ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ
… Գիտցէ՛ք, որ մի՛շտ կենդանի եմ:
Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:
Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ
Աբրահա՛մ, դասընկերս իմ սիրելի: Գիտցի՛ր, որ ինծի եւ շատերու համար դեռ կենդանի ես ու յիշատակդ ալ միշտ անթառամ պիտի մնայ:
Երկրագունդի հակառակ երեսին վրայ գտնուելով` մահուանդ լուրը թերթերէն իմացայ, ներէ, որ յուղարկաւորներու թափօրին միանալ եւ ես ալ ափ մը հող շիրիմիդ մէջ նետել չկարողացայ: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս: