Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Նուազագոյնը որքա՞ն փոքր պէտք է ըլլայ արարած մը, որ կարեւորութեան արժանի ըլլայ։ Արդեօք ես չափազանցեցի՞ երբ ուշադրութիւնս օրերով փոքր սարդի մը վրայ կեդրոնացուցի … որ ոտքերէն երկուքը կորսնցուցած՝ խոհանոցիս գետինը կը ճեմէր եւ ինծի կը հետեւէր, պահ մը կը պահուըտէր, յետոյ կը յայտնուէր եւ կրկին ինծի կը հետեւէր։ Ես ստիպուած խոհանոցին մէջ շատ զգոյշ կը քալէի, Continue reading “ՍԱՐԴԸ”
Տարիներ առաջ, երբ դեռ անսասան թուացող Սովետական Միութիւնն էր, ես մեր տնօրէնի կարգադրութեամբ Մոսկուա էի գնացել դպրոցի համար գրենական պիտոյք ձեռք բերելու համար: Գործուղումս անյաջող էր: Վերադարձի տոմս էլ չունէի եւ երբ օդանաւակայանում, տոմս ճարելու յուսահատ փորձեր էի անում, մի հայ մարդ մօտեցաւ ինձ:
— Ներողութիւն եմ խնդրում անհանգստացնելու համար, — ասաց նա: Continue reading “ԵՍ ԴԵՐԱՍԱՆ ԵՄ”
2023-ին, Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան կողմէ հրատարակուեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը, որ հեղինակին հրատարակած չորրորդ հատորն է: Գիրքը խմբագրած եւ համադրած է ընկերալեզուաբանութեան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, մեկենասութեամբ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքէն տոքթ. եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարօ Ճէպէճեաններու, գիրքը ձօնուած է հեղինակին Continue reading “Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը”
2024-ի աշնան Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի երիտասարդ աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանի երկրորդ հատորը՝ «Le chemin le plus sombre» («Ամենամթին ճանապարհը») խորագրով։ 1989-1994-ի Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած «Les montagnes noires» (հրատ. Poètes de brousse, 2021) ծաւալուն վէպէն, եւ զայն գրելու մասին իր յօդուածին (Astrid Aprahamian, «Les romans font peut-être mieux les choses: retour sur l’écriture des Montagnes Continue reading “Հայ Դատին նպաստող ֆրանսերէն հրատարակութիւն մը՝ Աստղիկ Աբրահամեանի բացառիկ ինքնակենսագրական պատումը”
Հատորին խմբագիրը՝ Յարութիւն Պէրպէրեան, կողքին՝ Յարութիւն Թորոսեանի գծանկարը, գրքին սկիզբը՝ Յարութիւն Արմէնեանի «Երկիր» ջրաներկը, հրատարակչութեան տնօրէն՝ Էմին Մկրտչեան, գեղարուեստական խմբագիր՝ Մարիամ Կանայեան, տեխնիկական խմբագիր՝ Նուարդ Փարսադանեան, ձեւաւորումն ու էջադրումը՝ Continue reading “ՉՈՐՍ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՅ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆ ԱՆԴԱՍՏԱՆԸ”
11 յունիս 2024-ին իր դիմատետրի էջով Խաչիկ Տէր Ղուկասեան գրած էր.
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ, ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ԳՐԵՆՔ…
Հաճելի զուգադիպութեամբ, Կարօ Արմէնեանի ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ԱՐԻՒՆ. ԵՐՐՈՐԴ ՆՈՒԱԳ, Մարուշ Երամեանի ՏԱՐՓԱՆՔ եւ իմ՝ ՍԱՀՄԱՆԵԼԻ Continue reading “Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական հատորը”
Սկիզբը նախորդ թիւով
Աշխարհաբարի մէջ՝ արեւելեան թէ արեւմտեան, ի հնուց անտի աւեր կը գործէ աւելորդաբանութիւն մը, որ կերպով, ձեւով, եղանակով, առոււմով գործիականներն են: Հայը կրնայ ասոնք, — յատկապէս առաջինը, — զետեղել որեւէ ածականի կամ մակբայի վրայ՝ որեւէ Continue reading “Աւելորդաբանութիւն (Բ.)”
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, նոյեմբերի 10-ին ՀԲԸՄ Հայաստանի ցուցասրահում կայացաւ շուշեցի լուսանկարիչ Վլադիմիր Գէորգեանի լուսանկարների ցուցահանդէսի բացումը։ Այն կրում է Continue reading “«Պիցիրանանք Շուշի» խորագրով ցուցահանդէս”
Հորիզոն գրականի 40-ամեակին առթիւ խմբագրական կազմը կը հաստատէ տարեկան գրական մրցոյթ մը, որուն կրնան մասնակցիլ 15-ը բոլորած պատանիներէն մինչեւ 40-ը բոլորած երիտասարդները՝ տարիքային հետեւեալ բաժանումներով. Continue reading “ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ4 ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆԻ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ”