Դասընկերոջս նոր զրոյցը

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ


Պղատոն թերեւս իրաւունք ունէր, որ կ՚արգիլէր բանաստեղծներուն մուտքը իր հանրապետութենէն ներս: Մեր պատմիչները չեն հաւաստեր մեզի. տեսնես, մեր ամենէն մտառու, լայնախոհ եւ ատով իսկ ամենաողբերգական թագաւորներէն մէկըԱրշակ Երկրորդ, իր Արշակաւանին մէջ տեղ տուա՞ծ էր արդեօք քերթողներու, թէ՞ ոչ: Բայց եւ այնպէս ինծի կը թուի, թէ այդ «տխրահռչակ» քաղաքին առաջին բնակիչները պէտք է հագներգու-գուսանները եղած ըլլային, քանի որ դժուա՜ր թէ այդ դարերուն ալ մարդիկ շատ աւելի բարեհաճ վերաբերում ունենային անոնց հանդէպ, քան հիմա բանաստեղծներու նկատմամբ: Արդարեւ, ի՞նչ է բանաստեղծը, մանաւանդ հա՛յ բանաստեղծը հիմա. երեւութապէս կարծես հիացքի առարկայ. օ՜, բանաստե՞ղծ, ի՞նչ կ՚ըսէք. բայց խորքին մէջ ամեն վայրկեան, լռելեայն, մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն հանրայայտ տողին նշաւակ անձնաւորութիւն. «Ոտանաւորն ի՞նչ ընել, ոտանաւորը կ՚ուտուի՞…»:

Սակայն եւ այնպէս երբեմն երիժնակի կպչուն հունտերուն պէս վրայէս կը փրցնեմ ու հովուն կու տամ նմանօրինակ խորհրդածութիւնները եւ ներքուստ հաւատքի կայծերով կ՚ասղնտուիմ իմ բովանդակ կեանքիս գործինբանաստեղծութեան, գրականութեան հանդէպ, երբ շուրջս կը տեսնեմ յաջողակ մարդիկ, որ գրիչ կը բռնեն, գիրքեր կը հրատարակեն, մէկ խօսքով, իմ ըրածս կ՚ուզեն ընել իրենք ալ, մինչդեռ ես որեւէ ատեն մտքիս ամենախուլ անկիւնէն իսկ չեմ անցըներ ոտնձգութիւններ փորձել իրենց բանջարանոցին ցանկորմէն ներս: Ի տես անոնց կը սփոփուիմ, հարսնեակ դարձած թիթեռի պէս կը խայտամ մտայղացումներուս ծաղիկներուն կամ մացառներուն շուրջ եւ կ՚ըսեմ իւրովի. «Ուրեմն ի՛մ ըրածս ալ բանի մը պէտք է, մանաւանդ որ, թէկուզ երկարամեայ վարժութեան բերմամբ, ես աւելի լաւ գլուխ կը բերեմ այն, ինչ անոնք կը նկրտին ընել»: Ինքնագոհութիւնս խայտանքի երկինքներ կը բերէ յատկապէս, երբ մետասաներորդ ժամուն գրիչ բռնողը ծանօթ է, բարեկամ, առաւել եւսերբեմնի դասընկեր, որուն նախասիրութիւնները գաղտնիք չէին ինծի համար ի տղայ տիոց: Այսպիսի անխառն ցնծութեան սարսուռներ ցանցնուեցան մէջս, երբ երկու տարի առաջ, Մոնրէալի մէջ, ճեմարանական դասընկերս մեթր Վարդգէս Շամլեանը, որուն իրաւաբանական եւ երեսփոխանական հռչակէն մանիշակագոյն ճառագայթներ էին թափանցած ու հասած ինծի «երկաթէ վարագոյր»-ին իսկ ընդմէջէն, ինծի երկարեց իր մակագրեալ երկու գիրքերը«Իրաւաբանին խղճմտանքը» եւ «Ծեր կաղնիներու շուքին»: Այդ վայրկեանին թէեւ մտովի «դո՞ւն ալ, Բրո՛ւտոս» ըսի ակամայ, սակայն իրականութեան մէջ այնքան ալ չզարմացայ, քանի որ Հայ ճեմարանին մէջ Վարդգէսը, տիպար աշակերտ, իր ֆրանսերէն շարադրութիւններուն համար իսկ տիկին Եոլանտ Աճեմեանին սիրելագոյններէն էր, մինչդեռ ես այդ իմաստով, ինչպէս նաեւ այլ դասերու մէջ, մշեցիներու արտայայտութեամբ, «օրապակաս ճռիկ» (ծղրիթ) էի, ո՛չ աւելի: Քանատայէն տուն վերադառնալուս պէս առաջին գործս եղաւ կարդալ դասընկերոջս գիրքերը եւ գրել տպաւորութիւններս իրեն: Մինչեւ վերջերս չէի յիշեր, թէ ի՛նչ էի գրած Վարդգէսին իր մանաւանդ «Ծեր կաղնիներու շուքին» հատորի մասին, քանի որ միւսը քիչ մը շատ էր մասնագիտական իմ իրաւաբանական ըմբռնմանս համար: Բայց ահա օրերս անձամբ ստանալով իրմէ իր երրորդ դեռ նոր լոյս տեսած «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին» խորագիրով գիրքը եւ թերեւս Պէյրութի եւ մեր սիրելի Ճեմարանի առկայութեան բերմամբ իր քանի մը շարադրութիւնները գաղտնի ընթերցելու պատրանքով, արտորանօք ու յափշտակութեամբ կարդալով զայն, մտաբերեցի գրեթէ այն ամենը, զոր երկու տարի առաջ նամակով ուղարկած էի իրեն:
Նախ անմիջապէս պէտք է ըսեմ, եւ ասիկաոչ իբրեւ թերութիւն, այլ հեղինակի ինքն իրեն միշտ ու միայն հաւատարիմ մնալու անդրուժան երաշխիք, թէ նոր գիրք բացած ըլլալու տպաւորութիւնը չունեցայ բնաւ: Նախորդ եւ այս գրքի կողքերու կազմին, գոյնին նմանութի՞ւնն էր արդեօք, որ այդ զգացումը յարուցեց մէջս: Ո՛չ: Պարզապէս իմ իրաւաբան դասընկերս կարծես բազմաբնոյթ դատավարութիւն մը ատեն[ին] ինչ-ինչ պատճառներով կիսատ ձգած եւ ահա հիմա դարձեալ ձեռք էր առած զայն նորանոր փաստերու, եզրայանգումներու լոյսին տակ: Ես չեմ գիտեր, թէ Վարդգէսը ինչպիսի՛ զիկզակ ճամբաներով ու դարվար կածաններով իր պաշտպանութեան տակ կ՚առնէ դատ մը, բայց իր գիրքերէն գիտեմ արդէն, թէ ի՛նչ կիրքով կը վարէ զայնինքնամոռացութեան բնատուր արբշռանքն ունենալով իրեն զօրավիգ: Ինչպէս նախորդ, այս գրքին ալ կեդրոնական սիւնը կը կազմեն ճանաչողական, վաւերաթղթային շահեկանութեամբ ճեմարանական, սկաուտական, մտերիմ մարդոց կենդանագիրը պայծառ լոյսին բերող խաղաղ օրերու եւ պատերազմական տարիներու յիշատակներու յախուռն յառնումներ, մեր վրիժառու հերոսներու հետքերու որոնման ճամբու գրառումներ, այսինչ կամ այնինչ հարցի շուրջ իրաւաբանական բազմակողմանի խորհրդածութիւններ, մոլի որսկանի չորս ականջ կտրած գիշերային հսկումներու նկարագրութիւններ, լեցուն վեհանիստ լռութիւններով, սրտաթունդ շշուկներով ու հոգեբանօրէն ըմբռնելի ցնորոտ յաճախանքներով եւ այս բոլորին որպէս ծնուցիչ հեղինակի ներքին անզուսպ խռովքը. «Աշխարհի ոսկինաշխարհին. իմ խոկերս, յուշերս, անուրջներս ու գաղափարական համոզումներս են իմ գանձերս»: «Ինչ որ համաձայն է բնութեան, արժանի է յարգանքի», ըսած է Կիկերոն: Վարդգէսի հատորներուն մէջ զիս առինքնողը կեանքէն անմիջականօրէն գիրի աշխարհը առանց շուք ու շպարի փոխադրուած մարդն է, իմ դասընկերս, որուն հետ տարիներ անցուցի Հայ ճեմարանի յարկին տակ, եւ զոր համարեա՛ յիսնամեակ մը ետքը, չեմ ըսեր նորովի, այլ վերստին ճանչցայ Մոնրէալի եւ Պէյրութի մէջ. միշտ գաղափարական, անզիջող, հայրենանուէր, բուռն ու յախուռն ինքն իր եւ ուրիշներու հետ, ճիշդ ու ճիշդ այնպէս, ինչպէս հողմը մենաւոր ու սաղարթաւոր ծառի մը մէջ: Ես բնաւ այն տպաւորութիւնը չեմ ունեցած եւ չունիմ հիմա ալ, թէ գիրքեր եմ կարդացած Վարդգէսէն: Ինծի կը թուի, թէ ան երեք եւ աւելի անգամներ երկարօրէն զրուցած, խօսած ու վիճած է հետս, դաշտավայրէ մը հոսող ու յանկարծ խումբ մը ապառաժներու մէջ հունը նեղցած յորդաջուր գետակի մը նման կոհակ-նախադասութիւններ թաւալելով իրարու վրայ, փրփուր ցանցնելով, դարձդարձելով, գոչելով, կարծես քիչ առաջուան դաշտավայրային ազատութիւնը որոնելու ձեւերով ակնթարթ մը միայն խաղաղելով ու վերսկսելով իր յորձանքը: Չեմ գիտեր, թէ ընթերցուող գիրք մը լաւագոյնս հասկնալուն որքանով կը նպաստէ անոր հեղինակը ճանչնալը: Բազմազան ու զարմանազան են կարծիքներն այս մասին, որովհետեւ անիմանալի են եւ ատով իսկ հրաշազան, գրողի, բանաստեղծի կամ ընդհանրապէս ոեւէ արուեստագէտի ստեղծագործական գաղտնարանները: Վարդգէս Շամլեանի գիրքերուն առնչութեամբ կրնամ վստահօրէն ըսել, թէ բնաւ ալ պայման չէ կեանքին մէջ, ինչպէս կ՚ըսեն, եզակիով «դուն»-ով խօսիլ անոնց հեղինակին հետ, որպէսզի կարողանաս լայնքին-երկայնքին չափել ու խորաչափել զանոնք, իր գիրքերուն մէջ շօշափուած ոչ միայն նիւթերուն ամբողջական ընդգրկման, այլ նաեւ զանոնք մատուցելու, եղանակաւորելու տեսակէտով հեղինակը լիովին «համաձայն է բնութեան», ի՛ր բնութեան: Առաւելութի՞ւն է ասիկա, թերութի՞ւն: Բայց բնութեան անեղծ երեւոյթներուն առջեւ որո՞ւ մտքէն կ՚անցնին նման հակաբնութենական հարցումներ:
Սիրելի՛ Վարդգէս, ինչպէս տեսար, ես մինչեւ հոս անմռունչ լսեցի զրոյցդ, ծպտունով մ՛իսկ չմիջամտելով ու չընդհատելով քեզ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ զրոյցիդ այսինչ կամ այնինչ նիւթը ոչ իր նորութեամբ ու շահեկանութեամբ կը փայլէր, ոչ ալ քու սովորաբար այնքա՜ն աշխուժ պատմելաձեւովդ, այսինքն, ինչպէս կ՚ըսէ մեր ժողովուրդը, «խօսք ըլլայ, ոսպ ըլլայ» ծերունական սկզբունքով կը շօշափուէր: Ես ամեն ինչ վերագրեցի բնութեանտարերքիդ, խառնուածքիդ, անով բացատրեցի, անով արդարացուցի զայն: Սակայն, սիրելի՛ս, բնութիւնն իսկ իր իւրաքանչիւր մասնիկին կատարելութեամբ է համաձայն բնութեան, ինքն իրեն, ուստի եւ յարգելի, արժանի գերագոյն զմայլանքի նաեւ անով, որ առանց դոյզնագոյն ճիգի գերազանցապէս ճիշդ, անսխալ կ՚արտայայտուի, այլապէս, աստուածաշնչեան իմաստութեամբ, «ի սկզբանէ իր գլուխն ինքը կ՚ուտէր»: Ես մեր սիրելի տիկին Եոլանտին, կը յիշե՞ս, անկիւնաւոր կարմիր ու հաստկեկ մատիտը չունիմ եւ այս պարագային արժանի չեմ տեսներ զիս անոր, որպէսզի քու ինչ-ինչ խառնակ ու խուժ պարբերութիւններուդ, նախադասութիւններուդ, անտեղի եւ երբեմն բացուող ու բնաւ չգոցուող բազում փակագիծերուդ, սխալ մէջբերումներուդ եւ բառային վրէպներուդ լուսանցքներն ի վար գիծեր քաշեմիբրեւ անճիշդ, պակասաւոր, երբեմն նոյնիսկ անհասկնալի եւ օտարոտի մեր տոհմիկ մտածողութեան ու լեզուազգացողութեան: Ահա ա՛յս իմաստով մանաւանդ յորձանքդ պղտոր ու բրոր է յաճախ: Բայց ես վստահ եմ, որ քիչ մը ինքնազսպում, սթափութիւն եւ «Բանի երկիւղածութեան» զգացում կը զտեն ու կը զուլալեն զայն մեծապէս առանց որեւէ կարմիր մատիտի: Այս վստահութեամբ ալ պիտի սպասեմ յաջորդ զրոյցիդ:

Յ. Գ._ Անկեղծօրէն չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ «վարպետիս» ձօնագրած էիր գիրքդ ինծի: Սիրելի՛ս, ես ի՛նչ վարպետ քեզի, երբ դուն ինքդ բոլորին համար արդէն շատոնց մեթր ես «ըստ ամենայնի եւ արժանւոյն»:

Լիբանան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *