ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր՝ Հայաստան կեցութեան 45 օրերուն մեծ մասը Պոյաճեան երեկոն անցուց Պարոյր Սեւակի տան մէջ, ուր կը հանդիպէր զանազան գրողներու. հիմա անոնցմէ կը յիշեմ միայն Անահիտ Չարենցի անունը՝ հետեւեալ միջադէպի բերումով:
Այն գիշեր Պոյաճեան վերադարձաւ սովորականէն աւելի հարբած: Շուարած էր, ինքնիր վրայ կը դառնար առանց հանդարտելու, մէջը կրակ մը կար, որ չէր մարեր, երբ մէկ ալ ձեռքը ցնցումով մը ճակտին զարկաւ՝ «ինքնաշարժին մէջ մոռցայ» ճչալով:
— Ի՞նչը, — անհանգստացայ ես՝ ցատկելով տեղէս:
— Չարենցի ձեռագիրը, — պատասխանեց՝ աւելի գրգռելով զիս:
Բնազդաբար վազեցինք փողոց, ճիշդ ի՞նչ ընելու՝ չեմ գիտեր, հանդիպեցանք գիշերապահի մը, որուն բացատրեց կացութիւնը: Գիշերապահը թելադրեց «միլիցատուն» երթալ… ոչ մէկ բան օգնեց, եւ այդ ձեռագիրը չվերադարձաւ:
Ուրեմն Անահիտ Չարենց իրեն յանձնած էր հօրը մէկ գրութիւնը, որպէսզի տպուի սփիւռքի մէջ, անշուշտ «Բագին»-ի. կարելի է պատկերացնել այն հրճուանքը, որ ան պիտի պատճաառէր Սնապեանին, քիչ մը ամբողջ խմբագրական կազմին ու ընթերցողներուն, եւ անոր հետեւելիք վարկն ու պատիւը…(4)

* * *

Օր մըն ալ Պոյաճեան ըսաւ, որ ժամադրուած է Գուրգէն Մահարիի հետ, եւ առաջարկեց, որ ընկերանամ իրեն: Առաջին անգամն էր, որ նման պատիւ մը կ՚ընէր ինծի: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մեր հիւրանոցին կից՝ մայթեզրի ճաշարանին մէջ:
Իմ սերունդս բաւական բան սորված է Մահարիի մասին՝ նախակրթարանէն սկսած, ուր մեր դասագիրքերուն՝ «Արագած»-ի ու «Հայկարան»-ի մէջ միշտ ալ տեղ տրուած էր անոր: Վերջինին՝ «Հայկարան»-ին մէջ ան դասուած էր 1937-ին գնդակահարուած գրողներու շարքին, թէեւ Ստալինի մահով՝ 1953-ին, երեւան եկաւ, որ ան եւ այլ «գնդակահարուածներ», ինչպէս՝ Մ. Արմէն, Վ. Նորենց, Վ. Ալազան եւ ուրիշներ ողջ էին տակաւին եւ Բռնակալին մահէն ետք հերթով վերադառձան Հայաստան՝ երկու տասնամեակ Սիպերիոյ հիւրընկալ ափերուն վրայ զբօսնելէ ետք:
Դասագիրքերէս դուրս ալ շատ ըմբոշխնած եմ Մահարին եւ մինչեւ հիմա կը շարունակեմ ապրիլ անոր մտերմութեան մէջ. 5-6 անգամ կարդացած եմ «Այրուող այգեստաններ»-ը, նուազագոյնը երեք անգամ՝ «Մանկութիւն ու պատանեկութիւն»-ը եւ «Ծաղկած փշալարերը», երկու անգամ ալ «Լռութեան ձայնը» եւ այլն:
Այս բոլորը երեւակայութեանս մէջ զինք ձեւաւորած էին իբրեւ հսկայ մը, որովհետեւ միայն հսկայ մը կրնար այսքան գեղեցիկ ու լայնածիր ընդգրկել այն բոլորը, որ տուած է ան իր գիրքերուն մէջ: Ահա թէ ինչու խորապէս յուսախաբ եղայ մեր սեղանին շուրջ տեսնելով խեղճ ու կրակ, անժամանակ ծերացած մարդ մը, ըսել կ՚ուզեմ խլեակ մը՝ յոգնած, դանդաղաշարժ, մանրակազմ, ճմռթկուած ու հիւծած դէմքով, գրեթէ ճաղատ, բոլորովին անթափանց ակնոցով, որու մէջէն անկարելի էր տեսնել աչքերը, — ու չտեսայ, — եւ ըստ ամենայնի երկչոտ, վերապահ ու շուարած: Ուստի չկրցայ խուսափիլ անմիջական հարցումէ մը, որ տակնուվրայ ըրաւ գիտակցութիւնս. այս խեղճին ներկայացուցած ո՞ր վտանգէն վախնալով՝ հսկայ Սովետական Միութեան արդարադատութիւնը դատապարտած էր զայն տասը տարուան աքսորի… ի Սիպերիա: Եւ ոչ միայն…երբ տասնմէկ(5) տարի ետք վերադարձաւ ան եւ հազիւ 444 օր մնացած էր Հայաստանի մէջ՝ Երեւանէն դուրս, — ուր արգիլուած էր իրեն մտնել, — վերստին ձերբակալուեցաւ ու աքսորուեցաւ, այս անգամ… ցկեանս։
Որքա՜ն արեւներ խամրեցան այդ հրէշային վարչակարգին տակ:

* * *

Սպասեակին գալուստը սթափեցուց զիս ու վերադարձայ սեղանակիցներուս:
Նկատելի էր, որ այս իրենց առաջին հանդիպումն էր:
Մահարի ոչինչ գիտէր Պոյաճեանի մասին, որ կը ջանար այդ բացը լրացնել հերթով թուելով Պօղոս Սնապեանի անունը, — որուն պաշտօնակից էր, — «Բագին»-ը, ուր յաճախ կը գրէր, ապա թուելով գործերուն անունները եւ նման բաներ: Մահարի մինչեւ վերջ ալ չըմբռնեց, — կը կարծեմ, — թէ ի՛նչ նպատակով տեղի կ՚ունենար այս հանդիպումը: Այս անորոշութիւնը փարատելու հոյակապ միջոց մը եղաւ կոնեակը… որուն շուրջ անոնք ակներեւաբար հաշտ ու համերաշխ էին՝ վսեմօրէն գերազանցելով զիրար:
Անոնք շատ խմեցին ու շատ խօսեցան:
Շատ աւելի խօսեցաւ Պոյաճեանը:
Երբ քանի մը գաւաթ արդէն գլորած էին, Պոյաճեան, քիչ մը դժուար զսպելով նախատական շեշտը, հարց տուաւ Մահարիի, թէ ինչո՛ւ աքսորէն վերադարձին դիմած էր կոմկուսին՝ վերընդունուելու համար համայնավարութեան շարքերը:
Մահարի, որ յայտնօրէն չէր ակնկալեր այսպիսի հարցում մը, անակնկալի եկաւ, ցնցուեցաւ, դէմքի մկանները նրբօրէն դողացին, վտանգ գուշակող երէի մը պէս կծկուեցաւ ինքն իր վրայ՝ քիչ մը աւելի մանրանալով, կարծես տարտամ փորձ մը ըրաւ հակադարձելու, սակայն չյաջողեցաւ, կուլ տուաւ խօսքը, որ դառն պատառի մը պէս իջաւ կոկորդէն վար՝ որկորի ակներեւ ելեւէջով մը:
Սակայն այսքանով չփակուեցաւ հարցը:
Իր գերակայութենէն խրախուսուած, չըսելու համար՝ հարբած, եւ քիչ անց, քանի մը գաւաթ եւս կուլ տալէ ետք Պոյաճեան կրկնեց իր հարցումը՝ այլեւս գրեթէ առանց սքողելու շեշտին մեղադրական հնչերանգը:
Մահարի աւելի խեղճացաւ, անհանգիստ շարժումներ ըրաւ մէկուն պէս, որ փուշի վրայ նստած է ու չի յաջողիր տեղաւորուիլ աթոռին: Հանգիստ չէի ինքս ալ. երազներուս մէկ գեղեցիկ դղեակը ահա քար առ քար ու խիճ առ խիճ կը քանդուէր շուրջս անագորոյն ու անպատասխանատու ձեռքով մը, որ չէր ուզեր զսպուիլ: Պիտի ուզէի միջամտել բանով մը ու փարատել այս մթնոլորտը, սակայն ատոր համար ո՛չ բաւարար հասունութիւնն ունէի, — ես իրենց կէս տարիքն ալ չէի, — ո՛չ ալ յարմար բառերը կը գտնէի:
Երբ քառորդ ժամ ետք ա՛լ կը բաժնուէինք, Պոյաճեան չվարանեցաւ վերջին ու վճռական հարուած մըն ալ տալու Մահարիին՝ այս անգամ առանց ծամծմելու բառերը.
— Ի՛նչ ալ ըլլար՝ պիտի չվերադառնայի՛ր այդ կազմակերպութեան…

* * *

Տարի մը անց մեռաւ Պոյաճեան, երեք տարի ետք Մահարի հետեւեցաւ անոր:
Եւ այնուհետեւ ամբողջ կարելիս ըրի, — առանց միշտ յաջողելու, — որ վանեմ այն անդոհանքը, որ Երեւանի հանդիպումը պատճառած էր ինծի: Այս յամառ փորձերս տասնամեակներ քաշքշեցի, երբեմն ունենալով յաջողած ըլլալու տարտամ պատրանքն ալ, մինչեւ… 22 փետրուար 2020, երբ ամեն ինչ տակնուվրայ եղաւ. այն օրը «Ազդակ»-ի մէջ աչքիս զարկաւ զարմանալի յօդուած մը՝ յիշեցնելով ինծի Աբովեանի ծանօթ խօսքը, որ «եթէ ուխտդ արդար է, մատաղցու ոչխարը ոտքովը դուռդ կու գայ»:
Ուրեմն, յօդուածագիրը՝ Կարօ Մանճիկեան, կը ներկայացնէ Պօղոս Սնապեանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցը: Այստեղ Սնապեան սեւով ճերմակի վրայ բառացի կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ինք, Պոյաճեան ու Ծառուկեան հեռացած էին իրենց կուսակցութենէն եւ թէ ինչպէ՛ս «կարճ ժամանակ ետք ընկերս` համագիւղացի Պոյաճեանը, չդիմանալով դուրսի “ցուրտին”, զղջումնագիր-աղերսագիր տալով` վերադարձաւ շարքերը»:
Լախտի հարուած մըն էր այս: Ուղղակի շշմած էի: Չէի հաւատար աչքերուս:
Ուրեմն այն պահուն, ուր Պոյաճեան այնքան վայրագ դաժանութեամբ կը դատափետէր Մահարին՝ կուսակցութեան շարքերը վերադառնալուն պատճառով, ինք արդէն տառացիօրէն գտնուած էր այդ նո՛յն կացութեան մէջ՝ «չդիմանալով դուրսի ցուրտին», — որ վստահաբար այնքան սաստիկ չէր, որքան Սիպերիայինը, ուր քսան տարի սարսռացին Մահարիի ողն ու ծուծը, — ու գրելով իր «զղջումնագիր-աղերսագիր»-ը, որպէսզի վերընդունուի շարքերը…
Եւ ըսել, որ անոնք բնաւ ալ նոյն պայմանները չունէին:

* * *

Եթէ Մահարի չվերադառնար շարքերը, որով պայմանաւորուած էին համեստ թոշակ մը եւ գործի պարագայական հրատարակութիւնը կամ վերահրատարակութիւնը, — ապա ան դատապարտուած էր ստոյգ սովամահութեան՝ իր հետ դատապարտելով նաեւ մանկամարդ կինը՝ Անտոնինան, եւ խանձարուրի մանչը՝ Գուրգէն կրտսերը(6): Թող որ այդ բոլորով հանդերձ եւ Սիպերիայէն վերադարձէն տասը տարի ետք ալ ան տակաւին խեղճ ու հիւծած էր, հիւծումով մը, որ կը մատնուէր ձայնէն, դէմքէն, աչքերուն անթափանց խորերէն, հագուկապէն, շարժումներէն՝ ամե՜ն ինչէն:
Մինչ Պոյաճեան, ապրելով ազատ պայմաններու մէջ, շատ աւելի հնարաւորութիւններ ունէր իր ապրուստը հոգալու համայնքային-կուսակցական համակարգերէն անկախ։
Եւ այսպէս…

ԱԲՈՎԵԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Անցող տասնամեակին Հայաստան այցելութիւններէս մէկուն էր, երբ առիթով մը որոշեցի ելլել Քանաքեռ՝ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը տեսնելու: Առ այդ վարձակառք նստայ Հանրապետութեան հրապարակէն: Հանդիպեցայ հանգչուկ վարորդի մը, որ առաջին վայրկեանէն շահեցաւ վստահութիւնս:
Ուրեմն երբեմնի, — Աբովեանի օրերու, — իմ գիտցած կամ պատկերացուցած, Երեւանէն 5-6 քմ հեռու՝ անկէ անջատ Քանաքեռը չէր այս, վասնզի կառքը ոչ մէկ ատեն խզուեցաւ Երեւանէն, որ հիմա այնքան ընդարձակուած էր, որ ընկլուզած էր երբեմնի հեռաւոր գիւղը՝ Աբովեանի ծննդավայրը:
Եւ ահա մէկ ալ «հասանք» ըսաւ վարորդը:
Խնդրեցի, որ սպասէ ու վերադարձնէ զիս հրապարակ:
— Կէս ժամ չի տեւեր, — ըսի կառքէն իջնելով:
— Ազատ զգա, ուզածիդ չափ մնա, — հանդարտ թելադրեց վարորդը:

* * *

Շատ գեղեցիկ ու հաճելի շրջապատով, յարակից , շինութիւններէ բաւական կտրուած, գողտրիկ համալիր մըն էր վարորդին ցոյց տուածը՝ Աբովեանի բարձրադիր արձանով: Ան ընկերացաւ ինծի մինչեւ մուտքը: Ուրեմն պէտք է յարկ մը բարձրանայի, վասնզի թանգարանը կառուցուած էր մերկ սիւներու վրայ, ինչ-որ առաջին հայեացքով քիչ մը կը զարմացնէ այցելուն. քիչ անց պիտի ըմբռնէի այդ կարգադրութեան պատճառը:
Բարձրացայ, վճարեցի մուտքը՝ 500 դրամ, այսինքն՝ մէկ դոլար, որ իրաւունք տուաւ տրամադրութեանս տակ ունենալու ինծի ընկերացող զբօսավար մը, որ շատ համակրելի, ազնիւ ու հանդարտաբարոյ պարմանուհի մը ըլլալ կը թուէր: Չվարանեցայ մտածելու, թէ այս աննշան գումարով՝ իբրեւ մուտքի վարձ, ինչպէ՞ս կը տնտեսուէր նման հաստատութիւն մը՝ իր անձնակազմով ու… զբօսավար(ներ)ով, չհաշուած շրջապատի բարետեսութիւնը ապահովող մշակուած տարածքով՝ ծառերով ու վարդերով ու ասոնք խնամող պարտիզպան(ներ)ով:

* * *

Բուն թանգարանը փոքրիկ սրահ մըն էր, թերեւս տասնհինգ մեթր երկարութեամբ եւ հաւանաբար ութ-տասը մեթր լայնքով: Ան ունէր մեսրոպեան Ս տառին դասաւորումը: Անոր երեք պատերը օժտուած էին մէկ-մէկուկէս մեթր բարձրութեամբ միակտուր ապակեդարանով, ուր ամփոփուած էր այլազան բնոյթի գրականութիւն մը՝ Աբովեանի գործերուն զանազան հրատարակութիւնները 1858-էն(7) ի վեր, զայն սերտող բանասէրներու գործերը, նամակներ, թերթեր, Աբովեանին պատկանած կամ անոր ժամանակները բնութագրող առարկաներ եւ հազար ու մէկ այլ բաներ: Իսկ պատերը զարդարուած էին զանազան նկարներովը՝ Աբովեանի, անոր առնչակից ժամանակակիցներու, բայց նաեւ իր գործին վրայ վաստակ ունեցող անձնաւորութիւններու եւ այլ նիւթերով, որոնց բոլորը չեմ յիշեր այս պահուս:
Ուրեմն հանդարտօրէն կը շրջէինք այս հոգեպարար միջավայրի մտերմութեան մէջ, մինչ զբօսավարուհիս մանրամասն ու անձանձիր կը ներկայացնէր ամեն առարկայ՝ փակ դարանին մէջ թէ յարակից պատին վրայ, երբ գրեթէ աւարտին կանգ առաւ դարանին մէջ՝ ինծի ծանօթ կողքին վրայ:
— Այս էլ, — աւելցուց, — «Վէրք Հայաստան»-ի արեւմտահայերէն թարգմանութիւնն է, որ վերջերս առաջին անգամ լինելով կատարուել է սփիւռքում՝ Լիբանանում…
— Այո, ծանօթ եմ, — ըսի:
— Թւում է Աբովեանին շատ էք գնահատում, — վրայ բերաւ:
— Գնահատանքը իր կարգին, — աւելցուցի, — ես այս հատորի թարգմանիչն եմ…
Յանկարծ արձանացաւ, այլափոխուեցաւ, յօնքերը պռստած երկար դիտեց դէմքս, որ կարծես նոր կը տեսնէր: Ապա եղնիկի քայլերով սլացաւ դէպի ելքը, որ հեռու չէր, եւ «Աբովեանի արեւմտահայ թարգմանիչն էստեղ է» ճչաց նրբանցքի մը երկայնքին, որ նոր կը նկատէի:
Եւ ահա բացուեցան զանազան դռներ, որոնց գոյութեան նոր կ՚անդրադառնայի, եւ դուրս եկաւ աձնակազմի ստուար խումբ մը, — ուրեմն՝ ասոնք բոլորը այստե՞ղ կը ծառայէին եւ ճիշդ ի՞նչ կ՚ընէին, — ու շրջապատեց զիս:
Կեանքիս մէջ առաջին անգած ըլլալով կը շրջապատուէի այսպէս:
Սա այնպիսի կացութիւն մըն էր, որ երբեք նախատեսած չէի, ալ ո՛ւր մնաց որ… կարենայի հանգիստ դիմագրաւել զայն:
Նոյն պահուն բացուեցաւ վերջին դուռ մըն ալ, ուրկէ դուրս եկաւ «դիրեկտըրը», որ իր կարգին քիչ մը զարմացած, քիչ մը շուարած, — արդեօք քիչ մըն ալ թերահաւա՞տ, — զիս հրաւիրեց իր շատ փոքր գրասենեակը: Իսկ անդիէն մէկը ձայն կու տար՝ չեմ գիտեր որո՛ւ, որ վերադարձնէին… «հիւրի վճարած այցագինը»:
Այս բոլորը պատճառ դարձան քիչ մը աւելի տակնուվրայ ընելու զիս:
Տնօրէնը աթոռ առաջարկեց սեղանի մը շուրջ, որուն դիմաց կը գտնուէր ապակեպատ փոքրիկ գրադարան մը, ուր առաջին շարքի վրայ տեսայ «Վէրք Հայաստանի»-ի երկու օրինակ եւս, իսկ դռան մուտքին տակաւին կանգնած էին անձնակազմի հետաքրքիր անդամներէն ոմանք:
Հանգիստ չէի: Քիչ անց սուրճ ապսպրուեցաւ, իսկ ես պատրուակեցի, որ ժամանակ չունիմ, վարը սպասող ունիմ եւ պէտք է մեկնիմ: Եւ իջանք վար:
Հիմա հերթը Աբովեանի տունինն էր, որուն շուրջ բարձրացող սիւներու վրայ ալ կառուցուած էր թանգարանը՝ խնայելու համար բնակարանին:

* * *

Ան կը ներկայացնէր միակտուր ու կանոնաւոր, համեստ ուղղանկիւն մը:
Մտնելու համար՝ ստիպուեցայ բաւական ծռիլ, այնքան ցած էր դռան բարաւորը: Կողմերէն ալ նեղ էր ան:
Մեր առջեւ բացուեցաւ լուսաւոր, մաքուր ու կոկիկ, համեստ սենեակ մը, որ եղած էր մեծ հայր Աբովի հիւրասենեակը: Անոր աջ պատին վրայ կար մեծադիր հայելի մը, իսկ ճիշդ դիմացը բուխերիկ մը:
— Աբովեանի օրով միայն մեծահարուստները(8) հայելի եւ բուխերիկ կարող էին ունենալ, — բացատրեց զբօսավարուհիս:
Բուխերիկին առջեւ կը գտնուէր բաւական խոշոր սեղան մը, իսկ սեղանին ստորոտը, գետնին վրայ, դրուած էր կոնտոլաձեւ շատ փոքրիկ ճօճօրրան մը:
—Սա Աբովեանի մանկական օրօրոցն է,— բացատրեց օրիորդը:
Հիւրասենեակի ձախէն կը բացուէր ներքին դուռ մը՝ դէպի յարակից տարածքը, որ ննջասենեակն էր, այս վերջինէն իր կարգին կը բացուէր այլ դուռ մը, որմէ անդին կը գտնուէր երրորդ սենեակ մը: Այս երեքը կարկանդակի պէս կցուած էին իրարու:
—Սա մառանն է,— աւելցուց ան:
Այնտեղ կը գտնուէին կաւէ մեծ ու փոքր ընդունարաններ, երկրագործական առարկաներ՝ բահ, բրիչ, մանգաղ, գերանդի, եղան, խոփ եւ այլ իրեր:
—Աբովեանը հէնց այս սենեակի մէջ է ծնուել, ճիշդ այդ անկիւնը,— բացատրեց՝ մատնացոյց ընելով մուտքի հանդիպակաց ուղղութինը:

* * *

— Ինչո՞ւ դուռը այսքան նեղ ու մանաւանդ ցած է,— հարցուցի ուղեկցուհիիս:
— Որովհետեւ,— բացատրեց ան,— պարսիկ խանի ձիաւորները իրենց ձիերուն վրայ նստած սովորութիւն ունէին մտնելու հպատակներու տուները: Դռները նեղ ու ցած շինելով կը յաջողուէր այդ յոռի սովորութեան առաջքը առնել:
Հետագային նման ուրիշ դռներ ալ տեսայ, յատկապէս եկեղեցիներ, որոնց նմանապէս չէին խնայեր պարսիկ, իսկ անոնցմէ առաջ միւս զաւթիչները:

(Շար. 2 եւ վերջ)

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4) Ձեռագիր արտասահման ղրկելը բաւական ընդհանրացած երեւոյթ էր խորհրդային կարգերու օրով: Նոյնը ըրած են Մահարի, Խրուշչով, Սոլժենիցին, Պաստեռնակ եւ ուրիշ բազմաթիւ խորհրդային այլախոհներ:

5) Տոմարակալական սխալի մը պատճառով՝ 10-ի փոխարէն 11 տարի տեւած է անոր առաջին աքսորը. «Փլանս գերակատարեցի», — կ՚ըսէր ան դառն սրամտութեամբ մը:

6) Մահարի 1935-ին ամուսնացաւ եւ ունեցաւ զաւակ մը՝ Գրիգորը, որ խանձարուրի մէջ էր, երբ բանտարկուեցաւ 1936-ին, որմէ ետք կինը, — Խոսրով Թիւթիւնճեանի քրոջը աղջիկը, — ուրացաւ ու լքեց զինք: 1952-ին Սիպերիոյ մէջ ան վերամուսնացաւ լատվիացի կալանաւորուհիի մը՝ Անտոնինայի հետ, որ խնամած էր զինք ծանր հիւանդ օրերուն: Այս վերջինէն ունեցաւ մանչ մը՝ Գուրգէն կրտսերը, որ մեռաւ պատանի հասակին, ապա աղջիկ մը, որ նմանապէս շատ կանուխ մահացաւ:
Գրիգոր որդին (Աճեմեան), որ գիտակցական տարիքին պիտակուեցաւ իբրեւ «ազգի թշնամիի որդի», այժմ կ՚ապրի իր խոր ծերութիւնը. Մահարիի մահէն ետք ան մեծ նուիրումով տիրութիւն ըրաւ հօրը գործերուն ու կը հրատարակէ զանոնք 15 հատորով, որոնց 14-րդը արդէն լոյս է տեսեր (2020-ին):

7) Հասաւ ժամանակ մը, ուր Աբովեանի երկերը Խորհրդային Հայաստանի մէջ հրատարակուեցան տասը հատորով: Ասոնց մէկ մասը գրուած է շատ ընտիր գրաբարով, ուրիշներ, ինչպէս՝ «Վէրք Հայաստանի»-ն, «Պարապ վախտի խաղալիք»-ը, գրուած են Քանաքեռի բարբառով: Ձգած է գերմաներէն գրութիւններ եւս: Իր ողջութեան՝ Աբովեան ոչ մէկ գործ կրցաւ հրատարակել, ենթադրելի է՝ խոր աղքատութեան պատճառով, որովհետեւ ան շատ աղքատ էր: Միայն մէկ վտիտ գրքոյկ՝ մանկավարժական բովանդակութեամբ, կրցաւ լոյս ընծայել Կովկասի փոխարքայի մանկավարժական հիմնադրամի օժանդակութեամբ, ան ալ շուտով ետ հաւաքուեցաւ ու փճացուեցաւ: Իսկ «Վէրք հայաստանի»-ն, առաջին գեղարուեստական երկը՝ կարգ մը յապաւումներով, — գրաքննութեան բերումով, — հրատարակուեցաւ գրելէն շուրջ քսան, իսկ մահէն տասը տարի ետք միայն: Հետագայ հրատարակութեանց մէջ կամաց-կամաց նուազեցան ու իսպառ չքացան յապաւումները: Խորհրդային կարգերու ամբողջ տեւողութեան յամառօրէն շրջեցաւ շշուկ մը, թէ «Վէրք Հայաստանի»-ի հրատարակութիւններէն զեղչուած են հակառուս տողերը. այս ենթադրութեան աննկուն քարոզիչը դարձաւԿարէն Սիմոնեան՝ յատկապէս Ֆրանսա հաստատուելէն ետք ու կեղծ այլախոհի իր դիրքերէն, մինչեւ որ դարուս սկիզբը՝ 2004-ին, Գուրգէն Գասպարեան վէպը հրատարակեց Աբովեանի ինքնագիրի հիմամբ, յորում,— ինչպէս օրին վկայեցին աբովեանագէտներ,— ոչ մէկ հակառուս տող կը գտնուի: Այլ հարց, թէ Սիմոնեան չդադրեցաւ պնդելէ իր «գիտցած»-ին վրայ:

8) Խաչատուր Աբովեանը, ուրեմն, բնակած է տանը մէջ հօրենական մեծ հօրը՝ Աբովին: Սա եղած է բարեկեցիկ ու բարեգործ, այլեւ յանդուգն անձ մը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է իր ժամանակին, պարսկական տիրապետութեան օրով, Քանաքեռի պաշտպանութեան մէջ՝ ընդդէմ թուրք ու այլ պատահական աւազակներու: Աբովի մէկ շառաւիղն է Աղասին՝ «Վէրք Հայաստանի» վէպի գլխաւոր հերոսը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *