ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վարդան Մատթէոսեան

Ստորեւ տրուող գրութիւնը հեղինակին կողմէ խօսուած է շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ, Համազգայինի Գանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին։ Վերամշակուած է հրատարակութեան համար։

Կոստան Զարեան, ինչպէս այլ առիթներով ըսած եմ, ընթացիկ դասակարգումներէն դուրս կ՚իյնայ։ Ան ո՛չ արեւմտահայ, ո՛չ արեւելահայ, ո՛չ սփիւռքահայ, ոչ ալ խորհրդահայ գրող է, այլ պարզապէս՝ հայ գրող: Պատշաճ կը նկատեմ Զարեանի ամբողջ Continue reading “ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ”

Lettres d’Armène Ohanian à Auguste Rodin

Vartan Matiossian et Artsvi Bakhchinyan

Ստորեւ կը հրատարակենք ֆրանսացի հռչակաւոր արձանագործ Օկիւստ Ռոտէնի (1840-1917) թանգարանի արխիւին մէջ պահուող եօթ կարճ գրութիւն, որոնք արուեստագէտին յղած է հայ պարուհի Արմէն Օհանեանը (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1887-1976)։
Այս արուեստագիտուհին, որ շուտով նաեւ նշանաւոր ֆրանսագիր գրագիտուհի պիտի դառնար եւ աւելի ուշ՝ սպանագիր գրականագէտ Մեքսիքոյի մէջ, 1910-ականներուն մծ հռչակ վայելած է Ֆրանսայի մէջ իր արեւելեան եւ «ազատ» բնոյթի պարերով։ Ան Ռոտէնի հետ ծանօթացած է 1913-ին, իրենց ընդհանուր բարեկամի՝ փարիզաբնակ ամերիկացի գրագիտուհի Նաթալի Քլիֆըրտ Պըրնիի (1876-1972) միջոցաւ։ 1915-ին, Continue reading “Lettres d’Armène Ohanian à Auguste Rodin”

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սոյն համառօտ անդրադարձը Նիկոլ Աղբալեանի վաստակին՝ իբրեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար, պարզապէս ուրուագիծ մըն է՝ տրամադրելի տպագիր փաստաթուղթերու եւ լրագրական հաղորդումներու հիմամբ, այդ ժառանգութեան քանի մը էջը թարմացնելու նպատակով։ Continue reading “ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)”

ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄԷԿ ՀԱՏՈՐԸ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հրաչեայ Աճառեանը հաւանաբար մեր մշակոյթի ամենէն արտասովոր եւ համակրելի դէմքերէն մէկն է։ Արտասովոր՝ իր առասպելական աշխատասիրութեան եւ իրագործումներուն համար։ Համակրելի՝ իր կեանքի պայմաններուն եւ զանոնք յաղթահարելու կոչուած կամքի դրսեւորումներուն համար։ Continue reading “ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄԷԿ ՀԱՏՈՐԸ”