պատգամախօս: Արդիւնքը կը գլէ-կ՚անցնի բոլոր նախատեսութիւնները, ուր մեծագոյն դերը կը վերագրուի պերճախօսութեանը Ծառուկեանին(2), որ աւելի քան ամիս մը սիրայօժար կը նուիրուի այս հանգանակութեան՝ մերժելով նիւթական ամեն վարձատրութիւն: Փոխարէնը՝ իրեն իրաւունք կը տրուի ամեն տարի պահելու սան մը:
Ուրեմն ե՛ս էի այդ տարուան իր ընտրեալը:
Նշանակուած հինգշաբթին ուղղուեցայ Ճեմարան, որուն տեղն ալ չէի գիտեր, գտայ պարոն Գառնիկը, որ Բանեան կը կոչուէր, ստացայ ծրագիրը եւ քանի մը ուրիշ թելադրանքներ ու հեռացայ:
Ամառը նոր կը սկսէր, եւ ես, քիչ մը շատ լրջութեամբ, — կ՚ենթադրեմ, — նուիրուեցայ մուտքի քննութեան պատրաստութեան: Այստեղ էր որ առաջին անգամ կը կարդայի, թէ մենք ունեցած ենք գրողներ, որոնք կը կոչուէին Գրիգոր պատուելի Փեշտիմալճեան, Տէրոյենց պատուելի,— որ կարծեմ հարիւրի չափ գիրք գրած էր(3), — պուետ Խաչատուր Միսաքեան, Ստեփան Ոսկան, Յարութիւն Մրմրեան եւ… սոյնպիսիք: Օրին այնքան ինկայ այս բոլորին վրայ, որ ահա այս պահուս առանց որեւէ աղբիւրի կը շարունակեմ հեշտութեամբ յիշել անոնց անունները:
Հօրս՝ զիս ատաղձագործ տեսնելու ցանկութիւնները յօդս ցնդած էին, մայրս գոհ էր, որ «ուզածիս պէս կ՚ընեմ ամեն բան», Եղիա Նաճարեան իր կարգին հաշտուեցաւ այս կացութեան հետ: Կը մնար… վանքը, ուր պաշտօնապէս քննութիւն տուած էի:
Յուլիսի երկրորդ կէսին էր, կը կարծեմ, երբ մեր տունը մտաւ Գնէլ վ. Ճերեճեանը, որ այն ատեն երիտասարդ ու շատ սիրուած մէկ միաբանն էր Կիլիկեան աթոռի: Բոլորս ալ շուարած էինք, մասնաւորաբար գեղջուկ մայրս, որ չէր գիտեր ի՛նչ պիտի ընէր. խեղճին ձեռքը-ոտքը բռնուեցաւ,— ինչպէս կ՚ըսեն: Հայր սուրբը անշուշտ նման կացութիւններու փորձառութիւնը ունէր, ուստի չերկարեց իր այցելութիւնը, «եկած եմ յայտնելու, որ քննութեան յաջողած ես, ուրեմն պէտք է պատրաստուիս», — ըսաւ ու ելաւ՝ առանց սուրճի մըն ալ սպասելու: Հաւանաբար նոյնպիսի այցելութիւններ տուաւ նաեւ միւս երեք ընկերներուս, որոնք նոյն շրջանին մէջ կը բնակէին:
Ասի այնպիսի կացութիւն մըն էր, որուն մասին կարելի չէր չմտածել… նիւթական պատճառներով: Որքան ալ Ճեմարան իբրեւ սան ընդունուէի, այսուհանդերձ ան բաւական հարցերու առջեւ կը դնէր զիս. երթեւեկը, գիրքերս, սնունդս, հագուստս, գրպանի ծախսս՝ թէկուզ շատ համեստ, ու տակաւին շատ ուրիշ անակնկալներ, որոնց տակէն դժուար թէ ելլելու կարող ըլլար հայրս: Փոխարէնը՝ վանքը ասոնց գրեթէ բոլորէն զերծ կը կացուցէր զիս, միւս կողմէ, ինչպէս կը վկայէր դասընկերս, «ան ալ իսկական երկրորդական վարժարան մըն էր…»:
Իրիկունը՝ հօրս գործէն վերադարձին, նստանք ժողովի:
— Ես չեմ ուզեր, որ վանք մտնես, յանկարծ վարդապետ կ՚ըլլաս ու անէծքի տակ կը մտնեմ, — կանխեց հայրս:
Ան կ՚ակնարկէր քահանայ մեծհօրս, որ ոչ ես ճանչցած էի, ո՛չ ալ ինք. ան մահուան անկողինին մէջ պարտք դրած էր հարազատներուն վիզին, որ այնուհետեւ իր գերդաստանէն հոգեւորականի սքեմ կրող չըլլայ:
— Մեծը կորսնցուցի, աս ալ պիտի չկորսնցնեմ, — իր կարգին պատճառաբանեց մայրս՝ ակնարկելով եօթը տարի առաջ Հայաստան փախած եղբօրս:
Ուրեմն հարցը վճռուած էր:
Այսպէսով անջնջելի գիծ մըն ալ վանքին վրայէն քաշեցինք. իսկ թէ այդ գիծէն ի՞նչ շահեցաւ կամ կորսնցուց Կիլիկեան աթոռը, — թող ապագայ պատմաբանները որոշեն:

* * *

Աշնանամուտին մէկ անգամ եւս Գնէլ վարդաապետ հանդիպեցաւ:
Յետմիջօրէ մըն էր, բակին մէջ մայրս ցորեն կը ծեծէր, երբ դուռը հրեց ու ներս մտաւ ան: Եւ առանց նստելու՝ յայտնեց, թէ ճիշդ ո՛ր օրը պէտք է ներկայանայի վանք: Ու ձգեց-գնաց: Այս ալ… իր կարգին:
Արդէն հասած էր մուտքի քննութեանս օրը, որուն անհամբեր կը սպասէի:
Անակնկալ էր. քննութիւն յանձնելու եկած էին երեք դասընկերներ եւս:
Այժմ կը մնար յաղթահարել վերջին մտահոգութիւն մըն ալ. պիտի յաջողէի՞ քննութեան, իսկ եթէ այո, ապա ո՞ր դասարանը պիտի նստէի: Ահա այս մտմտուքներով ալ դիմաւորեցի հոկտեմբերը՝ Ճեմարան վերամուտի առաջին օրը, ուր ամբողջ աշակերտութիւնը ներկայ էր՝ հիներն ու նորերը, որոնց անունները եւ կարգը մէկ-մէկ կը յայտարարէր պարոն Բանեան՝ կազմելու համար համապատասխան դասարանները:
Սրտատրոփ կը սպասէի, երբ անունս նշուեցաւ 7-րդ դասարանի ցանկին մէջ, ինչ որ ազգային նախակրթարանէ եկողներուն համար բարձրագոյնն էր:
Այսպէս սկսաւ ճեմարանականի առաջին օրս, որ պիտի տեւէր հինգ տարի:

(Շար. 3 եւ վերջ)

Պէյրութ
armenag@gmail.com

Ծանօթագրութիւններ

1) Ինձմէ բացի միւս երեքը հետագային մնացին կարգերուն մէջ. Յարութիւնը՝ ապագայ Փառէն արք. Աւետիքեանը՝ Էջմիածնի աւագ միաբաններէն, Արմէն Զաքարեանը՝ ապագայ Նորվան արքեպիսկոնոսը, Փարիզի հրաժարեալ առաջնորդը, եւ Յարութիւն Իգնատիոսեանը՝ ապագայ Խաժակ սրբազանը, Լիոնի երբեմնի առաջնորդը, այժմ հանգուցեալ, երեքն ալ պատկառելի վաստակի տէր հոգեւորականներ:

2) Այդ օրերուն շատ կը խօսուէր խորհրդապատկերի մը մասին, որուն դիմած էր Ծառուկեան իր առաքելութեան ընթացքին՝ ակնարկելով դպրոցէ զուրկ ու բարեկեցիկ ամերիկահայերուն. «Ձեր կովը լեցուն ծիծերով կաթ ունի, սակայն հորթ չունի կերակրելու, իսկ մենք հորթ ունինք, որ մայր չունի կաթ տալու. ուրեմն վստահ եմ, որ հաճոյքով պիտի ուզէք ձերինին կաթը նուիրել մեր որբ հորթին»:

3) Այս տողերը շարադրած պահուս, պահ մը մտածեցի, թէ կրնամ,— սխալ տպաւորութեան մը տակ,— չափազանցուած թիւ մը այսպէս առաջ քշել, ուստի որոշեցի ճշդում մը կատարել. առ այս դիմեցի Յ. Օշականի «Համապատկեր»-ին, ուր կ՚ըսուի, թէ ան գրած է…150 գիրք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *